Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռափայէլ Պատկանեան (Գամառ Քաթիպա, 1830-1892). Հայու Տառապանքին Եւ Տենչերուն Հոգեհարազատ Երգիչը

Նոյեմբեր 15, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

kamar-katiba-8-11-2016Նոյեմբեր 8-ին ծննդեան տարեդարձն է հայ գրականութեան ամէնէն հոգեհարազատ, սրտամօտ եւ ժողովրդային դէմքերէն Ռափայէլ Պատկանեանի, որ Գամառ Քաթիպա գրչանունով անմահացած է հայոց սերունդներու յիշողութեան մէջ:

Դժուար է պատկերացնել ազգային շունչով թրծուած հայ մը, որ խոր յուզումով չյիշէ մանկութեան իր տարիներուն սորված եւ, այնուհետեւ, անջնջելիօրէն իր ներաշխարհին մէջ պահպանած պարզունակ, բայց այնքան սրտառուչ եւ իմաստալի պատգամը Գամառ Քաթիպայի «Արաքսի արտասունքը» քերթուածին:

Հայ ժողովուրդի ազգային խորհրդանիշներէն Մայր Արաքս գետը իրեն հետ զրուցող եւ իր մռայլութեան, դառնութեան եւ խռովեալ ալիքներուն պատճառը հասկնալու համար հարց տուող հայ պատանիին ահա թէ ի՛նչ կը պատասխանէ ամենայն սրտբացութեամբ.

– Խիզա՜խ, անմի՛տ պատանի, նիրհըս ինչո՞ւ դարեւոր
Վրդովում ես, նորոգում իմ ցաւերը բիւրաւոր:
Սիրելիի մահից յետ ե՞րբ ես տեսել, որ այրին
Ոտից գըլուխ պըճնուի իր զարդերով թանկագին:

Որի՞ համար զարդարուիմ, որի՞ աչքն հրապուրեմ,
Շատերն ինձ են ատելի, շատերին` ես օտար եմ…
Կար ժամանակ, որ ես էլ, շըքեղազարդ հարսի պէս,
Հազար ու բիւր պըչրանքով փախչում էի ափերէս:

Յատակըս պարզ ու վըճիտ, կոհակներըս ոլորուն,
Լուսաբերը մինչեւ այգ ջըրիս միջին էր լողում:
Ի՞նչըս մընաց էն օրից, ո՞ր ջըրամօտ գեղերըս,
Ո՞րը իմ շէն քաղաքից, ո՞ր բերկրալի տեղերըս:

Տուրքը ջըրի ամէն օր իր սուրբ ծոցէն Արարատ
Մայրախընամ ինձ սընունդ պարգեւում է լիառատ:
Բայց ես այն սուրբ ջըրերով, Սուրբ Ակոբի աղբիւրին,
Պիտի ցօղեմ արտորա՞յք իմ ատելի օտարին…

Մինչ իմ որդիք – ո՞վ գիտէ – ծարաւ, նօթի, անտերունչ
Օտար աշխարհ յածում են թոյլ ոտքերով կիսաշունչ…
Հեռո՜ւ, հեռո՜ւ քըշեցին բընիկ ազգըն իմ Հայկեան,
Նորա տեղը ինձ տըւին ազգ անկըրօն, մոլեկան:

Դոցա՞ համար զարդարեմ իմ հիւրընկալ ափերը,
Եւ կամ` դոցա՞ հրապուրեմ ճըպռոտ, պըլշած աչերը:
Քանի որ իմ զակակունք այսպէս կու մընան պանդուխտ`
Ինձ միշտ սըգուոր կը տեսնէք.- Ա՛յս է անխաբ իմ սուրբ ուխտ…

Ամբողջ հայ ժողովուրդին ազգային ողբերգութիւնը այսպէ՛ս` «Արաքսի արտասունքը»-ով արտայայտող Գամառ Քաթիպան իր բանաստեղծութեամբ գրաւեց սիրտն ու միտքը հայոց բազմութիւններուն` ե՛ւ արեւելահայ, ե՛ւ արեւմտահայ իրականութեան մէջ:

Իբրեւ այդպիսին` Ռափայէլ Պատկանեան արդարօրէն նախակարապետը հանդիսացաւ «Ամենայն Հայոց բանաստեղծ»-ի աւանդոյթին, որ իր հանճարեղ մարմնաւորումը պիտի գտնէր հետագային Յովհաննէս Թումանեանի բանաստեղծութեամբ:

Իսկ արեւմտահայ գրականութեան իմաստասէր գրողը` Եղիա Տեմիրճիպաշեան փաստօրէն թարգմանը կը հանդիսանայ ամբողջ հայութեան, երբ օրին Ռ. Պատկանեանին ուղղուած իր մէկ նամակին մէջ «Արաքսի արտասունքը»-ին անդրադառնալով` կը գրէ. «Եթէ օտար ազգի պատկանէի, «Մայր Արաքս»-իդ լսելով` հայ ծնած ըլլալ պիտի ցանկայի»:

Ռափայէլ Պատկանեան ծնած է նոյեմբեր 8-ին, 1830 թուականին, Նոր Նախիջեւանի (Տոնի Ռոստով շրջան) մէջ: Զաւակն է հռչակաւոր մտաւորական, գրող եւ քահանայ Գաբրիէլ Պատկանեանի, որ հայկական վարժարան հիմնած էր Նոր Նախիջեւանի մէջ: Սկզբնական իր կրթութիւնը հօր դպրոցին մէջ ստանալէ ետք Ռափայէլ 1843-ին կը ղրկուի Մոսկուա եւ վեց տարի, մինչեւ 1849, կ՛ուսանի նորահաստատ Լազարեան ճեմարանին մէջ: Ուսուցիչ կ՛ունենայ մեծանուն մտաւորական, մանկավարժ եւ ազգային գործիչ Մկրտիչ Էմինը:

Լազարեանէն շրջանաւարտ` Ռափայէլ կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր հայրը` Գաբրիէլ քահանան ստանձնած էր Ներսիսեան նորաբաց վարժարանի տնօրէնութիւնը: Ռափայէլ ուսուցիչի պաշտօն կը ստանձնէ Ներսիսեան վարժարանին մէջ եւ, միաժամանակ, կը սկսի իր գրած առաջին ոտանաւորները լոյս ընծայելու այդ շրջանին հօր խմբագրած «Արարատ» շաբաթաթերթին մէջ:

Ուսումի տենչը հանգիստ չի տար Ռ. Պատկանեանին: Երկու տարի ետք, 1851-ին, ան կը մեկնի Դորպատի համալսարան` պատմագիտական եւ լեզուագիտական իր պատրաստութեան մէջ մասնագիտանալու նպատակով: Բայց նիւթական դժուարութեանց պատճառով ան միայն մէկ տարի կը կարողանայ մնալ Դորպատի մէջ եւ ստիպուած` կ՛անցնի Մոսկուա:

Ընդունուելով Մոսկուայի համալսարանը` Ռ. Պատկանեան մէկ կողմէ կը խորացնէ իր պատրաստութիւնը պատմագիտութեան եւ լեզուագիտութեան մէջ, իսկ միւս կողմէ` եռանդով կը նուիրուի հայ գրական-հասարակական կեանքին: Այդ շրջանին է, որ իր երկու մտերիմ ընկերներուն` Գէորգ Քանանեանի եւ Մնացական Թիմուրեանի հետ Ռափայէլ Պատկանեան հիմը կը դնէ գրական ընկերակցութեան մը` իրենց երեքին անուն-մականունին տառերէն կազմուած «Գամառ Քաթիպա» անունով:

Թէեւ կարճատեւ կ՛ըլլայ ընկերակցութեան գործունէութիւնը եւ կը լուծարուի, բայց Ռափայէլ Պատկանեան կը շարունակէ իր ստեղծագործութիւնները ստորագրել Գամառ Քաթիպա, ինչ որ իր գրչանունը կը դառնայ հետագային:

Մոսկուայէն 1866-ին ան կ՛անցնի Ս. Փեթերսպուրկ, որու համալսարանին լեզուաբանութեան ճիւղը կ՛աւարտէ 1869-ին եւ ամբողջապէս կը նուիրուի գրական գործունէութեան: «Գամառ Քաթիպա» ընկերակցութեան կողմէ լոյս կ՛ընծայէ գրական պարբերագիրքերու շարք մը, ուր լոյս կը տեսնեն ատենի երիտասարդ հեղինակներու գործերը, յատկապէս` իր սեփական ստեղծագործութիւնները:

Զարթօնքի սերունդի եւ աշխարհաբարի շարժման տարիներն էին, եւ «Գամառ Քաթիպա» ընկերակցութեան մէջ համախմբուած երիտասարդ հայ մտաւորականները կը պարզեն դրօշը նորարական շարժումի մը, որուն նշանաբանն էր` «Գրէ՛ այնպէս, ինչպէս որ խօսում ես. խօսէ՛ այնպէս, ինչպէս որ գրում ես»: Այդ հանգանակով ալ շարժումը մեծ ներդրում կ՛ունենայ արեւելահայ աշխարհաբարի մշակման ու տարածման մէջ:

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ իր ապրած տարիներուն Գամառ Քաթիպա կ՛ամուսնանայ օտարուհիի մը` Օլկայի հետ, որ սակայն հայերէն կը սորվի եւ, ամուսնոյն կողքին, թարգմանական աշխատանքի կը լծուի:

Ռ. Պատկանեան 36 տարեկան էր, երբ կնոջ հետ կը վերադառնայ իր ծննդավայրը` Նոր Նախիջեւան, ուր կը նուիրուի ուսուցչութեան եւ գրականութեան: Որոշ ժամանակ քաղաքի հայկական վարժարանին մէջ դասաւանդելէ ետք, կը հիմնէ իր սեփական մանկապարտէզը եւ հնարաւորութիւնը կը ստեղծէ իր ժամանակին մեծ մասը յատկացնելու գրական ստեղծագործութեան:

Արդէն ազգային մեր իրականութիւնը յուզող վէրքերն ու ցաւերը դարձած էին Գամառ Քաթիպայի գրականութեան առանցքը: Հայ գեղջուկին թշուառութիւնն ու հայ պանդուխտին տառապանքը, ինչպէս նաեւ օտար լուծի տակ հայ ժողովուրդին բաժին հանուած հարստահարումներն ու բռնութիւնները երգի կը վերածուին Գամառ Քաթիպայի գրչին տակ` զինք դարձնելով ազգային բանաստեղծ:

Այդ ժամանակաշրջանի հայ ազգային ոգին խտացած է Ռ. Պատկանեանի «Հիմի է՞լ լռենք» անմահ բանաստեղծութեան մէջ.

Հիմի է՞լ լռենք, եղբայրք, հիմի է՞լ,
Երբ մեր թշնամին իր սուրն է դրել,
Իր օրհասական սուրը մեր կրծքին
Ականջ չի դնում մեր լաց ու կոծին:
Ասացէ՛ք, եղբայրք, հայեր, ի՞նչ անենք,
Հիմի է՞լ լռենք:

Հիմի է՞լ լռենք, երբ մեր թշնամին,
Դաւով, հրապուրքով տիրեց մեր երկրին,
Ջնջեց աշխարհից հայկայ անունը,
Հիմքից կործանեց Թորգոմայ տունը,
Խլեց մեզանից թագ, ե՛ւ խօսք, ե՛ւ զէնք,
Հիմի է՞լ լռենք:

Հիմի է՞լ լռենք, երբ մեր թշնամին,
Խլեց մեր սուրը – պաշտպան մեր անձին,
Մըշակի ձեռքիցն էլ խոփը խլեց,
Այդ սուր ու խոփից մեր շղթան կռեց:
Վա՜յ մեզ, շղթայով կապուած գերի ենք,
Հիմի է՞լ լռենք:

Դժբախտաբար թոքախտը թոյլ չտուաւ, որ Ռ. Պատկանեան շարունակէ ստեղծագործել: 62 տարեկանին, 26 օգոստոս 1892-ին, մեր կեանքէն վաղաժամ հեռացաւ ատենի հայ երիտասարդութեան ազգային-հայրենասիրական ապրումներուն եւ մղումներուն թռիչք տուած հայ բանաստեղծը:

Իր գրական ժառանգութեան մաս կը կազմեն առաջին ստեղծագործութիւնները խմբող «Պանդուխտ հայ ի Փարէզ»-ը, «Առաւօտեան երգ շինակաց»-ը, «Երեկոյեան երգ շինակաց»-ը, «Հայոց գինի»-ն, «Թիֆլիսի քէֆ»-ը եւ այլն: «Ես նշանած էի», «Տիկինն ու նաժիշտը», «Փառասէր»-ը եւ այլ պատմուածքներ ու վիպակներ: Նաեւ` «Անիի առումը» թատերական երկը:

Բայց յատկապէս «Արաքսի արտասունքը» եւ «Քաջ Վարդան Մամիկոնեանի մահը» ստեղծագործութեանց մէջ ի յայտ կու գայ Գամառ Քաթիպայի ազգային-հայրենասիրական յուզաշխարհը:

Բացի բազմաթիւ իր պոէմներէն, բանաստեղծութիւններէն եւ պատմուածքներէն` Ռափայէլ Պատկանեան ունի նաեւ երգիծական պատմուածքներ` գրուած Նոր Նախիջեւանի հայոց բարբառով:

Կ՛արժէ եզրափակել Գամառ Քաթիպայի ազգային պատգամով.

Երնէկ, թէ այս նոր տարին
Վերջ տար հայի ցաւերին,
Չարը կորչէր ու բարին
Բուն դնէր մեր սրտերին:

Երնէկ, թէ այս նոր տարին
Ազատ շնչէր Հայաստան,
Եւ շուրջ Մասիս մեր սարին
Փայլէին վարդ-անդաստան:

Երնէկ, թէ այս նոր տարին
Հայ ազգ ի մի գումարուէր,
Ի գլուխ Կարնոյ հայ ամրին
Հայի դրօշակ ծածանէր:

Երնէկ, թէ այս նոր տարին
Ոտքի կանգնէր Հայաստան,
Եւ կիսաքանդ մեր Կարին
Լինէր քաղաք մեր ոստան:

Հայեր, երբեք չերկմտիք,
Կը կատարուի այդ ամէն,
Եթէ իսպառ մենք հանենք
Փոքրոգութիւն մեր սրտէն:

 

 

 

Նախորդը

Պոլիսը` Կոմիտասէն Առաջ Եւ Ետք

Յաջորդը

Յուշատետր. Մանկութեան Ոսկի Շրջանը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?