Ա. ԱՊՏԱԼԵԱՆ
Կոմիտաս, նախքան Պոլիս մեկնիլը, Սուրբ Էջմիածնի մէջ ապրեցաւ բաւական մեծ յուսախաբութիւններ: Փարիզի եւ Պերլինի մէջ մեծ յաղթանակներ արձանագրած, ապա երաժշտական միջազգային շրջանակներու մէջ անուն ու հռչակ վաստակած վարդապետը երբ Սուրբ Էջմիածին կը վերադառնար, նախանձոտ հակառակորդներու բուռն ու թունալից հալածանքներուն թիրախը կը դառնար, որովհետեւ խուլ սենեակներու մէջ օրն ի բուն քնացող, ծոյլ եւ անգործ կղերականներ չէին կրնար հանդուրժել այս վարդապետին այսքան յառաջ երթալը: Ու ալ ինչե՜ր չյօրինեցին Կոմիտասի դէմ: «Եար եար երգող վարդապետ», «թեթեւսոլիկ», «չալղըճի» ու դեռ տարբեր վարկաբեկիչ ածականներով եւ յորջորջումներով վիրաւորեցին ու խանգարեցին Կոմիտասի ներաշխարհը` զայն տակնուվրայ ընելով: Այնքան մը, որ Մատթէոս Իզմիրլեան Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ուղղած իր նամակով Կոմիտաս պիտի խնդրէր, որ վեհափառը զինք արձակէր Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան ուխտէն եւ Սեւանայ լիճի մենաստանի մենակեաց նշանակէր:
Կոմիտասի այս փափաքն ալ անպատասխան մնաց: Այնքա՛ն ատելութիւն կար անոր նկատմամբ:
Եւ հոս պէտք է յիշել չափազանց կարեւոր իրադարձութիւն մը, ուր յստակօրէն կ՛երեւին շարք մը իրողութիւններ: Նախ` Կոմիտասի նկատմամբ չարախօսութիւններուն տարողութիւնը, ապա` Մեծ Վարդապետին կարողութիւնները եւ մանաւանդ` անոր անյիշաչառութիւնը:
Փարիզէն Սուրբ Էջմիածին վերադարձէն ետք, Կոմիտաս, առինքնուած փարիզեան երաժշտական մթնոլորտէն, որոշեց անպայման Գէորգեան ճեմարանի սաներէն բաղկացած երգչախումբ եւ նուագախումբ պատրաստել եւ երգահանդէսով մը հանրութեան ներկայանալ: Սպասուածը կատարուեցաւ Գէորգեան ճեմարանի դահլիճին մէջ եւ եղաւ կատարեալ յաղթանակ մը ու դժբախտաբար նաեւ` Կոմիտասի թշնամիներուն համար առիթ մը, որպէսզի սաստկացնէին իրենց հալածանքը:
Ու յանկարծ օր մը «Նոր Դար» լրագրի 1903-ի թիւ 110 համարին մէջ լոյս տեսաւ յօդուած մը` Ալ. Ս. ստորագրութեամբ: Անծանօթ յօդուածագիրը թոյն կը թափէր Կոմիտասի դէմ, թէ ան Եւրոպայի մէջ աշխարհականի սանձարձակ կեանք մը ապրած է, եւ թէ Կոմիտաս միայն սիրային երգերով հետաքրքրուած է: Յօդուածագիրը ապա կը պահանջէր նաեւ «թեթեւսոլիկ վարդապետ»-ին դէմ կեցուածք եւ համապատասխան դիրքորոշում` Մայր Աթոռէն: Աւելի՛ն. ան հարց կու տար, որ երեք տարուան մէջ մարդ կօշկակարութիւն չի կրնար սորվիլ, ալ ո՛ւր մնաց երաժշտութիւն:
Այս յօդուածին դէմ յարմար ու տեղին պատասխան- յօդուած մը գրեց ազգագրագէտ եւ լեզուաբան Մանուկ Աբեղեան, որ Կոմիտասի մտերիմն ու պաշտօնակիցն էր Գէորգեան ճեմարանին մէջ: Բայց այդպէս ալ յօդուածագրին ինքնութիւնը մնաց գաղտնի, եւ ոչ ոք իմացաւ, թէ նման թունալից գրութիւն ո՛վ կրնար պատուիրած կամ գրած ըլլալ:
Բոլորովին անակնկալ պայմաններու մէջ է, որ այս յօդուածագրին ինքնութիւնը պիտի ստուգուէր ու գիտցուէր:
Կոմիտասի ամէնէն արժանաւոր եւ շնորհալի սաներէն` թենոր Վահան Տէր Առաքելեան իր յուշերուն մէջ կը պատմէ այս հարցին մասին: Օր մը Կոմիտաս կը պարապէր իր սանին հետ, երբ դուռը կը թակեն: Եկողները վիպասան Վրթանէս Փափազեանն ու մի ոմն կարճահասակ մարդ մըն էին, զոր Փափազեան կը ներկայացնէ: Գրիգոր Վանցեան` հայ բոշաներու բանահաւաք մը: Քիչ ետք Կոմիտաս դաշնակին դիմաց նստելով` կը նուագէ «Լէ լէ»-ներու շարք մը` խորապէս յուզելով ներկաները ու մանաւանդ` Գրիգոր Վանցեանը, որ յատուկ ուշադրութեամբ կը դիտէր ու կ՛ունկնդրէր Կոմիտասի կատարումները:
Ապա վարդապետը Փափազեանէն կը խնդրէ ջութակի վրայ նուագելու մեղեդի մը, որ Փափազեանի որոշումով, կ՛ըլլայ «Լուր դա լուր» կտորը: Մինչ Վրթանէս Փափազեան կը նուագէր, Կոմիտաս, յենած դաշնամուրին, կը գրէր արագօրէն, առանց աջ ու ձախ նայելու: Վերացած էր եւ առանց մտածելու` մեքենականօրէն կը գրէր:
Վրթանէս Փափազեանի նուագէն ետք Կոմիտաս ամենայն հանդարտութեամբ կ՛ըսէ. «Այժմ ես նուագեմ «Լուր դա լուր»-ը եւ դուք ունկնդրեցէք»: Ու կ՛անցնի դաշնակին դիմաց եւ մեծ վարպետութեամբ կը նուագէ մեղեդին` Գրիգոր Վանցեանը ապշեցնելով, որ կը խորհէր, թէ Կոմիտաս վարդապետ նախապէս ծանօթ էր մեղեդիին: Երբ Կոմիտաս իր գրի առած խազերը ցոյց կու տայ, Փափազեան շեշտակի կը նայի Գրիգոր Վանցեանին եւ գրեթէ գոռալով` «Մի՞թէ անամօթութիւն չէ նման հանճարի մը դէմ բանսարկութիւններ հրապարակելը»:
Թնճուկը մասամբ մը քակուած էր: Վանցեան ներողութիւն կը խնդրէ «Նոր Դար»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածին համար: Սակայն կը մնար ամէնէն էականը: Ո՞վ պատուիրած էր յօդուածը: Գրիգոր Վանցեան ի՞նչ շահ ունէր նման գրութիւն մը հրապարակելէ Կոմիտաս վարդապետի մը նման մեծութեան դէմ: Եւ Կոմիտասի համար բնաւ անսպասելի չէր պատուիրատուին անունը: Մամբրէ եպիսկոպոսն էր ան: Վարդապետ մը, զոր Կոմիտաս մտերմաբար Զուռնաչի կը կոչէր: Երբ Կոմիտաս Պերլինի մէջ երաժշտական բարձրագոյն ուսման շրջանը աւարտելէ ետք Սուրբ Էջմիածին կը վերադառնար, Մամբրէ վարդապետ արդէն եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր: Ան մօտեցած էր Կոմիտասի, որ փոխանակ նորօծ եպիսկոպոսին աջը համբուրելու` կարօտով եւ մտերմաբար «զուռնաչի Մամբրէ» անուանելով հետը խօսած էր: Կոմիտասի այս վերաբերումը շատ արագ Մամբրէ եպիսկոպոսը վերածեց մեծ վարդապետին մահացու թշնամիին: Եւ արդիւնքը` «Նոր դար»-ի սիւնակներուն մէջ լոյս տեսած յօդուածը:
Սուրբ Էջմիածնի հեղձուցիչ մթնոլորտը չափազանց կը նեղացնէր Կոմիտասը, որ բնաւ չէր կրնար հասկնալ, թէ ինչո՛ւ զինք այսքան կը հալածէին, երբ իր գոյութեան առանցքին վերածած էր հայ գեղջուկի երգերուն բանահաւաքումը եւ մաքրագրումը, որպէսզի գալիք սերունդները սնանէին հայկական երգարուեստի հարազատ ակունքներէն:
Եւ երբ Պոլսէն հրաւէր մը ստացաւ` իր բարեկամ Կարապետ Պարտիզպանեանէն, որպէսզի անցնի Պոլիս եւ զբաղի երաժշտական գործունէութեամբ, Կոմիտաս ուզեց մեկնիլ սուլթաններու մայրաքաղաքը եւ իր գործունէութեան յաջորդ փուլը հոն ծաւալել:
Կոմիտասի Պոլիս փոխադրութիւնը օրհնութիւն մը եղաւ հայ երգին ու երաժշտութեան համար: Գործունէութիւնը, որ Կոմիտաս պիտի կատարէր Պոլսոյ մէջ, արժանի է յատուկ ուշադրութեան, որովհետեւ նոր դարաշրջան մը կը բանայ անիկա` արեւմտահայ երաժշտութեան պատմութեան մէջ:
Այս յօդուածաշարքին երրորդ եւ վերջին բաժնով մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Պոլսոյ մէջ Կոմիտասի գործունէութեան ընդհանուր ուրուագիծը, որպէսզի գէթ ներկայացնենք մեծ վարդապետին պոլսական աշխատանքին վրայ հպանցիկ ակնարկ մը:
(Շար. 2)