Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Ներկայացուած Զեկոյցներէն Հատուածներ

Նոյեմբեր 15, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

shahan-gantaharyan_111516

Հայկական Լրատուամիջոցները Պատրաստ Պէտք Է Ըլլան Որեւէ Ճգնաժամի

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Լրագրողներու համահայկական 5-րդ համաժողովը յստակացուցած էր տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրներ: Այդ քննարկումները կը միտէին նաեւ` սանձազերծուած ապատեղեկատուութեան հակազդելու, ծուղակ չէզոքացնելու, նախաձեռնողականութիւն ցուցաբերելու եւ ճգնաժամերու ստեղծման ծրագիրին համարժէք օփերաթիւ աշխատելու անհրաժեշտութեան:

Այսօր փաստ է արդէն, որ այդ քննարկումները իրենց նպաստը ունեցան ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին, երբ համատարած համոզում գոյացաւ,  որ իրօք հայկական լրատուադաշտը իրականացուց իր առջեւ դրուած տեղեկատուութեան բարդ խնդիրները, բնականաբար ուղեցոյց ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան համապատսխան գերատեսչութիւններու  եւ մամուլի բաժանմունքներու կատարած փայլուն կատարողականութիւնը եւ անոնց տրամադրած լրատուական բովանդակութիւնը: Կեդրոնանանք այդ օրինակին վրայ:

Արցախեան հակամարտութեան առաջին օրէն տեղեկատուական պատերազմը անդադար շարունակուած է. բնականաբար ապրիլեան կայծակնային նախայարձակողականութեան առընթեր ծաւալ ստացաւ նաեւ այս ոլորտը:

Առարկայական մօտեցումի համար ճիշդ չէր ըլլար բաւարարուիլ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն միջեւ ընթացող տեղեկատուական հակամարտութեան մասին խօսելով միայն: Առնչակից կողմեր կան այստեղ, եւ յատկապէս` միջազգային լրահոսը, որ լուրեր թողարկելու, զանոնք մեկնաբանելու, շրջագայութեան մէջ դնելու եւ ուղղակի-անուղղակի եղանակներով հանրային կարծիք ձեւաւորելու բազմաբնոյթ առաքելութիւններով կը յատկանշուի:

Հիմնական տարբերութիւնը, որ երեւցաւ հայկական եւ ազրպէյճանական տեղեկադաշտերուն միջեւ, առաջինին ամբողջովին բաց եւ երկրորդին ամբողջովին փակ աշխատելու եղանակն էր: Արցախ հասած հայ թէ օտար լրագրողները որեւէ դժուարութիւն չեն դիմագրաւած. անոնց հասանելի դարձած են ո՛չ միայն պետական գերատեսչութիւններու պաշտօնեաներ, այլ նաեւ հասարակական գործիչներ, կամաւորներ, բանակայիններ, ծառայողներ: Մինչ ազրպէյճանական կողմէն լրագրողներու աշխատանքը պայմանաւորուած էր համապատասխան հաստատութիւններու ուղղորդումներով, յատուկ թոյլտուութիւններով եւ միտումներով, այլ ընդհակառակը քարոզչական ուղղուածութեան գերադասումով յաճախ խուճապ ստեղծելու:

Ահա այստեղ է, որ զգայացունց լուր թողարկելու, լրատուութեան սկզբնաղբիւրի վերածուելու մղումները պէտք է մղուին երկրորդ փլան, չըսելու համար, որ պէտք է վերանան:

Խուճապահարումը այս կամ այն լրատուամիջոցին եւ անոր ետին կանգնած պետութեան մը առաջնահերթութիւնը կրնայ ըլլալ քաղաքականօրէն հասկնալի պատճառներով:

Հայկական լրատուամիջոցը ճգնաժամային որեւէ հանգրուանի գործելու է իրեն յատուկ կանոններով:

Այդ կանոններու մշակումն է առաջնային, եւ որոնց ձեւաւորման համար մեծապէս օգտակար են Սփիւռքի նախարարութեան առընթեր գումարուող լրագրողներու համահայկական համաժողովները, ընդ որում` այս համաժողովը:

(Հատուած)

 

 

Նախորդը

Թրքացած, Իսլամացած, Արաբացած Եւ Ընդհանրապէս Օտարացած Հայերու Հարցը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?