Նշմար. Մեր Խոցելի Մարդասիրութիւնն Ու Մարդկայնականութիւնը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 13 նոյեմբերին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի, վարչապետ Մանուէլ Վալսի եւ այլ քաղաքական դէմքերու մասնակցութեամբ բացումը կատարուեցաւ ճիշդ մէկ տարի առաջ «Սթատ տը Ֆրանս»-ի դէմ ահաբեկչական յարձակումներու ընթացքին արձանագրուած առաջին զոհին` 63-ամեայ Մանուէլ Տիասի յիշատակին նուիրուած յուշատախտակին: Անոր որդին` Միշել Տիաս այդ առիթով արտասանեց խօսք մը` նշելով, թէ 13 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 21:22-ին պատկերասփիւռէն իմացած է, որ «Սթատ...




















