Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի եւ «Նոազ արք» ցուցասրահի հիմնադրութեան 20-ամեակի եւ հովանաւորութեամբ Պէյրութի մէջ Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, «Նոազ արք» ցուցասրահը կազմակերպած է յատկանշական ցուցահանդէս մը, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, նոյեմբեր 21-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, կեդրոնական Պէյրութի (Սոլիտեր) ոսկերիչներու շուկային մէջ:
Այս առիթով հրատարակուած պատկերագիրքին մէջ տրուած է «Նոազ արք»-ի գործունէութեան անցած ուղիի մասին հակիրճ բնութագրում մը, զոր ամբողջութեամբ կը հրատարակենք ստորեւ:
2000 թուականի յոբելենական տարուան առիթով «Նոազ արք» ցուցասրահը հրաւիրուեցաւ Ժընեւ եւ մասնակցեցաւ` «ՓԱԼ էքսփօ»-ի մէջ կայացած «Էրոփ արթ 2000» միջազգային ցուցահանդէսին` ներկայացնելով վեց կերպարուեստագէտներ` Փոլ Կիրակոսեան, Զաւէն, Մարուն Հաքիմ, Մկրտիչ Մազմանեան, Վահրամ Դաւթեան եւ Սամուէլ Գարեգինեան: Ցուցահանդէսի ընթացքին յատուկ դատական կազմի մը կողմէ Վահրամ Դաւթեան նախ դասուեցաւ աշխարհի քառասուն լաւագոյն գեղանկարիչներու շարքին եւ ապա Զուիցերիոյ «Սանթր ինթերնասիոնալ տը լ՛ար ֆանթասթիք» ժամանակակից արուեստի թանգարանի տնօրէնութեան կողմէ, անոր «Տը միտնայթ կէյմ» կտաւը յիշեալ քառասունին մէջէն ընտրուեցաւ իբրեւ տարուան լաւագոյն ստեղծագործութիւնը եւ ներառուեցաւ թանգարանի հաւաքածոյին մէջ:
Այս բացառիկ յաջողութենէն ետք «Նոազ արք»-ի դիմաց սկսան բացուիլ արուեստի միջազգային բազմաթիւ դարպասներ եւ հրաւէրները յաջորդեցին իրարու: Այս բոլորէն ետք հարց կը յառաջանայ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս «Նոազ արք» կրցաւ խուսանաւել միջազգային բեմերու վրայ. ան ոչ միայն բազմաթիւ նուաճումներ արձանագրեց, այլ նաեւ ստեղծեց համապատասխան հռչակ եւ վարկ:
Թէեւ ի սկզբանէ «Նոազ արք» որդեգրեց գործելաոճի մասնագիտական մօտեցում եւ շեշտը դրաւ բարձրորակ արուեստի վրայ, սակայն ան առաւելաբար սորվեցաւ նախ իր «սխալներէն» (գիտցաւ, թէ ի՛նչ պէտք չէ ընէ), եւ ապա` միջազգային գետնի վրայ ձեռք բերած փորձառութիւններէն (գիտցաւ, թէ ի՛նչ եւ ինչպէ՛ս պէտք է ընէ): Ժամանակի ընթացքին «Նոազ արք» գոյացուց սկզբունքներ, որոնց կը շարունակէ մնալ հաւատարիմ: Ինչպէ՞ս.
ա.- Արուեստը զարդարանքի ապրանք չէ, այլ` իմացական եւ հոգեւոր սնունդ:
բ.- Արուեստի ցուցասրահը վաճառատուն չէ, այլ` մշակոյթի տաճար, այնպէս` ինչպէս թանգարանը, մատենադարանը, օփերան եւ կամ թատերասրահը:
գ.- Արուեստը ընտրանիի մը մենաշնորհը պէտք չէ որ մնայ, այլ հարկաւոր է տարածել ժողովուրդին մէջ, յատկապէս` ուսանողութեան եւ աշակերտութեան:
դ.- Միջազգայնօրէն մրցունակ ըլլալու համար արուեստը խնայել չի սիրեր. թէ՛ ընտրութեան, թէ՛ տպագրական եւ թէ՛ ներկայացման վայրերու եւ միջոցներու պարագային ձգտիլ հնարաւոր լաւագոյնին:
ե.- Պայման չէ, որ արուեստասէր հաւաքորդը հասկնայ, վերլուծէ եւ կամ մեկնաբանէ արուեստը, սակայն պայման է, որ ան սիրէ, ընկալէ եւ գնահատէ զայն:
զ.- Որքան որ արուեստագէտները տաղանդաւոր կրնան ըլլալ, նոյն համեմատութեամբ եւ նոյն ուժգնութեամբ ալ արուեստասէր հաւաքորդներ կրնան տաղանդ ունենալ:
է.- Թափանցիկութիւնը լաւագոյն գրաւականն է վստահելիութեան: Հարկաւոր է պատասխանել արուեստասէր հաւաքորդի բոլոր հարցումներուն` ամենայն ճշգրտութեամբ եւ մանրամասնութեամբ, նոյնի՛սկ` առանց շրջանցելու արուեստագէտին թերութիւնները: Հարկաւոր է, գեղագիտական տրամաբանութեամբ վերլուծել ու մեկնաբանել արուեստը, իսկ գնահատումն ու եզրակացութիւնը վստահիլ արուեստասէր հաւաքորդի դատողութեան ու ճաշակին:
ը.- Որքան որ արուեստագէտը իրաւունք ունի ազատօրէն ստեղծագործելու, նոյնքան ալ արուեստասէր հաւաքորդը իրաւունք ունի ազատօրէն կարծիք կազմելու արուեստագէտին եւ անոր արուեստին մասին:
թ.- Հարկաւոր է յարգանք ու ակնածանք տածել բոլոր իրաւ եւ տաղանդաւոր արուեստագէտներուն հանդէպ անխտիր:
ժ.- Արուեստը կեանքի ելակէտ է ու հրաւէր, այդ իմաստով ալ արուեստասէր հաւաքորդը յաճախորդ չէ մեզի համար, այլ մտերիմ եւ նոյնի՛սկ` գործընկեր: Անոնցմէ շատեր «Նոազ Արք» պատկերասրահ կ՛այցելեն, պարզապէս արուեստ ըմբոշխնելու եւ նորութիւններուն հաղորդուելու համար:
Շնորհիւ այս սկզբունքներու կիրարկման` «Նոազ արք» կրցաւ դառնալ մրցունակ ցուցասրահ մը միջազգային գետնի վրայ:
«Նոյեան տապան» ընկերակցութիւնը հիմնուած է 1995-ին, Հենրիկ Իգիթեանի եւ երեք այլ ընկերներու` Մհեր Սահակեանի, Ռուբէն Աւագեանի եւ Մովսէս Հերկելեանի կողմէ: Առաջին օրէն հիմը դրուեցաւ «Նոյեան տապան» հրատարակչատան, եւ անմիջապէս լոյս տեսան հարիւր քառասուն էջանոց զոյգ մը գեղատիպ պատկերագիրքեր («Կալերի «Նոազ Արք» եւ «Թրի աֆ լայֆ»)` գործակցութեամբ Հայաստանի Ժամանակակից Արուեստի եւ Երեխաներու արուեստի թանգարաններուն` հեղինակութեամբ Հենրիկ Իգիթեանի, խմբագրութեամբ Մովսէս Հերկելեանի եւ մեկենասութեամբ Մհեր Սահակեանի ու Ռուբէն Աւագեանի: Իսկ յաջորդ տարուան (1996) մարտին տեղի ունեցաւ «Նոազ արք» ցուցասրահի պաշտօնական բացումը, որուն տնօրէնութեան պաշտօնը ի սկզբանէ վստահուեցաւ Մովսէս Հերկելեանին: Բացման առիթով հրատարակուեցաւ «Փոսթ սովիեթ փէյնթինկ» խորագիրով յատուկ պատկերագիրք մը:
«Նոյեան տապան» ցարդ հրատարակած է շուրջ տասնեակ մը պատկերագիրքեր եւ բազմաթիւ քաթալոկներ: Կազմակերպած է հարիւրէ աւելի ցուցահանդէսներ (որոնց շարքին հինգը ամբողջութեամբ նուիրուած է բարեսիրական նպատակներու) եւ մասնակցած` երեսունհինգ միջազգային փառատօներու, ինչպէս` «Ինթըրնեշընըլ Արթ էքսփօ Նիւ Եորք», «Քարուսէլ տիւ Լուվր», «Արթ Մոնաքօ», «Արթեքլասիքա Պուենոս Այրես», «Արթ էքսփօ Մոնրէալ», «Պէյճինկ Ինթըրնեշընըլ Արթ էքսփօ», «Արթ Սթէյճ Սինկափուր», եւ այլն:
«Նոազ արք»-ը իր ծննդեան քսանամեակին առիթով արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայանայ արդէն իսկ կայացած քսան լիբանանցի եւ հայաստանցի արուեստագէտներով:
Ի հարկէ ասոնք միայն մէկ մասն են, որոնց հետ գործակցած կամ զանոնք ներկայացուցած է «Նոազ արք»-ը: Բացականերուն մէջ կան նոյնիսկ միջազգային յայտնի դէմքեր, ինչպէս` Սալվատոր Տալի, Միհայիլ Չեմիաքին, Իզաչեւ, Կիյերմօ, Տիտիեկօ, Եուրի Ցվեթաեւ, Տեթլեֆ Կոտզեն, Կոստանդին Խուտիաքով, եւ այլն:
«Նոազ արք»-ի արուեստի գործունէութեան անդրադարձած են միջազգային բազմաթիւ լրատուամիջոցներ եւ արուեստի հրատարակութիւններ, ինչպէս` «Ռոյթըրզ», «Արթ Ուըրլտ Նիուզ», «Արթ Պիզնիս Նիուզ», «Ֆայն Արթ Մեկեզին», «Լիւքս Իմմօ», «Էլ. Այ. Արթ», «Լա Կազեթ Տէ զ՛Ար», «Արթ Թրենտզ», «Լը Ժուռնալ տը Մոնրէալ», «Ուաշինկթըն Նիուզ Ուըրլտ» եւ այլն:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
«ՆՈԱԶ ԱՐՔ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻ