Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բռնատիրութեամբ Եւ Հարստութեամբ Նախապաշարուած Բռնապետը. Էրտողանի 12 Գայթակղութիւնները…

Նոյեմբեր 14, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Harut Sassounian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Իւրաքանչիւր անցնող օրուան հետ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան հետզհետէ աւելի բռնակալ կը դառնայ: Ընդդիմադիր քրտամէտ ԺԺԿ կուսակցութեան թրքական խորհրդարանի 11 անդամներուն ձերբակալութիւնը վերջինն է Էրտողանի բռնապետական քաղաքականութեան երկար շարքին:

Փենթակոնի նախկին պաշտօնեայ եւ Ձեռներէցութեան ամերիկեան հիմնարկի գիտաշխատող Մայքըլ Ռուպին անցեալ շաբաթ ջախջախիչ նիւթ հրապարակած է Էրտողանի մասին` թուարկելով անոր գայթակղեցուցիչ գործողութիւններէն քանի մը հատը®

Ամփոփելով` ձեր ուշադրութեան կը ներկայացնեմ Ռուպինի ծաւալուն յօդուածը, որ տեղադրուած էր «Նիւզուիք» ամսագրի եւրոպական հրատարակութեան կայքէջին վրայ` «Տասներկու հարցումներ, զորս թուրք լրագրողները չեն համարձակիր ուղղել» խորագրով:

  1. Ինչպէ՞ս Էրտողան դարձած է միլիառատէր:

Էրտողան մեծցած է աղքատ ընտանիքի մէջ` մինչեւ Պոլսոյ քաղաքապետ դառնալը, երբ փտածութեան յանցանքով բախեցաւ 13 հետապնդումներու: 2004-ին, երբ ան Թուրքիոյ վարչապետն էր, Անգարայի մէջ Ամերիկայի դեսպանատունը Ուաշինկթըն ուղարկած հեռագիրին մէջ կը գրէր, որ` «ան դրամատնային առնուազն ութ հաշիւներ ունի Զուիցերիոյ մէջ»: Ասկէ բացի, հեռախօսային գաղտնի ձայնագրութիւններէ բացայայտուեցան անոր հրահանգները` գրեթէ մէկ միլիառ տոլարի կանխիկ գումար մէջտեղէն վերցնելու մասին: Էրտողան օգտագործեց իր ազդեցութիւնը դատարաններու վրայ` դատը չեղեալ յայտարարելու եւ ձերբակալելու համար այն դատախազներն ու դատաւորները, որոնք կը ձգտէին հետամուտ ըլլալ ատոր»:

  1. Ո՞ւր է Էրտողանի համալսարանական վկայականը:

Էրտողան կը պնդէ, որ 1981-ին աւարտած է Պոլսոյ Մարմարայի համալսարանը: Հնարաւոր է, որ անոր վկայականը կեղծուած է: «Քառամեայ բարձրագոյն կրթութիւնը պարտադիր նախապայման է նախագահ ըլլալու համար: Եթէ Էրտողան կը ստէ վկայականին մասին, արդեօք ան կրնա՞յ մնալ իբրեւ նախագահ»:

  1. Արդեօք կա՞յ ուրիշ պատմութիւն`յեղաշրջման փորձի ետին:

Էրտողան աշխատանքէ արձակեց եւ բանտարկեց քաղաքական իր հազարաւոր հակառակորդները, զանոնք մեղադրելով Ֆեթուլլահ Կիւլենի հետեւորդները ըլլալու յանցանքով, այսինքն` ան, որ իբր թէ եղած է 15 յուլիսի յեղաշրջման կազմակերպիչը, եւ թուրք նախագահը ասիկա կոչեց «պարգեւ Աստուծոյ կողմէ»:

  1. Եթէ կայ FETO, կա՞յ արդեօք ETO:

Էրտողան Կիւլենի շարժումը կը կոչէ «Ֆեթուլլիստական ահաբեկչական կազմակերպութիւն (FETO)… Եթէ թոյլատրելի է խօսիլ FETO-ի մասին` իբրեւ ահաբեկչական խումբի, արդեօք հաւասարապէս ընդունելի կ՛ըլլա՞յ յիշատակել Էրտողանականներու ահաբեկչական կազմակերպութիւնը (ETO)»:

  1. Եթէ Կիւլեն ահաբեկիչ է, ապա ինչո՞ւ Էրտողան անոր հետ կ՛աշխատէր մինչեւ 2013: Կիւլեն եւ Էրտողան գրեթէ միեւնոյն կրօնական փիլիսոփայական սկզբունքներու կրողներ էին մինչեւ 2013 թուականի իրենց բաժանումը: Ինչո՞ւ այժմ Կիւլեն «ահաբեկիչ» կը համարուի:
  1. Ինչո՞ւ կը հաղորդեն Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) յարձակումներու մասին, բայց ոչ` իսլամ ծայրայեղական շարժումի:

«Երբ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան կամ քրտական ծայրայեղական խումբերը կը յարձակին, այդ յարձակումները Թուրքիոյ մէջ օրեր շարունակ գերիշխող խորագիրներ են, քանի որ հետապնդումները կը շարունակուին, իշխանութիւնները կ՛անուանեն կասկածեալները եւ այլն… Սակայն երբ իսլամ ծայրայեղական շարժումի անդամները կը յարձակին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կ՛արգիլէ  հետապնդման մասին հրապարակումները»:

  1. Ինչո՞ւ Թուրքիոյ հետախուզութիւնը կ՛օգնէ «Նուսրա Ճակատ»-ին եւ իսլամ ծայրայեղական շարժումին:

«Անհերքելի փաստեր կան, որ թէ՛ «Նուսրա Ճակատ»-ը` «Ալ-Քայիտա»-ի սուրիական թեւը, թէ՛ իսլամ ծայրայեղական շարժումը, Թուրքիոյ իշխանութիւններէն ստացած են զէնք, աջակցութիւն եւ սարքաւորումներ: Երբ լրագրողները բացայայտեցին այս պատմութիւնը եւ լուսանկարչական ապացոյցներ ներկայացուեցան, Էրտողանի պատասխանը եղաւ լուրը հրապարակած թերթի խմբագիրի ձերբակալումը: Նոյն կերպով, երբ թուրք զինուորները դադրեցուցին զէնքի առաքումը դէպի Սուրիա, Էրտողան հրամայեց ձերբակալել ոչ թէ մաքսանենգները, այլ` զինուորները…»:

  1. Արդեօք թո՞ւրք մահապարտներու ջոկատ կանգնած էր Փարիզի սպանութիւններու ետին:

«2013-ին, մարդասպաններ մահապատիժի ենթարկեցին երեք քիւրտ գործիչներ, Փարիզի իրենց գրասենեակին մէջ: Անոնք երեքն ալ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան անդամներ էին: Ֆրանսայի մէջ ձերբակալուած Օմար Կիւնէյ 32-ամեայ թուրք մըն էր, որ Ֆրանսա տեղափոխուած էր 9 տարեկան հասակին: Սպանութենէն ետք կատարուած հեռաձայնային խօսակցութիւններու ստուգումէն պարզուած էր, որ ան ետ հեռաձայնած է Թուրքիոյ հետախուզական ծառայութեան գործակալներուն»:

  1. Ինչո՞ւ Էրտողանը իր փեսային նշանակած է նաւթային տնտեսութեան նախարար:

«Էրտողանի 37-ամեայ փեսան` Պարաթ Ալպայրաք, դարձած է Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար 24 նոյեմբեր 2015-ին: Արդեօք ա՞ն էր ամէնէն բարձր որակաւորում ունեցողը, թէ՞ այլ գործօններ դեր խաղացած են»:

  1. Կրնա՞նք խօսիլ Էրտողանի կապերու մասին:

Էրտողանի մտերիմ ընկեր, սէուտցի գործարար Եասին Քատին, ըստ Միացեալ Նահանգներու գանձատան բաժանմունքի, «մեղադրուած է «Ալ-Քայիտա»-ի առաջնորդ Ուսամա պըն Լատենի հետ մինչեւ 2014 ունեցած կապերու մէջ»: Էրտողան յամառօրէն յայտարարած է. «Ես կը ճանչնամ Քատին: Ես կը հաւատամ անոր, ինչպէս` ես ինծի: Անկարելի է, որ Քատին կապուած ըլլայ ահաբեկչական որեւէ կազմակերպութեան մը հետ կամ աջակցի ատոնցմէ որեւէ մէկուն»:  Էրտողան մտերիմ է նաեւ աֆղանիստանցի Կիւլպետին Հիքմաթեարի հետ, որ «կապեր ունի «Թալիպանի» եւ «Ալ Քայիտա»-ի հետ»: Միւս ընկերը` Խալետ Մաշաալ («Համաս» խմբաւորման զինուած առաջնորդ), Թուրքիա ժամանած էր իբրեւ Էրտողանի անձնական հիւր…

  1. Ի՞նչ գործարք կնքած է Փութինի հետ:

Էրտողան եւ Փութին, վերջերս խաղաղութիւն կնքելէ ետք, համաձայնութեան եկան կազամուղի ծրագիրի շուրջ եւ բանակցութիւններ վարեցին Թուրքիոյ կողմէ ռուսական հրթիռային համակարգի ձեռքբերման վերաբերեալ: Եղա՞ծ են արդեօք գաղտնի այլ համաձայնութիւններ:

  1. Ինչո՞վ պայմանաւորուած է դատարանի կողմէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փակման մերժումը:

2008-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը շատ մօտ էր Էրտողանի իշխող կուսակցութեան լուծարման: Սակայն, վերջին պահուն դատաւորներէն մէկը փոխեց իր քուէն: Պնդումներ կան, որ` «գործարար մը, որ երկար ժամանակ հետապնդումներու կ՛ենթարկուէր Էրտողանի կողմէ, գումար փոխանցած է այդ դատաւորի հաշուեհամարին, քուէարկութենէն անմիջապէս առաջ»:

6 Նոյեմբերին Պոլսոյ մէջ դոկտորի պատուաւոր կոչում ստանալու արարողութեան ընթացքին Էրտողան հպարտօրէն յայտարարեց. «Զիս չ՛անհանգստացներ այն, որ զիս կը կոչեն բռնապետ. մէկ ականջէս կը մտնէ, միւսէն դուրս կ՛ելլէ»:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Երբ Կը Միանան Դաշնակցութեան

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Էրտողանեան Անդունդ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?