Յօդուածներ

Կը Փակենք, Հա՛ Կը Փակենք

Պարտադրուած Աճապարանք

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Ես այս անգամ Երեւանէն լաւատես հեռացայ: Կրնամ խոստովանիլ, որ լաւատեսութիւնս հիմնուած չէ գիտական վերլուծումներու եւ ուսումնասիրութիւններու վրայ: Շատերու նման, իմ ալ ամէնէն ճշգրիտ աղբիւրներս Երեւանի թաքսիներու վարորդներն են, որոնք զարմանալի առողջ դատողութեամբ եւ իրավիճակը գնահատելու սուր տեսողութեամբ օժտուած են: Եւ անոնք լաւատե՛ս էին: Վարչապետն էր, որ իր աշխատանքի կարճ ժամանակամիջոցին իսկ դրական տրամադրութիւններ ստեղծած էր վարորդական այն շրջանակին...

Խենթանոց

Ազգային-Յեղափոխական Երգեր (3)

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Իբրեւ իրաւազրկուած ազգ` հայերս վստահաբար  առաջնահերթ տեղ կը գրաւենք եւ այդ պատճառով ալ ունեցած ենք բազմահարիւր ազգային ու յեղափոխական երգեր: Կը կասկածիմ, թէ ոեւէ ազգ մեզի պէս ունեցած է երգեր, որոնք նուիրուած ըլլան նահատակ հերոսներու: Մեր ազգային-յեղափոխական երգերուն մեծամասնութիւնը յօրինուած է անծանօթ աշուղներու կողմէ եւ իբրեւ երաժշտական կառոյց` ուղղակի հիացում կը պատճառեն, մանաւանդ երբ նկատի առնենք, որ այդ...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

«Ատիս` Երգի Ճամբով»

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Ատիս Հարմանտեան: Կամ պարզապէս` Ատիս: Սփիւռքի տարածքին կա՞յ մէկը, որ չէ լսած այս  սիրուած ու վայելուչ երգիչին անունը, չէ ունկնդրած անոր էսդրատային հայաշունչ երգերը, չէ հմայուած անոր թովիչ ձայնով... Ճիշդ է, որ բաւական երկար ատենէ ի վեր Ատիս, տարիքի բերումով (ան 1945-ի ծնունդ է, Լիբանան) գրեթէ քաշուած է երգի հրապարակէն ու իր տեղը ձգած է նորերու: Սակայն ան...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. 1000 Դրամէն Անդին

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Այս օրերուն Հայաստանի ժողովուրդին խօսակցութեան գլխաւոր նիւթերէն մէկն է իւրաքանչիւր աշխատողէ բանակին համար ամսական հազար դրամ հաւաքելու մասին պաշտպանութեան նախարարութեան առաջարկը: Արդէն քանի մը օրէ ի վեր խորհրդարանին մէջ քննարկուող սոյն առաջարկը, որոշ բարեփոխումներու ենթարկուելէ ետք, կրնայ քուէարկութեան դրուիլ եւ օրէնքի ուժ ստանալով` պարտադիր դառնալ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար: Հայաստանի մէջ դժուար է գտնել նոյնիսկ մէկ քաղաքացի, որ դէմ...

«Լոռի Բերդ»-ին Մուտքը Արդէն Իսկ Դարպաս Ունի

«Լոռի Բերդ»-ին Մուտքը Արդէն Իսկ Դարպաս Ունի

«Պահպանութեան ծառայութիւն» կազմակերպութեան կայքը կը հաղորդէ, որ մասնագէտներու երկար եւ քրտնաջան աշխատանքէն ետք, վերջապէս պատրաստուած եւ տեղադրուած է «Լոռի բերդ քաղաքատեղի» պատմամշակութային  արգելոցի մուտքի դարպասը: «Պահպանութեան ծառայութիւն» կազմակերպութեան 2016 թուականի աշխատանքային ծրագիրին մէջ նախատեսուած արգելոցի դարպասին տեղադրումը խիստ անհրաժեշտութիւն դարձած էր: Այդ դարպասով պիտի կանխուի անասուններու մուտքը արգելոցի տարածք, անիկա պիտի նպաստէ յուշարձանի տարածքի առողջապահական վիճակի պահպանութեան, ինչպէս նաեւ արգելոցը...

Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան Նախարարը Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Ժամանակաւոր Հաւատարմատարին Հետ

Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան Նախարարը Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Ժամանակաւոր Հաւատարմատարին Հետ

Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքելեանը 7 նոյեմբերին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան ժամանակաւոր հաւատարմատար Իսսամ Նայալին հետ: Հանդիպման սկիզբը Իսսամ Նայալ շնորհաւորած է Իգնատի Առաքելեանին` Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնի ստանձնման առիթով եւ յոյս յայտնած է, որ անոր գործունէութեան ընթացքին երկրագործութեան բնագաւառին մէջ Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները աւելի պիտի խորանան ու աշխուժանան: Նախարարը ըսած է. «Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան...

Տիգրանակերտի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Վերանորոգման Աշխատանքները Կը Ծրագրուի Աւարտին Հասցնել 2018-ին

Տիգրանակերտի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Վերանորոգման Աշխատանքները Կը Ծրագրուի Աւարտին Հասցնել 2018-ին

Թրքական «Տիարպաքըրսէօզ.քոմ» կայքը կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները կը ծրագրուի աւարտին հասցնել 2018 թուականին: Թուրքիոյ հիմնադրամներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը, որուն կը պատկանի եկեղեցւոյ տարածքը, պաշտօնապէս յայտարարած է, որ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերանորոգումը աւարտին պիտի հասնի 2 տարուան ընթացքին, եւ 2018-ին տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ պաշտօնական վերաբացումը: Տիգրանակերտի Սուր թաղամասին մէջ գտնուող եկեղեցւոյ շէնքը 2015-ին քիւրտ զինեալներուն եւ...

Ընկերոջս` Մովսէս Պչաքճեանի Մահուան Առիթով Փոխան Դամբանականի

Ընկերոջս` Մովսէս Պչաքճեանի Մահուան Առիթով Փոխան Դամբանականի

Փարիզի Մեր Տղան Ալ Գնաց... ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Այս օրերու մեր գրական հրապարակի ընդհանուր վիճակէն դատելով` յուսահատօրէն կ՛ըսեմ, որ սփիւռքահայ մեր գրականութիւնը, կամաց կամաց սկսած է ամայանալ: Մտահոգ հայու մը համար լուրջ վախի ստուեր մըն է այս մէկը, որ կարծես սկսած է նշմարելի դառնալ ամէն տեղ: Յաճախ բոլորս ալ կը հպարտանանք, որ հարուստ մշակոյթ ժառանգած ժողովուրդ ենք: Միւս կողմէ` հայութեան շարքերուն...

Կ՛իրականացնե՞նք Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Սփիւռք(ներ)ի «Ժողովուրդներ»-ու Մէկութիւնը

Գրականութիւնը Կը Մեռնի, Երբ Ժողովուրդ Չէ Եւ Բառերու Պարով Կը Գինովնայ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Արուեստը վերածել «ձեւ»-ի հարցի մը, զայն փոքրացնել եւ չափէն աւելի նեղցնել է: ՇԱՐԼ-ՕԿԻՒԹԵՆ ՍԵՆԹ-ՊԷՕՎ* Գրականութիւնը ինքնահիացման հայելի չէ, Նարգիս չէ: Ան իրաւ կամ սին ինքնահաստատում փնտռող ընտրանիի մը ակումբ չէ: Ան չէ նաեւ քարոզչական միջոց: Ան իր պատկանած ժողովուրդին եւ անոր ժամանակին պատկերով է, անոր ինքնութիւնը ունի` իր լեզուով, մշակութային ժառանգութեամբ եւ պատմութենէն ստացուած տեսիլքներով: Այլապէս ուրիշ բան...

Ազգային Գանձերը Չեն Կորսուիր (Յակոբ Կիւլոյեանին` Փոխան Հրաժեշտի)

Ազգային Գանձերը Չեն Կորսուիր (Յակոբ Կիւլոյեանին` Փոխան Հրաժեշտի)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Այս գրութեան թուագրեալ բաժինները թուղթին յանձնած էի բաւական առաջ, սակայն չէի հասած ամբողջացնելու: Խորքին մէջ, Ա., Բ. եւ մնացեալ բաժիններով ներկայացող դրուագները, նաեւ բազմապատիկ քանակութեամբ այլ դրուագներ յիշողութեանս եւ էութեանս մէջ արձանագրուած էին տասնամեակներէ ի վեր, հաւանաբար սկսեալ այն օրէն, երբ Յակոբ Կիւլոյեան անունը գրաւած էր պատանիի ուղեղս, երբ զինք հեռուէն ճանչցայ իբրեւ ասմունքող արուեստագէտ մը, ա՛յն օրերէն`...

«Բարեւեցէ՜ք Բոլոր Հայերուն»

«Ես Ասմունքելով Կ՛ուզեմ Մեռնիլ»

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Յակոբ Կիւլոյեանը իր մահաքունի վիճակին մէջ անընդհատ կ՛ասմունքէր Չարենց, Սեւակ, Վարուժան, Թէքէեան: Անցնող ամբողջ երեք ամիսներու իր չարչարանքի հանգրուանին ան կ՛ասմունքէր: 1982-ին երիտասարդական տարիներու, Համազգայինի Պուրճ Համուտի  մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ Նազ Տէր Սարգիսեան եւ Թորգոմ Ջանանի գլխաւորութեամբ գրասէրներու խմբակ մը յառաջացած էր: Մեր դպրոցէն ես եւ դասընկերս կ՛երթայինք: Ամէն ամիս բանաստեղծի մը, գրագէտի մը կամ մտաւորականի մը հետ հանդիպումներ...

«Բարեւեցէ՜ք Բոլոր Հայերուն»

Անզուգական Հայ` Յակոբ Կիւլոյեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Քառասուն օրեր առաջ հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր ամէնէն ընտիր, ամէնէն թանկագին զաւակը: Յակոբ Կիւլոյեան Լիբանանի հայութեան այն բացառիկ անձն էր, որուն համար հայրենիքն ու հայութիւնը հացի եւ ջուրի չափ էական էին, եւ ան ամէն վայրկեան կ՛ապրէր Հայաստանի եւ հայութեան համար: Ոսկերչական հազուագիւտ գործերու հեղինակ էր: Իր արհեստանոցին մէջ կ՛աշխատէին 10-է աւելի վարպետներ, որոնք ո՛չ միայն կը զբաղէին իրենց...

«Բարեւեցէ՜ք Բոլոր Հայերուն»

Պարոյր Սեւակի Հարազատ Խօսքը Յակոբ Կիւլոյեանին (Ժապաւէնի Վրայ)

Յակոբ Կիւլոյեան 1966-ին ողջոյնի խօսք ղրկած էր Պարոյր Սեւակին, ժապաւէնի վրայ, լրագրող Լեւոն Քէշիշեանի հետ: Ի պատասխան` ստացած է ողբ. բանաստեղծին հետեւեալ խօսքը, կենդանի՛ ձայնը, ժապաւէնի վրայ.- Յակո՛բ, սիրելի, հարազատս. Սարսափելի յուզուած եմ այս րոպէին. շատ կը ցաւէի եթէ Լեւոնին չտեսնէի եւ ձայնդ չլսէի. առաւել ցաւում եմ, որ մի շատ լաւ առիթ է եղել հայրենիք գալու, եւ դու ցաւօք այդ...

«Բարեւեցէ՜ք Բոլոր Հայերուն»

«Բարեւեցէ՜ք Բոլոր Հայերուն»

Երուսաղէմի վանք, 1925: Եղեռնէն ճողոպրած ատանացի մօր եւ սասունցի հօր զաւակ մը լոյս աշխարհ կու գար: Ծնողները նախընտրած էին Երուսաղէմ ապաւէն գտնել, որովհետեւ Քրիստոս հոն պիտի վերադառնար, երբ մեռելները յարութիւն առնէին: Երեք տարեկանին արդէն անգիր սորված էր անոնց արտասանած շարականները: Ապագայ ասմունքողը կը կազմաւորուէր այս մթնոլորտին մէջ: Երեք տարեկանին նաեւ կորսնցուցած էր հայրը: Երուսաղէմի Թարգմանչաց վարժարանը աւարտելէ ետք Յակոբ Կիւլոյեան կեանքը...

«Բարեւեցէ՜ք Բոլոր Հայերուն»

Անդրադարձ. Յակոբ Կիւլոյեան` Ոսկերիչ, Արուեստագէտ, Մտաւորական, Ասմունքող, Գրասէր, Բուսաբոյծ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Միայն երեք առիթներով, վիպային պայմաններու մէջ հանդիպած եմ այս իւրայատուկ անձնաւորութեան, թէեւ լիբանանահայ միութենական, ազգային-եկեղեցական-հանրային հաւաքներուն պատահականօրէն կը հանդիպէինք` իբրեւ հեռուէն ծանօթներ: Հաւանաբար 1974-ին էր, երբ Ամմանի մէջ բարեկամի մը գրասենեակը հանդիպեցայ Յակոբին` Երուսաղեմէն եկած եղբօր, որ խնդրեց ծրար մը հասցնել անոր` յաջորդ Պէյրութ մեկնելուս, եւ տուաւ անոր գործատեղիի հասցէն: Սուրբ Նշան եկեղեցիէն ոչ հեռու, Պէյրութի կեդրոնի երբեմնի...

«Բարեւեցէ՜ք Բոլոր Հայերուն»

Անկրկնելի Կիւլոյեանը

ԹՈՐԳՈՄ 1975: Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի առաջին հանգրուանի թէժ երեկոյ մը, Պէյրութը երկփեղկած անհեթեթ սահմանագիծին մօտ Սէյֆի փողոցին մէջ գտնուող մեր շէնքը կ՛աճապարեմ մտնել, խուսափելու համար արեւմտեան դիրքերէն մեր փողոցներուն ուղղութեամբ կուրօրէն արձակուող փամփուշտներէն, երբ  քիչ մը անդին բնակող Յակոբ Կիւլոյեան բարձրաձայն զիս կը կանչէ` փողոցին հանդիպակաց կողմը ապահով անկիւն մը կանգնած: Առանց տատամսելու, կրակոցներուն մէջէն կ՛անցնիմ փողոցը եւ կ՛ապաստանիմ Կիւլոյեանին...

«Բարեւեցէ՜ք Բոլոր Հայերուն»

Հեռակայ Զրոյց Ասմունքի Արքայ Յակոբ Կիւլոյեանի Հետ

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Մտածումի, զգացումի անսահման երկինք մըն է ասմունքի արուեստը, որ ասմուքելու տաղանդ ունեցողին առիթ կու տայ գրագէտին ներաշխարհը բաժնելու ուրիշներու հետ: ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ («Ազդակ», 27-8-2009) Երկրային կեանքիդ մէջ վստահաբար պիտի չհամարձակէի քեզ անուանել «արքայ», այդ ալ` ասմուքի, որովհետեւ նման բնորոշում պարզապէս վիրաւորանք մը պիտի ըլլար հանդէպ անձի մը, որուն կեանքը յագեցած է մարդկային վեհագոյն արժանիքներու գեղեցկութեամբ: Այլ խօսքով, կիւլոյեանական...

Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը – Գ. –  Կատարողական

Եղանակի Տեսութիւն

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ «Ձայն Բազմաց».- Կ՛իմանանք, որ այս տարուան թատերական շրջանի խաղացանկին մէջ տեղ գտած են հինգ կատակերգութիւն կամ զաւեշտ: Այս տեղեկութիւնը առաջին հերթին յառաջացուց  ընդվզում: Երկրորդ հերթին` մղեց խորհրդածութեան: Ելոյթներու պրոշիւրները ընդհանրապէս իրենց ընտրութիւնը կ’արդարացնեն առօրեայի տաղտուկէն պահ մը ձերբազատելու չքմեղանքով: Թատերական պատասխանատուները յանցաւոր կը զգան, որովհետեւ չեն մատուցեր թանձր եւ բարոյալից ողբերգութիւն մը: Այսու կու գամ խաղաղեցնելու անոնց խիղճերը:...

Պաշտօնապէս Կեանքի Կոչուեցաւ Ազգային  Միացեալ Վարժարանը Լիբանանահայութեան  Միտքի Ու Հոգիի Նորագոյն Դարբնոցը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Բացումին Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Երէկ երեկոյեան յոբելենական համերգին առիթով պատրաստուած գրքոյկին մէջ տեղադրած էինք նկար մը, ուր օրին, քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, իբրեւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Պուրճ Համուտի պատասխանատուներուն եւ պահակ տղոց ընկերակցութեամբ կը շրջագայէիք ռմբակոծումներու թիրախ դարձած հայկական թաղամասերը, իրազեկ դառնալու համար արձանագրուած մարդկային ու նիւթական կորուստներուն: Այսօր` իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ, նոյն այդ թաղամասերու կողքին, մօտաւորապէս 30 տարիներ ետք, բացումը...

Ֆէյրուզ Կը Դառնայ 81 Տարեկան

Ֆէյրուզ Կը Դառնայ 81 Տարեկան

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Ֆէյրուզը երկնագոյն թանկագին քար մըն է, որ հայերէն փիրուզ կը կոչուի, բայց ամէնէն աւելի` Ֆէյրուզը լիբանանցի այն արուեստագիտուհին է, որուն համբաւը աւելի քան կէս դարէ ի վեր կը փայլի արաբական աշխարհի երկինքին վրայ: Ան այս տարի կը բոլորէ իր 81-րդ տարին: Ստորեւ շատ հակիրճ տողերու մէջ մեր յարգանքը կը մատուցենք անոր ստեղծագործութիւններուն եւ Լիբանանի արուեստի մէջ իր...

Page 870 of 1110 1 … 869 870 871 … 1,110

Արխիւներ