Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անզուգական Հայ` Յակոբ Կիւլոյեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Նոյեմբեր 26, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Քառասուն օրեր առաջ հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր ամէնէն ընտիր, ամէնէն թանկագին զաւակը:

Յակոբ Կիւլոյեան Լիբանանի հայութեան այն բացառիկ անձն էր, որուն համար հայրենիքն ու հայութիւնը հացի եւ ջուրի չափ էական էին, եւ ան ամէն վայրկեան կ՛ապրէր Հայաստանի եւ հայութեան համար:

Ոսկերչական հազուագիւտ գործերու հեղինակ էր: Իր արհեստանոցին մէջ կ՛աշխատէին 10-է աւելի վարպետներ, որոնք ո՛չ միայն կը զբաղէին իրենց պետին կտորները իրագործելով, այլ նաեւ ծանօթ էին հայոց պատմութեան եւ հայոց արժանիքներուն:

Լիբանանահայութեան մէջ Յակոբ Կիւլոյեանին նման հայ գիրքի, հայ արուեստի պաշտամունքը ունեցողներ դժուար թէ գտնուին: Ան ո՛չ միայն կը քաջալերէր` կարդալով գիրքեր կամ այցելելով ցուցահանդէսներ, այլ մանաւանդ կ՛ուզէր գնել հայ արուեստի նմուշներ` իր հաւաքածոյին համար:

Իր երկու զաւակները` Լուսիկն ու Մոսիկը, մեծցան արուեստի մթնոլորտին մէջ, մին դարձաւ (Լուսիկ) «Ազդակ»-ի մէջ սքանչելի ուսումնասիրութիւններ ստորագրող, եւ միւսը` Մոսիկ, տաղանդաւոր արձանագործ մը:

Իսկ ո՞վ էր տիկին Կիւլոյեան. դուստրը պատուական Գրիգոր Աստարճեանի, որ իմանալով երջանկայիշատակ Գարեգին առաջին կաթողիկոսի հայագիտական գործերու հրատարակութեան մասին, հեռաւոր Պաղտատէն յանձն կ՛առնէր անոնց տպագրութեան ծախսերը:

Կարելի՞ է երեւակայել աւելի ներդաշնակ հայ ընտանիք մը:

* * *

2007-ին, ինքնաշարժի մը արկածով երկու շաբաթ հիւանդանոց մնացի: Հայկական թերթեր գրած էին այդ մասին: Յակոբ Կիւլոյեան լուրը ստանալէ անմիջապէս ետք կը հեռաձայնէ քրոջս, հիւանդանոցին հեռաձայնի թիւը առնելու համար: Յաջորդ օրն իսկ, շիշ մը նարինջի հիւթ շալկած սենեակ մտաւ…: Առաջին այցելուն էր…: Մենք, որպէս հին բարեկամներ, խօսեցանք անցեալէն ու ներկայէն: Յակոբ պատմեց իր յուշերը Սիլվա Կապուտիկեանի  մասին, կ՛ուզէր մոռցնել տալ ինծի պատահածը ու ցաւերս թեթեւցնել…: Այդ միջոցին հնչեց զանգը, միացուցին հեռախօսը. ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսն էր, կ՛ուզէր իմանալ վիճակիս մասին ու շուտափոյթ ապաքինում մաղթել: Երբ յայտնեցի, թէ Յակոբ Կիւլոյեան քովս է` «ուրեմն ամէն բան կատարեալ է…», ըսաւ ու աւելցուց. «Կը նշանակէ, թէ շուտ կ՛առողջանաս…»

Յակոբ քովս մնաց երեք ժամ. Սիլվայէն ետք պատմեց, թէ ինչպէս, ասմունքի մեծ վարպետ` Քոչարեանի ելոյթներուն համար կրցած էր արտօնութիւն ստանալ Լիբանանի ներքին գործոց նախարարէն:

Քոչարեանը հրաւիրող շրջանակները անակնկալի եկած էին, քաղաքական պատճառներով, պետութիւնը արգիլած էր ելոյթները: Որպէս վերջին յոյս, դիմած էին Յակոբ Կիւլոյեանին եւ նախարարը արտօնած էր` ընդունելով անոր միջամտութիւնը: Գառնիկ Ադդարեան պատմած էր այդ մասին, առանց մանրամասնութիւններ տալու:

60-ականներուն Հայաստանէն եկող մտաւորականները` երգիչները եւ արուեստի այլ մարզերու մշակները, Կիւլոյեան կը հրաւիրէր, սեղաններ կը բանար, կը պատուէր, նուէրներ կու տար, առանց որեւէ ակնկալութեան, ինչպէս կ՛ընէին ոմանք:

Հայաստան իր մէջն էր… եւ առիթ չէր փախցներ անկէ եկող հարազատները հիւրասիրելու:

Ձախակողմեան բարեկամներ կը զարմանային Յակոբի նուիրումին, զգուշութիւն ցոյց կու տային, երբ հիւրը պետական հանգամանք ունէր` վախնալով, որ վերադարձին, անոնք խնդիր կ՛ունենան Մոսկուայի վերին մարմիններուն հետ…:

Յակոբ Կիւլոյեան յայտնի դաշնակցական էր, սակայն, անխտիր սիրուած էր Լիբանանի բոլոր հայերուն կողմէ: Կ՛օգնէր իրեն դիմողներուն, պատրաստ էր ամէն զոհողութեան` իր հայ եղբայրներուն համար:

Սակայն կար մէկը, որ լաւ կը ճանչնար Յակոբի արժանիքներն ու հոգին, այդ մէկը Գառնիկ Ադդարեանն էր, որ բարեկամաբար Յակոբի թեւը կը մտնէր առաջքը առնելու անախորժութեան մը կամ վիրաւորանքի մը:

***

Գեղամ Սեւան Պէյրութ ապաստանած էր Պոլիսէն հեռանալէ ետք. կը զբաղէր գրավաճառութեամբ. իր լաւագոյն յաճախորդը Յակոբ Կիւլոյեանն էր: Ամէն ամիս տրցակներով` Խորհրդային Հայաստանէն ստացուած գիրքերը կը տանէր տուն:

Գեղամ Սեւան վերջնականապէս հաստատուեցաւ Հայաստան. հոն պատրաստեց իր դոկտորական թէզը` «Պոլսահայ ժամանակակից գրականութիւն»-ը, սիրուեցաւ որպէս մարդ եւ գրող հայրենի գրագէտներու կողմէ. երբ լոյս կը տեսնէր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-ը, յաջորդ օրն իսկ իշխանութիւնը հրապարակէն հաւաքեց գիրքերը, սակայն, Պարոյր Սեւակ օրինակ մը նուիրած էր Գեղամ Սեւանին` մակագրելով:

Գեղամ Սեւան գործով եկած էր Պէյրութ ու այցելած Յակոբին, որ արդէն հեռաձայնային կապի մէջ էր Պարոյր Սեւակի հետ:

Յակոբ Կիւլոյեան խնդրեց, որ Սեւան իրեն նուիրէ «Անլռելի զանգակատուն»-ը: Գեղամ չէր կրնար իր սիրելի բարեկամը մերժել, պատռեց մակագրուած էջը ու տուաւ Յակոբին, իր հերթին մակագրելով…

Գիրքը ունենալէ ետք Յակոբ կրկին կը հեռաձայնէ Սեւակին, որ արտօնէ անոր տպագրութիւնը Պէյրութի մէջ: Բազմաթիւ վարանումներէ ետք Պարոյր Սեւակ կարմիր լոյս կու տայ Կիւլոյեանին:

Յակոբ հրատարակեց «Անլռելի զանգակատուն»-ը եւ բաժնեց իր բարեկամներուն, օրինակ մըն ալ ինծի մակագրեց, երբ 1960-ին Պէյրութ եկած էի ցուցահանդէս մը տալու Պէյրութի ֆրանսական մշակութային կեդրոնին մէջ, որ կը կոչուէր «Սինեմա Միլիթեր»:

Այդ ժամանակ Յակոբ ասմունքի երեկոյթներ կազմակերպած էր մինչեւ իսկ Պարսկաստան:

Բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեան երբ Պէյրութ կու գայ, Յակոբ զինք ճաշի կը հրաւիրէ եւ կը խնդրէ, որ իր ասմունքի երեկոյին ներկայ գտնուի Հալէպ: Սիլվա, պիտի այցելէր նաեւ հալէպահայութեան: Մինչ այդ Կիւլոյեան կը հեռաձայնէ Համազգայինի իր բարեկամներուն, որ ասմունքի երեկոյի թուականը փոխեն, որպէսզի Կապուտիկեան կարենայ ներկայ ըլլալ:

Յաջորդ օր, Սիլվա Կապուտիկեան յուզուած Յակոբի «Վէրք Հայաստանի»-էն կ՛ըսէ. «Յակոբ ո՛ւրկէ այսքան հայրենասիրութիւն…», Կիւլոյեանի պատասխանը կ՛ըլլայ. «որովհետեւ, կարաւանները դեռ քայլում են…»:

Բանաստեղծուհին իր տպաւորութիւններու գիրքին համար ընտրած էր Յակոբի խօսքը. «Կարաւանները դեռ քայլում են»:

Սիրելի՛ Յակոբ, քու մասին շատ պիտի գրենք տակաւին… ընդունէ այս քանի մը տողերը որպէս մեր սիրոյ արտայայտութիւն:

Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ…

Թող հողը թեթեւ գայ վրադ:

Մխիթարութիւն` ընտանիքի անդամներուդ եւ բազմահազար բարեկամներուդ…

Պուրճ Համուտ 2016

Նախորդը

Պարոյր Սեւակի Հարազատ Խօսքը Յակոբ Կիւլոյեանին (Ժապաւէնի Վրայ)

Յաջորդը

«Ես Ասմունքելով Կ՛ուզեմ Մեռնիլ»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?