Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարտադրուած Աճապարանք

November 28, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

apo-oreorin1ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ես այս անգամ Երեւանէն լաւատես հեռացայ: Կրնամ խոստովանիլ, որ լաւատեսութիւնս հիմնուած չէ գիտական վերլուծումներու եւ ուսումնասիրութիւններու վրայ: Շատերու նման, իմ ալ ամէնէն ճշգրիտ աղբիւրներս Երեւանի թաքսիներու վարորդներն են, որոնք զարմանալի առողջ դատողութեամբ եւ իրավիճակը գնահատելու սուր տեսողութեամբ օժտուած են: Եւ անոնք լաւատե՛ս էին:

Վարչապետն էր, որ իր աշխատանքի կարճ ժամանակամիջոցին իսկ դրական տրամադրութիւններ ստեղծած էր վարորդական այն շրջանակին մէջ, որոնց հետ հաղորդակցելու առիթն ու պատիւը ունեցայ:

Աւերակի վերածուած տնտեսութիւնը վերականգնելու, երկրին մէջ բարոյահոգեբանական ծանր կացութիւնը բարեփոխելու, մարդոց յոյս ներշնչելու տիտանական մարտահրաւէրը ընդունած Կարէն Կարապետեանը միեւնոյն ատեն պէտք է կարենայ ամէն տեսակի պալատական նենգութիւններ յաղթահարել:

Տնտեսական վերականգնումը իսկապէ՛ս հրաշքի համազօր պիտի ըլլայ, պարզապէս որովհետեւ ամէն չարիքի հետ նաեւ արտագաղթը իր աւերիչ գործը տեսած է` զրկելով երկիրը իր կենսունակութեան աղբիւրներէն:

Կը թուի, որ վարչապետը յոյսը դրած է ժողովրդային զօրաշարժի մթնոլորտ մը ստեղծելուն վրայ: Ելեկտրականութեան, կազի, քարիւղի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու գիներուն նուազումը հետապնդելով եւ իր անձնական յարաբերութիւններուն շնորհիւ որոշ յաջողութիւններ արձանագրելով` արդէն գետին կը պատրաստուի հոգեփոխութեան: Յաջորդ քայլերը աւելի դժուար պիտի ըլլան: Կաշառակերութեան եւ մենաշնորհներու դէմ պայքարը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ անօրինաբար կուտակուած դրամագլուխները թաքցուին կամ երկրէն փախուստ տան. հարկային դաշտի հաւասարեցումը կրնայ այսօրուան պաշտպանեալ ու միայն գերշահոյթով հետաքրքրուած գործարարներուն աշխատելու թափը կոտրել: Ու մինչ արդար պայմաններէն ներշնչուած գործարար նոր սերունդ մը հրապարակ դուրս գայ, երկիրը կրնայ տնտեսական նոր կաթուած մը ունենալ: Այս պայմաններուն տակ, լուծումը շտապելով, աճապարանքի մէջ կրնայ փնտռուիլ, ինչ որ ինքնին ուրիշ վտանգներ կրնայ բերել, ինչպէս` օրինակ, բանակի հարցով հազար դրամի գայթակղութիւնը:

Այս պարտադրուած աճապարանքին բացասական հետեւանքները սահմանափակելու ճիգին պէտք է մեր նպաստը բերենք` սրբագրելու դրական ու կառուցողական հակազդեցութեամբ, եւ տակաւին, ամրապնդելով մեր զօրակցութիւնը տարուած աշխատանքներուն, միշտ ակնկալելով, որ քաղաքական համընդհանուր ու արմատական փոփոխութիւններ ալ պիտի իրականան զուգահեռաբար:

 

 

Նախորդը

Ազգային-Յեղափոխական Երգեր (3)

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Նոյեմբեր Դ. – Քաղաքական Շրջադարձի Նախաքայլե՞ր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.