Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ատիս` Երգի Ճամբով»

Նոյեմբեր 28, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

adis-harmandian-2_112816Ատիս Հարմանտեան: Կամ պարզապէս` Ատիս:

Սփիւռքի տարածքին կա՞յ մէկը, որ չէ լսած այս  սիրուած ու վայելուչ երգիչին անունը, չէ ունկնդրած անոր էսդրատային հայաշունչ երգերը, չէ հմայուած անոր թովիչ ձայնով…

Ճիշդ է, որ բաւական երկար ատենէ ի վեր Ատիս, տարիքի բերումով (ան 1945-ի ծնունդ է, Լիբանան) գրեթէ քաշուած է երգի հրապարակէն ու իր տեղը ձգած է նորերու: Սակայն ան մեր (գէթ իմ ու աւելի երէց սերունդին) յիշողութեան մէջ անջնջելիօրէն կը գոյատեւէ տակաւին. իր անմոռանալի ձայնը դեռ կ՛արձագանգէ մեր ականջներուն մէջ: Բնա՛ւ չենք մոռցած իր երգերուն բառերը:

Ատիսը յիշեցինք, որովհետեւ սփիւռքահայ մամուլին մէջ կարդացինք, թէ ան վերջերս լոյս ընծայեր է հայերէն ծաւալուն հատոր մը` ցոլացնելով 40 տարուան երաժշտական իր գործունէութեան պատմութիւնը` խօսքով ու ճոխ նկարներով:

Գիրքը 330 էջ է, տպուած է Անթիլիաս (2015): Խմբագրութիւն ստանձնած է լրագրող Սարգիս Մաճառեան (Լոս Անճելըսէն):

Իմացեր էինք օրին, որ նորատիպ այս հատորին շնորհահանդէսը կատարուեր էր Պէյրութի մէջ, անցնող փետրուարին (2016), «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանին նախաձեռնութեամբ: Ատիս, այդ առթիւ, Լոս Անճելըսէն գալով, անձամբ ներկայ եղեր էր այդ հաւաքոյթին:

Հիմա կ՛իմանանք դարձեալ, թէ այս անգամ ալ ամերիկահայութիւնն է, որ շրջապատած է վաստակաւոր երգիչը Էնսինոյի (Լոս Անճելըս) Ազգային Ֆերահեան վարժարանի սրահին մէջ (17 նոյեմբեր 2016)` թէ՛ ունկնդրելով զինք, թէ՛ ալ բաժնելով նորատիպ գիրքին լոյս ընծայման ուրախութիւնը:

Ատիս իր գիրքը շարադրած է պարզ ու հաղորդական ոճով: Հատորը կը կրէ «Ատիս` երգի ճամբով» խորագիրը: Եւ արդէն ուրիշ ի՞նչ խորագիր կրնար յարմարիլ ինքնակենսագրական նման ժողովածուի մը, որուն հեղինակին բովանդակ կեանքը անցեր է երգի ու երաժշտութեան անդաստաններուն մէջ:

adis-harmandian-1_112816

Գիրքը մանրամասնօրէն կը պատմէ կամ կը յիշատակէ Ատիսի երգահանդէսներն ու ելոյթները` Լիբանանէն մինչեւ մօտ ու հեռու տասնեակներով հայագաղութներ (Սուրիա, Իրաք, Իրան, Եւրոպա, Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներ, Աւստրալիա եւ այլուր), նաեւ` Խորհրդային Հայաստան, ուր այցելած է ան 1974-ին եւ խելացնոր խանդավառութիւն ստեղծած է այնտեղ իր 29 երգահանդէսներով…

Հատորը լի է հետաքրքրական յուշերով, ինչպէս նաեւ` մեծաթիւ արժեւորումներով, որոնք տասնամեակներու երկայնքին երեւցած են հայ մամուլին մէջ: Երգիչը կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս պատանի տարիքին մուտք գործեց երգի ասպարէզ` նախ օտար երգերով, հուսկ ապա` ամբողջովին հայերէն երգացանկերով: Եւ հո՛ս է, որ ան, 60-ական թուականներու վերջերէն սկսեալ, իսկական յեղաշրջում մը յառաջացուց (քանի մը այլ երգիչներու հետ միատեղ)` հայկական տուներէն վանելով թրքերէնն ու արաբերէնը եւ անոնց փոխարէն` պատուոյ  գահին բազմեցնելով ՀԱՅ ԵՐԳԸ… Ատիսին էսդրատային երգերը հիմնովին փոխեցին հայ մարդոց երգի ըմբռնումը, եւ երաժշտական այն նոր ոճը, որ մարմին կ՛առնէր արեւմտեան նուագարաններու (ելեկտրական կիթառ, «ճազ», երգեհոն եւայլն) օգտագործումով, շուտով սիրելի կը դառնար լայն բազմութիւններու ու նո՛ր թռիչք կու տար հայաբարբառ երգին: Այդ տարիներուն ամէնուն շրթներուն վրայ էր Ատիսին «Ծաղիկնե՜ր, ծաղիկնե՜ր»-ը, «Այլ աչեր կան իմ սրտում»-ը, «Մանուշակ էիր` պարտէզում բացուած»-ը, «Գիշեր է, գիշեր»-ը եւ այլն:

Ատիս Հարմանտեան երգեր ալ գրեց, յօրինեց նաեւ անոնց երաժշտութիւնը, յետոյ ալ անշուշտ մեկնաբանեց զանոնք հարազատօրէն: Ու այդ երգերը տարաւ աշխարհի այն բոլոր ծայրամասերը, ուր հայ մարդիկ կ՛ապրէին: Եւ ասիկա, իր տեսակին մէջ հայապահպանման շնորհակալ աշխատանք մըն էր:

Ատիս սիրցո՛ւց հայ երգը, ենթահող ստեղծեց, որ հայ երիտասարդն ու երիտասարդուհին հպարտանան ու երջանկանան հայ երգով:

Համաձայն կ՛ըլլա՞ք ինծի հետ, եթէ ըսեմ, որ Ատիսը լսելը կենսունակութիւն մը կու տայ մարդուն, իսկ քարացած հոգիներուն մէջ ալ կը բռնկցնէ սիրոյ կրակը…

Հալէպ

Նախորդը

Նամակ Երկրէն. 1000 Դրամէն Անդին

Յաջորդը

Ազգային-Յեղափոխական Երգեր (3)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?