Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Արուեստը վերածել «ձեւ»-ի հարցի մը,
զայն փոքրացնել եւ չափէն աւելի նեղցնել է:
ՇԱՐԼ-ՕԿԻՒԹԵՆ ՍԵՆԹ-ՊԷՕՎ*
Գրականութիւնը ինքնահիացման հայելի չէ, Նարգիս չէ: Ան իրաւ կամ սին ինքնահաստատում փնտռող ընտրանիի մը ակումբ չէ: Ան չէ նաեւ քարոզչական միջոց: Ան իր պատկանած ժողովուրդին եւ անոր ժամանակին պատկերով է, անոր ինքնութիւնը ունի` իր լեզուով, մշակութային ժառանգութեամբ եւ պատմութենէն ստացուած տեսիլքներով: Այլապէս ուրիշ բան կ’ըլլայ: Այդ զոյգին գեղարուեստական նուաճումով է միայն, որ գրականութիւնը կրնայ յաւակնիլ ըլլալու համազգային եւ համամարդկային:
Անոնք, որոնք պատեհութիւնը ունեցած են դպրոցական սեղաններու ետին սորվելու կամ բեմի վրայ տեսնելու մեծ երգիծագիր Մոլիեռի թատերական երկ «Գիտուն կիներ»-ը, Les femmes savantes, եթէ զայն բաղդատեն նեղ շրջանակներու մէջ ընթացող գրականութեան փորձերու, մեծապէս կը նպաստեն գեղարուեստական գրականութեան ըմբռնումին, թերեւս կարենան նաեւ հեռացնել այն, ինչ որ գրականութիւն չէ:
Մոլիեռի գիտուն կիները զարմացնող դէպքով եւ տպաւորող բառով կ’ուզէին գրական ինքնատպութեան հասնիլ, ձեւին գերի դառնալով, խորքի եւ գեղեցիկի հարազատութենէն եւ բնականութենէն հեռու: Երբ ընթերցողը չի հասկնար, թէ ի՛նչ կ’ըսէ էջը, եթէ ան չ’արձագանգեր իր մէջ, եթէ մարդկային իրականութեան իրաւը չի ժայթքեր էջէն, գրականութեան փորձը կը դառնայ մարմաջներու բաւարարութեան ձգտող թափահարում: Մանաւանդ երբ կը խրի անհասկնալիի ճահիճին մէջ:
Անգրագէտներ միայն կրնան յուզուիլ էջի մը դիմաց, որուն կը վերագրեն տաղանդի կամ հանճարի անհասկնալիութիւն, եւ թեւ կու տան մեկնաբանական ճապկումներու:
Գրականութիւնը մարդուն «արկածախնդրութիւն»-ն է բնութեան, կեանքի, ընկերութեան, իմաստներու, զգացումներու հետ յարաբերութիւններու միգամածին մէջ: Ան ո՛չ բառախաղ է, ո՛չ խօսքի աճպարարութիւն:
Գրականութիւնը բազմաբնոյթ նախայարձակումներու ենթարկուած է ժամանակակից ընկերութեան մէջ. այս առումով իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են զանգուածային լրատուամիջոցներու (media) արագութիւնը, բազմազանութիւնը, տնտեսական ազդակի ճնշման տակ անմիջականի ընդհանրացումը, որ արժեչափի կը վերածէ ամբոխային ակնկալութիւնը: Երբ ընթերցողը կ’ըսէ, թէ երկու պարբերութենէ աւելի կադալու ո՛չ տրամադրութիւն եւ ո՛չ ալ ժամանակ ունի, գրականութեան տարածման դաշտը կը կծկուի: Մեծ երկիրները դեռ կրնան դիմանալ, քանի որ, հակառակ ընթերցողի տոկոսի նուազման` կը շարունակեն մեծ թիւ կազմել ընթերցողները: Իսկ փոքր ժողովուրդներու պարագային այդ ընթերցողներու համրանքը կը հասնի չնչինի:
Քանի մը օր առաջ գրականութեան հետ տասնամեակներու մտերմութեան մէջ ապրած նիւեորքաբնակ հայ բարեկամ մը կ’ըսէր, որ իր նոր պատրաստած հայերէն գիրքը կը մտածէ յիսուն օրինակով տպել… Խօսքը կացութիւն խորաչափելու առիթ պէտք է ըլլայ դեռ ինքնութեան մը խաբկանքով ապրող զանգուածներուն եւ անոնց ղեկավարներուն համար:
Գրականութեան «հարց»-ը միշտ զբաղեցուցած է մտաւորականութիւնը, ինչ կը վերաբերի ձեւին, բովանդակութեան եւ նպատակին, մարդկային ստեղծագործութիւններու շրջանակին մէջ եւ` անոնց բաղդատած: Օրինակ, Ժան-Փոլ Սարթր` իմաստասէր եւ յանձնառու գրող, կ’ուղղէ պարզ այն հարցումը, թէ «Ի՞նչ կը նշանակէ գրել», որ կը ներառէ նաեւ այն հարցումը, թէ` «Ինչո՞ւ պէտք է գրել»: Այսօր հարկ է աւելցնել հարցում մըն ալ` «Որո՞ւ համար պէտք է գրել»: Երրորդ հարցումը սուր կերպով կը դրուի հայ իրականութեան առջեւ:
Ժան-Փոլ Սարթր պղատոնական ոճով կ’ըսէ, որ` «գրել` նկարել չէ, գրել` երաժշտութիւն յօրինել չէ»: Կ’ըսէ, որ գրելը տարբեր է, քանի որ նկարիչը եւ երաժշտութիւն յօրինողը կը բաւականանան ներկայացնելով իրերը, եւ արուեստասէրը կամ դիտողը կը տեսնէ եւ կը լսէ այն, ինչ որ կ’ուզէ: Իսկ գրողը կը յաւակնի առաջնորդել, թելադրել: Հետեւաբար այս պէտք է շեշտել. գրականութիւնը իմաստ կը պարփակէ, մտածում, ան ուղղութեան նշան է ընթերցողին:
Ի հարկէ, գրականութիւնը ընթերցողին կը ներկայանայ զոյգ արտայայտութիւններով. արձակ եւ բանաստեղծութիւն:
Բանաստեղծը եւ արձակագիրը կ’արտայայտուին բառերով, խօսքով: Բայց բառի գործածութիւնը հիմնովին տարբեր ուղղութեան կը հետեւի բանաստեղծին եւ գրողին գրիչին տակ: Բանաստեղծը բառի իմաստի կախարդն է, ինք անոր կու տայ երանգային գոյներ եւ ձայներ, որոնք բառին բառարանային իմաստը կը փոխակերպեն: Իսկ արձակագիրը ճշգրտութեան մտահոգութիւնը ունի, որպէսզի ինք հասկցուի եւ ոչ թէ ըստ կամս զգացուի եւ մեկնաբանուի:
Գրականութիւնը ֆրանսական ԺԶ. դարավերջի «ծիծաղելի» լեզուագարութիւններու եւ բառախաղերու դաշտը չէ: Բանաստեղծը եւ գրողը բանի հզօրութեամբ հոգեկան, իմացական, ընկերային եւ մարդկային հորիզոններ կը բանան, մարդը կը բերեն իր կացութեան դիմաց, ճակատագիր, ապրումներ, զիրար խաչաձեւող զգացումներ: Իսկ եթէ բանաստեղծութեան եւ ընդհանրապէս գրականութեան փորձը արարում չ’ըլլար, ան կը մնայ հասարակ տեղիքի եւ բառերու կուտակման մակարդակին, արժէք չի ծնիր, գեղարուեստական երկը կը փոխարինուի սրճարանային զրոյցով: Գրականութիւնը մարդու` միւսին հետ հանդիպման պատումն է յարափոփոխ աշխարհի մը մէջ, ուր նոյնը եւ նորը փոխադարձ ներթափանցումով կեանք կը ստեղծեն` արտայայտութեան նոր կերպերով, գաղտնասացութիւնը լոյսին բերելով:
Ի հարկէ գրողը եւ բանաստեղծը հաշուապահներ չեն, իրենց երկին մէջ, իրենց ինքնատիպ երկունքով, լեզուին, մարդոց եւ իրադարձութեան կեանք կու տան` առանց ենթարկուելու առարկայականութեան ամլացման:
Բայց գրել որո՞ւ համար: Եթէ այս հարցումին պատասխանենք, կը հասկնանք, թէ ինչո՞ւ պէտք է գրել: Շատեր կը կարծեն, որ գրելը մենաւոր հաճոյք է: Նոյնիսկ այդ պարագային, գրականութեան հասցէն գրողին միւս եսն է, այն ինքնաթելադրութեամբ, որ այդ եսը հասցէական ընդհանրութիւն է, խմբաւորում կամ համայնական: Եզակիով հասնելու համար յոգնակիի: Իսկ գրելու արկածախնդրութեան ետին կայ բնազանցական ցանկութիւն մը, որ ժամանակի յաղթահարումն է, ներկայի շարունակութիւնը ապագայի մէջ, այսինքն` անմահութեան նուաճումը, քանի որ, իմաստասէր Օկիւսթ Քոնթի (Auguste Comte) բանաձեւումով, անմահութիւնը տեւել է ապրողներու յիշողութեան մէջ: Բայց այդ յիշողութիւնը այսօրուան ներկան է, հետեւաբար` ժամանակակիցները, որոնք գրողի հետ են նոյն ընկերութեան, նոյն մշակոյթ-ժառանգութեան մէջ: Ինչպէս կ’ըսուէր, գրողը կամ բանաստեղծը «փղոսկրեայ աշտարակ»-ի մէջ չեն բնակիր, կան միւսները. կենցաղ, բարքեր, ընկերային ըմբռնումներ, քաղաքակրթութիւն եւ մշակոյթ, աւանդութիւններ, արժէքներ, պատմութիւն, որոնք հաղորդակցութիւնը եւ հաղորդութիւնը կարելի դարձնող հասարակ յայտարարներն են: Ինչ որ կ’ընենք եւ կը գրենք պատմութեան մասնակցութիւն է, կ’արձանագրուի անոր բազմաշերտ գիրքին մէջ: Իսկ ստեղծագործողի ճիգը, ան ըլլայ բանաստեղծ, գրող, նկարիչ, քանդակագործ, յօրինող, գիւտարար, նոյնիսկ քաղաքական գործիչ, պատմութեան ընթացքի շնչառութիւնն է:
Իսկ գրողի դերն ու պատասխանատուութիւնը բազմապատիկ է, քանի որ ան կը յաւակնի իր ժամանակի թիւ-թուանշան չեղող ենթակայական աշխարհներու վկայութիւնը ըլլալ, այսինքն իր մէջ եւ իր խօսքին մէջ կրել նաեւ միւսները, հետեւաբար պատասխանատուութիւն ունի այդ միւսներուն նկատմամբ, իր անկախութիւնը պայմանաւոր է, նոյնիսկ երբ դէմ կ’երթայ ընդունուած սովորութիւններու, կարգերու, արժէքներու: Անոնք պէտք է որ ըլլան, որպէսզի ինք անոնց դէմ երթայ: Եթէ Նափոլէոնի գնդակահարած սպանացիները չըլլային, Ֆրանսիսքօ Կոյայի Սպանիոյ սահմանները գերանցող գլուխ գործոց «Հրացանազարկները» իւղանկարը գոյութիւն չէր ունենար:
Իրաւ գրողը միշտ իր ժամանակի արտայայտութիւնն է, եւ միտքի լայն հորիզոն ունեցողներու պարագային, կը բացուի գալիքի վրայ: Ժամանակի մէջ է, վկայ, բայց այդ ժամանակը դրոշմող եւ անդին անցնող, հետեւելով ընկերութեան հոլովոյթին եւ կացութեան, կը փոխուի. ոմանք կ’ըսեն` հասունութիւն ձեռք կը բերէ: Այլ խօսքով, խօսքի կախարդանքը ունեցողը անտարբեր չէ: Ներկայի վկան է, երբ կը խօսի անցեալի մասին (այդպէս են Րաֆֆիի վէպերը), միաժամանակ այդ վկայութիւնը անմիջականէ անդին երթալու միտում է: Հետեւաբար նպատակը այսօրուան եւ վաղուան ընթերցողն է, որոնցմով պիտի շարունակուի գրողին մտորումը:
Գիրի եւ գրականութեան դաշտը անցեալի սահմանափակումը չունի, զարգացման ընդհանրացումը եւ հաղորդակցական միջոցները կը տանին դէպի տիեզերական ճանաչում, եթէ որակ կայ: Այս կացութիւնը իսկական յեղափոխութիւն է, անսահմանափակ տարածման պաճառով, քանի որ ան կը յաղթահարէ գաղափարախօսութեան մը, իշխանութեան մը, համակարգի մը մասնակիութեան պարտադրանքը: Թէեւ այսօր, համաշխարհայնացման պարտադրած անգլերէնի տիրապետութիւնը գրականութեան տարբեր արտայայտութիւններուն վրայ կը բռնանայ, որպէսզի կարելի դառնայ գրողին համար էական ընթերցող մոլորակային զանգուածին հետ զրոյցը:
ԺԸ. դարէն ի վեր գրողը տեւաբար կը ձգտի ինքնահաստատման` քննադատութեան զանազան արտայայտութիւններով, ծնունդ տալով գաղափարախօսութիւններու: Այս երեւոյթը զուգահեռ ընթացած է ազնուականութենէն եւ կրօնական իշխանութիւններէն ազատագրուելու քաղքենի դասակարգի ձգտումին, գեղագիտական պատումին վրայ գումարելով ընկերային-քաղաքականը, այսինքն գրականութիւնը կը դառնայ յանձնառու (Ժան-Ժաք Ռուսօ, Վոլթեր), շարժում, որ շարունակուած է եւ կը շարունակուի, որ ընդհանուր խորագրի մը տակ` ազատութիւններու կը վերաբերի: Բայց միշտ մնացած է նաեւ «էսթեպլիշմընթ»-ի կամ «նոմենքլաթուրա»-ի փորձութիւնը` գրականութիւնը գործածելու որպէս միջոց:
Միշտ կարելի է քննադատել ընկերութեան զարգացած կամ կեանքի մէջ յաջողած դասը, որ իշխանութիւն է կամ` անոր պահեստի ուժը, բայց նաեւ պէտք է ընդունիլ, որ գրողին խօսքը կը հասնի ընդհանրապէս այդ դասին: Այս հակասութիւնը անցեալին աւելի շեշտուած էր, երբ կրթութիւնը դասակարգային մենաշնորհ էր:
Իրաւ գրականութիւնը միշտ հետամուտ է աւելի լաւին, արդարին, գեղեցիկին, նորին: Այդ պատճառով ալ պահպանողական համարուածներն անգամ, տեղ մը, պահու մը, այլախոհ են: Ան պատմութեան մէջ է, վերացական չէ: Իսկ գրողը բառերը չարչարելով, չէ որ տիեզերականութեան կրնայ ձգտիլ, նոյնիսկ եթէ անմիջական ներկային մէջ հրավառութիւններով տպաւորէ: Մեծերն են միայն, որ հակասութիւնները կը յաղթահարեն:
Քանի որ գաղափարները եւ ընկերութիւնները տեւական հոլովոյթի մէջ են, դանդաղ կամ բիրտ, գրողը ինք ալ այդ հոլովոյթին մէջ է: Եթէ ան կարենայ ընդգրկուիլ այդ հոլովոյթին մէջ, չըլլայ սոսկ հադիսատես, գլուխը վեր պահէ յորձանուտէն, այն ատեն կը դառնայ մարդկային կացութեան (ազգային, դասակարգային, մշակութային, ընկերային) հայելին, որ վերացականութիւն չէ, կը մնայ պատմութեան մէջ, կը դառնայ անոր շարժիչ շունչը:
Ժամանակակից գրականութիւնը հարկ է սեւեռել այս մօտեցումներով, երբ կը փորձենք երկ մը արժեւորել: Այդ փորձը գրական քննադատութիւնն է, որ քիչ մը ամէն տեղ վերածուած է գրախօսութեան: Մանաւանդ մեր պարագային, երբ ընկերահամակրական փոխադարձ հիացումները արդէն նուազած ընթերցողները կ’առաջնորդեն անորոշ գնահատումներով ընթացող գրական արժէքներու մոռացման:
Հայ գրականութեան զարգացման հեռանկարներուն համար կրնան ըլլալ բազմաթիւ գործնական առաջարկներ, նիւթական եւ կազմակերպական, որոնք մշակութային եւ քաղաքական ղեկավարութիւններուն պարտականութիւնն են: Բայց որակի եւ ընկերութեան հոլովոյթի վրայ դրական կերպով ազդելու համար պատմական, գեղարուեստական, իմաստասիրական, քաղաքակրթական եւ մշակութային արժեչափերով ընթացող գրական քննադատութեան կարիք կայ, մանաւանդ եթէ կ’ուզենք սփիւռքներու մանր փառասիրութիւններէն հեռանալ եւ հայաստանեան երեւանեան ակումբէն դուրս գալ:
Դեռ պէտք է խօսիլ այն մասին, որ գրականութեան զարգացման, որակաւորման եւ տարածման համար անհրաժեշտ է յառաջադէմ երկիրներու օրինակով իսկական հրատարակչութիւնը, որ տպարանային վերաբերումէ տարբեր է:
Եւ ի սէր Նարեկացիի, Վարուժանի, Տէրեանի, Չարենցի, Մեծարենցի եւ բոլոր միւսներուն, քաղաքական կեանքի եւ ընդհանրապէս «էսթեպլիշմընթ»-ի ընկերահամակրական տխրութենէն հեռու պահել գրականութիւնը:
23 նոյեմբեր 2016, Քուինզ, Նիւ Եորք
* «Réduire l՛art à une question de «forme», c՛est le rapetisser et le rétrécir outre mesure».
Charles-Augustin Sainte-Beuve