Թրքական «Տիարպաքըրսէօզ.քոմ» կայքը կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները կը ծրագրուի աւարտին հասցնել 2018 թուականին:
Թուրքիոյ հիմնադրամներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը, որուն կը պատկանի եկեղեցւոյ տարածքը, պաշտօնապէս յայտարարած է, որ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերանորոգումը աւարտին պիտի հասնի 2 տարուան ընթացքին, եւ 2018-ին տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ պաշտօնական վերաբացումը: Տիգրանակերտի Սուր թաղամասին մէջ գտնուող եկեղեցւոյ շէնքը 2015-ին քիւրտ զինեալներուն եւ թրքական բանակին միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին մեծ վնասներ կրած էր:
Պէտք է նշել, որ Տիգրանակերտի պատմական Սուր թաղամասին մէծ ծաւալուած զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին աւերուած շինութիւններու թիւը, ըստ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան Տիգրանակերտի գրասենեակին, 1277 է: Աւերուած կառոյցներու շարքին նաեւ հայկական շինութիւններ կան:
Սուրի մէջ թրքական յատուկ ուժերու գործողութիւնները սկսած էին 6 սեպտեմբեր 2015-ին եւ աւարտած 10 մարտ 2016-ին: