Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆէյրուզ Կը Դառնայ 81 Տարեկան

November 25, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

fairuz_old_112516

Ֆէյրուզը երկնագոյն թանկագին քար մըն է, որ հայերէն փիրուզ կը կոչուի, բայց ամէնէն աւելի` Ֆէյրուզը լիբանանցի այն արուեստագիտուհին է, որուն համբաւը աւելի քան կէս դարէ ի վեր կը փայլի արաբական աշխարհի երկինքին վրայ: Ան այս տարի կը բոլորէ իր 81-րդ տարին: Ստորեւ շատ հակիրճ տողերու մէջ մեր յարգանքը կը մատուցենք անոր ստեղծագործութիւններուն եւ Լիբանանի արուեստի մէջ իր եւ իր ամուսնոյն` Ասի Ռահպանիի եւ անոր Ռահպանի ընտանիքին ներդրումին:

Ֆէյրուզ, բուն անունով` Նուհատ Հատտատ, 1960-ական թուականներուն կը սկսի բարձրանալ համբաւի սանդուխներէն, երբ 1957-ին կու տայ իր անդրանիկ մեծ համերգը Պաալպեքի միջազգային փառատօնին ընթացքին: Փաստօրէն իր ամուսինն ու անոր ընտանիքը մեծ դեր խաղացած են Ֆէյրուզին երգարուեստի ասպարէզին մէջ, բայց եւ այնպէս Ֆէյրուզի իւրայատուկ անհատականութիւնն է, որ ժողովուրդին սրտամօտ կը դարձնէ զինք: Իր կեցուածքներէն ամէնէն շատ կը յիշուի 1969-ին այն դէպքը, երբ ան կը մերժէ բեմ բարձրանալ Ալճերիոյ նախագահ Հաուարի Պումետիէնին ի պատիւ: Կ՛ըսուի, թէ Ֆէյրուզ մերժած էր ճաշկերոյթի ընթացքին ելոյթ ունենալ, քանի որ ինք «ճաշարանի երգչուհի» չի համարեր ինքզինք, այլ` ուղղակի երաժշտութիւնը ըմբոշխնել տալու երաժիշտ: Իր մերժելուն այլ պատճառ մըն ալ այն է, որ Ֆէյրուզ ոչ թէ անհատներու, այլ ժողովուրդին երգչուհին է, որուն պատճառով մերժած էր անհատի մը համար ելոյթ ունենալ:

fairuz1_112516

Ֆէյրուզ ճանչցուած է որպէս «Լուսնի հարեւան»` իր երգերէն մէկուն պատճառով: Տարիներու ընթացքին իրեն յատուկ Ռահպանիներուն գրիչով երգերը կը ստանան յեղափոխական ոգի, բան մը, որ աւելի կը մօտեցնէ զինք ժողովուրդին:

Ֆէյրուզ ելոյթներ ունեցած է Ռահպանիներուն թատրոններուն եւ հեռատեսիլի ծրագիրներու մէջ:

Ան ելոյթներ ունեցած է աշխարհի տարբեր բեմերէն,  ինչպէս` Լոնտոնի «Ռոյըլ Ալպէրթ հոլ»-ի եւ Նիու Եորքի «Քառնըկի հոլ»-ի մէջ:

Ֆէյրուզի մասին` հինգ ուշագրաւ կէտեր.

1.- Հարցազրոյցի մը ընթացքին ան նշած է, թէ` «Կ՛երգեմ աղօթելու նման»:

2.- Իր յեղափոխաշունչ եւ մանաւանդ պաղեստինեան դատին համար երգերուն պատճառով ստացած է «Աստղերու դեսպան» տիտղոսը: Ան ստացած է «Լիբանանի ոգին» տիտղոսը:

3.- Ֆէյրուզ անունը իրեն տուած է Հալիմ Ռումի խմբավարը, որ խմբավարած է այն երգչախումբը, որուն կ՛անդամակցէր նաեւ պարմանի Ֆէյրուզը: Ան ըսած է, որ երգչուհիին ձայնը իրեն կը յիշեցնէր թանկագին փիրուզ քարը:

4.- Թեւաւոր խօսք մը կայ, որ կ՛ըսէ` «Լիբանանցիները ամէն բանի համար կը վիճին,  բացի Ֆէյրուզին հանդէպ իրենց ունեցած սէրէն»: Այլ խօսքով, տարբեր հաւատքի եւ համայնքի պատկանող բոլոր լիբանանցիները կը սիրեն Ֆէյրուզը:

5.- Ֆէյրուզ հանրածանօթ է իր խիստ վերապահ անհատականութեամբ:

Ֆէյրուզի ծննդեան 81-րդ եւ Լիբանանի անկախութեան 73-րդ տարեդարձներուն առիթով հայերէնով կը հրամցնենք Լիբանանին նուիրուած` Ֆէյրուզին ամէնէն հանրածանօթ երգերէն մէկը:

graffiti_fairuz_112516

«Կը սիրեմ քեզ, Լիբանա՛ն»

Կը սիրեմ քեզ, Լիբանա՛ն,
Հայրենի՛ք իմ, կը սիրեմ քեզ,
Հիւսիսովդ, հարաւովդ, ծովափովդ կը սիրեմ քեզ,
Կը հարցնես` ի՛նչպէս եմ եւ որպիսութիւնս ինչպէս է,
Եւ կը սիրեմ քեզ, Լիբանա՛ն, ի՛մ հայրենիք, կը սիրեմ քեզ:

Քովդ պիտի մնամ, եւ բացակայողը թող բացակայի,
Չարչարուիմ ու յոգնիմ, եւ ի՜նչ գեղեցիկ է այս չարչարանքը,
Եւ եթէ դուն զիս լքես, ամէնէ՛ն թանկագին սիրելիս,
Կեանքը սուտի կը վերածուի, իսկ երկրին թագը` հող:

Աղքատութեանդ մէջ կը սիրեմ քեզ, հարստութեանդ մէջ կը սիրեմ քեզ,
Իմ սիրտս` ձեռքիս մէջ, չի մոռնար քու սիրտդ,
Եւ դրանդ առջեւ լուսցուցած գիշերներս շատ թանկագին են
Եւ կը սիրեմ քեզ, լիբանա՛ն, իմ հայրենիք:

Հարցուցին ինծի` ի՞նչ պատահած է տօներու երկրին մէջ,
Շուրջը կրակ եւ ռումբ ցանուած է.
Ըսի, որ մեր երկիրը դարձեալ կը ծնի
Պատիւի Լիբանանը եւ յամառ ժողովուրդը:

Ինչպէս որ ես կը սիրեմ քեզ,
Խենթութեամբդ կը սիրեմ քեզ,
Եւ եթէ մենք բաժնուինք, քու սէրդ մեզ կը միացնէ,
Եւ քու հողէդ հատիկ մը աշխարհին գանձերը կ՛արժէ:

Եւ կը սիրեմ քեզ, Լիբանա՛ն, ի՛մ հայրենիք:

 

Նախորդը

Երեք Շաբաթ Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Բացումին Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Մարդուկ Ջարդուկ»-ը

January 19, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Կանացի Աչքերով Զ.

January 12, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Աղբակոյտը` Ապաստան (Բ.)

November 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.