ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Այս օրերուն Հայաստանի ժողովուրդին խօսակցութեան գլխաւոր նիւթերէն մէկն է իւրաքանչիւր աշխատողէ բանակին համար ամսական հազար դրամ հաւաքելու մասին պաշտպանութեան նախարարութեան առաջարկը: Արդէն քանի մը օրէ ի վեր խորհրդարանին մէջ քննարկուող սոյն առաջարկը, որոշ բարեփոխումներու ենթարկուելէ ետք, կրնայ քուէարկութեան դրուիլ եւ օրէնքի ուժ ստանալով` պարտադիր դառնալ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար:
Հայաստանի մէջ դժուար է գտնել նոյնիսկ մէկ քաղաքացի, որ դէմ ըլլայ բանակին օգնելու նախաձեռնութիւններուն: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն ժողովուրդը ցոյց տուաւ, որ պատրաստ է ոչ միայն նիւթական օգնութիւն, այլեւ նոյնի՛սկ իր մատղաշ զաւակներուն կեանքը նուիրելու հայրենիքին` անտեսելով նոյն այդ հայրենիքը արիւնաքամ ընող ամէնէն կաշառակեր` «կոռումբացուած» իշխանաւորներու եւ որոշ հրամանատարներու վարքն ու բարքը: Բայց բանակի զոհուած ու վիրաւոր զինուորներուն համար ամիսը 1000 դրամ նուիրելու առաջարկը, թող զարմանալի չթուի ընթերցողներուն, հանրութեան կողմէ քննադատութեանց ենթարկուեցաւ եւ բաւական լուրջ ըմդդիմութեան հանդիպեցաւ:
Անխուսափելիօրէ՛ն, այս նիւթը նաեւ արծարծուեցաւ երեւանեան սրճարաններուն մէջ, սուրճի կամ թէյի բաժակի շուրջ ընկերական մեր հանդիպումներուն ընթացքին: Բանակին օգնելու մասին վէճ չկար, սակայն տարակարծութիւն կար օգնելու ձեւին եւ միջոցին շուրջ:
Նախկին գործընկերներէս Դաւիթը, որուն երկու զաւակները ծառայած են բանակին մէջ, չէր հասկնար, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ամիսը 1000 դրամ հաւաքելու որոշում տրուած է:
«Ա՛յ մարդ, չեմ հասկանում, ի՞նչ հաշուարկ ա եղել, ո՞վ ա որոշել, որ 1000 դրամը հերիքում է նրանց խնդիրների լուծմանը: Ո՞նց են եզրակացրել, ի՞նչ հետազօտութիւններ են արել: Ոչ մի բան չեն ասում: Ընդամէնը ասում են` ամիսը հազար դրամ տուէք, որ ընկերային խնդիրներ լուծենք», ըսաւ ան, երբ հետաքրքուեցայ իր բացասական կարծիքին պատճառներով:
«Էս իշխանաւորները չեն հասկանում, որ էս ժողովուրդը ոչ թէ 1000 դրամ, այլ 10 կոպէկ էլ չի վստահում նրանց: Մարդիկ մտածում են` բան չմնաց, հիմի էլ ուզում են բանակի զոհուած ու վիրաւոր զինուորներով մեզ խաբել», աւելցուց Վահանը: Ան ապրիլին ձգած էր գործ ու ընտանիք եւ խումբ մը ընկերներու հետ կամաւոր մեկնած էր Արցախ:
«Չհասկացա՛յ, երեխէս նոր ա գնացել բանակ ու ես ամէն ամիս փող եմ ուղարկում, որ նա նորմալ հաց ուտի, տաք շորեր ունենայ, ատամի մածուկ գնի: Հա՛մ էլ հարկեր եմ տալիս, որպէսզի երկիրը ապահով ու անվտանգ լինի: Հիմի որ խօսամ, կ՛ասեն` թշնամու ջրաղացին ջուր ես լցնում: Եթէ հարկերով նորմալ զինուոր չէք պահում, բա ո՞նց հաւատանք, որ 1000 դրամով վիրաւոր զինուորներին էք խնամելու», պոռթկաց Սամուէլը, որուն մէկ հատիկ զաւակը` Արտակը, գարնան զօրակոչուած էր բանակ եւ ներկայիս կը ծառայէ Արցախի ճակատներուն վրայ:
«Գոնէ մի հատ ցոյց տային, որ գողերին բռնել ու պատժել են, հարստացած զօրավարներից ու նախարարներից փողերը յետ են վերցրել ու նրանց նստացրել են (բանտարկել, Ր.Տ.), զինուորական ծառայութիւնից ազատուած մի քանի հարուստի երեխեքին էլ բռնել ու տարել են ճակատ… Էն ժամանակ ոչ թէ 1000, ամսական 10 հազար էլ կը տամ», ըսաւ Դաւիթը:
Վէճը այսպէս շարունակուեցաւ գրեթէ ամբողջ երեկոյեան: Բոլորս ալ համաձայնեցանք, որ զինծառայողներու կեանքն ու արիւնը մեզի` հայերուս համար, գին չունին, անգի՛ն են, եւ որ` շա՛տ աւելին պէտք է ընել, քան` ամսական 1000 դրամը: Բայց ամէն բանէ առաջ բանակին եւ զոհուած ու վիրաւորուած զինուորներուն, անոնց ընտանիքներու հարցերուն հանդէպ պէտք է վերաբերիլ շա՛տ աւելի լուրջ, քան` առաջարկուած նախագիծը:
«Մի ժամանակ Սփիւռքից 1000-ական տոլար էին ուզում` երկրի տնտեսութիւնը վերականգնելու համար: Հիմի էլ Հայաստանի աշխատողներից 1000 դրամ են ուզում` բանակի հարցերը լուծելու համար: Սա լուրջ չի, եղբա՛յր, սա լուրջ չի: Պետութիւնը սէնց չեն կառուցում…», խօսակցութիւնը եզրափակեց Վահանը: Ու բոլորս ալ մտածկոտ մեկնեցանք մեր տուները:
Գրեցէ՛ք ինծի: