ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Մտածումի, զգացումի անսահման երկինք մըն է ասմունքի արուեստը,
որ ասմուքելու տաղանդ ունեցողին առիթ կու տայ գրագէտին
ներաշխարհը բաժնելու ուրիշներու հետ:
ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ
(«Ազդակ», 27-8-2009)
Երկրային կեանքիդ մէջ վստահաբար պիտի չհամարձակէի քեզ անուանել «արքայ», այդ ալ` ասմուքի, որովհետեւ նման բնորոշում պարզապէս վիրաւորանք մը պիտի ըլլար հանդէպ անձի մը, որուն կեանքը յագեցած է մարդկային վեհագոյն արժանիքներու գեղեցկութեամբ:
Այլ խօսքով, կիւլոյեանական խոնարհ, ազնուահոգի, առաքինի, ջերմեռանդ ու մարդասէրի հոգեկերտուածքը թոյլ պիտի չտար ոեւէ մէկուն ըսել այն, ինչ որ խորթ եւ արուեստական կը թուի ըլլալ, յայտնապէս անձնաւորութեան մը մասին, որուն ամբողջ կեանքը եղած է խանդաղատանքով եւ խանդավառութեամբ յագեցած երկինք մը, ուր վայելչօրէն կը պսպղան հայրենապաշտութեան, մարդկայնութեան եւ սիրոյ աստղերը:
Ի դէպ, ընդգծել է պէտք, որ կիւլոյեանական շնորհաբաշխ երկինքին վրայ, երբեւէ գոյութիւն չեն ունեցած մեծամտութիւնն ու փոքրոգութիւնը, փառամոլութիւնն ու եսակեդրոն կեանք մը վարելու ճղճիմ մօտեցումը:
Այդուհանդերձ, զինք մօտէն թէ հեռուէն ճանչցող իւրաքանչիւր անձ վստահաբար եւ անաչառօրէն պիտի ուզէ Յակոբ Կիւլոյեանի եզակի անհատականութիւնը բնութագրել իբրեւ արքայազն, որ կը յատկանշուի իր բացարձակ համեստութեամբ եւ հոգեգրաւ ընկալչութեամբ:
Միւս կողմէ, սակայն, հարցադրում մը ինքզինք կը պատադրէ, թէ արդեօք մարդ արարած իր կարգին արքայ մը չէ՞, երբ ներաշխարհին մէջ սնուցած է ազնուութեան եւ մարդասիրութեան ամէնէն վաւերական եւ հրաշակերտ արտայայտութիւնները:
Աւելի՛ն. ինչպիսի՞ մակդիր, տիտղոս եւ անուանում տալ (մանաւանդ այս օրերուն) բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքին ամբողջ տեւողութեան երգած են անանձնական սէրն ու նուիրումը, պաշտած են մարդու վսեմագոյն արժանիքները, եղած են խոնարհ եւ սրտամօտ, ապրած են գոհունակ, հակառակ կեանքի բոլոր ելեւէջներուն, խանդաղատանքով պարուրած են իրենց մտքերը, ճառագայթող սիրոյ կայլակներով ողողած են իրենց համոզումները, տէր են եղած իրենց կոչումին, հպարտօրէն քալած եւ վեհանձնօրէն շնչած են կեանքի շաւիղներուն, եւ մինչեւ խոր ծերութիւն, ալեհեր տարիք երդուած են մնալ հոգեհարազատ, պայծառամիտ, գօտեպնդող եւ հաստատակամ:
Ահաւասիկ կիւլոյեանական կենդանագիրը իր պերճ ու յուզական աշխարհով:
Հապա եթէ նման վեհափառ արժանիքներու շղթայենք ազգասէրի եւ հայրենապաշտի խոր գիտակցութիւնն ու նուիրումի զգացողութիւնը, խոհուն դէմքի, բարեպաշտ ժպիտի եւ անխարդախ վարուելակերպի զգացողութիւնը, ինչպիսի՞ զուլալ դիմագիծ մը պիտի ուրուագծուի մեր դիմաց, եթէ ոչ անկաշառ հայու մը դիմաքանդակը` իր տիրական կեցուածքով եւ առանձնակի անմիջականութեամբ:
Եթէ երբեք մեր յիշողութեան մէջ խորապէս արմատացած պիտի տողանցեն Կիւլոյեան մարդու, հօր եւ հարազատի բացառիկ առանձնայատկութիւնները, ապա իբրեւ մտաւորական, իրաւ արուեստագէտ եւ գերազանցապէս հայաշունչ տիպար, անոր հայաստանասիրութիւնը, Արարատի պաշտամունքը, հայու էութեան եւ բարձր ոգեկանութեան ցուցաբերած հաւատարմութիւնը միանշանակ լուսաւորող եւ ոգեշնչող բաղադրիչներն են իր եզակի հաւատամքին եւ գաղափարայնութեան:
Փաստօրէն, Յակոբ Կիւլոյեան անբասիր հայու կեանքի սկզբունքայնութիւնն ու ազգային արժէքներու անոր ամրապինդ կառչածութիւնը, խորքին մէջ փայլատակող ապրումներու եւ վարակիչ մտածումներու ճառագայթումներն են:
Այո՛, տիեզերահունչ, ազգավայել ու հոգեկերտ ճառագայթումներ են անոնք, որոնց մտերմութեան մէջ ապրած է լիբանանահայ գաղութը, լուսաւոր, պատեհ թէ տօնական առիթներու, երբ Կիւլոյեան ասմուքողը ամպիոնի ետին թէ բեմահարթակի վրայ կանգնած, իր որոտընդոստ ձայնն է հնչած եւ տիրական առոգանութեամբ հայու ոգին է փոխանցած` թռիչք տալով իր ներաշխարհին ամենախոր եւ ամենանուրբ ծալքերուն:
Ահա եւ զտարիւն արուեստագէտի վաւերական արժանիքներէն մեծագոյնը:
Բաւարար է մէկ անգամ ներկայ գտնուէիր անոր հոգեզմայլ ելոյթին եւ արդէն կախարդական աշխարհ մը կը կլանէր քեզ` անոր տարրերային պոռթկումներուն եւ բոցաշունչ զգացողութեան գերին դառնալով:
Ի զուր չէ, որ Յակոբ Կիւլոյեան ամէն առիթի իր զրուցակիցին բարձրաձայն կ՛ըսէր. ես ամէն օր կ՛ապրիմ Խաչատուր Աբովեանի հետ:
Իրաւամբ, ան ձեւով մը միաձուլուած էր իր պաշտելի վիպասանին հոգիին հետ, կրցած էր միախառնուիլ Աբովեանի էութեան եւ ինքզինք շաղախել աբովեանական շունչին ու ոգեկան աշխարհին, աւելի՛ն. ան երդուած էր վառ պահել իր պաշտելի ուսուցիչին` հայ գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկուն գրական վաստակը` «Վէրք Հայաստանի»-ն:
Իրօք, Յակոբ Կիւլոյեան, շնորհիւ իր ասմունքելու աստուածատուր տաղանդին, գերազանց վառ յիշողութեան եւ անկոտրում կամքին, յափշտակութեամբ եւ մեծ նուիրումով իւրացուցած էր ո՛չ միայն «Վէրք Հայաստան»-ի վէպին տառը, այլ նաեւ` ոգին ու այդ ոգիէն ցայտող հայրենապաշտութիւնը:
Եւ տասնամեակներ շարունակ Յակոբ Կիւլոյեանի շունչը չդադրեցաւ երգելէ մեծարենցեան եւ սեւակեան սիրոյ մեղեդիներ, իր հոգին չհանգչեցաւ երբեք ի տես իր ազգին ցաւերուն, այլապէս ալ միտքը մնաց արթուն ու կայտառ` ամբողջ շրջապատի մը ներաշխարհը հրդեհելու եւ սիրտերը ազնուացնելու մտասեւեռումով:
Այս առիթին ինչպէ՛ս մտահան ընել Յակոբ Կիւլոյեանի գրող-մտաւորականի գրիչը, որ իր կարգին բեղուն է եղած եւ լոյսը սփռած հայ մամուլի էջերուն: Բաւարար է ակնապիշ ընթերցել իր գրութիւններէն որեւէ մէկը, եւ արդէն ընթերցողը դէմ-յանդիման կը գտնուի գեղարուեստական շունչով յագեցած մտածումներու վարար հոսքի մը, բանաստեղծական թռիչքի, կշռութաւոր պատկերներու եւ հայաբոյր ոգեկան աշխարհի մը, որոնց մղիչ ուժը Արարատն է իր վեհութեամբ եւ մայրենին` իր հրաշափառ գեղեցկութեամբ:
Իբրեւ զրուցակից, կիւլոյեանական սուր եւ հատու միտքը, յանդուգն ու ժիր մտածումները, խորհրդաւոր նայուածքներն ու գերազանց բարութեամբ շողշողուն ժպիտը, խորքին մէջ անոր ներաշխարհին կենդանի դրսեւորումներն էին:
Գերզգայուն ներաշխարհով յատկանշեալ Յակոբ Կիւլոյեանի համար գրողի յանձնառութիւնը օդի եւ ջուրի նման կենսական էին: Ան արուեստագէտի իր կոչումին ագուցած էր անանձնականութիւնն ու հաւատարմութիւնը:
Փաստօրէն, ան առիթ չէր փախցներ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու, գօտեպնդելու եւ քաջալեր հանդիսանալու, երբ մամուլին մէջ ընթերցէր գրիչիս պատկանող յօդուած մը: Ան հեռաձայնով երկար կը զրուցէր, բիւրեղ մտածումները կը յայտնէր եւ օրհնաբեր վկայութիւններու տարափին տակ փառքը կը հիւսէր մայրենիին եւ կը շեշտէր ազգային արժէքներու ոգեկան բարձրութիւնը:
Պատուախնդիր Յակոբ Կիւլոյեանի համար ազգային արժանապատուութիւնը բարձրագոյն արժէք էր, որուն պահպանման համար հայն ու հայութիւն ոչ մէկ ճիգ պէտք էր խնայէին, թէկուզ եւ մեր անհատական թէ հաւաքական տառապանքին, զոհողութեան եւ նախասիրութիւններու չքացումի հաշուոյն:
Ի վերջոյ, իրեն համար հայու յաւերժութեան խորհրդանիշ Արարատին ու ազգին ծառայելու կորովն ու կամքը նուազագոյն արժեչափերն էին ցոյց տալու հայու ոգիին գերազանց մեծութիւնն ու անպարագծելի հնչեղութիւնը:
Տաղանդաւոր ասմունքող Յակոբ Կիւլոյեանի առանձնայատկութիւններէն էր իր խօսակցութեան պահերը համեմել այնպիսի ոգեկանութեամբ, որ, երբ ուզէր խանդավառել դիմացինը, զգալ անոր սրտի տրոփներն ու նեարդային զգացողութիւնը, անպայման որ լոյսին կը բերէր եւ կը յիշէր մեծարենցեան սիրոյ արբշիռ տոչորումները, սեւակեան կարօտի զեղումներն ու մեծն Վարուժանի հեթանոսի ճարճատիւնները:
Այսպէս էր մեր ընկերը, բարեկամն ու գրչեղբայրը, որ ապրեցաւ ժպիտը դէմքին, սիրտը բոլորին ու միտքը Արարատին:
Հիմա, որ յաւերժի ճամբորդի ցուպը ձեռին կը վայելէ աստղազարդ երկինքին խորհրդաւոր քնքուշութիւնն ու ներդաշնակ լռութիւնը, կ՛երգէ սէրը անանձնական, կ՛ապրի մորմոքը աբովեանական եւ կ՛երազէ հայրենիքը կախարդական:
Քանի մը տարի առաջ, երբ իր սրբակենցաղ երդիքին տակ հաւաքուած կը զրուցէինք մտիկ ընելով իր բովանդակալից կեանքին յուշերն ու հետաքրքրական պատումները, ըսինք. «Վարդապե՛տ, պէտք է որ զանոնք վերարտադրես եւ գիրքի մը ծածկին տակ հրատարակես, որովհետեւ թէեւ անոնք կիւլոյեանական գոհարներ են, սակայն կը պատկանին նաեւ ազգին ու Արարատին: Իրաւունք չունիս մեզ զրկել նման գեղեցկութիւն վայելելէ»:
Պահ մը սենեակէն ներս խաղաղութիւն տիրեց, ան իր լուռ հայեացքը մեզի ուղղելով յանկարծ ժպտաց ու կրկին լռեց: Չհասկցանք, վստահաբար ըսել ուզեց բան մը, փոխանցեց պատգամ մը, որուն խորհրդաւոր մեղեդիները դեռ երկա՜ր պիտի շնչաւորեն մեր հոգիներն ու սրտերը: Մաղթանքը մնաց անաւարտ:
Հաւատացողն եմ, որ եթէ երբեք գաղութահայ մեր կեանքին այնքա՜ն շունչ ու հոգի սպառած Յակոբ Կիւլոյեանի` ասմունքի արքային յիշատակը կ՛ուզենք յաւերժ պահել, ապա պարտաւոր ենք իր մտքի լոյսին արգասիք գրութիւնները համախմբել եւ հատորի մը ծածկին տակ զանոնք հրատարակել:
Վստահաբար, ի տես այս մեր կատարելիք աշխատանքին, Յակոբ Կիւլոյեան այս անգամ կապուտազարդ երկինքէն կրկին պիտի ժպտայ մեզի` իր հեզահամբոյր հայեացքին գեղեցկութիւնը զգացնել տալով:
Սիրելի՛ գրչեղբայր ու հարազատ ընկեր, լուռ ու մունջ, բայց գոհունակ հեռացար երկրաւոր կեանքէն, սիրեցիր կեանքը իր բոլոր երեսներով, ապրեցար ժամանակաւոր տարիները վայելչօրէն, տուիր ինչ որ կրնայիր ազգիդ ու հայրենիքիդ, եւ մեզի ժառանգ թողուցիր օրհնաբեր ձայնիդ ու կայտառ առոգանութեանդ մեղրածոր որոտը:
Բարի երթ, ասմունքի արքայ,
Վարձքդ կատար, բոլորին սիրելի Յակոբ Կիւլոյեան: