Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկրկնելի Կիւլոյեանը

Նոյեմբեր 26, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

1975: Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի առաջին հանգրուանի թէժ երեկոյ մը, Պէյրութը երկփեղկած անհեթեթ սահմանագիծին մօտ Սէյֆի փողոցին մէջ գտնուող մեր շէնքը կ՛աճապարեմ մտնել, խուսափելու համար արեւմտեան դիրքերէն մեր փողոցներուն ուղղութեամբ կուրօրէն արձակուող փամփուշտներէն, երբ  քիչ մը անդին բնակող Յակոբ Կիւլոյեան բարձրաձայն զիս կը կանչէ` փողոցին հանդիպակաց կողմը ապահով անկիւն մը կանգնած: Առանց տատամսելու, կրակոցներուն մէջէն կ՛անցնիմ փողոցը եւ կ՛ապաստանիմ Կիւլոյեանին անկիւնը, ուր կը սկսի հայ մշակոյթի եւ պատմութեան մասին զրոյցը: Անշուշտ «զրոյց»-ը կ՛ենթադրէ մէկէ աւելի անձերու միջեւ խօսակցութիւն, սակայն Կիւլոյեանին հետ զրոյցին ընթացքին բան մը ըսելու տաղտուկէն զերծ կը մնաս. ինք արդէն ներշնչուած կը ճառէ, եւ դուն կը վայելես այդ պահը, որ Կիւլոյեանի պարագային նուազագոյնը քանի մը ժամ է:

Թէ ճիշդ քանի՞ ժամ այդ անկիւնը մնացինք, չեմ յիշեր, բայց գիտեմ, որ հետզհետէ սաստկացող հրացանաձգութիւնն ու հրթիռարձակումը երկվայրկեան մը իսկ չկրցան ընդհատել մեր զրոյցը (ներողութիւն` Կիւլոյեանի մենախօսութիւնը), մինչ այդ օրերու շրջանի փաղանգաւոր զինեալները, իրենց ճիփերով խուճապահար երթուդարձի ատեն, զարմանքով մեր կողմը կը նայէին: Ի՞նչ կը մտածէին:

Այդ զինեալներէն մէկը մեր դրացին էր եւ մինչեւ հիմա այդ պատկերը յիշելով կ՛ըսէ. «Մտածեցինք, որ այս երկու հայերը խենթ են»:

Իսկ ես կը մտածէի, որ մենք կը նմանէինք  Ուիլիըմ Սարոյեանի նկարագրածին. «… երբ անոնցմէ երկուքը հանդիպին աշխարհի որեւէ մասի մէջ, ծիծաղին ու աղօթեն իրենց մայրենի լեզուով, իրենց ստեղծած նոր Հայաստանին մէջ»:

Տասնամեակներ անցան, այդ վայրը ինծի համար միշտ մնաց «Կիւլոյեանին ստեղծած Հայաստանը», որուն մօտէն ամէն անգամ երբ կ՛անցնիմ, կարծես շարժապատկերի պաստառի մը վրայ երկու հայեր կը տեսնեմ եւ ջերմ զգացումով մը կը համակուիմ:

Պատերազմի այդ թոհուբոհին մէջ, 1970-ականներու վերջաւորութեան, Համազգայինի Պուրճ Համուտի վարչութիւնս կազմակերպեցինք Պարոյր Սեւակի նուիրուած հանդիսութիւն մը: Այդ օրերուն անշուշտ Սեւակի նուիրուած ժողովրդային ձեռնարկ մը կարելի չէր պատկերացնել առանց Կիւլոյեանի «Անլռելի զանգակատուն»-ը ասմունքէն հատուածի մը: Այցելեցինք տունը: Սիրով, խանդավառութեամբ եւ քիչ մըն ալ մանուկի նման յուզուած ընդունեց: Բացատրեցինք, որ յայտագիրին մէջ միայն քսան վայրկեան յատկացուած է ասմունքին: Հասկցաւ, ընդունեց, քանի մը վայրկեան խօսեցաւ, եւ երկու ժամ ետք դուրս եկանք տունէն…:

Հանդիսութեան օրը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը գնդասեղ նետելիք տեղ չէր մնացած: Երբ Կիւլոյեանի կարգը եկաւ, սկսաւ ասմունքել «Անլռելի զանգակատուն»-ը եւ… չլռեց: Քուլիսներէն վարչական ընկերներուս խնդրանքները, որ ա՛լ աւարտէ, ապարդիւն մնացին: Բեմին վրայ Յակոբ Կիւլոյեան չկար, հայոց ոգին կար, որ կը պատգամէր: Ճիշդ է, ժամանակակից դերասանի կամ ասմունքողի արհեստավարժ թեքնիքը չունէր, բայց աւելի՛ կարեւոր բան մը ունէր. հասկացողութիւնն ու ըրածին խոր հաւատքը: Եւ ճիշդ այդ պատճառով հանդիսատեսները քառ լռութեամբ մինչեւ վերջին բառը հետեւեցան, ոչ ոք լքեց սրահը: Երբ ձեռնարկի աւարտին հարցուցինք, թէ ինչո՞ւ ամբողջութիւնը ասմունքեց, ան ըսաւ. «Մէյ մըն ալ ե՞րբ այսպիսի բանի համար այսքան հանդիսատես պիտի գտնեմ»:

Ի դէպ, Պարոյր Սեւակին կապակցաբար, հայրենի հանգուցեալ տաղանդաւոր պարուսոյց Վանուշ Խանամիրեան պատմած է, որ երբ Պէյրութէն Երեւան վերադարձին Սեւակի յանձնած է Յակոբ Կիւլոյեանի ղրկած ոսկի մատանին, Պ. Սեւակ ըսած է. «Այս մարդը խենթ է ի՞նչ է, ամէն եկողին հետ ոսկի մատանի մը կը ղրկէ»:

Մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ հանդիպեցանք Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ բակին մէջ: Ժամ մը տեւած «կարճատեւ զրոյցէ» մը ետք, երբ միասին դուրս եկանք եւ ուղղուեցանք դէպի աջ, ուր գտնուող շէնքին ներքնայարկը Համազգայինի «Գասփար Իփէկեան» թատերախումբի սթիւտիոն կար, Կիւլոյեան ըսաւ. «Անցեալները շէնքին մուտքին կեցայ եւ մէկիկ-մէկիկ բարձրաձայն արտասանեցի դերասաններուն անունները`Ժորժ Սարգիսեա՜ն, Ժորժ Շահապեա՜ն, Զեփիւռ Շա՜նթ, Կարօ Տէր Խաչատուրեա՜ն, Քաջազուն Ապե՜լ…»:

Բնազդային մղում մը` վերակոչելու այդ նուիրեալները:

Ի՜նչ մեղքս պահեմ, անցեալ շաբաթ նշեալ վայրէն անցած ատենս ես ալ զինք վերապրեցնելու համար ըսի` «Յակոբ Կիւլոյեան»… բայց անշուշտ լռելեայն, տակաւին այդքան խենթ չեմ:

Միշտ կը մտածեմ, որ այսպիսի հաւատաւոր, գունագեղ անձնաւորութիւններ երբ կը մեռնին, իրենք մեղք չեն, մե՛նք մեղք ենք, որովհետեւ կը զրկուինք կենսական, հիմնական բանէ մը, որ բնաւ կարելի չէ բառերով բացատրել, բայց կը զգանք ատոր դատարկութիւնը, քիչ մը շատ մակերեսային դարձած եւ ճարտարագիտական հարուստ սարքերով աղքատացած մեր առօրեային մէջ:

Իսկ Կիւլոյեանը լաւագոյնս բնութագրած է գրող հրապարակագիր Անդրանիկ Ծառուկեան.

«Անոնք, որոնք չեն ճանչնար Յակոբ Կիւլոյեանը, ըսեմ, որ Յակոբ ասպարէզով ծառայասէր է, ազատ ժամերուն ոսկերչութեամբ կը զբաղի»:

 

Նախորդը

Հեռակայ Զրոյց Ասմունքի Արքայ Յակոբ Կիւլոյեանի Հետ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Յակոբ Կիւլոյեան` Ոսկերիչ, Արուեստագէտ, Մտաւորական, Ասմունքող, Գրասէր, Բուսաբոյծ

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?