Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքելեանը 7 նոյեմբերին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան ժամանակաւոր հաւատարմատար Իսսամ Նայալին հետ:
Հանդիպման սկիզբը Իսսամ Նայալ շնորհաւորած է Իգնատի Առաքելեանին` Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնի ստանձնման առիթով եւ յոյս յայտնած է, որ անոր գործունէութեան ընթացքին երկրագործութեան բնագաւառին մէջ Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները աւելի պիտի խորանան ու աշխուժանան:
Նախարարը ըսած է. «Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ Սուրիոյ Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան եւ գիւղատնտեսական բարեփոխումներու նախարարութեան միջեւ նախապէս գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիր մը ստորագրուած է: Բացի ատկէ, Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարը կը հանդիսանայ առեւտրա-տնտեսական խնդիրներով հայ-սուրիական միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահ, հետեւաբար կը կարծեմ, որ այդ ծիրին մէջ կարելի է փոխշահաւէտ համագործակցութիւն ծաւալել»:
Նախարարը Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին անդրադառնալով եւ յոյս յայտնելով, որ Սուրիոյ մէջ կրկին խաղաղութիւնը պիտի տիրէ, նշած է, որ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ սուրիական հարուստ փորձը մասնագէտներու համար կրնայ օգտակար եւ օրինակելի ըլլալ: Նախարարը նաեւ այս թեմային վերաբերեալ փորձի փոխանակման նպատակով փոխայցելութիւններու կազմակերպումը շատ կարեւոր նկատած է:
Իսսամ Նայալ իր կարգին նշած է, որ, թէեւ քաղաքական ոլորտի մէջ Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ բարեկամական ամուր յարաբերութիւններ ձեւաւորուած են, սակայն տնտեսութեան եւ առեւտուրի բնագաւառին մէջ համագործակցութիւնը տակաւին գոհացուցիչ մակարդակի վրայ չէ, բայց եւ այնպէս այս առումով երկու երկիրներուն մէջ ալ առկայ է մեծ ներուժ:
Այս բացթողումը ուղղելու եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ փոխգործակցութիւնը աշխուժացնելու նպատակով Իսսամ Նայալ նախարարին ներկայացուցած է ցանկը գիւղատնտեսական այն արտադրութիւններուն, զորս Սուրիա պատրաստ է դէպի Հայաստան արտածել, իսկ նախարար Առաքելեան խոստացած է այդ առաջարկը ուսումնասիրել:
Հանդիպման աւարտին զրուցակիցները պատրաստակամութիւն յայտնած են երկու երկիրներու գործարար կապերու ամրապնդան ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու: