Յօդուածներ

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Ներկայացուած Զեկոյց

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Ներկայացուած Զեկոյց

Պէտք Է Ամէն Բան Անել Հարաւային Ամերիկայի Երկրների Համար Հայաստանը Ճանաչելի Եւ Հրապուրիչ Դարձնելու Ուղղութեամբ. Էտուարտօ Նեստոր Պալեան Երեւանում եւ Ստեփանակերտում աւարտուեցին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագրով Լրագրողների համահայկական 8-րդ համաժողովի աշխատանքները: Համաժողովի ընթացքում հնչեցին բազմաթիւ կարծիքներ, ելոյթներ` աշխարհի տարբեր ծագերից Հայաստան ժամանած հայ լրագրողների, խմբագիրների կողմից: Արժանթինում լոյս տեսնող «Նոր Դարաշրջան» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Էտուարտօ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Երեւանի Մէջ Հոգեհանգիստ` Արա Տէմիրճեանի Եւ Արա Քենտիրճեանի Յիշատակին Դաշնակցական նուիրեալ գործիչ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ գործավար Արա Տէմիրճեանին յիշատակին հոգեհանգիստ կատարուեցաւ Երեւանի Կոնդի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ: Հոգեհանգիստի արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի, Գերագոյն մարմինի անդամներ, հարազատներ եւ դաշնակցական ընկերներ: Արա Տէմիրճեան բոլորին կողմէ կը յիշուի որպէս համեստ, սակաւախօս, ինչպէս նաեւ գործին նուիրեալ անձ, որ...

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Արցախի Հայկական Ուժերը Աղտամի Դուռերուն

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Հայկական Ուժերը Աղտամի Դուռերուն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Տագնապի Լուծման Ծրագիրի Բանաձեւ Արցախեան տագնապի ծնունդէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը 1993-ի ապրիլ 30-ին յատուկ բանաձեւ մը որդեգրեց այս հարցին լուծման առաջադրանքով: Թիւ 822 որոշումը հայկական եւ ազերիական ուժերէն կը պահանջէր զինադուլ հաստատել, իսկ հայկական ուժերէն կը պահանջէր հեռանալ Քելբաջարի շրջանէն եւ տագնապը լուծել քաղաքական բանակցութեանց ճամբով: Միւս կողմէ, Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու...

Սայիտին Ուրախութիւնը

«Հայ Տուն». «Հայրս Կ՛ըսէր, Որ Եթէ Օտարի Հետ Ամուսնանաս, Կը Սպաննեմ Քեզ»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Սանթիակօ, Չիլի: Նոյեմբեր 2016: Թէեւ Չիլին ֆութպոլային աշխարհին մէջ նաեւ ստեղծած է իրեն յատուկ առասպել մը` յար եւ նման Լատին Ամերիկայի իր դրացի երկիրներուն, բայց նաեւ ունի աշխարհագրական ու բնութեան իր տուեալներուն  իւրայատկութիւնները: Հետաքրքրական է նայիլ Չիլիի քարտէսին, Հարաւային Ամերիկայի հարաւ-արեւմտեան շրջանին, որուն ուղղահայեաց եւ բարակ-երկար տարածքը ուշադրութիւն կը գրաւէ: Ունի բնութեան ստեղծած եւ շնորհած գեղեցկութիւնը: Եթէ...

Հոգեհանգիստ` Մովսէս Եւ Անահիտ Տէր Գալուստեաններու Յիշատակին

Հոգեհանգիստ` Մովսէս Եւ Անահիտ Տէր Գալուստեաններու Յիշատակին

Կիրակի, 20 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ եւ Հայ կաթողիկէ «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Մովսէս եւ Անահիտ Տէր Գալուստեաններու յիշատակին: Արարողութենէն առաջ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում` Մովսէս Տէր Գալուստեանի կիսանդրիին առջեւ: Ապա «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սուրճի հիւրասիրութիւն, որուն ներկայ էին` գիւղին հոգեւոր հայրերը, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն,...

Արեւելքի Քրիստոնեաները Պաշտպան Ունի՞ն…

Աստուած Քու Ամէնէն Տկար Տեղդ Զօրացնէ

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ Քսանմէկ տարի առաջ, 1995-ի նոյեմբերին, իբրեւ նորանշանակ հովիւ Ամերիկա հասնելէս շաբաթ մը ետք, ներկայ եղայ Մասաչուսեցի Ուայթինսվիլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեդարձին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ առաջնորդ Մեսրոպ արք. Աշճեանի ներկայացուցիչը Թորգոմ Ա. քհնյ. Յակոբեանը, եւ Ուայթինսվիլի նախկին հովիւ, այցելու եւ հարեւան հոգեւորականներէն Օշական վրդ. Մինասեանը, Արշակ Ա. քհնյ. Տաղլեանը, տէր Թորգոմը եւ Ուսթըրի հոգեւոր հովիւ Վազգէն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Նախագահ Կոտֆրիտ Լոխըրը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Նախագահ Կոտֆրիտ Լոխըրը

Երեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներու նախագահ դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըրը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ եւ զուիցերիական եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեանց եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով զուիցերիական եկեղեցիներուն կողմէ կատարուած շարք մը նախաձեռնութիւններուն եւ այդ ծիրէն ներս` վեհափառ հայրապետին Զուիցերիա տուած այցելութեան: Նորին սրբութիւնը եւ դոկտ. Լոխըրը նաեւ...

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Ներկայացուած Զեկոյց

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Ներկայացուած Զեկոյց

Լրագրողը Խօսքի Ասպետ Է. Ի՛Նչ Ասպետ` Առանց Նժոյգի... ՄԱՐԻԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ       Հաղորդակցական բնագաւառին մէջ արձանագրուած արհեստագիտութեան սրընթաց զարգացման դարաշրջանին հնարաւոր դարձաւ խօսքի եւ արտայայտութեան սահմանափակուածութիւններու վերացումը: Սկզբնապէս համացանցի վրայ տեղադրուած կայքէջերը եւ աւելի ուշ Դիմատետրը դիւրացուցին սեփական տեսակէտ ոչ թէ յայտնելու, այլեւ սփռելու կարելիութիւնը, մանաւանդ երբ պատեհութիւն ստեղծուեցաւ քողարկուած դէմքերով, ծածկանուններով կամ կեղծ անուններով արտայայտուելու: Վերացան ամօթի կամ ամօթխածութեան բոլոր պատնէշները,...

Հալէպահայ Լեւոն Շառոյեանի Մենագրութիւնը Գրագէտ  Սիմոն Սիմոնեանի Մասին

Հալէպահայ Լեւոն Շառոյեանի Մենագրութիւնը Գրագէտ Սիմոն Սիմոնեանի Մասին

«ՄԱՐՄԱՐԱ» Միայն պատերազմի եւ աւերումներու լուրեր չեն, որ կը հասնին Հալէպէն: Պարբերաբար կը ստանանք նաեւ խրախուսիչ տեղեկութիւններ, որոնք մէկ կողմէ հիացում ու զարմանք կը պատճառեն մեզի, միւս կողմէ ալ յոյս կը ներշնչեն, որ հալէպահայ գաղութը, թերեւս, կարողանայ վերականգնել ինքզինք այս երկարատեւ քանդիչ պատերազմէն ետք ու մնալ սփիւռքեան իր անփոխարինելի առաքելութեան մայր գիծին վրայ: Այսպէս, ահա դարձեալ բարի լուր մը` Հալէպէն:...

Թուրքիան Պիտի Վերադառնա՞յ Խալիֆայութեան Եւ Պիտի Ջնջէ՞ Օրինականութիւնը

Թուրքիան Պիտի Վերադառնա՞յ Խալիֆայութեան Եւ Պիտի Ջնջէ՞ Օրինականութիւնը

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած «պետական հարուած»-ի փորձէն ետք, տարիներէ ի վեր օրէնք, ժողովրդավարութիւն եւ մարդկային իրաւունքներ հաստատելու փորձերը աւազով շինուած տան մը պէս փուլ եկան: Քաղաքակիրթ երկիրները աստիճանաբար կը համոզուէին, որ Թուրքիան կը յառաջդիմէր օրէնք եւ իրաւունք յարգելու մարզին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլար անոր անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան, որուն դարպասին առջեւ կանգնած է ան երկար տարիներէ ի վեր: Փաստական իրողութիւն...

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Կեդրոնին Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Կեդրոնին Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

«Ժողովուրդէն` ժողովուրդին համար» նշանաբանէն մեկնած` 86 տարիներ շարունակ  Լիբանանահայ օգնութեան խաչը գործեց ի նպաստ իւրաքանչիւր հայորդիի եւ փորձեց հասնիլ անոր կարիքներուն: Ժողովուրդին կարիքներուն ընդառաջելու զուգահեռ, ԼՕԽ-ը փորձեց նաեւ տէրն ու պահապանը հանդիսանալ հայկական արժէքներուն, յատկապէս` ձեռագործներուն: Հայկական ասեղներու մեծարժէք ժառանգութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցելու նպատակով, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը 1976-ին հիմը դրաւ ձեռագործներու աշխատանոցին: Այսօր ԼՕԽ-ի փոքրիկ աշխատանոցի  հիմնադրութենէն 40 տարիներ անցած...

Պիտի Պահպանենք Արժէքները

Պիտի Պահպանենք Արժէքները

Ասեղնագործութեան արուեստը միշտ եղած է հայ կնոջ հետաքրքրութիւնը: Ցարդ ասեղնագործութիւնը կը պահպանուի Ձեռարուեստի կեդրոնի գոյութեամբ` կազմակերպելով ձեռագործի դասընթացքներ եւ ցուցահանդէսներ: Հայկական զանազան ասեղնագործութեան արդիականացումը կտորներու, նախշերու եւ գոյներու ընտրութիւնը, պատճառ հանդիսացաւ, որ երիտասարդ սերունդը մօտէն հետաքրքրուի, փափաքի սորվիլ եւ տան մէջ ունենալ այս գեղեցիկ, աւանդական ասեղներու ձեռագործներէն: Մեծ ազդեցութիւն ունի նաեւ տուներուն մէջ ձեռագործին ցոյց տրուած սէրն ու գնահատումը: Ձեռարուեստի...

Հայկական Ասեղնագործութիւնը

Հայկական Ասեղնագործութիւնը

ԵՒՆԻԿԷ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Հայկական ասեղնագործութիւնը ժողովրդական ստեղծագործութեան հին եւ հարուստ բնագաւառներէն մէկն է: Ան մշակուած է հազարամեակներէ ի վեր: Հին ժամանակներէն ասեղնագործութիւնը եղած է հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ կնոջ սիրած զբաղումներէն մէկը: Հայկական ասեղնագործութեան մասին կը վկայեն մեր մատենագիրները` Ագաթանգեղոս, Մովսէս Խորենացի եւ ուրիշներ: Հին դարերու զարգացած արուեստը սերունդէ սերունդ անցնելով հասած է մեզի: Միջնադարէն մեզի հասած են ասեղնագործուած պատառիկներ,...

Հայկական Ասեղնագործութիւնն Ու Հայուհին

Հայկական Ասեղնագործութիւնն Ու Հայուհին

ԼԻԶԱ ՔԷԼԷՇԵԱՆ-ԹԻՒՄՊԷՐԵԱՆ Աչքերը պէտք է գեղեցկութիւն ըմպեն, որպէսզի սնունդ տան հոգիին եւ յագեցնեն անոր ծարաւը: Որքան հաճելի եւ ուրախալի է տեսնել քու իսկ աշխատած ձեռագործդ` զայն աւարտելէ ետք, որքան հպարտութեամբ կը լեցուի հոգիդ տեսնելով քու կարած ու նաշխած կտորդ: Մինչեւ 21-րդ դարու սկիզբը հայ տունը զարդարուած կ՛ըլլար տանտիկնոջ կողմէ բանուած նուրբ ասեղնագործերով, երբ կը պատրաստէր օժիտը եւ անոնց դրած կ՛ըլլար...

Հայ Ասեղնագործութեան Դարերու Հոլովոյթը

Հայ Ասեղնագործութեան Դարերու Հոլովոյթը

Համադրեց` ՅԱՍՄԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ Ա.- Պատմական Ասեղնագործութիւնը ժողովուրդի մը մշակութային ժառանգութեան ցայտող աղբիւրն է, որուն ճամբով կը պատմուի ժողովուրդի մը աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն, առասպելներուն մասին, ինչպէս նաեւ հոն կը հաստատուի անոր տաղանդն ու հնարամտութիւնը: Ասեղնագործութիւնը կ՛ընդգրկէ տարբեր կարատեսակներ եւ ժանեակագործութիւն: Դժուար եղած է ծագումին ճշդումը, առարկային տարիքը, փոխհարստացումը, պատճառ` ժողովուրդներուն երկրէ երկիր գաղթը: Շատ հինէն եկած արհեստ մըն է, բայց միշտ նոր,...

Հայկական Իւրայատուկ Եւ Սերունդներուն  Իբրեւ Կտակ Փոխանցուած  Ձեռագործներու Ցուցահանդէսի Բացում

Փոխանցենք Աւանդը

ԺԱԳԼԻՆ ԹԵՐԶԵԱՆ Ասեղնագործութիւնը հայ կնոջ հպարտանալու միջոցներէն մէկը եղած է դարերէ ի վեր: Այդ արուեստով իր հոգեկան ապրումները իր յոյզերն ու յոյսերը արտայայտած է: Ցաւ ի սիրտ, կեանքի հեւքը ապրուստի ապահովման վազքը, ժամանակի չգոյութիւնը պատճառ եղած է, որ նահանջ արձանագրուի աշխատողներու թիւին մէջ: Սակայն սէրն ու գուրգուրանքը, գեղեցիկը գնահատելու հայու բնազդը միշտ մնացած են հայուհիին մէջ: ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը մեծ եղած...

Խմբագրական.   Անթիլիասը` Նաեւ  Պահանջատիրութեան Կեդրոն

Խմբագրական. Անթիլիասը` Նաեւ Պահանջատիրութեան Կեդրոն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներն ու յոբելենական ծրագիրը յատկանշուեցան Պուրճ Համուտի մէջ գործող հայկական կառոյցներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու  վեհափառին տուած այցելութիւններով: Այցելութիւնները ծանօթացումէն աւելի գնահատանք ու քաջալերանք էին ազգային ծառայութեան կոչուած հասարակական, քաղաքական, կրթական, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն եւ զանոնք վարող  ու այդ կառոյցներուն մէջ իրենց ասպարէզը ընտրած բոլոր գործիչներուն...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Դոկտ. Աքչամ Կը Հաստատէ Թուրքերու Ցեղասպան Մտադրութիւնը` Ապացուցելով Թալէաթի Հեռագրերու Վաւերականութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Փրոֆ. Թաներ Աքչամ լուրջ հարուած հասցուցած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական ժխտումներուն` խիստ բովանդակալից դասախօսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցած է «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի «Շին» մատուռին մէջ (Միշըն Հիլզ, Քալիֆորնիա), նոյեմբեր 20-ին: Թուրք պատմաբան դոկտ. Աքչամ Քլարք համալսարանի` Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան «Ռոպերթ Արամ եւ Մարիաննա Գալստեան, եւ Ստեֆան ու Մարիոն Մուկար» ամպիոնի ղեկավարն...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Գրքունակ Լուծումներ Փնտռելու Վտանգը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Երկու դրուագ: Առաջին. համալսարանի առաջին տարիս էր, երբ օր մը քաղաքական գիտութիւններու դասախօս դոկտ. Շաւարշ Թորիկեան դասարանին մէջ, սապէս, տողատակի ու իրեն յատուկ սրամտութեամբ մեզի դիտել տուաւ, թէ ինչ որ կը սորվինք հոս, դասագիրքերէն, պարզապէս սկզբունքներ են: Ան միաժամանակ աւելցուց, որ քաղաքականութեան բո՛ւն դպրոցներէն մէկը Լիբանանն է` իր ներքին քաղաքական դրուածքով ու կեանքով: Ուսանողներս քիչ մը շուարած իրարու...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.  Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Նոյեմբեր Դ. – Քաղաքական Շրջադարձի Նախաքայլե՞ր

Սուրիական հարցին առնչուող միջազգային դիւանագէտներու, քաղաքական դէմքերու արտայայտութիւններն ու մօտցումները վերջին շրջանին շրջադարձեր կ՛արձանագրեն: Առաջին շրջադարձը սուրիական տագնապի սկզբնական օրէն Սուրիոյ պետութիւնն ու անոր նախագահը մեղադրող մեծագոյն երկրին առաջին դէմքը կը կատարէր: Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր ընտրութեան յաջորդող օրերուն կը յայտարարէր, որ Միացեալ Նահանգներու ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնանայ ՏԱՀԵՇ-ին եւ ոչ թէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն վրայ, եւ...

Page 869 of 1110 1 … 868 869 870 … 1,110

Արխիւներ