Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերոջս` Մովսէս Պչաքճեանի Մահուան Առիթով Փոխան Դամբանականի

Նոյեմբեր 28, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

movses-betchakdjian_1128

Փարիզի Մեր Տղան Ալ Գնաց…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս օրերու մեր գրական հրապարակի ընդհանուր վիճակէն դատելով` յուսահատօրէն կ՛ըսեմ, որ սփիւռքահայ մեր գրականութիւնը, կամաց կամաց սկսած է ամայանալ: Մտահոգ հայու մը համար լուրջ վախի ստուեր մըն է այս մէկը, որ կարծես սկսած է նշմարելի դառնալ ամէն տեղ:

Յաճախ բոլորս ալ կը հպարտանանք, որ հարուստ մշակոյթ ժառանգած ժողովուրդ ենք: Միւս կողմէ` հայութեան շարքերուն մէջ հայերէն խօսողներու թիւը ու, անոր զուգահեռ, նաեւ հայերէն կարդացողներու եւ, ինչո՞ւ չէ, գրողներու թիւը նուազած է:

Սակայն ինչո՞ւ այսքան յուսահատութիւն:

Պարզե՛մ:

Քառասուն օրեր առաջ հայ մշակոյթին գեղեցկութեան եւ արժէքին խնկարկու մը կորսնցուցինք: Այլ խօսքով` ֆրանսահայ գրիչ մը, համեստ մտաւորական մը եւ մեծ վիպագիր մը`

Մովսէս Պչաքճեան:

Ու հիմա հազարաւոր մղոններու հեռաւորութենէն կը փորձեմ արժեւորել անոր տեղն ու դերը, ու ամէն բանէ առաջ` բացը, որ ձգած է ան իր ետին:

Մովսէս Պչաքճեան այլեւս չկայ:

Մահը ըմբռնելը դժուար է, իսկ անոր ներկայութեան հաշտուիլը` հաստատապէս անընդունելի:

Լսած էի, որ առողջութիւնը լաւ չէր, բայց լուրը անսպասելի էր. ցաւ պատճառող:

Ու շատ բնական է, որ կը ցաւիս, երբ կը կորսնցնես ընկեր մը, մանաւանդ` գրիչի ընկեր մը, որ հայ գրականութեան անդաստանէն ներս անձայն եւ անտրտունջ վար ու ցանք ըրած էր տասնամեակներով:

Ի՜նչ լաւ է, երբ կեանքիդ ընթացքին բախտ կ՛ունենաս ունենալու նման ընկեր մը:

Հաստատապէս լուրջ պաշտամունք է իմ բաժինս, որ խիտ տողերու սահմաններուն մէջ կամաց-կամաց սկսած եմ տեղաւորել:

Ահա լռած է մէկն ալ, կ՛ըսեմ բարձրաձայն: Ու այս իրականութիւնը առաջին իսկ հերթին կ՛ընկճէ մեր գոյութիւնը, որովհետեւ կը նօսրանայ մեր փաղանգը: Անոր համար կ՛ողբանք իր կորուստը: Արեւմտահայ գրականութեան պայքարի ճամբաներուն վրայ հերոսական իր վազքը կանգ առած է: Աւելի՛ն. ան ժամանակակից մեր գրականութեան անդաստանին մէջ ընդհանրապէս եւ ֆրանսահայ աստղահոյլին մէջ` յատկապէս, նրբաճաշակ ու վաւերական ներկայութիւն մըն էր իր նրբահիւս հայերէնով եւ իր կախարդական եղանակներով:

Ու տակաւին թարմ է յիշողութիւնս: Ահա՛ իրականութիւնը:

Թեթեւ ժպիտ մը դէմքին, լայն ճակատ մը, որուն տակ, ակնոցին ետեւ, հլուն աչքերը փոսերուն մէջ միշտ կը լողային հանդարտ եւ անձայն, վճռական կեցուածքով եւ հոգեկան մեծութեամբ:

Գրողին համար ամօթ է անծանօթ մնալ հասարակութեան, անոր համար կ՛ուզեմ ներկայացնել զինք` շատերու ծանօթ եւ անծանօթ այս Ֆրանսաբնակ սփիւռքահայ մտաւորականը, որ բարեկամս ու մտերիմս ըլլալէ առաջ էր նաեւ Հալէպ կոչեալ հնամաշ եւ հին հեքիաթներու քաղաքին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի ընկերներէս մէկը, որ տասնամեակներէ ի վեր մեր գրականութեան սայլն էր, որ առաջ կը քշէր ու յանուն հայ արձակին` իր գրիչով յամառօրէն կը շարունակէր իր ամէնօրեայ դրօշարշաւը:

Ահա թէ ինչպէ՛ս ան, շնորհիւ իր ճիգին, պրպտումներուն եւ համբերութեան, մեր արդի գրականութեան նոր արժանիքներ բերաւ որոշ հմայքի եւ գրական գեղեցկութեան կողքին:

Ըսած են, որ մարդկային բոլոր ստեղծագործութիւնները յարատեւ պայքարի արդիւնք եղած են եւ անոր համար է, որ մարդոց կեանքը արժեւորած են: Ճիշդ էին: Ահա՛ օրինակ մը:

Ճեմարան ըսի եւ կ՛ուզեմ նաեւ հպարտօրէն աւելցնել, որ նոյն այս երկրորդական ազգային վարժարանը իւրաքանչիւր աշակերտի համար կեանքի դպրոց էր:  Ճեմարանը դարբնոց մըն էր, որուն առաքելութիւնը հաւատք եւ յանձնառութիւն է:

Միւս կողմէ, սակայն, Հալէպի Ճեմարանը, ուսման կողքին, հայրենասիրութիւն, զոհողութիւն, համբերութիւն եւ յարգանք կ՛ուսուցանէր: Ու Մովսէս Պչաքճեան նոյն այդ Զարեհակերտ Ճեմարանի հպարտ շրջանաւարտներէն մէկն էր:

Պչաքճեան հանգուցեալը, տասնամեակներով Փարիզ բնակելով ծափահարելի աշխուժութեամբ, նախ մեզի ժպտեցաւ Ֆրանսահայ մամուլի էջերէն` իր յատուկ գրականութեամբ եւ մանաւանդ ժամանակակից քրտինքով, ճակատաբաց ու անվարան մուտք գործելով Ֆրանսահայ ներկայ  գրականութէնէն ներս:

Այս մէկը նաեւ հպարտօրէն կրնայ վկայել սփիւռքահայ ներկայ գրականութիւնը: Եւ որովհետեւ հայ գրականութեամբ ապրիլը կամ մեռնիլը հայ գրագէտէն կախում ունի, ուստի վիպագիր Պչաքճեան լաւապէս ըմբռնելով կեանքի եւ մանաւանդ հասարակութեան ելեւէջները, հայ միտքի ու ջիղի, ստեղծումի եւ կերտումի արժէքները եւ անոնց մեր դարաւոր մշակոյթի գոյատեւման ապահովումը` երազի ու գեղեցկութեան փնտռտուքներու իր գրութիւններով հայ գրականութեան մոլորակը հարստացուց նորահունչ եւ հաղորդակից իր ոճովը:

Իր գործերը կարդացող մը հաստատապէս պիտի նկատէ, որ վիպագիր Պչաքճեանի տողերուն մէջ խորք ու ջիղ կայ: Կայ նաեւ արժէքներու որակաւորում, ոճի ու երեւակայութեան խորութիւն եւ վերլուծութիւն: Այս բոլորը անկասկած ձրի բարենիշներ չեն մեր վաստակաշատ արձակագրին, հրապարակագրին, հայ մտաւորականին:

Մովսէս Պչաքճեան հաստատապէս ինքնատիպ արձակագիր մըն էր: Մեծ գրագէտ մը, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ոչ միայն տագնապեցաւ հայութիւնը յուզող հարցերով, այլեւ մտահոգ էր մեր լեզուին ճակատագրով:

Ու իր բոլոր գործերը արդար վկայութիւններ են իր այդ տագնապին:

Քառասուն օրեր առաջ կորսնցուցինք հայ գիրին ու գրականութեան ոչ միայն պարզ հիացող մը, այլ` մեծ մշակ մը: Մէկ խօսքով` հայ մշակոյթին գեղեցկութեան եւ արժէքին խնկարկու մը:

Հազիւ կը յաջողիմ ամփոփել յիշողութիւնս:

Կը գրեմ այս տողերը ու կարօտով կը յիշեմ զինք:

Անոնք, որոնք զինք չեն տեսած, անկասկած որ իրեն հանդիպած վայրկեանին պիտի նշմարէին, որ իր նկարագրի մեծութեան կողքին, ան խաղաղ նայուածք մըն ալ ունէր, որ մշտաժպիտ իր դէմքին վրայ պահած էր ու իրեն հետ կը պտտցնէր ամէն տեղ: Վիպագիր Պչաքճեանը ամէն վայրկեան պատրաստ էր յուշ մը պատմելու: Իր ձայնը համակրանք կը յայտնէր: Հաճելի խօսակից ըլլալով հանդերձ, հանդարտ խոհակից ու խորհրդակից ալ էր:

Օժտուած ըլլալով կեանքը դիտելու, պատկերելու, պայծառ, ճաշակաւոր եւ հրապուրիչ նկարագրութեամբ դրսեւորելու գրական թեքնիքով` ան իր նրբահիւս ու կուռ հայերէնով հայ գրականութիւնը վաւերական իր վէպերով ճոխացուց:

Այս քանի մը տողերուն մէջ խտացած մտածումներս իբրեւ ծաղկեփունջ կը բերեմ իր հեռաւոր հողակոյտին` յիշելով իր ժպիտը, իր ձայնը, իր դէմքը եւ մանաւանդ` իր գրական վաստակը:

«Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի», ըսած են մեր մեծերը: Նոյնը կը կրկնեմ հաւատքով:

 

 

 

Նախորդը

Գրականութիւնը Կը Մեռնի, Երբ Ժողովուրդ Չէ Եւ Բառերու Պարով Կը Գինովնայ

Յաջորդը

Տիգրանակերտի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Վերանորոգման Աշխատանքները Կը Ծրագրուի Աւարտին Հասցնել 2018-ին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?