Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Յակոբ Կիւլոյեան` Ոսկերիչ, Արուեստագէտ, Մտաւորական, Ասմունքող, Գրասէր, Բուսաբոյծ

Նոյեմբեր 26, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Միայն երեք առիթներով, վիպային պայմաններու մէջ հանդիպած եմ այս իւրայատուկ անձնաւորութեան, թէեւ լիբանանահայ միութենական, ազգային-եկեղեցական-հանրային հաւաքներուն պատահականօրէն կը հանդիպէինք` իբրեւ հեռուէն ծանօթներ: Հաւանաբար 1974-ին էր, երբ Ամմանի մէջ բարեկամի մը գրասենեակը հանդիպեցայ Յակոբին` Երուսաղեմէն եկած եղբօր, որ խնդրեց ծրար մը հասցնել անոր` յաջորդ Պէյրութ մեկնելուս, եւ տուաւ անոր գործատեղիի հասցէն:

Սուրբ Նշան եկեղեցիէն ոչ հեռու, Պէյրութի կեդրոնի երբեմնի ամէնէն բանուկ եւ հայաշատ շուկաներէն էր Մաարատը` կամարներով եզերուած մայթերով, աղմուկ-պոռչտուքով, իսկական արաբական-արեւելեան շուկայ էր` զանազան տեսակի վաճառատուներով, շրջուն փերեզակներով, բեռնակիրներով, ինքնաշարժներու եւ փոքր բեռնակառքերու եռուզեռով: Յակոբին ոսկերչական գործատեղին փողոցի արեւմտեան կողմի կամարներուն վերեւ, երկրորդ կամ երրորդ յարկը կը գտնուէր: Նեղ ու երկար աստիճաններէն բարձրանալով` հասայ գործատեղին, որ բնաւ չէր նմաներ ոսկերիչի աշխատանոցի: Ամէն տեղ` պատուհանին ու դրան շեմին, գետինը եւ ոսկերչական սեղանին վրայ տասնեակներով բոյսեր կային փոքր թաղարներու մէջ եւ աստ ու անդ դիզուած` հին ու նոր գիրքեր, կարծես տնկարան էր եւ գործածուած գիրքերու խանութ:

Յանձնեցի ծրարը եւ փոխանցեցի եղբօր ողջոյնները: Արուեստագէտի յատուկ յուզմունքով անունս հարցուց, հետաքրքրուեցաւ ինձմով. լաւ կը ճանչնար իրեն արհեստակից հայրս: Հաճելի ու զուարճալի բազմաբնոյթ զրոյց մը ունեցանք իւրայատուկ աշխատանոցի միջավայրին մէջ` Ամմանի եւ զանազան նիւթերու շուրջ, ու մեկնելէս առաջ գիրքերու դէզերէն գրքոյկ մը ընտրեց ու նուիրեց ինծի:

Ափսո՜ս, որ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին գործատեղին անհասանելի դարձաւ, իսկ պատերազմէն ետք անարդար ու դաժան, փտածութեան մարմնացում ընկերութիւն մը իւրացուց այս եւ Կեդրոնական Պէյրութի բոլոր շուկաները եւ շրջակայ կալուածները:

1976-ին, նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Ամմանի վարչութեան եւ ՀՕՄ-ին, Հայոց ցեղասպանութեան յորդանանահայութեան կողմէ ոգեկոչումի ձեռնարկին առիթով, Լիբանանէն պիտի հրաւիրէինք բանախօս մը: Պէյրութէն եկած Պօղոսը առաջարկեց հրաւիրել նաեւ իրեն ծանօթ եւ նոյն շրջանը բնակող Յակոբ Կիւլոյեանը` իբրեւ ասմունքող: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն վտանգաւոր ժամանակներէն էր, երբ Պօղոսին հետ ժամադրուեցանք այցելելու Յակոբին բնակարանը, որ կը գտնուէր «Արեւելեան Պէյրութ»-ի ռազմական սահմանագիծին շատ մօտ, Սէյֆի փողոցի վերջաւորութեան, Պէյրութի կեդրոնը:

Ինքնաշարժով կարելի չէր հասնիլ ռազմաճակատին մօտ գտնուող անոր բնակարանը` փողոցը ռազմական զիկ-զակ պատնէշներով փակուած ըլլալուն: Բոլորովին ամայի ճամբով ու կրակոցներու աղմուկը լսելով, զգուշութեամբ, հետիոտն յառաջացանք շուրջ 600 մեթր` հասնելով փողոցի ձախին գտնուող շէնքը, ուրկէ տեսանելի էր Լիբանանի կեդրոնական Նահատակաց  հրապարակի հիւսիսային հատուածը` ռմբակոծումներէն ծակոտկէն դարձած շէնքերը եւ այժմ «անհետացած» «Սինեմա Ռիվոլին»: Զարմանքով հարցուցի Պօղոսին, թէ վստա՞հ էր, որ այստեղ տակաւին բնակող կը գտնուէր…

Շէնքին երկաթէ հսկայ դուռէն հազիւ մտած` արդէն ստացայ պատասխանս: Աստիճաններուն վրայ, փոքր թաղարներու բոյսերը դիմաւորեցին մեզ… Գերիրապաշտ էր տեսարանը, դուրսը կրակոց ու ռմբակոծում, ներսը` հայու վճռական կամքը ու կորովը, պայքարը ու կեա՛նք արտայայտող Յակոբ Կիւլոյեանին խնամած այս բոյսերը: Գրեթէ ամէն սանդղամատի վրայ, բոյսերով եզերուած աստիճաններէն բարձրացանք հաւանաբար հինգերորդ յարկ, ուր ան իրեն յատուկ ժպիտով ու եռանդուն-կայտառ ողջոյններով դիմաւորեց մեզի: Շէնքին եւ թաղամասին միակ մնայուն բնակող ընտանիքի հայրն էր ան:

Տակաւին ապշահար, կը փորձէի ըմբոշխնել երեւոյթը` մտածելով, որ ի՛նչ խիղճով այս եզակի անձնաւորութիւնը` իր տան կառչած «պահակը» պիտի հեռացնէի իր «հերոս» ընտանիքէն, այս միջավայրէն եւ զինք հրաւիրէի Ամման: Նաեւ` մտածելով շատ աւելի ապահով վայրեր բնակող հայ ընտանիքներու մասին, որոնք լքելով ամէն ինչ` ընտրեցին փախչիլն ու գաղթելը հեռաւոր երկիրներ: Հաստատ համոզումի յանգելով, որ իւրաքանչիւր լիբանանահայ ա՛յսօր պէտք էր այցելէր Յակոբին ընտանիքի իր այս տան մէջ… Տարակուսանքով` յայտնեցի մեր այցելութեան նպատակը, եւ ան ուրախութեամբ ընդունեց հրաւէրը, ու անցանք մանրամասնութիւններուն: Ափսո՜ս, որ ապահովական վիճակին աւելի վատթարացման պատճառով ճշդուած թուականին ան չկրցաւ Յորդանան ճամբորդել:

Սակայն բախտաւորութիւնը ունեցած եմ ունկնդրելու, Յ. Կիւլոյեանի կատարողութեամբ` «Անլռելի զանգակատուն» ասմունքէն հատուածներ, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, հաւանաբար 1970-ին, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումի ձեռնարկի մը առիթով: Անհաւատալիօրէն` Յակոբ Կիւլոյեան մինչեւ երկու ժամ, բացառիկ յիշողութեամբ ու ապրումով, իր յաղթանդամ ու պատկառելի ներկայութեամբ, իւրայատուկ թաւ ու որոտալից ձայնով, բեմական կատարողութեամբ  ու դէմքի արտայայտութիւններով հմայած է հանդիսականներ` սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ նաեւ, ասմունքելով յատկապէս Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-ը, եւ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն, թափանցելով ներկաներուն հոգիներուն խորերը, խոր զգացողութիւն ու օրուան խորհուրդը դրոշմելով քար լռութեամբ ու հիացմունքով հետեւող հանդիսականներուն մէջ:

Լիբանանահայութիւնը կորսնցուց իր եզակի ու ճառագայթող դէմքերէն` բազմատաղանդ արուեստագէտ, համեստ, բայց անընկճելի ազգային տիպար մը:

25 հոկտեմբեր 2016

 

Նախորդը

Անկրկնելի Կիւլոյեանը

Յաջորդը

«Բարեւեցէ՜ք Բոլոր Հայերուն»

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?