Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար. Նամակ Առ Վեհանոյշ Թեքեան

Օգոստոս 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ

Սիրելի՛ Վեհանոյշ,

Պէտք է ջանամ քերթուածներէդ ունեցած ջերմ զգայնութիւնս, մանաւանդ` ոգեշունչ եւ ոգեպայծառ արեւմտահայերէնով, քանի մը տողով յայտնել: Այս կու գայ անհատական մտածումներէս, մանաւանդ երբ ծննդավայրդ` Պէյրութ կը գտնուիմ` ոգեկանութեան յոյզ ու պոռթկում ապրող հայերու շրջանակին մէջ, կը յիշեմ Նիկողոս Սարաֆեանը. «Արեւմտահայը պիտի գտնէ իր լրիւ ինքնութիւնը` հասնելով աւելի բարձր գիտակցութեան մը»: Դու զգացած ես ինքնութեանդ էականութիւնը եւ խորհած. «Աս ճակատագիրը` իմս է», եւ հոնկէ կու գաս, յամենայն դէպս տողերուդ ծնունդ տուողը այդ կը վկայէ: Կ՛անցնիմ: Ես հաստատապէս համոզուած եմ, որ կեանքիդ մէջ ալ… բանաստեղծ ես: Այդ պատճառով գիրդ ինծի հարազատ կը թուի ու կարծես թէ կը պատասխանէ մարդոց այն հարցումներուն, որոնք զգայնութիւններ կ՛արթնցնեն «Կապոյտ ապրիլ»-էն / 1969, Պէյրութ / սկսեալ…

Արդ, մխիթարանք մը եղաւ երկու հատորներուդ հրատարակումը. քերթուած, արձակ գրութիւններ, գրադատականներ, Վեհանոյշը` վեհացնող: Ըսել կ՛ուզեմ` բանաստեղծի մը նկարագիրը որոշապէս եւ ճշմարտաբար մասնայատկող: Այս պահուս կը յիշեմ (անկարելի է մոռնալ ամէն պարագայի), որ «Սիրտդ սկիհ է»: Եւ, եթէ սկիհներով մեր նախնիք գինի կը մատրուակէին, ապա դուն «մտքեր ամոքող»-ի դերդ տարիներ անընդմէջ ստանձնած` հայ բանաստեղծիդ պարկեշտութեամբ, հոգւոյ նուիրականութեամբ կ՛աղօթես:

Հայր Աստուած,

քու հոգիիդ գերմարդկային տարրերէն

ամէն մարդու պուտ մը տար:

Ասիկա սոսկական բաղձանք մը չէ, եւ ոչ ալ ցանկութիւններէդ կու գայ. մտածումներէդ վերընծայ ապրում մը լռելեայն անլսելի ճիչ կ՛արձակէ: Ճիշդ այսպէս ապրած ես` ի խնդիր հայ մտքին ազնուացումին: Ինձմէ զատ շատեր եւ շատոնց այս անհակաճառելի կարծիքն ունեցած են: Ի՞նչ կը խորհիս, իրաւունք ունի՞մ. ներհայեցողաբար խորհիլ: Հատորներուդ վրայ ալ գրած ու խօսած են: Անոնցմէ` Գուրգէն Մահարի, Շահան Շահնուր, Մինաս Թէօլէօլեան, Պօղոս Սնապեան, Յակոբ Կարապենց, Երուանդ Ազատեան եւ այլք: Բազմածուփ աշխարհիդ նշանագիրներու ընդմէջէն դիմանկարդ յայտնաբերած են: Եւ, իրաւ, կը կարծեմ, թէ խտացումներէդ, սեւեռումներէդ լոյս կը ծորին, ուր «լուսամուտներ կան լոյսի, տարիներու հայելիներ», ու միշտ ալ առկայ է նուիրումդ իրականութեան արտացոլումին մէջ: Եւ քեզմէ անկախ` «մանկութիւնդ կապոյտ արտոյտներով» կը թառի ուսերուդ, կը զմայլի քեզմով, ու ժպիտդ նոյնն է` «ակօս չունի», վասնզի ատենին ընթերցած ես… «Աւետարան-աչքերը ճերմակ մամայիդ»: Սապէս կը շարունակուին տարիներդ, սփիւռքի ինքնախաբէութիւն առթող հեղեղին առջեւ` կ՛ալեկոծիս, անինքնագոհութիւն կ՛ապրիս, անհանգիստ կ՛ըլլաս, բայց կ՛ապրի հայութիւնը լուռ` սպասումի ու երկընտրանքի ընդմէջ` պարտ իր հաւատքին, որ քուկդ է ` ճակատագրուած…

Սիրելի՛ Վեհանոյշ,

Տեսակ մը ապրեցնող, զգայնական մթնոլորտ մը կայ քերթուածներուդ մէջ` անտեսուած տխրութիւններ եւ ուրախութիւններ, վասնզի` «Եկեր ես պարպուած կեանքերը հաւաքելու»: Վստահաբար` եկած ես, փնտռած-գտած` այն կեանքը, որ անգտանելի համարած ես: Բայց փնտռտուքդ չէ կարծրացած, այլ հոգիներ կը յուզէ ու հոգեւին կ՛ապրեցնէ: Ուրեմն կայ տագնապը` մտահոգութիւններովդ լեցուն. սփիւռքի ճակատագիրը, քեզմէ անկախ, ստուերիդ հետ կը քալէ` տեսակ մը զղջումով եւ անզղջում ամէնուն սրտին խօսող, խռովայոյզ ձայներանգներով: Ի վերջոյ` անդորր բերող նուագակցութեամբ մը:  Յառաջագունէ` ընթերցողներուդ հաշտ բարեկրթութեամբ:

Ես կը հաւատամ. դուն «մութին մէջ որսորդներ տեսած ես»: Անոնք չյոգնեցան բնաւ: Ոչ միայն չյոգնեցան, այլ տարիներէ ի վեր խորհեցան, եւ գիտե՞ս` ինչո՛ւ, որովհետեւ անծանօթ ես յոգնութեանդ: Այս պատճառաւ խանդավառուեցայ, եւ ինծի կը թուի, որ` «Նետերը մեռած ձայներ կէտադրեցին»: Ուրեմն արարումդ ամբողջացած է: Մինչ այդ կը  համարձակիմ ըսել,  որ Վեհանոյշին խօսքը «գոյնով եւ շունչով» անգամ մը եւս ի յայտ բերուեցաւ: Ասիկա իրականութիւն է, գիտցածէս ու ապրածէս կը բխի: Կարելի չէ հրաժարիլ: Կը մնայ քերթուածներուդ շունչը, հիացումով կը կարդամ, ինչ որ գրած ես եւ ինչ ալ գրելու ըլլաս:

Սիրելի՛ Վերանոյշ,

Նամակս երկարեցաւ: Կը մնայ բարեկամօրէն մաղթել անյուսահատ ապրելիք օրեր, եւ որքան ալ մտահոգուիս, որ /«Իմ երկիրը տխուր է/ քանի որ ես այդտեղ չեմ»/, այդուհանդերձ, կը հաւատաս` «քալող եւ շնչող յոյսին սփիւռքի»: Եւ հիմա, վերջին տարիներու մեր օրերու տարաժամին, երբ ազգային ամէն ինչ տեղատուութենէն վար կ՛իյնայ, վստահ եմ, որ վերստին Հայաստանի եւ սփիւռքի լոյսին եւ յոյսին կը մնաս հաւատարիմ: Չէ վրիպած յոյսդ…

Երեւան, 20 հոկտ. 2020,
30 յունիս, 2025

Յատուկ «Ազդակ»-ին համար

Նախորդը

Հետաքրքրական. Հռչակաւոր Մարդիկ Եւ… Սուրճը

Յաջորդը

Մտորումներ. Հայկազեան Համալսարանին Եօթը Օրերը (Հիմնադրութեան 70-Ամեակին Այռիթով)

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Մեր Սուրբ Թարգմանիչները (Սուրբ Թարգմանչաց Տօնին Առիթով)

Հոկտեմբեր 11, 2025
Թարգմանչաց Հայրերը Թող Չանիծեն Մեզ…
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Հայրերը Թող Չանիծեն Մեզ…

Հոկտեմբեր 11, 2025
Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու
Անդրադարձ

Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?