ԱՐԻՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Հայ ես եղել, հայր ես եղել,
Մասիսի պէս վեհ ես եղել,
Իսկ քո սիրտը ու սուրբ խիղճը
Ինձ ապաւէն յոյս են եղել»:
Ծրագիր-կանոնագիրը իր բոլոր կէտերով` ամէն բանէ վեր:
Այդ է հիմնասիւնը կազմակերպական աշխատանքին: Կազմակերպուածութիւն, հաւատք ու նուիրում:
Հանդարտ է, այո՛, բայց իր գաղափարակիցները գիտեն, թէ որքա՛ն ներքնապէս խռոված է ու տառապած` ազգն ու հայրենիքը յուզող ամէն մէկ մանրամասնութեան հետ:
Դպրոց, ակումբ, եկեղեցի: Սփիւռք, հայրենիք, ԱԶԳ:
Իր գաղափարակիցները գիտեն, որ պահանջկոտութիւնը կուռ նուիրումի նշան է, կանոնագիրին ու ծրագիրին կառչիլը իր ճիտին պարտքն է, բծախնդրութիւնը պայծառատեսութեան առաջին քայլն է, պարտաճանաչութիւնը միութեան հանդէպ յարգանք է:
Միշտ հպարտութեամբ կը լեցուէր եւ պիտի լեցուի հոգին, երբ տեսնէր կուռ սկաուտական շարքերը, բանակումներն ու փառատօները` միշտ հաւատալով, որ կազմակերպական աշխատանքով ամէն ինչ կարելի է իրագործել:
Համահայկական բանակումի բացման հանդիսութեան ներկայ չկրցաւ ըլլալ, բայց իր կուռ կամքով, մեծ գոհունակութեամբ հետեւեցաւ ընթացքին:
Հպարտութեամբ կը լեցուէր եւ պիտի լեցուի հոգին, երբ նոր մասնաճիւղեր ի յայտ կու գան ՀՄԸՄ-ի, ԼԵՄ-ի, Պատանեկանի, կամ ընդհանրապէս ազգակառոյց նոր ծրագիրներ կը մշակուին եւ դեռ պիտի մշակուին: Հիւանդանոցային մեքենաներու կապուած ատեն, ամէն օր իր համակարգիչով կը մտնէինք քովը, որովհետեւ պահանջկոտութեամբ կ՛ուզէր արտադրել, եւ այդ համակարգիչը շարունակեցինք տանիլ ամէն օր, որովհետեւ բժիշկն ալ գիտէր, որ մտքէն արդէն իսկ կ՛արտադրէր: Շարունակեցինք իր առօրեայ հաց` հայ մամուլին յօդուածները կարդալ եւ խաչբառները լուծել:
Վերջին տասնամեակին իր ամէնէն թանկագին արժէքներէն մին «Ազդակ» օրաթերթն էր, որովհետեւ անիկա ազգի բաբախող սիրտն է, ոչ միայն իրեն համար, այլ` համայն սփիւռքին համար: Պէտք է համայն աշխարհը իրազեկ դառնայ եւ ճիշդ կողմորոշում ստանայ:
Սիրելի՛ հայր,
Առաջիններէն էիր, որ առանց վարանելու` վերլուծումներդ գրեցիր եւ բուռն կերպով քննադատեցիր Հայաստանի ներկայ վարչակարգը եւ ամէն օր տառապանքով սպասեցիր, թէ աշխարհը ոտքի ելլէ, սթափի, լսէ, կարդայ:
Այո՛, մենք կը հաստատենք, որ առաջիններէն էիր, որ Գիւմրիի առաջին «արշաւ»-էն իսկ չարաբաստիկ ապագայով արդէն իսկ խռովեցար օրէ օր, օրէ օր…որովհետեւ տեսար (չ)«ապագան» եւ…այդ (չ)«ապագան» շատ գէշ եղաւ…
Առաջիններէն էր, որ ըսիր.
ԴԱՒԱՃԱ՛Ն:
ԴԱԻԱՃԱ՛Ն:
ԴԱԻԱՃԱ՛Ն…
Այս վերջին ամիսը միասնաբար հետեւեցանք մամուլին, զանց առնելով «ՀԱՅՐԵՆԻ»բաժինը, որովհետեւ չկա՛յ լաւ լուռ…չկա՜յ…չկա՜յ… բայց ՎՍՏԱՀ եմ, որ մտքէդ արդէն արտադրեցիր կուռ յօդուածաշարերով քու ճիտիդ պարտքը` քու պատասխաններդ:
Որովհետեւ… ներքին ուժն էր քեզի համար կեանքի ապաւէնը, եւ անոր յենեցար մինչեւ վերջին վայրկեանդ:
Ներքին ուժին յենելով` կարելի է դիմագրաւել ամէն ինչ, կարելի է դիմագրաւել երկու հիւանդութիւններ` մէկը մեր իտէալ հայրենիքին կացութեան պատճառած ամէնէն ծանր, անյայտ ու անխօս հիւանդութիւնը, իսկ միւսն ալ` մարմնային հիւանդութիւնը:
Այո՛, ներքին ուժին յենելով` պիտի կարենանք յաղթել եւ դիմագրաւել ամէ՛ն չարիք:
ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ համակիրն ես քու պաշտած կուսակցութեանդ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, անոր համեստ ու անկեղծ զինուորը, որուն քայլերգը միասնաբար կ՛երգէինք հիւանդանոցի անկողինին մէջ, երբ դուրսը մութ էր:
Շատ բան սորվեցայ եւ տակաւին պիտի սորվիմ քեզմէ:
Ամէնէն առաջիններէն` կազմակերպուածութիւն, հաւատք ու կուռ կամք:
ԴԷ՜Հ ՍԵՒ ՕՐԵՐ ԲՈՂՈՔ ԴԱՐՁԷՔ,
ԱՐԻՒՆ, ՔՐՏԻՆՔ ԵՐԿՈՒՆՔ ՄՏԷՔ,
ՏԱՆՋԱՆՔ, ԶՐԿԱՆՔ ԼԵԶՈՒ ԱՌԷՔ,
ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՅ ԲԱՑԷՔ:
Հանգչէ խաղաղութեամբ:


