Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտորումներ. Հայկազեան Համալսարանին Եօթը Օրերը (Հիմնադրութեան 70-Ամեակին Այռիթով)

Օգոստոս 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ըսուած է յաճախ, որ տարեդարձները պատեհ առիթներ են վերարժեւորելու եւ վերատեսութեան ենթարկելու որեւէ կառոյցի, հաւաքական միջավայրի թէ գործող հաստատութեան մը ողջ գործունէութիւնը: Այլապէս ալ կրկնակի իմաստ կը զգենու որեւէ գնահատանք, երբ անիկա կը վերաբերի կրթական հաստատութեան մը, որ իւրայատուկ դերակատարութիւն ունեցեր է, ունի՛ գաղութահայ կեանքին մէջ` հայ, տեղացի թէ օտար ուսանողութեան մատուցելով գիտական, հոգեմտաւոր, ընկերային թէ կարգապահական ուսում եւ դաստիարակութիւն:

Այո՛, խօսքը կը վերաբերի Հայկազեան համալսարանին, որ եօթը տասամեակէ ի վեր կը շարունակէ իր երթը` ծառայութեան եւ նուիրումի նշաձողը բարձրացուցած, եւ առանց յաւակնութեան` կը փորձէ հաւատարիմ ու կառչած մնալ վեր. փրոֆ. Արմենակ Հայկազեանի հայաբորբ ու մարդասէրի երազանքին:

Ճշմարտութեամբ յագեցած երազանքին, որուն իրականացման ոչ մէկ ճիգ ու խանդ խնայած են` իրերայաջորդ տնօրէններ, վարչական պատասխանատուներ, դասախօսներ եւ պաշտօնէութիւն: Յայտնապէս, վերոնշեալ երազանքին առաւելագոյն ճառագայթումը ապահովելու` ամբողջ արժեհամակարգ մը ստեղծուած է, շնորհիւ Հայ աւետարանական համայնքին, հոգաբարձուներու, բարեսէր անձերու ու այս կառոյցին հովանաւորութիւնը ստանձնած խնամատարներու:

Փաստօրէն վերջին քսանհինգ տարիները լաւագոյն ապացոյցն են եղած եւ ե՛ն համալսարանի յառաջդիմութեան, բարգաւաճման ու զարգացման` շնորհիւ աջալուրջ հսկողութեան, յարատեւութեան եւ հաւատամքի մը` ի գին մեծ զոհողութեան պահելու այս կրթական կառոյցը, որ միակ հայկական համալսարանն է ամբողջ սփիւռքի տարածքին:

Լիբանանի մէջ գործող ակադեմական այս հաստատութիւնը իր գոյութեան ընթացքին կրցած է դիմակայել ու շրջանցել բազում դժուարութիւնններ եւ մարտահրաւէրներ, տոկալ եւ, ամէնէն էականը, տէր կանգնիլ արժեհամակարգի մը, որուն նշանաբանն է եղած` ճշմարտութիւն, ազատութիւն եւ ծառայութիւն:

Արդ,

Որպէսզի շփոթէ զերծ մնանք, յայտնենք, որ հետագայ տողերը կը միտին, աւելի՛ն, կը նպատակադրեն առաջին հերթին, լոյսին բերել սփիւռքահայ կեանքին մէջ ապրող, շնչող, լոյս եւ կրթութիւն ջամբող ակադեմական կառոյցի մը առաքելութիւնը, որ եօթը տասնամեակէ ի վեր համամարդկային արժէքներ կը ջամբէ շուրջբոլորը:

Ապա` ընդգծելու, որ «եօթը օրեր»-ը կը վերաբերին Հայկազեան համալսարանին մէջ առկայ աշխուժ եւ եռանդով լեցուն առօրեային, որ շատ անգամ դադար չ՛ունենար` այլապէս լիացած ըլլալով արտահամալսարանական գործունէութեամբ:

Իրօք, զանազան տեսակի եւ բնոյթի աշխատանքներ` ձեռնարկ, ելոյթ, վարժանք, աշխատանոց, հաւաքոյթ, սեմինար, ցուցադրութիւն եւ դասախօսութիւն, անպակաս են համալսարանէն ներս, պարզապէս որովհետեւ իր ազգային ու յարանուանական պատկանելութեամբ այս համալսարանը հետամուտ է եղած իր դռները բաց պահելու, ունեցած կարելիութիւնն ու կարողութիւնը ի սպաս դնելու անխտիր բոլորին` յանուն համայնական զարգացումին եւ բարօրութեան:

Այսպէս, ազգային, տեղական թէ օտար միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, բարեսիրական հաստատութիւններ, յաճախադէպ ձեռնարկներ, գիտաշխատանոցներ կը կազմակերպեն համալսարանէն ներս, շատ անգամ` ամիսներ տեւող, պարզապէս օգտուելով իրենց ընծայուած լայն պատեհութենէն եւ տնօրէնութեան ձեռնհաս պահուածքէն:

Ինչպէ՞ս կարելի է մտահան ընել պատկառելի երեւոյթ մը, երբ Լիբանանեան  կարմիր խաչը, տարիներէ ի վեր, խանդավառուելով Հայկազեան համալսարանի  նախագահին` վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի ջերմ քաջալերանքէն եւ անմնացորդ աջակցութենէն, իր քառամսեայ դասընթացքները կը կազմակերպէ համալսարանէն ներս, նորեկ կամաւորներու մուտքն ու արձանագրութիւնը ապահովելու, այլապէս ալ անոնց փոխանցելու համապատասխան գիտութիւն, փորձառական գիտելիք եւ վարժողական դասընթացք:

Ինչպէ՞ս կարելի է չյիշել Հայկազեան համալսարանի մարդասիրական բազում տիպի ծառայութիւնները, յատկապէս` ճգնաժամի ատեն, երբ Պէյրութի նաւահանգիստի ահռելի պայթումին, Սուրիոյ երկրաշարժին թէ Լիբանանի տնտեսական տագնապի օրերուն տուժածներու ցուցաբերեց անգնահատելի նիւթաբարոյական աջակցութիւն:

Անցնինք:

Իր տարածքով «փոքր», սակայն իր մթնոլորտով եւ ջամբած ուսմամբ ուժեղ այս կառոյցը արդէն իսկ ունի իր սեփական կենսագրութիւնն ու պատմութիւնը: Կերտած է եզակի նկարագիր եւ անով ճանչցուած է աշխարհով մէկ: Ասոնք չափազանցուած խօսքեր չեն, այլ վկայութիւններ`  հարիւրաւոր շրջանաւարտներու, որոնք, տարբեր ատեն ու ժամանակներու յաճախած են Հայկազեան համալսարան եւ ստացած` պսակաւորի ու մագիստրոսի վկայականներ` մասնագիտական տարբեր ոլորտներէ ներս:

Միւս կողմէ, արձանագրել է պէտք ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ այս կառոյցէն ներս դասաւանդած են ու կը շարունակեն դասաւանդել դասախօսներ, որոնք վկայուած են միջազգային վարկ ունեցող համալսարաններէ:

Ի դէպ, շատ անգամ երբ մտերմաբար հարց կը տրուի դասախօսներու, թէ ինչո՞ւ ընտրած են այս «փոքր» համալսարանը, հակառակ որ անոնք նաեւ կը դասաւանդեն այլ համալսարաններու մէջ, անոնք միանգամայն պատասխանած են` ըսելով. «Այս համալսարանը ունի երկու հիմնական յատկութիւն, առաջին` հոն կը տիրէ մտերմիկ եւ ընտանեկան մթնոլորտ, յարգանք ու կարգապահութիւն, եւ երկրորդ`հայկական պատկանելիութիւնը միշտ ալ խայծ եղած է` զայն ինքնուրոյն պահելու եւ ուրիշներէ զանազանուելու»:

Բազմաթիւ շրջանաւարտներ, իրենց կարգին, գրեթէ նոյն հաստատումը կը կատարեն, երբ աւարտելէ եւ նոյնիսկ արտագաղթելէ ետք, Լիբանան իրենց այցին, անպայման կը հանդիպին Հայկազեան` յիշելու եւ վերապրելու «Հայկազեանի լաւ տարիները»: Անոնք շատ անգամ այնպիսի մտերմութեամբ եւ յուզումով կը յիշեն համալսարանական կեանքը, ուսուցչակազմը, որ ունկնդիրը պահ մը ապշած ու զարմանքով մտիկ կ՛ընէ անոնց խօսքերը, որոնք թաթաւուն եւ ջերմ զգացումներով պարուրուած կ՛ըլլան շատ անգամ:

Համառօտ ակնարկով մը կարելի է լոյսին բերել Հայկազեան համալսարանի եօթը տասնամեակներու կենդանագիրը, որ հարուստ է, անկասկած, պատուաբեր գործունէութեամբ եւ նուիրական արժէքներով:

Յօդուածի մը նեղ սահմանները պիտի չարտօնեն, որ մանրամասնութեամբ արձանագրենք իրերայաջորդ տասնամեակներու կառուցային, վարչական, ընկերա-տնտեսական թէ ակադեմական մարզի փոփոխութիւններն ու զարգացումները:

Բաւարար է յիշել գործող քանի մը բաժանմունք թէ կառոյց` ընդգծելու հետեւեալ ճշմարտութիւնը, որով կը հպարտանան ազգը, գաղութահայութիւնն ու Լիբանանը միանգամայն: Փաստօրէն, քաղաքական գիտութեան, կենսաբանութեան, քիմիագիտութեան, մանկավարժութեան, տնտեսագիտութեան, համակարգչային թէ առեւտրական բաժանմունքները, իրենց դասախօսական կազմերով, արժանացած են բոլորին գնահատանքին:

Շեշտել է պէտք, որ համալսարանին մէջ գործող հայագիտական ամպիոնը, «Հայկազեան Հանդէս»-ն ու կազմակերպուած գիտաժողովները ծառայած են հայ կեանքի ու պատմութեան վերյիշեցման եւ վերարժեւորման` քննական մտքի տիրող եւ արդիական մօտեցումներու լոյսին տակ:

Համալսարանին մէջ գործող յիշարժան ու պատուաբեր կառոյցներ են գործող գրադարանները, որոնք կը պարփակեն հազարաւոր գիրքեր, տարբեր լեզուներով, ինչ որ պատկառանք կը պարտադրէ այցելուներու թէ ուսանողութեան: Տարիներու քաջ եւ յարատեւ աշխատանքի արդիւնք այս գրադարանները, իսկական շտեմարաններ են` մտքի, հոգիի եւ տեսադաշտի առաւել պայծառացման ծառայող:

Շարունակենք:

Վերեւ ընդգծուած Հայկազեան համալսարանի իւրայատուկ նկարագիրը կարելի չէ քանի մը բառով ու նախադասութեամբ սպիտակ թուղթին յանձնել:

Փաստօրէն, պաշտօնավարել Հայկազեանէն ներս` աւելի քան պարտաւորեցնող է այն առումով, որ տարիներու թաւալքին հետ պաշտօնեան ոչ միայն կը վաստակի սէր ու յարգանք, այլեւ` մտերմութեամբ յագեցած միջավայր:

Ահաւասիկ այս էր յօդուածի միտք բանին, անշուշտ, որ հիմնական արժանիքն է, ըստ իս, ակադեմական միջավայրի մը փայլուն հանգամանքը ընդգծելէ ետք:

Ու այդ միջավայրի հարազատութիւնը, որ տիրական երեւոյթ է, միշտ ալ լոյսին կու գայ, երբ շրջանաւարտ տղաք ու աղջիկներ, ստանալէ ետք իրենց վկայականները, կը նետուին կեանքի ասպարէզ` միշտ բարձր գնահատելով Հայկազեանի ջամբած ուսումը:

15 տարիներու պաշտօնավարութիւնս այս համալսարանէն ներս պատեհ առիթներ եղան ծանօթանալու հայ թէ տեղացի ուսանողներու, որոնք կու գային Լիբանանի տարբեր գիւղերէն եւ քաղաքներէն: Յատկապէս` գիշերօթիկի բաժինը, որ 15 տարիէ կը գործէ, ապաստան է եղած իրենց` իբրեւ երկրորդ տուն եւ մտերմիկ միջավայր: Անոնք`տարբեր համայնքի ու յարանուանութեան տղաք ու աղջիկներ, քանի մը տարի իրենց կեցութիւնը գիշերօթիկէն ներս ապահովելէ ետք, մօտէն կը ծանօթանան հայութեան եւ ազգային մեր առանձնայատկութեան:

Փաստօրէն անոնց յաղթական վերադարձը իրենց բնակարանները` այդքան ալ դիւրին չէ եղած, որովհետեւ քանի մը տարուան կեցութիւնը եւ շփումը հայ ուսանողի թէ պաշտօնեայի հետ, ընկերական ու ջերմ մթնոլորտի առընթեր, կը ստեղծէ հարազատութեամբ լիացած յարաբերութիւն` մտածումի, լեզուի, մշակոյթի եւ ապրելակերպի փոխադարձ ընկալումներով յագեցած, ամրապնդելով սիրոյ ու յարգանքի առաւել խորացումը:

Հայկազեան համալսարանին համար երբեւէ նորութիւն չէ եղած այն, որ քաղաքական, զինուորական թէ պետական այրերու զաւակները յաճախեն ու ստանան գիտական եւ հոգեմտաւոր դաստիարակութիւն:

Բազմաթիւ օրինակներ կան, երբ բարձրաստիճան պետական մարդիկ ուզած են, խիստ փափաքած, որ իրենց զաւակները Հայկազեան համալսարան յաճախեն երկու հիմնական պատճառով, նախ` ուսման մակարդակի, դաստիարակութեան, մարդկային արժէքներու ջամբումի տեսակէտէ, ապա` լիբանանեան քաղաքական տխուր խճանկարէն ու հոսանքներէն զերծ միջավայր մը ըլլալու հանգամանքին համար:

Այլ խօսքով, Հայկազեանէն ներս առկայ է այնպիսի ընկերական մթնոլորտ, որ արտաքին ապաշնորհ ազդեցութիւնն ու մօտեցումները երբեւէ մուտք չեն գործած, պահելով ու յարգելով հանդերձ իւրաքանչիւր ուսանողի քաղաքական ու կրօնական հայեացքները, համոզումները, կեցուածքները:

Միւս կողմէ` «փոքր» տարածք ունեցող, բայց հոգեպարար մթնոլորտով լիացած համալսարանին մէջ անպակաս են տօնական արարողութիւնները, ինչ կը վերաբերի հայկականին ու տարբեր համայնքներու հաւատքին եւ ըմբռնումներուն:

Փաստօրէն քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան ու փոխադարձ յարգանքի եւ հանդուրժողութեան տիպար միջավայր է եղած Հայկազեանը, ուր պաշտօնական թէ աւանդական տօներ կը կազմակերպուին բոլորին կողմէ եւ մեծ խանդավառութեամբ:

Այս առումով, ամենայատկանշական արարողութիւնը կը հանդիսանայ այն, երբ վկայականաց բաշխման հանդիսութենէն շաբաթ մը առաջ շրջանաւարտներ միասնաբար կը մասնակցին աւանդութիւն դարձած հաւաքական հանդիսութեան մը` Կիրակնօրեայ մոմավառութիւն, ուր աղօթքի եւ բարեմաղթանքի պատգամ լսելէ ետք, հայ, տեղացի թէ օտար ուսանողը իրեն հետ կը տանի վառած մոմը, որ կը խորհրդանշէ գիտութեան ու հաւատքի լոյսը, որով իւրաքանչիւր շրջանաւարտ պիտի կարենայ լուսաւորել իր ճանապարհը` նետուելով կեանքի ասպարէզ:

Հայկական մթնոլորտի թէ ձեռնարկներու կազմակերպման առումով, միշտ ալ նախանձախնդիր են եղած ուսանողական ակումբներու պատասխանատուները` լաւագոյնը ներկայացնելու, պատշաճօրէն կազմակերպելու աւանդական, մարզական թէ ընկերային հաւաքոյթներն ու ձեռնարկները:

Ճիշդ է, որ հպանցիկ ակնարկ մըն էր վերեւի յիշատակումը, որպէսզի ընթերցող հասարակութեան ուշադրութիւնը կեդրոնանայ Հայկազեան համալսարանի առօրեայ կեանքին ու մատուցած ծառայութեանց վրայ, այդուամենայնիւ, առկայ է մետալին միւս երեսը, որ կը վերաբերի` ազգային մեր պարունակին, ըմբռնումներուն, հայրենիքին եւ ընդհանրապէս սփիւռքեան գոյավիճակին:

Արդար է ընդգծել, հաստատել, որ Հայկազեան համալսարանը կը գտնուի հայ կեանքի կիզակէտին` շնորհիւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի ջանադիր, աչալուջ եւ բազմակողմանի շփումներուն, յարաբերական աշխատանքներուն եւ ստեղծած կապերուն:

Փաստօրէն, գաղութահայ կեանքի ներկայացուցչութիւններ, հայրենի պետական թէ մտաւորական մակարդակի անձնաւորութիւններ, պատմաբաններ, քաղաքական գործիչներ թէ արուեստագէտներ յաճախադէպ այցելութիւններ կու տան տնօրէնին, ու այդ հանդիպումներուն առանցքին կ՛ըլլան` ընդհանրապէս հայ կեանքը յուզող հարցերը, միջազգային մակարդակի իրադարձութիւններն ու մտահոգութիւնները:

Մտահան պէտք չէ ընել նաեւ իրողութիւն մը, որ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հոգեւորականի կոչումն ու համայնքապետի ծառայութիւնը ազդակներ են եղած, որ ան տանի բեղուն գործունէութիւն նաեւ այս մարզէն ներս` միջազգային ժողովներու, սեմինարներու թէ հաւաքներու իր մասնակցութիւնը բերելով:

Աւելի՛ն. արհեստագիտութեան, զարգացող կեանքի թաւալքին, Հայկազեանի տնօրէնութիւնը հետամուտ է եղած ամէն քայլափոխի համաձայնագրեր կնքելու եւ ակադեմական կապեր հաստատելու տարբեր համալսարաններու, կառոյցներու թէ կեդրոններու հետ` պարզապէս ապահովելու ուսման մակարդակի բարելաւումն ու յառաջդիմութիւնը:

Սա արդէն ապացոյց է, Հայկազեան համալսարանի միջազգային վարկին ու հեղինակութեան:

Ուշագրաւ երեւոյթ է, որ լիբանանեան մակարդակի քաղաքական, հոգեւոր, զինուորական թէ այլ մարզերու հեղինակութիւններ միշտ ալ յարգանքով խօսած են, կը խօսին հայաշունչ այս համալսարանին մասին` յաճախ յիշելով անոր գիտական թէ ուսումնական իրագործումներն ու յաջողութիւնները:

Իբրեւ եզրակացութիւն` յայտնենք, որ Հայկազեան համալսարանի պատուաբեր, մեծագոյն եւ արժանահաւատ ծառայութիւնը հայ ուսանողութեան նեցուկ կանգնելու եւ անմնացորդ օժանդակելու պատրաստակամութիւնն է:

Այո՛, նիւթաբարոյական անսակարկ օժանդակութիւն` անխտիր բոլորին, որով կը յատկանշուի այս կրթական հաստատութիւնը:

Հուսկ,

Վերոնշեալ իրողութեան առընթեր, կը մնայ էական չափորոշիչ մը, որ կապ ունի հայ իրականութեան հետ: Ու այդ չափորոշիչը կ՛առնչուի ամբողջ հայութեան, այն առումով, թէ հայութիւնը ինք ի՛նչ կը մատուցէ այս կրթական հաստատութեան, որպէսզի կարենայ գոյատեւել եւ առաւել բարձունք նուաճել:

Ի դէպ, միշտ ալ երախտագիտութեամբ անդրադարձած ենք բոլոր անոնց, որոնք իշխանական նուիրատուութիւն կատարած են եւ թիկունք կանգնած` Հայկազեան համալսարանին: Բարեբախտաբար ազնուասիրտ նման հայորդիներ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են ու հաւատացած` ակադեմական այս կաճառի առաքելութեան:

Գաղութահայ կեանքի ողբերգական պատկեր մըն է հայութեան թուաքանակի նուազումը, հայ վարժարաններու եւ աշակերտներու տակաւ նօսրացումը, ինչ որ պատճառ կը դառնայ հայաշունչ կառոյցներու տկարացումին եւ դերակատարութեան շիջումին: Հայկական վարժարան աւարտող աշակերտներու որոշակի թիւ մը կայ, որ կը նախընտրէ յաճախել այլ համալսարաններ` բազմաթիւ ու շատ անգամ անհեթեթ բացատրութիւններ պատրուակելով:

Կրկնելու գնով արձանագրենք, որ գաղութի մը կենսունակութիւնը մեծապէս կապ ունի գործող կրթական հաստատութիւններու հետ:

Փակուած ու փակուելու վտանգին տակ գտնուող հայ վարժարաններու վիճակը մեզ ազգովին պէտք է զգաստութեան հրաւիրէ եւ աչալուրջ աշխատանքի մղէ, թէկուզ` ինքնարժեւորման, ինքնաքննարկման եւ թերացումներու սրբագրման հրամայական պահանջին ընդառաջ:

Մէկ կողմէ յաւակնոտ մօտեցումները, միւս կողմէ` օտարամոլութիւնը սկսած են կրծել, աղաւաղել հայու կեանքն ու դիմագիծը` պատճառ դառնալով այլասերումի եւ ինքնութեան կորուստի:

Հայկազեան համալսարանին հանդէպ ցոյց տրուելիք հոգատարի պահուածքը խթան պէտք է հանդիսանայ գաղութահայութեան եւ ողջունելի յարացոյց` գալիք սերունդներու, աշխուժ եւ հայատրոփ պահելու լիբանանահայութիւնը:

Աւարտին,

Յիշել է պէտք, Հայկազեան համալսարանին շաբթուան յագեցած աշխատանքէ ետք, կիրակի օրը: Ընդհանրապէս շրջապատին թէ համալսարանէն ներս գոյութիւն ունեցող լռութիւնը եզակի շեշտ մը ունի այն առումով, որ մէկ կողմէ կապտաւուն երկինքը, խաղաղութիւնը, միւսը կողմէ` համալսարանը եզերող կանաչութիւնը, աւելի՛ն, բուրումնաւէտ ծաղկաստանի մը առկայութիւնը արդէն տիրող լռութեան համն ու հոտը կը զգենուն, ուր ապաստան գտած բազմատեսակ  թռչուններ իրենց հրաշալի գեղգեղանքով կը հրապուրեն համալսարանի «բնակիչ»-ները` գիշերօթիկի տղաքն ու աղջիկները եւ այցելուները միանգամայն:

Ու այդ լռութիւնը կը խզէ համալսարանին կից գտնուող Հայ աւետ. Առաջին եկեղեցւոյ զանգին ղօղանջը, որ ազդանշանը կ՛ըլլայ կիրակնօրեայ պաշտամունքին:

Ըսուած է, որ իւրաքանչիւր պատուաբեր աշխատանքի ու ծառայութեան մղիչ ուժը հանդիսացած են մարդկային առաքինի պահուածքն ու հաւատամքի ուժը:

Ու շնորհիւ այս արժանիքներուն`Հայկազեան համալսարանը յաջողած է ամրագրել սեփական պատմութիւն ու կերտել նկարագրային առանձնայատկութիւն:

Արդ,

Դէպի հարիւրամեակ, բարի երթ եւ նուաճումներով լեցուն կեանք կը մաղթենք հայկականութեամբ յագեցած Հայկազեան համալսարանին:

 

 

Նախորդը

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար. Նամակ Առ Վեհանոյշ Թեքեան

Յաջորդը

Մեքսիքայի Հայուն Հոգիին Կրակը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Մեր Սուրբ Թարգմանիչները (Սուրբ Թարգմանչաց Տօնին Առիթով)

Հոկտեմբեր 11, 2025
Թարգմանչաց Հայրերը Թող Չանիծեն Մեզ…
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Հայրերը Թող Չանիծեն Մեզ…

Հոկտեմբեր 11, 2025
Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու
Անդրադարձ

Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?