Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փուճ Ընկոյզներ

Սեպտեմբեր 1, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

Ռուբէն Ֆիլեանի «Հեքիաթ փուչ ընկոյզների մասին»-ը առաջին անգամ հրատարակուած է 1980-ին:

«Հեքիաթ» կոչուող այս պատմուածքը, հակառակ իր պարզութեան, շատ բարդ եւ առեղծուածային պատկեր մը կը ներկայացնէ:

Առաջին տողերէն իսկ կը խօսուի ծածուկ լուսանկարչական սարքի մը եւ բարձրախօսի մը մասին: Այդ նկարահանման եւ ձայնագրութեան մեքենաները կը բանին ամբողջ գրութեան ընթացքին:  Գրողը կը յենի տեսարաններու եւ ձայներու վրայ: Կը նկարագրէ տեսածը եւ տեսնուողը. «Ու թւում է, որ միայն նա գիտի թաքնուած քամերայի մասին»… Երբեմն ժապաւէնը ետ կ՛երթայ, երբեմն` առաջ: Կեանքի յետադարձ ակնարկներու պէս, որոնք կը ձգտին դէպի ապագայ, այսինքն` շարժապատկերի ներկան: Ձայնագրութիւնը երբեմն յստակ ու մաքուր է, երբեմն` գրեթէ անլսելի եւ անորոշ, զգացումներու պէս: Երբեմն ալ բուն նիւթին հետ կապ չունեցող տեսարաններ կը յայտնուին, պատերազմի, ռումբի, աւերի… եւ գրող-ներկայացնողը նախ կ՛ըսէ. «Ի՜նչ անհեթեթ տեսարան», ու ետքը` «երեւի սխալմամբ ուրիշ ժապաւէն են մոնթաժել:  Պէտք է կտրել այդ անկապ հատուածը»:

Ուրեմն գրողը նաեւ նկարահանողն է, եւ ընթերցողը կրնայ մտածել, որ գրական կտոր մը լոյս աշխարհ բերելը կը նմանի շարժապատկեր մը ստեղծելու գործին: Այս կտորը ջնջել, այդ կտորը հոս դնել, այն մէկը առջեւ բերել: Գրութիւնը մոնթաժ մըն է, հաւաքում մը, դէպքերու եւ տեսարաններու փակցում մը:

Ահա կարելի սկիզբ մը` «Հեքեաթ փուչ ընկոյզների մասին»-ը ծանօթացնող:

Բայց կարելի է ամբողջովին տարբեր ձեւով սկսիլ ու խօսիլ պատմուածքի գլխաւոր դերակատարին` Ռաֆայէլ պապիին խորամանկ, առեղծուածային ժպիտին մասին: Այդ ժպիտը կրողը նաե՛ւ նկարահանն է: «Եւ նրա ժպիտի մէջ կարծես հէնց իր իսկ փուչ ընկոյզների պատմութիւնն է թաքնուած, եւ թւում է, որ հէնց այդ պատմութիւնն է հաղորդում նրան այս բանիմաց ու խորամանկ տեսքը:  Եւ պտտւում է այդ պատմութեան ժապաւէնը»:

Ժպիտը ստեղծագործ մտքի արտայայտութիւնն է. արուեստագէտը, ըլլայ ան` գրագէտ, բեմադրիչ, թէ նկարիչ, Արարիչ է: Ի՛նք միայն գիտէ, թէ ի՛նչ եւ ինչո՛ւ կ’ընէ: Մեզի` պարզ ընթերցող-մահկանացուներուս, կը մնայ ենթարկուիլ իրեն եւ փորձել հասկնալ խորամանկ քմծիծաղին ետեւ պահուըտած լո՜ւռ Գաղտնիքը:

* * *

Բայց ո՞վ էր պատմուածքին հեղինակ Ռուբէն Ֆիլեան, որուն մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունէի մինչեւ Արամ Պաչեանի P/F-ը կարդալս: Շնորհիւ Պաչեանին է, որ հետաքրքրուեցայ Ֆիլեանով ու ձեռք անցուցի անոր «Անծանօթ ինքնակենսագրութիւն» եւ «Քո երկրի դեսպանը» գործերը: Ուրեմն, Արամ Պաչեան  եղաւ միջնորդ ու փոխանցող. բան մը, որուն համար երախտապարտ եմ իրեն:

P/F-ին մէջ գրողը քանի մը տեղ «սեւ»,«Ֆիլ», կամ «սեւ ֆիլ» կ՛անուանէր մէկը: Լաւ չէի հասկնար սկիզբը:  Առաջին ընթերցումէս ետք, «Եու Թուպ»-ի վրայ հարցազրոյցներ գտայ Արամ Պաչեանի հետ ու մտիկ ըրի: Այդ հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին էր, որ իմացայ Ռուբէն Ֆիլեանի մասին: «Ֆիլ», «Ֆիլեան» անցաւ մտքէս ու P/F-ի երկրորդ ընթերցումիս` Պաչեան/Ֆիլեան էջային գոյակցութիւնը հաստատուեցաւ:

Ասդին-անդին փնտռելով` ծանօթացայ Ֆիլեանի կենսագրութեան: Ծնած է 1952-ին. աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան ճիւղը, տեղեկութիւն մը, որ լոյս կը սփռէ ներկայացուած պատմուածքի ոճին վրայ: 1981-ին ձգած է Խորհրդային Հայաստանը եւ Ֆրանսա, Եգիպտոս, Յորդանան ճամբորդելէ ետք հաստատուած է Հնդկաստանի Կոա նահանգը: Եղած է եոկայի ուսուցիչ, մօտէն հետեւած է արեւելեան փիլիսոփայութեանց: Մահացած է շա՜տ երիտասարդ տարիքին,1983-ին: Կարճ կեանք մը, ուրեմն, որ սակայն, ետին ձգած գործերուն հայելիէն դիտուած, ցմրուր ապրուած ու մտածուած կը թուի:

Պաչեան շա՜տ կը սիրէ Ֆիլեանի գործերը. այնքա՛ն կը սիրէ, որ 2021-ին վերահրատարակած է անոր «Անծանօթ ինքնակենսագրութիւն» հատորը, որուն նախաբանին մէջ նախ կ՛անդրադառնայ գրքոյկին մասին գրելու իր անկարողութեան, յետոյ կամաց-կամաց կը բանայ պաշտած գրողին պատմուածքներու կծիկը, բացայայտելով անոնցմէ բխող լոյսը:

«Հեքիաթ փուչ ընկոյզների մասին»-ը մաս կը կազմէ վերոյիշեալ հատորին եւ անոր առաջին պատմուածքն է:

Նիւթը շատ պարզ է: Ռաֆայէլ պապիկի տասներկու ընկուզենիները յամառօրէն փուճ ընկոյզներ «կը պարգեւեն» իրեն, իսկ ան որոշած է զանոնք ծախել` առանց խաբելու: Փա՞ստ` պատրաստած է խաւաքարտէ ազդ մը, որուն վրայ գրուած է «Փուչ ընկոյզներ»:  Մինչ քովի սեղաններու վաճառողները վրան կը խնդան, արտասովոր բան մը կը պատահի… մարդիկ կը կարդան յայտարարութիւնը եւ կը սկսին գնել ծանուցուած ընկոյզները: «Արդեօք` ինչո՞ւ», հարց պիտի տրուի, «վաճառականական խելացի գի՞ւտ, ծանուցումի խորամանկ ձե՞ւ»…

Թերեւս, բայց  հեքիաթին իմաստը «մարքեթինկ»-էն շատ աւելի հեռու կ՛անցնի ու խորանալ կու տայ մարդկային հոգեբանութենէն ներս, կը մտնէ փիլիսոփայական ոլորտ, կը շօշափէ ծնունդն ու մահը, ճակատագիր կամ բախտ կոչուածը:

Նուրբ երգիծանքը կը քողարկէ այլապէս լուրջ նիւթը:

Տեղ մը, Ռաֆայէլ պապիկը ծանր քար մը կը զետեղէ ընկոյզներու կողքին` գնորդին մարտահրաւէր կարդալով. «Ահա քարը. ջարդէ՛ ու տե՛ս, եթէ ընկոյզը փուչ չէ». ուրիշ տեղ մը յաճախորդը կռիւի կու գայ, դժգոհ, որ իր գնած փուճ ընկոյզներու տոպրակին մէջ երկու առողջ ընկոյզ տեսեր է. ինչո՞ւ… Ռաֆայէլ պապիկը կը հաւաստիացնէ, որ անպայման քովի  վաճառողները առողջ ընկոյզ նետած են իր կոյտին մէջ, ու կ՛առաջարկէ նորէն փորձել: Յուսախաբ պարոնը կը վերագտնէ վստահութիւնն ու ուրախութիւնը, երբ մէկ քիլօ ընկոյզ կը ջարդէ, եւ բոլորն ալ փուճ դուրս կու գան. այն ատեն, խանդավառ, հինգ քիլօ կը գնէ…

Այլ տեղ մը Ռաֆայէլ պապիին կինը կը խնդրէ, որ իրական ընկոյզ գնէ տան համար: Ռաֆայէլը կը նեղուի. չէ՞ որ ինքն ալ ընկոյզ կը ծախէ: Իսկ երբ երեկոյեան կը բերէ առողջ ընկոյզները կնոջ եւ անոնց մէջ քանի մը փուճ կը տեսնէ, կը սրտնեղի ու կը յայտարարէ, որ վաճառողին ծախած փուճ ընկոյզը շա՜տ հեռու է ի՛ր ծախածին որակէն…

Ֆիլեանի հիւմըրը կը սաւառնի ամբողջ պատմուածքին վրայ ու նուրբ ձեւով պատգամներ ալ կը փոխանցէ:   Շարժանկարիչ մը կը մօտենայ ընկոյզներու սեղանին եւ ամբողջ պարկ մը պարպելէ ետք կը յայտարարէ, թէ գետին ինկող փուճ ընկոյզին ձայնը աւելի հնչեղ է ու հետեւաբար` աւելի՛ օգտակար շարժապատկերային ձայնի տեսակէտէ:

Յստակ է, որ Ֆիլեան կը սիրէ արուեստը եւ կը քաջալերէ արուեստագէտները` փուճ ընկոյզներու ճամբով:  Ահա անոնք կ՛երեւին նաեւ ժամանակակից կերպարուեստի թանգարանին մէջ ցուցադրուած նաթիւր-մորթի (անկենդան բնութեան) մը մէջ, ժամացոյցի մը եւ երկու չորցած ձուկի քով:

Այլ արուեստասէր պարոն մը, որ յուշանուէրներու արտադրամասի վարիչն է, փուճ ընկոյզները ներկելէ ետք, անոնցմով պզտիկ պուպրիկներ կը պատրաստէ ու կը ծախէ. «Փաստօրէն առեւտուրը պետական հիմքերի վրայ է դրուած», կը կատակէ գրողը:

Կը հասնինք այն եզրակացութեան, որ  նոյնիսկ դատարկ նկատուած բան մը իր տեղը եւ օգտակարութիւնը ունի:

Ոչինչը կա՛յ:  Ոչինչը է՛:

Կեանքը պարապ եւ անհեթեթ կը թուի յաճախ, բայց կ՛արժէ գրաւի գալ հետը ու «փորձել» զինք: Ու կեանքին մաս կազմող բոլո՜ր երեւոյթները, ըլլան անոնք անհատական թէ ազգային-քաղաքական մակարդակի` կ՛ենթարկուին Ֆիլեանի փուճ ընկոյզներու օրէնքին. նոյնիսկ եթէ գէշ են եւ յուսաբեկող, իրենց գոյութեա՛մբ իսկ կրնան արձակել լոյս եւ յոյս:

Որովհետեւ, ինչպէս կ՛ըսէ հեքիաթ-շարժապատկերին վերջին տեսարանին մէջ երեւցող տիպարը.

– Հայրի՛կ, ախր դու չգիտես, քո ընկոյզները աշխարհի լաւագո՜յն ընկոյզներն են…

 

 

 

Նախորդը

Հեքիաթ Փուչ Ընկոյզների Մասին

Յաջորդը

Յասմիկ Տէր Կարապետեան (ԼԺ.) Այսպէս Էր Յասմիկը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?