Իրաւական անորոշութեան եւ բարեկարգութեան միջեւ –
Հայ եկեղեցւոյ մէջ ժամանակակից օրէնսգիրքի մը պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը
Արդարեւ, նկատի ունենալով կանոնագրման բացակայութիւնը եւ անոր հետեւանքով յառաջացած իրաւական անորոշութիւնը, էական անհրաժեշտութիւն է համակարգուած ձեւով վերակազմել եւ բարեկարգել, այժմէականացնել ու արդի հայերէնի թարգմանել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կանոնական իրաւունքը: Սոյնը, սակայն, պէտք չէ ներկայանայ իբրեւ լոկ տեխնիկական կամ գիտական նախագիծ մը, այլ պէտք է ընկալուի որպէս հոգեւոր եւ եկեղեցական պատասխանատու գործընթաց, որ միանգամայն կը ծառայէ Հայ եկեղեցւոյ միութեան, ինքնութեան եւ կենսունակութեան իրագործման:
Հետեւաբար Հայց. առաք. եկեղեցւոյ յաջորդ Ազգային-եկեղեցական ժողովի[1] օրակարգի առաջնահերթ առաջադրանքներէն մին պէտք է ըլլայ ոչ թէ ընդամէնը կաթողիկոսի մը ընտրութիւնը ապահովելը եւ վերջ, այլ միաժամանակ ստանձնելու սոյն ժողովին օրէնսդիր բարձրագոյն հեղինակութիւն ունենալու հանգամանքը` իսկոյն ստեղծելով աստուածաբաններէ, եկեղեցական իրաւունքի մասնագէտներէ, պատմաբաններէ, նաեւ գիտուն հոգեւորականներէ կազմուած յանձնաժողով մը: Այս յանձնաժողովի գերազանց նպատակը պիտի ըլլայ համակարգուած կերպով ուսումնասիրել «Կանոնագիրք Հայոց»-ի բոլոր կանոնախումբերը, անոնց մէջ սահմանուած առանձին կանոնները, ծագումնաբանական դրդապատճառները` կարելի դարձնելով զանոնք պատմականօրէն եւ քննադատաբար գնահատելու ժամանակակից եկեղեցական, ընկերային-հասարակական եւ միջեկեղեցական պահանջներու համաթեքսթին մէջ: Սոյն յանձնաժողովի կենսական նպատակը պիտի ըլլայ մշակել հետեւողական, միատարր կառուցուածքով եկեղեցական, իրաւական, բարեկարգուած կանոնագիրք մը` հիմնուած Հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանական եւ հոգեւոր աւանդոյթներուն վրայ, բայց միաժամանակ ձեւակերպուած` լեզուական եւ իրաւական առումով արդի ժամանակներուն համընթաց ձեւով:
Բնականաբար յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել նաեւ նոր օրէնսգիրքի լեզուական մատչելիութեան վրայ. գոյութիւն ունեցող կանոններու թարգմանութիւնը դասական գրաբարէն ժամանակակից հայերէնի, ինչպէս նաեւ համապատասխան այլ լեզուներու (օրինակ` անգլերէն կամ ռուսերէն), որպէսզի Հայց. առաք. եկեղեցւոյ նոր եւ բարեկարգուած կանոնագիրքը հասկնալի եւ գործածելի դառնայ աշխարհասփիւռ հայութեան թեմական բոլոր կառոյցներէն ներս:
Արդեօ՞ք ունինք այն մարդուժը նման յանձնաժողով մը կազմելու եւ առաջադրուած նոր կանոնագիրքը իրականացնելու համար: Եթէ Հայց. առաք. եկեղեցւոյ Ազգային-եկեղեցական ժողովը, ինչպէս իր անունը կը թելադրէ, կարենայ ապահովել անխտիր մեր բոլոր նուիրապետական աթոռներէն ու թեմերէն, գիտական կառոյցներէն ու հաստատութիւններէն եկեղեցականներէ եւ աշխարհականներէ կազմուած ընտրանի մը, ապա երկու տարուան պայմանաժամի մը ընթացքին նուիրեալ եւ եռանդուն աշխատանքով կարելի է իրականացնել այս ծրագիրը: Արդիւնքը նախապէս կը ներկայացուի նուիրապետական աթոռներուն, բոլոր թեմական կառոյցներուն եւ պատկան անձնաւորութիւններուն` ի պահանջել հարկին քննարկելու եւ բովանդակութեան ծանօթանալու նպատակով: Վերջնական տարբերակը կը ներկայացուի Ազգային-եկեղեցական ժողովին, որ համաձայն իր օրակարգին` զայն վաւերացնելէ ետք կը յանձնէ գործադրութեան:
Այսպիսի բարեփոխում մը ստոյգ յաջողութեան կը հասնի միայն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու, աստուածաբանութեան, եկեղեցական կենսափորձի, թեմերու եւ համայնքներու միջեւ կառուցողական երկխօսութեան եւ արդիւնաշատ գործակցութեան շնորհիւ` հիմնուած այն գերազանց համոզումին վրայ, որ Եկեղեցիին մէջ օրէնքը կեանքին կը ծառայէ եւ կը հանդիսանայ անոր հոգեւոր առաքելութեան կարեւորագոյն արտայայտութիւններէն մին:
Այսպէս, բարեկարգուած նոր օրէնսգիրքը ոչ միայն կ՛ամրապնդէ Հայ եկեղեցւոյ հովուական եւ ծիսական գործունէութիւնը, այլեւ կ՛ամրագրէ իր ինքնապատասխանատուութիւնը իբրեւ ինքնավար եկեղեցի եւ ստոյգ կը նպաստէ` իր նուիրապետական կեդրոններուն, թեմական եւ հովուական կառոյցներուն, քոյր եկեղեցիներուն, այլեւ ոչ միայն օտար, նաեւ հայրենի պետական իշխանութիւններուն միջեւ անհրաժեշտ եւ կառուցողական երկխօսութեան զարգացման: Նման ձեռնարկի մը իրականացումը մեր Եկեղեցիին համար պիտի ըլլայ կարեւոր քայլ մը` իր ներսիդին ստեղծելու աւելի իրաւական որոշակիութիւն, ստանձնելով միաժամանակ հոգեւոր յանձնառութիւն` վերանորոգութեան, կենսունակութեան, արժանահաւատ վկայութեամբ ծառայելու իր հաւատացեալ հօտին սեփական աւանդոյթներուն եւ վարդապետական սկզբունքներուն համաձայն:
Արդարեւ, Հայց. առաք. եկեղեցին այնուհետեւ պէտք չունի դրածոյ եւ օտարամուտ կանոնադրութիւններու, ինչպիսին պարագան էր 1836 թուականին ցարական հրամանագրով հաստատուած «Պոլոժենիա»-ն, որ ամենեւին չէր համապատասխաներ Հայ եկեղեցւոյ աւանդական ոգիին եւ ժողովրդավարական սկզբունքներուն, թէկուզ` 1863 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ պատրաստուած եւ օսմանեան կառավարութեան կողմէ վաւերացուած «Ազգային սահմանադրութիւն հայոց»-ին. օրէնսգիրք, որ տակաւին գործուն է սփիւռքահայ եկեղեցական կեանքի որոշ շրջանակներու մէջ:
Հայոց լուսակարկառ հայրապետներէն Յովհաննէս Գ. Իմաստասէր Օձնեցին երբ Ը. դարուն խմբագրած է առաջին «Կանոնագիրք Հայոց»-ը, անդրադառնալով անոր կարեւորութեան` յիշատակարանին մէջ նշած է հետեւեալ հոգեբուխ մտածումը.
«Քրիստոսի բոլոր հաւատացեալներու [աստուածային պատգամներուն] հնազանդութիւնը լուսաշաւիղ ճանապարհ է դէպի Աստուած: Կանոնները, որ կարգեցին սուրբ հայրերը, սքանչելի իմաստութեամբ երկնային բնակութեան կը հրաւիրեն մարդիկը, որպէսզի անոր շնորհիւ առաջնորդուելով` առաքինութեան հասնին […], սա գանձ է, որ ո՛չ ցեցը կ՛ուտէ, եւ ո՛չ ալ ուտիճը կ՛ապականէ, գանձ, որ տնանկ ժառանգողի սիրտը դէպի վեր` երկինք կը տանի»:
Եթէ երբեք Ը. դարուն այսպիսի գերազանց գնահատական մը տուած է եռամեծ հայրապետը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ օրէնսգիրքի անհրաժեշտութեան, անոր ունեցած կարեւորագոյն դերին մասին հաւատացեալ մարդու փրկութեան համար, ապա այսօրուան իրավիճակէն մեկնելով` արտօնուած պիտի ըլլայ մեզի կրկին հարց տալու` ունի՞ արդեօք Հայց. առաք. եկեղեցին արդի ժամանակներուն համընթաց գործնական օրէնսգիրք մը, ապա պատասխանը միանգամայն պիտի ըլլայ անբարենպաստ եւ ժխտական: Փաստօրէն ներկայ վիճակով ան չունի՛ պարտաւորեցնող եւ իր եկեղեցական կեանքը իրաւականօրէն կարգաւորող համապատասխան օրէնքներու համակարգուած ժողովածու` օրէնսգիրք մը: Հետեւաբար անոր գոյառումը ամենաանհրաժեշտ մարտահրաւէր մըն է` ուղղուած Հայց. առաք. եկեղեցւոյ Ազգային-եկեղեցական ժողովին: Նման յանձնառութեան մը իրագործումը անտարակոյս նոր կեանք եւ շունչ պիտի հաղորդէ իր բազմաչարչար հօտին հետ տառապած ու խաչուած, բայց գերեզմանէն միշտ յարութիւն առած մեր մայր եւ սուրբ Եկեղեցիին:
Եզրակացութիւն
Հեղինակաւոր եւ գործող, բարեկարգուած ու նոր օրէնսգիրքի մը գոյութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն մը կը ներկայացնէ Հայց. առաք. եկեղեցւոյ առաքելութեան իրականացման մէջ: Ան պիտի կարգաւորէ հայրենի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան բազմազանութիւնը մէկ կաթողիկէ հաւատքի միութեան մէջ` ոչ միայն ապահովելով իր սուրբ աւազանէն մկրտուած իրաքանչիւր անդամի իրաւունքները, այլ միաժամանակ զայն յորդորելով, որ ստանձնէ հոգեւոր-բարոյական պատասխանատուութիւն եւ, ի վերջոյ, նպաստէ ի շինութիւն Ս. Եկեղեցւոյ եւ ի փառս հայոց ազգին:
Եկեղեցական կանոնական իրաւունքի օրէնսգիրքը ցոյց կու տայ, որ Եկեղեցին ոչ թէ լոկ հոգեւոր համայնք մըն է, այլեւ` ընկերային-հասարակական եւ իրաւականօրէն կառուցուած հաստատութիւն մը: Իրաւական նման կանոնագիրքի մը գոյութիւնը տեսանելի կը դարձնէ, թէ ինչպէ՛ս հաւատքը, համայնքը եւ օրէնքը ներդաշնակ կրնան միահիւսուիլ իրարու` ոչ թէ իբրեւ հակադրութիւն, այլ` որպէս հաւատքով ապրած պատասխանատուութեան արտայայտութիւն եւ քրիստոնէական կեանքի վկայութիւն:
Ժընեւ, 9 օգոստոս 2025
Յիշատակ Եփեսոսի Ս. Ժողովոյն երկերիւր հայրապետացն
(Շար. 2 եւ վերջ)
[1] Հայց. առաք. եկեղեցւոյ Ազգային-եկղեցական ժողովի հեղինակութեան եւ բացթողումներուն մասին տե՛ս «Միապետութի՞ւն մը հանրապետութեան մէջ – Եկեղեցին ինքնակալութեան եւ ժողովրդավարական-սահմանադրական պետութեան միջեւ» խորագրով յօդուածս. https://hairenikweekly.com/?p=64593; https://www.yerepouni-news.com/a-monarchy-within-the-republic-the-church-between-autocracy-and-the-constitutional-state1/