Մեղա՜յ… մեղա՜յ Արարատին… երբ կ՛ուզեն, որ մոռնանք զայն եւ աչքերնիս դարձնենք Արագածին:
Մեղա՜յ… մեղա՜յ Էջմիածնին, երբ կ՛ուզեն զայն ասպատակել եւ հոգեւորականները բանտարկել` անոնց պարտադրելով իշխող ուժի դէմ ծնրադրել եւ մեղայի գալ:
Մեղա՜յ…մեղա՜յ Արցախին, երբ զայն դարձուցինք քաւութեան նոխազ եւ հայաթափեցինք:
Մեղա՜յ… մեղա՜յ նահատակներուն, երբ զանոնք առաջնորդեցինք կառափնարան, եւ մենք կը զուարճանանք Ճենիֆըրլոփեզներով:
Սակայն, փառ՛ք, հազա՛ր փառք, քանզի, հակառակ արցախեան պատերազմին մեր կրած խայտառակ պարտութեան, բիւրաւոր նահատակներուն, հազարաւոր հաշմանդամներուն, սեւազգեստ մայրերուն ու քոյրերուն եւ կորսուած արժանապատուութեան, այսօր հպարտութեամբ կ՛ըսուի, թէ` «Կորսնցուցինք Ղարաբաղը, բայց գտանք Հայաստանը»` իրակա՛ն Հայաստանը… քանի որ երրորդ հանրապետութեան 27 յաղթական տարիներուն, ըստ սորոսական պղպջակներու, ան կեղծ ու շինծու Հայաստան է եղեր: Այսինքն Ղարաբաղեան ազատագրական պայքարը, Արցախի ազատագրումը, 27 տարիներու ազատ, անկախ կեանքը` սո՞ւտ: Երանի հրաշքով մը գերեզմանէն դուրս գար Հայոց Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանը եւ տեսնէր կատարուող խեղկատակութիւնը` արդի` իրական Հայաստանի մէջ:
Վերջերս Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած «Խաղաղութեան նախահռչակագիրի» արարողութենէն ետք, այնպէս կ՛երեւի, որ մենք հիմա դարձած ենք խաղաղութեան ռահվիրաներ եւ, ըստ իշխանութեան վստահելի արտայայտութեանց, Հայաստանի ժողովուրդը այսուհետեւ պիտի ապրի բարօր կեանք, ամբողջական խաղաղութիւն, եւ մենք ոչ միայն մեր սահմանները պիտի բանանք թուրքին եւ ազերիին առջեւ, այլ նաեւ շուտով մեր տուներուն դռները եւս: «Ուրախացի՛ր, պսակ կուսի..» վաղը կ՛ունենանք նոր նոր զբօսաշրջիկներ… յաճախորդներ… առատ դրամ… վայելք… եւ օր մըն ալ` հարեւաննե՜ր… ինչո՞ւ ոչ` փեսաներ ու խնամիներ ալ:
Ամէն պարագայի, խաղաղութեան մեծ աւետիսը մեզի հաղորդեց երկրին վարչապետը եւ ըսաւ, որ` «Հայաստանի 2026 տարուան զինուորական պիւտճէն կարելի է ջնջել, քանի որ հասանք իրական ու սպասուած խաղաղութեան»:
Ուրեմն, այլեւս ո՛չ զէնք, ո՛չ հրթիռ, ո՛չ օդանաւ կ՛ուզենք: Ի՜նչ լաւ.. Ահա՛ հայուն երազածը: Այլեւս կրնանք ամենայն լրջութեամբ յայտարարել, որ Ալիեւի խաղաղութեան սպիտակ թուղթը մեզ պիտի պաշտպանէ «Ի չար սատանայէ եւ ի չար խաբէութենէ»: Վկա՛յ` պարոն Թրամփը, իսկ աւելի մեծ վկայ` Հայոց պատմութիւնը: Ինչե՜ր չեղան` 1895-ին…1915-ին… 1918-ին… 1920-ին եւ 1921-ին.. Առանց վերյիշելու Սումկայիթի ու Պաքուի ջարդերը: Հայ ժողովուրդ, ի՜նչ շուտ կը մոռնաս տխուր անցեալդ, գաղթդ ու տեղահանութիւնդ: Ի՜նչ շուտ կը մոռնաս Ցեղասպանութիւնդ եւ կը պատրաստուիս հողդ, ընտանիքդ ու պատիւդ յանձնել բորենիին:
Ազնի՛ւ ընթերցող, մինչեւ այս պահը արտասանուած խօսքերը` շա՛տ լաւ: Պիտի փորձենք հաւատալ` չհաւատալով, ու միշտ ապրելով կասկած, քանի որ լաւ կը ճանչնանք մեր ոխերիմ թշնամին:
Բայց, տակաւին երէկ, երբ Հայաստանի վարչապետը մեծ ուրախութեամբ իր խաղաղութեան երգը կ՛երգէր, նոյն վայրկեան Ալիեւ ամենայն պոռոտախօսութեամբ կը յայտարարէր հետեւեալը. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կարելի է ըսել, որ աւարտած է, եւ ստորագրուած փաստաթուղթերը լիովին կ՛ապահովեն մեր շահերը»:
Կարդալով վերեւ արտայայտուած խօսքերը Ազրպէյճանի նախագահին բերնէն` պահ մը զարմացայ անոր կիրթ եւ քաղաքավար վերաբերմունքին. սակայն շփոթմունքս շուտ գտաւ իր իսկական երեսը, երբ անոր աղաղակող ձայնը, մեծ յոխորտանքով, հպարտութեամբ եւ ծայրայեղ մոլուցքով եկաւ արդարացնելու մտածմունքս.
«Մեր երկիրը մատակարարուած է ամէնէն արդիական անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրետանային նոր համակարգերով: Ստորագրուած են համաձայնագիրներ նոր ռազմական օդանաւերու գնման համար, իսկ եղածները լիովին արդիականացուած են: Մենք որեւէ պահու պէտք է պատրաստ ըլլանք պատերազմի, քանի որ աշխարհի մէջ իրադարձութիւններուն ընթացքը այնպիսին է, որ անկարելի է կանխատեսել, թէ վաղը ի՛նչ պիտի ըլլայ»:
Կարծեմ խօսքի եւ բացատրութեան կարիք չկայ երբեք` հասկնալու Ալիեւի խօսքը: Արդեօ՞ք մեզի կը մնայ հակաճառել հոս եւ կարգի հրաւիրել ազերի նախագահը` յուշելու, թէ ո՛ւր մնաց «Խաղաղութեան հռչակագիրի» ոգին, բովանդակութիւնը, երբ ան ամենայն վստահութեամբ կը խօսի` գրեթէ սպառնացող ոճով, ջանալով սարսափեցնել հայը: Սակայն ան չի բաւարարուիր այսքանով եւ կը շարունակէ.
«Մեր ապահովութեան երաշխաւորը մենք ենք` պետութիւնը, ժողովուրդը եւ մեր զինուած ուժերը: Հետեւաբար, եթէ ոեւէ մէկուն հիւանդ ուղեղին մէջ Ազրպէյճանի դէմ որեւէ սադրանք իրականացնելու միտք ծագի, ապա կը կարծեմ` ան կրկին պիտի զղջայ ատոր համար: Եւ այսուհետեւ մենք պիտի ապրինք իբրեւ յաղթանակած ազգ եւ յաղթանակած պետութիւն»:
Ազնիւ ընթերցող, ահա՛ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքած ու ստորագրած կիրթ մարդուն հնչող խօսքերը: «Հիւանդ ուղեղով» հայ ժողովուրդ, եկո՛ւր եւ հաւատա՛, եկո՛ւր եւ մի՛ սրդողիր: Ո՞ր մէկ թուրքին կրնաս հաւատալ: Հայրենի՛ իշխանութիւններ, աշխարհին ուղղուած Ալիեւի քարոզը լսելէ ետք, հիմա դուք խանդավառութեամբ բացէք սահմանները… տուէ՛ք «Զանգեզուրի միջանցք»-ը եւ կամաց կամաց պատրաստուեցէք բանալու Երեւանի դռները եւս.. Ոճրագործ Ալիեւ, չբաւարարուելով իր զազրելի ոճիրներով ու ահաբեկչութիւններով, տակաւին կը շարունակէ` ամենայն յանդգնութեամբ.
«Մեր գործը` (ազերիներու) ստեղծագործելն է: Անոնք (հայերը) աւերեցին մեր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը: Քելբաջար քաղաքին մէջ ոչ մէկ շէնք մնաց: Քելբաջարի ոչ մէկ գիւղի մէջ ոչ մէկ շէնք մնաց: Ասիկա բարբարոսութիւն էր: Ասիկա անմարդկային արարք էր, եւ ասիկա չէ կատարուած մէկ կամ տասը մարդու կողմէ, կատարուած է զանգուածաբար: Անոնք պէտք է զբաղին այս հարցերով: Ի՞նչ հասարակութեան մէջ կ՛ապրի Հայաստանը: Այն հասարակութեան մէջ, որ բռնագրաւումի ատեն կողոպուտը դարձուցած է իր եկամուտի հիմնական աղբիւրը: Ասիկա հիւանդ հասարակութիւն է, եւ ես բացայայտ կերպով կը խօսիմ այս մասին»:
Ազերի նախագահի այս աչք ծակող սուտէն ետք կարելի է հարց տալ, թէ` ո՞վ շինեց ու զարգացուց Պաքուն, ո՞վ շինեց ու զարգացուց Թիֆլիսը, ո՞վ շինեց ու զարգացուց Պոլիսը, Պէյրութը, Հալէպը… դո՞ւն.. Այս բոլորէն ետք արդեօք աւելցնելիք խօսք կամ բառ հարկաւո՞ր է շնորհաւորելու պարոն Փաշինեանը`, իր եւ Ալիեւի բերելիք կասկածելի խաղաղութեան համար: Մաղթենք, որ սխալած ըլլանք:
Իլհամ Ալիեւ շատ լաւ գիտէ իր ցեղին բարեմասնութիւնները, սակայն եթէ անհրաժեշտ լուսաբանութեան կարիքը զգայ, ան կրնայ դիմել իր աւագ եղբօր, եւ ան կրնայ զինք կուշտ ու կուռ լուսաբանել թուրքերու դարաւոր հրէշագործութեանց մասին, որոնք կատարուեցան ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի, ամբողջ Կիլիկիոյ, Կարսի եւ Անիի տարածքին, երբ չբաւարարուելով ապրող հայու շունչը վերջնականօրէն մարելու մարմաջով` չարագործ ու վատոգի ահաբեկիչներ քանդեցին եւ աւերեցին հայկական յուշակոթողներն անգամ, որպէսզի քարերը չխօսին եւ յաւերժ լռեն: Բան մը, որ շուտով ժառանգեց Ալիեւը եւ գործադրեց նախ Նախիջեւանի մէջ, Ջուղայի մէջ եւ վերջերս Արցախի մէջ` քանդելով դարաւոր տաճարներ, վանքեր, յուշարձաններ եւ շիրիմներ` քաղաքակիրթ Արեւմուտքի աչքին առջեւ:
Իսկ այսօր մենք կրկին նոյն վտանգին դէմ յանդիման ենք` յուսալով, վստահելով ու մանաւանդ հաւատալով ազերիին եւ թուրքին խոստումներուն, միաժամանակ խզելով դարաւոր բարեկամութիւն ու յարաբերութիւն հիւսիսի դրացիին հետ, զայն անտեսելով ու արհամարհելով, իրապէ՛ս վտանգելով մայրաքաղաք Երեւանն անգամ:
Այս ոլորտին մէջ կիրակի, 24 օգոստոսին Գիւմրիի ռուսական 102-րդ ռազմակայանին առջեւ տեղի ունեցաւ հակառուս ցոյց, եւ ռուսական ռազմական ներկայութիւնը Հայաստանէն հեռացնելու քայլը, կը խորհիմ, լաւ բան չի խոստանար Հայաստանին, եւ աւելի՛ն, կը բարդացնէ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնը եւ կ՛ուրախացնէ մեր հակառակորդը, որ կը պատրաստուի Ռուսիոյ փոխան` դառնալ հեղինակութիւն ու ներկայութիւն Կովկասի մէջ, շնորհիւ Արեւմուտքի խաբեբայութեանց ու թակարդին:
Արդեօք հայրենի իշխանութիւններ չե՞ն յիշեր Արեւմտեան Հայաստանի հայ զանգուածներուն աղէտալի ճակատագիրը: Արդեօք չե՞ն գիտեր Սարդարապատը: Արդեօք չե՞ն գիտակցիր, թէ թրքական բանակներ ինչպէ՛ս արշաւեցին Արեւելեան Հայաստանի վրայ` վերջնականօրէն լուծելու համար Հայկական հարցը: Ի՛նչ շուտ կը մոռնանք Արցախի հայաթափումը: Իսկ հիմա գայլը պահա՞կ` գառնուկի՞ն:
Այս բոլորէն ետք դէ՛, եկո՛ւր, հա՛յ գրող, հա՛յ մտաւորական, դուն, որ ժողովուրդին բազկերակն ես, մի՛ գրեր, մի՛ քննադատեր, փակէ՛ աչքերդ, կոյր ու խուլ ձեւացիր եւ ծափահարէ՛:
Եղածները տեսնե՛լ, չխօսի՛լ, չգրե՛լ, լռե՛լ եւ մանաւանդ սխալը պաշտպանել` կը խորհիմ ազգի հանդէպ դաւաճանութիւն է: Իսկ հայ գրողը այսօր` բոլոր ժամանակներէն աւելի, իր գրիչը պէտք է թաթխէ իր խիղճին մէջ եւ գրէ` խիղճի լեզուով, մտածելով ազգի յաւերժութեան մասին, հայրենիքի ճակատագրին մասին, եւ ոչ թէ գլուխ ծռէ արձակուած հրահանգին կամ մամոնայի առջեւ..