Յօդուածներ

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին

Հայ Եկեղեցին Եւ Կանոնական Իրաւունքի Օրէնսգիրքի Բացակայութիւնը

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Ի՞նչ է կանոնագիրքը, կամ այլ խօսքով` եկեղեցական օրէնսգիրքը Կանոնագիրքը Հայց. առաք. եկեղեցւոյ իրաւական օրէնսգիրքն է: Ան կը պարունակէ Հայ եկեղեցիին վերաբերող ամբողջ իրաւական համակարգը, որուն շնորհիւ կ՛ապահովէ իր ներքին կարգը, կը պաշտպանէ իր անդամներուն իրաւունքները, կը տնօրինէ անոնց պարտականութիւնները, կ՛երաշխաւորէ արդարութեան սկզբունքին գործադրումը ու կ՛ամրագրէ կառավարման կարգուկանոնը: Արդեօք ունի՞ Հայց. առաք. եկեղեցին նման կանոնագիրք, այլ խօսքով`...

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան

Խաբկանքով Անկախութիւն- Փաշինեանի Ճանապարհը Դէպի Կործանում

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Անկախութեան հռչակագիրի 35-ամեակին առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ուղերձին մէջ փորձեց սեփականացնել եւ իւրովի  իմաստաւորել այն փաստաթուղթը, որ ծնունդ առաւ 1990-ին` հայ ժողովուրդի միասնական կամքէն: Անոր  ուղերձը մերկացուց այն դաժան ճշմարտութիւնը, որուն մասին ժողովուրդը վաղուց կը խօսի, Փաշինեան կանխամտածուած կերպով երկիրը  տարաւ դէպի պատերազմ եւ պարտութիւն` քանդելով Հայաստանի անկախութեան ամենակարեւոր հիմքերը: Իր բառերով` «Զիջումները կը նշանակէին Հայաստանի անկախութեան...

Ուաշինկթընեան Համաձայնութիւններ.   Աշխարհաքաղաքական Նախատրամադրուածութիւն Եւ Ընդհանուր Դրոյթներ (Մաս Ա.)

Ուաշինկթընեան Համաձայնութիւններ. Աշխարհաքաղաքական Նախատրամադրուածութիւն Եւ Ընդհանուր Դրոյթներ (Մաս Ա.)

ԳԷՈՐԳ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 2025թ. օգոստոսի 8-ի ուաշինկթընեան իրադարձութիւնները փոթորկել են Հայաստանի հասարակական-քաղաքական կեանքը: Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ղեկավարների կողմից ստորագրուած յուշագիրը` ԱՄՆ նախագահի ներկայութեամբ, Հայաստանի ու Ազրպէյճանի հետ ԱՄՆ-ի կնքած երկկողմ յուշագրերը, Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ նախաստորագրուած` «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան ու միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին համաձայնագիրը», «Յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման Թրամփի ուղու» շուրջ պայմանաւորուածութիւնները եւ այլն յաւակնում են էականօրէն...

Հերթը Հասած Է Սասնայ Մարաթուկի Վանքի Վերանորոգութեան

Հերթը Հասած Է Սասնայ Մարաթուկի Վանքի Վերանորոգութեան

«ԱԿՕՍ». Հայ երաժշտական գանձարանին մէջ անհամար են Մարաթուկ սարին ձօնուած երգերը: Իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով Մարաթուկ սարին գագաթը այդքան ալ դիւրին հասանելի չէ եղած բոլոր ժամանակներուն: Վերջերս, շնորհիւ Ազիզ Տաղճըի նախագահած միութեան ջանքերուն Մարաթուկ սարը թէ՛ տեղական իշխանութիւններուն եւ թէ՛ մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան նախարարութիւններու ուշադրութեան արժանացաւ: Այս ծիրին մէջ Պաթմանի (Սասուն) մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրէնութիւնը Պոլսոյ մէջ տեղեկատուական բնոյթով ժողով...

Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Կազմաւորումը

Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Կազմաւորումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ռուսաստանի բոլշեւիկեան կուսակցութեան Կովկասեան բիւրոյի արտահերթ նիստին, 5 յուլիս 1921-ին, Իոսիֆ Ստալինի անձնական միջնորդութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի բռնակցուեցաւ: Նախապէս արդէն Լենին, երբ Մոսկուայի մէջ ռուս-թրքական բանակցութիւնները տեղի կ՛ունենային, նշած էր որ իրենք ստիպուած են ժամանակաւորապէս զոհաբերել հայ աշխատաւորներուն շահերը յանուն համաշխարհային յեղափոխութեան: Իսկ Ստալին համոզում յայտնած էր որ հայապատկան տարածքներու համար չ՛արժեր հարցեր ունենալ կամ կռուիլ Թուրքիոյ հետ,...

Սուրիա` Նոր Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման

Թրամփ-Փութին Ալասքայի Վեհաժողովը Եւ Միջին Արեւելքի Հնարաւոր Կարգաւորումները

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Օգոստոս 2025-ին Ալասքայի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած վեհաժողովը մեծ մասամբ քննարկեց Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը: Սակայն հանդիպումը միաժամանակ հարցեր բարձրացուց աշխարհաքաղաքական տարբեր խնդիրներու մասին, որոնք կ՛առնչուին Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի հարցերուն: Թէեւ Միջին Արեւելքը բացակայ էր  պաշտօնական հաղորդագրութենէն, սակայն շատ հաւանական է, որ Սուրիա, Իրան եւ Իսրայէլ  ներգրաւուած ըլլան ամերիկեան-ռուսական...

Խմբագրական «Ալիք»-ի.  Ուաշինկթընեան Փաստաթղթի Ուրւականն Ու Իրանի Չփարատւած Մտահոգութիւնները

Խմբագրական «Ալիք»-ի. Ուաշինկթընեան Փաստաթղթի Ուրւականն Ու Իրանի Չփարատւած Մտահոգութիւնները

Նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի այցը Հայաստան հերթական անգամ ընդգծեց տարածաշրջանում առկայ աշխարհաքաղաքական խնդիրների բազմաշերտութիւնը եւ անմիջական մարտահրաւէրների բազմազանութիւնը, որոնց հետ առնչւում է ոչ միայն Հայաստանը, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանը, մասնաւորապէս` Իրանը: Իրանական կողմից նախօրէին հնչած նախազգուշացումները եւ այցի ընթացքում Հայաստանի իշխանութիւններին ուղղուած հարցադրումները պարզորոշ ցոյց տուեցին, որ Թեհրանը խորապէս մտահոգուած է Ուաշինկթընում օգոստոսի 8-ին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ԱՄՆ միջնորդութեամբ նախաստորագրուած փաստաթղթով...

Բացայայտ Ոճիրը Դրժելի Չէ

Բացայայտ Ոճիրը Դրժելի Չէ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ ՄԱԿ-ը եւ բազմատասնեակ երկիրներ կ՛աղաղակեն. Կազայի բնակիչներուն վիճակը անտանելի, Իսրայէլ մահ ու աւեր կը սփռէ, բանակին նորագոյն յարձակողականը սովի մատնած է աւելի քան կէս միլիոն մարդ, թիւը շուտով կրնայ բարձրանալ, սովահարներուն մէջ մեծ է թիւը մանուկներու, կիներու եւ անկարութեան մատնուածներու: Զոհերուն ընդհանուր թիւը բարձրացած է 62 հազարէն վեր: Փաստերը` պաշտօնական տեղեկագիրներու, լուսանկարներու եւ տեսագրութիւններու մէկտեղումը կրնայ ստեղծել Մովսէս...

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Զաւարեան ուսանողական միութիւնը վերանորոգեց լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի ուխտը` մասնակցելով ՀՅԴ 12-րդ համահայկական բանակումին «Պիտի վերադառնանք» լոզունգով, եւ քաջ կը  գիտակցի, որ հաստատօրէն դարձեալ պիտի ազատագրենք Արցախը: Բանակումը ոչ միայն հաստատեց դաշնակցական երիտասարդին եւ ուսանողին վերադարձի կամքը  դէպի Արցախ, այլ աշխարհին փաստեց, որ հայութեան մէջ կայ ուժ մը, որ երբեք չի նահանջեր, չի տկարանար, չի դադրիր պայքարելէ եւ չի...

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը

ՍԷՐԼԻ ՆԵՄՇԷՀԻՐԼԵԱՆ 15 յուլիս 2025-ը երկար պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ: Այդ օրուան կէսօրին Երեւանի մէջ հաւաքուած էին աշխարհի չորս ծագերէն եկած երիտասարդներ` պատրաստ, միասնաբար ապրելու այն փորձառութիւնը, որ կը կոչուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական համահայկական 12-րդ բանակում: Բանակումին կարգախօսը` «Պիտի՛ վերադառնանք»-ը, միայն խօսք մը չէր. անիկա դարձած էր կեցուածք, նպատակ եւ հաւատք: Վերադարձը այստեղ քաղաքական հայեցակարգի վերածուած...

Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը

Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը

ՄԱՐԳՕ ԽՈՐՇԻՏԵԱՆ Արցախի մէջ իր կեանքը ազգին ու հայրենիքին զոհաբերած լիբանանահայ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեան ծնած է 28 նոյեմբեր 1967-ին, Լիբանանի Պէյրութ մայրաքաղաքը: 11 տարեկանին ընտանիքը Սուրիայէն կը վերադառնայ Լիբանան: Ան կը յաճախէ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճ, մաս կը կազմէ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան, ապա` ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին: Մհերը կ՛ուսանի Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ` բնագիտութեան մասնագիտութեամբ, եւ ապա ուսումը կը շարունակէ` խորանալով...

Դաստիարակչական Ուժ Եւ Պայքարի Վճռակամութիւն Փոխանցող Բանակում

Դաստիարակչական Ուժ Եւ Պայքարի Վճռակամութիւն Փոխանցող Բանակում

ՍԱՆԱՀԻՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ Երբ փորձառութիւն մը շատ մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ մեր վրայ, կը դժուարանանք զայն բացատրել կարճ ձեւով կամ յօդուածով մը, կը դժուարանանք նոյնիսկ արտայայտուելու, որովհետեւ չենք կրնար որոշել ո՛ր կէտին վրայ կեդրոնանալ: Իրապէս այս էր իմ տպաւորութիւնս ՀՅԴ-ի 12-րդ համահայկական բանակումէն: Այնքան խոր ու ամբողջական էր փորձառութիւնը, որ մեզ տպաւորեց բազմաթիւ տարբեր միջոցներով` ըլլայ ազգային արժէքներու ամրապնդումով, ըլլայ յեղափոխական...

Ոտնակոխ Տունը

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը Բ.

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ծանօթ.- Յօդուածին Ա. մասը կը վերաբերէր այն ժապաւէններուն, որոնք մրցանակակիր են եւ կամ բեմադրուած են արտասահմանի մէջ գործող հայկական ծագումով երեւելի բեմադրիչներու կողմէ, ինչպէս` Էկոյեան: «Թեւաւոր լարեր»  (Fibers). Աննա Գրիգորեան, 15 վ Վաւերագրութիւն հիմնուած շրջափակուած Արցախի մէջ ազերիական ռմբակոծումէն պաշտպանուելու համար ապաստանարանի մը մէջ մնացած 18 կիներու վկայութիւններուն: Վերնագիրը թերեւս ակնարկ է կանաչիով ուտեստեղէն պատրաստող կանացի թեւերուն: Ցաւօք...

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան

Տեսակէտ. Լիբանանահայ Համայնքի Վաղուան Օրը

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Լիբանանահայ համայնքը այսօր կը գտնուի մտահոգիչ կացութեան մէջ: Պատճառները ներքին են եւ արտաքին: Լիբանանի անվտանգութիւնը եւ տնտեսական, քաղաքական անորոշութիւնը էական ազդեցութիւն կ՛ունենան համայնքին կենսունակութեան եւ ապագային վրայ: Համապատկերը կ՛արտացոլայ բոլոր համայնքներուն վրայ: Քրիստոնեայ համայնքներուն մէջ ծագած է գոյապահպանութեան մտահոգութիւն: Արտագաղթի ուրուականը կը սպառնայ լիբանանահայութեան գոյութեան: Համայնքին բարեկեցութեան խորհրդանիշ հանդիսացող միջին խաւը կեցութեան պայքար կը մղէ այսօր: Փաստօրէն Լիբանանի...

Վահէ Օշական` «Իմ Սիրելի Սփիւռքս»

Վահէ Օշական` «Իմ Սիրելի Սփիւռքս»

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. ՔՀՆՅ. Գ. «Հոս հեքիաթին օրէնք(ներ)ը պէտք եղաւ փոխել` չիյնալու համար հրաշքի հմայքին բռնութեան տակ: Ի վերջոյ, երեխայ չենք, հեքիաթին օրէնքները մենք գրեր ենք» Վ. ՕՇԱԿԱՆ Ա.- Նախաբան Սկիզբը` Պօղոս Սնապեանէն վկայութիւն մը. «Վահէ Օշական, առաւել քան` ոեւէ ուրիշ մը, ճանչցաւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ աշխարհասփիւռ հայութեան հետ` աշխարհի քաղաքակրթութիւնները, տարբեր մշակոյթները, հայութեան հետ այս կամ այն կապերով կապուած աշխարհի...

Ստացուած Գիրքեր.  «Հարիւրամեայ Ատենագրութիւնը Ուղեցոյց Եւ Առաջնորդ»  (Հեղինակ` Երուանդ Քասունի)

Ստացուած Գիրքեր. «Հարիւրամեայ Ատենագրութիւնը Ուղեցոյց Եւ Առաջնորդ» (Հեղինակ` Երուանդ Քասունի)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի մէջ 2024-ին լոյս տեսաւ Երուանդ Քասունիի «Հարիւրամեայ ատենագրութիւնը ուղեցոյց եւ առաջնորդ» գիրքը, բաղկացած` 168 էջերէ: Յառաջաբանին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ աշխատասիրութեան նպատակն է 5-էն 10 յուլիս 1922-ին Պոլսոյ մէջ կայացած «Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաժողովի» ատենագրութեան երկրորդ հրապարակումը, որուն ընթերցումը կը հաստատէ անոր պատմական կարեւորութիւնը եւ մերօրեայ այժմէականութիւնը: Քասունի կը շարունակէ ըսելով որ համաժողովը իր մթնոլորտով, արծարծած հարցերով...

Ո՞վ Է Դաշնակցական Երիտասարդը

Ո՞վ Է Դաշնակցական Երիտասարդը

ՍԱՐԳԻՍ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ՀՅ Դաշնակցութեան համահայկական երիտասարդական 12-րդ բանակումը իրականացւում է Հայաստանի, հայութեան եւ Դաշնակցութեան համար իրօք բացառիկ պայմաններում: Ցաւով ենք արձանագրում այս հաստատումը, որովհետեւ կարող էր բոլորովին այլ ընթացք ունենալ մեր երկրի ու մեր ազգի ճակատագիրը: Կարող էր` դրական լինել, լուսաւոր լինել, վառ գոյներով լինել, բայց այդպէս չէ: Այդպէս չէ, որովհետեւ 2018 թուականին Հայաստանում իշխանութեան բերուեցին համաշխարհայնացման հետեւորդ ապազգային ուժեր,...

Ոտնակոխ Տունը

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Փառատօնին կրկին ու կրկին անդրադարձած եմ: Հասկնալի պատճառներով այս տարուան ակնբախ բացականերն էին ռուսական եւ թրքական ժապաւէնները: Անգամ մը եւս բացակայ էր նախապէս փառատօնին հիմնական բաժինը կազմող  «Հայկական համայնապատկեր»-ը: Հայկական շարժապատկերի շարունակուող տագնապը կը կարօտի առանձին ուսումնասիրութեան: Որմազդը ցուց կու տայ իրերանման ամերիկեան տիպի ինքնաշարժներու քիթ-բերան ջարդող բախում, որուն զուգահեռ են համբուրուող բոսոր շուրթեր: Ընթերցողը թերեւս կարենայ դրական...

«Խաղաղութեան Պայմանագիր». Հայաստանի Նուաստացուցիչ Յանձնուողականութիւն

«Խաղաղութեան Պայմանագիր». Հայաստանի Նուաստացուցիչ Յանձնուողականութիւն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ քանի մը տարուան լարուած, միակողմանի բանակցութիւններէն ետք, մարտ ամսուն երկու երկիրները յայտարարեցին, որ վերջապէս համաձայնութիւն գոյացուցած են «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ի բոլոր 17 կէտերուն շուրջ: Նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստան ընդունած է Ազրպէյճանի կողմէ թելադրուած բոլոր պայմանները: Երբ Հայաստանը խնդրեց Ազրպէյճանին ճշդել ստորագրութեան արարողութեան օր, Պաքու մերժեց: Նկատի ունենալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատրաստակամութիւնը` յաւելեալ զիջումներ...

35 Տարի Առաջ.  Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը Անկախութեան Հռչակագիր Կ՛ընդունէր

35 Տարի Առաջ. Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը Անկախութեան Հռչակագիր Կ՛ընդունէր

Խորհրդային Միութեան մէջ 1986-ին, Համայնավար կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Միխայիլ Գորբաչովի նախաձեռնութեամբ, սկիզբ առաւ պետութեան վերակառուցման գործընթացը: Արցախեան շարժումը սկսաւ 1988 փետրուարին, իսկ դեկտեմբեր 7-ին տեղի ունեցաւ Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը: Խորհրդային Միութեան բաղկացուցիչ հանրապետութիւններ սկսան իրաւական քայլերու ձեռնարկել, իրենց ինքնիշխանութիւնը վերականգնելու համար: 7 ապրիլ 1990-ին ընդունուեցաւ օրէնք, որուն համաձայն, բաղկացուցիչ հանրապետութիւնները կարելիութիւն ունենան դուրս գալու Խորհրդային Միութեան կազմէն, եթէ տուեալ հանրապետութեան...

Page 86 of 1110 1 … 85 86 87 … 1,110

Արխիւներ