Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տուտուկահար, Շուիահար Նելլի Մարտիրոսեան Գերեց Ունկնդիրները

Օգոստոս 30, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Հազուադէպ բարեբախտութիւն է ներկայ գտնուիլ հայ երաժշտութեան նուիրուած յատուկ նուագահանդէսի մը` լսելու ձայնային խորհրդաւոր ինքնօրինակութեամբ ու պարզութեամբ յատկանշուող, հայկական ժողովրդական շարք մը փողային նուագարաններու` տուտուկ, սրինգ, զուռնա, պկու, շուի, տհոլ, պարկապզուկ եւ պլուլի չքնաղ ներյատուկ ձայնածաւալը:

Սփիւռքի դարաւոր գաղթօճախներէն մէկուն` Լեհաստանի մէջ կը տարածուին` հայկական երաժշտութեան գիտելիքներու առատութիւնը, երաժշտական մեկնաբանութիւններու լայնածաւալ ճոխութիւնը, երգարուեստի մեր ժառանգութիւնը ծանօթացնելու ու տարածելու հրաշունչ ոգեւորութիւնը: Իրապէս հոգեկան ինքնաբաւարարութիւն մըն է սեփական մշակոյթիդ բաղադրիչներէն` արուեստն ու երաժշտութիւնը ներկայացնելը տարբեր երկիրներու մէջ:

Ներգործող հրապոյր մը ունին շրթնային ձայնագոյացումի իւրաբնոյթ այդ նուագարանները, անոնց ներգործութիւնը կը ճոխանայ, երբ գիտակ նուագողի մը կողմէ կը բացատրուին ու կը ներկայացուին նուագարանները իրենց համակողմանի  երաժշտական, մասնագիտական հարուստ տեղեկութիւններով, կը ծանօթանանք` տուեալ նուագարաններու պարզունակ կազմին, նիւթի կառոյցին, նոյնակերպ ու իրարմէ զատորոշուող բնորոշումներուն, երաժշտական մասնագիտական գիտելիքներուն: Իրազեկ կը դառնանք այդ նուագարաններու ձայնակարգերուն, կը զգանք ու կ՛իմանանք հայկական երաժշտական ազգագրական խորհրդաւոր ձայնասահմանները, կ՛անսանք նուագարաններու ձայնային դասակարգումին, ձայնատեսակի հնչեղութեան:

Հայկական ժողովրդական փողային նուագարաններու վերոյիշեալ պարունակով ելոյթը տեղի ունեցաւ Լեհաստանի հարաւը գտնուող Վրոցլաւ քաղաքի մէջ, կիրակի, 22 յունիս 2025-ին: Հեզասահ լեհերէնով, երաժշտական բառապաշարի հանդարտահոս եւ ըմբռնելի բացատրութեամբ, հայկական երաժշտութեան վայելքը ներկայացուց փչողական նուագարաններու հմուտ մեկնաբան Նելլի Մարտիրոսեանը` նուագելով տուտուկի հինգ եւ շուիի երեք տեսակ նուագարաններ:

Նուագահանդէսի կազմակերպիչն էր Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի հայ մշակոյթի ժառանգութեան «Փիրամովիչ հիմնարկ»-ի Instytut Piramowicza [1] ղեկավար դոկտ. Անտժէյ Կլինսքին, հովանաւորն էր Վրոցլաւի քաղաքապետ եւ Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Պոյաճեանը: Այս նուագահանդէսը «Հայերը Սիլեզիայի մէջ» (Ormianie na Śląsku) ծրագիրի մէկ բաժինն է: Ծրագիրին նպատակն է պահպանել ու տարածել հայկական մշակոյթը, ինքնութիւնն ու պատմութիւնը Լեհաստանի Սիլեզիայի մարզին մէջ: Ծրագիրը ֆինանսաւորուած է Լեհաստանի ներքին գործոց եւ վարչակազմի նախարարութիւններու համատեղ դրամաշնորհին շնորհիւ:

Այս առիթով, եկէ՛ք, համառօտ լուսանցք մը բանանք` ծանօթանալու շուիահար, տուտուկահար արուեստագէտի գեղարուեստական երթին: Նելլի Մարտիրոսեան աւարտած է Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի մշակոյթի բաժանմունքի ժողովրդական նուագարաններու ամպիոնը: Շուի նուագելու իր ուսումը ստացած է Աւետ Գաբրիէլեանի երաժշտական դպրոցին մէջ, ապա դասաւանդած է նոյն դպրոցին մէջ: Երաժշտական ուսումը շարունակած է Առնօ Բաբաջանեանի անուան երաժշտամանկավարժական բարձրագոյն դպրոցի շուիի բաժանմունքին մէջ: 2012 թուականին լեհի հետ ընտանիք կազմած եւ տեղափոխուած է Լեհաստան: Շրջան մը երաժշտական համագործակցութիւններ ունեցած է Լեհաստանի մէջ, սակայն յաջորդ տարիներուն սկսած է հանդէս գալ իր մենակատարումներով` հանրայնացնելով հայկական երաժշտութեան գեղարուեստը, փչողական նուագարաններու երգարուեստը: Լեհաստանի մէջ իր նուագահանդէսներէն եւ մասնակցութիւններէն կարելի է յիշել 2019 թուականին Քրաքովի մէջ «Կովկասի օրեր» փառատօնը, Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին նուիրուած ելոյթները:

2020 թուականէն սկսեալ` ամէն տարի իր բաժինը ունեցած է Քրաքովի մէջ սուրբծննդեան երգերու նուիրուած համերգներուն` ներկայացնելով ամանորեան երգերը եւ Սուրբ Ծնունդի նուիրուած աւետիսներու խորհախորհուրդ երգացանկը, վերջին երեք տարիներուն իր զաւկին` Նարեկի երգեցողութեամբ ու մասնակցութեամբ ճոխացած է արուեստագէտին երաժշտական ներկայութիւնը: Խրախուսիչ եւ խոստմնալից երեւոյթ է, երբ սփիւռքի մէջ նոր սերունդը իր հայաշէն ներդրումը կ՛ունենայ, կը շարունակէ հայկական հետքերով իր ծնողներու գեղարուեստական հետաքրքութիւնները, օտարութեան մէջ վառ պահելու հայ մշակոյթի, երաժշտութեան, արուեստներու դարաւոր ժառանգութեան գոյատեւումը: Քրաքովէն ետք հայկական երաժշտական փչողական նուագարաններու երգացանկով Նելլի Մարտիրոսեան իր մասնակցութիւնը բերած է Լեհաստանի Կտանսք քաղաքի` Հայ տան մէջ կայացած «Հայկական օրեր» մշակութային ծրագիրին, օգոստոս 2021-ին, ապա ելոյթներ ունեցած է Կլիվիցէ եւ Զապժէ քաղաքներու մէջ, 2022-ին: Յատկանշական է 2025 թուականի ապրիլին Փարիզի «Վահէ Ֆաթթալ հայ մշակոյթի կենդրոն»-ին մէջ հայկական ժողովրդական նուագարաններու երաժշտական իր մասնակցութիւնը, հոն ալ հայկական փչողական նուագարաններու յայտագիր մը  ներկայացուցած է տեղւոյն երեխաներուն եւ անոնց ծնողներուն:

Նելլի Մարտիրոսեանի երգացանկը հարուստ է ու փոփոխական, ան կը նուագէ այն, ինչ որ պահը կամ առիթը կը թելադրէ: Կարելի է յիշել, որ Նելլիին համար փչողական նուագարաններու երգացանկին վրայ տիրական ու ներգործող դեր ունին Կոմիտասը` իր երաժշտական ստեղծագործութիւններով, ինչպէս` «Տլէ եաման»-ը, «Քելէ քելէ»-ն, «Հով արէք սարեր ջան»-ը, «Հորովել»-ը, «Ամէն հայր սուրբ»-ը,  «Ծիրանի ծառ»-ը, «Կաքավիկ»-ը, «Շորոր»-ը, «Ալագյազ – խնկի ծառ»-ը, «Գարուն ա»-ն, «Շողեր ջան»-ը, «Չինար ես»-ը, «Երկինքն ամպել է»-ն, «Սոնա եար»-ը եւ այլն, Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս ախ չիմ քաշի»-ն, «Նազանի»-ն, «Քանի վուր ջան իմ»-ը, «Դուն էն հուրին իս»-ը եւ այլն: Անշուշտ կարելի չէ մոռնալ` Գրիգոր Նարեկացիի «Հավուն հավուն»-ը, Մեսրոպ Մաշտոցի «Բազում են քո գթութիւնքդ»-ը, Մակար Եկմալեանի «Սուրբ սուրբ»-ը, Ներսէս Շնորհալիի «Առաւօտ լուսոյ»-ն, Անանիա Շիրակացիի «Ով երանելիդ»-ը, «Խնկի ծառի նման ես»-ը, Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերայէն հատուածներ, Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը, Խաչատուր Աւետիսեանէն կտորներ եւ այլն: Բացի վերոնշեալներէն` Նելլի կը նուագէ դասական երաժիշտներէն զանազան ժանրեր` ժողովրդական, աշուղական, գեղջկական, հայրենասիրական, սիրային ու քնարական երգեր ու պարեր, հոգեւոր շարականներ ու մեղեդիներ:

Ն. Մարտիրոսեան փչողական նուագարաններու իր մենակատարումներով կարողացաւ մերթ յուզել, մերթ խանդավառել, մերթ ներշնչել, մերթ ալ հիացնել վեց տասնեակէ աւելի հանդիսատես-ունկնդիրներ: Մերթ ընդ մերթ մեզ փոխադրեց լսելու արօտավայրերու մէջ հայ հովիւներու կանչը, զգալու անոնց վիշտն ու ցնծութիւնը, մեզ հրաւիրեց վայելելու հայու հարսանեկան խրախճանքներու բերկրանքը, վերանալու հաւատքի ոգեշնչող զօրութեամբ, սքանչանալու սիրոյ ու կարօտի ջերմութեամբ: Մէկ խօսքով, Նելլի Մարտիրոսեան իր երաժշտական հմտութեան շնորհիւ, հաղորդած ձայնային ծովածաւալ մակընթացութիւններու ընդմէջէն, ներկայացուցած փչողական երաժշտութեան տեղեկութիւններու առատութեամբ, մեզ հաղորդակից դարձուց հայու հոգիի երաժշտական գանձարանի ինքնուրոյնութեան ու վսեմութեան, իրապէս ան կարողացաւ գերել ներկաները:

——

[1] Կժեկոժ Փիրամովիչ (1735–1801) Լվով ծնած, հայկական ծագումով (Փիրումեան տոհմէն) լեհ կաթողիկէ հոգեւորական, մանկավարժ, աստուածաբան, վաստակաւոր կրթական գործիչ: Յատկանշական դեր ունեցած է Լեհաստանի կրթական համակարգի բարեփոխումներու գործընթացին մէջ: Ուշագրաւ է անոր ներդրումը` իբրեւ լեհական ազգային կրթութեան յանձնաժողովի անդամի: Դասագիրքերու եւ մանկավարժական աշխատասիրութիւններու հեղինակ է, զգալի վաստակ ունեցած է 18-րդ դարու լեհական ուսումնակրթական եւ մշակութային համակարգին մէջ, կը համարուի Լեհաստանի կրթութեան եւ մանկավարժութեան հայրերէն մին:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ալիք»-ի. Ցեղասպան Յանցագործի Անբարոյականութիւնը

Յաջորդը

Հայր Իմ Սիրելի

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?