ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող,
Երբեմն աննշան թուացող դէպքերն իսկ ճակատագրական դեր կը կատարեն ու հետք կը ձգեն մեր կեանքին վրայ: Այդ օր թատրոն գացած էի պարզապէս հաճելի ներկայացման մը ներկայ ըլլալու համար: Սակայն դերասանուհիներէն մէկը խիստ տպաւորեց զիս, եւ հետագային այս մէկը վերածուեցաւ լուրջ ընկերութեան:
Ուրեմն այսպէս.
Երեւան, 1974, Ձմեռ

Այդ տարիներուն վարձով կ՛ապրէի Երեւանի երաժշտանոցին կողքին գտնուող Շարա Տալեանի կնոջ` Ժասմինայի բնակարանը, որ մօտ էր նաեւ Տրամաթիքական թատրոնին: Այդ օր մօտիկ ընկերներէս` ճարտարապետ Պետրոս Ապաճեանի հետ էի, որ իր հերթին թատերասէր եւ առհասարակ մշակութասէր անձնաւորութիւն մըն էր: Բեմադրուած էր «Հալածուած առաքեալ»-ը թատերախաղը: Ներկայացման մէջ երկու աղջիկներէն մէկուն դերը մարմնաւորող դերասանուհին խիստ տպաւորեց զիս` ոչ միայն անբռնազբօսիկ, ինքնավստահ ու անմիջական խաղարկութեամբ, այլ նաեւ` իր կենսաթրթիռ կանացի գրաւչութեամբ: Ան զսպանակուած եղնիկի մը ճկունութեամբ եւ ներքին զուսպ կրքոտութեամբ կ՛երթեւեկէր բեմին վրայ: Կարծես թէ բեմը իր սեփական տիրոյթը ըլլար: Հազիւ դուրս եկանք թատերասրահէն, Պետրոսին ըսի.
– Ողջ կեանքումս այսպիսի կին եմ երազել… :
– Ի՜նչ ես ասում Մովսէս, այսպիսի գեղեցիկ ու տաղանդաւոր կանայք լիքը երկրպագուներ են ունենում… յոյս մի՛ ունեցիր, թէեւ կեանքում ամէն ինչ էլ պատահում է…
Սակայն այնքան յափշտակուած էի դերասանուհիով, որ յոյսս չկտրեցի:
Ամիսներ ետք Վերին Չարպախէն տուն կը վերադառնայի, Երրորդ մասի Սպենդիարանի անուան հրապարակի անկիւնը կեցած աղջիկ մը ձեռքով նշան կ՛ընէր թաքսիին: Ինքն էր, վարորդին ուսը մխտելով` ըսի.
– Տես` ո՞ւր է գնում, կարո՞ղ ես վերցնել:
Վարորդը կեցաւ եւ պարզուեցաւ, որ Տրամաթիքական թատրոնին մօտ, «Կինօ Նայիրի»-ին դիմաց պիտի իջնէ: Ճանապարհին վարորդին դիմելով` ըսի.
– Վարպե՛տ, կարծում եմ այս գեղեցկուհին դերասանուհի է, ինձ ծանօթ է թւում:
Խօսքս օդի մէջ մնաց… հարկադրաբար լռեցի: Հակառակ անոր որ իմ բնակարանս աւելի առաջ էր, ես շարունակեցի ինքնաշարժին մէջ մնալ, մինչեւ որ ինք իջնէր: Ինքնաշարժի վարձը մէկ ռուբլի էր, աղջիկը երբ իջաւ, երեք ռռւբլանոց մը մեկնեց վարորդին: Պարզուեցաւ, որ վարորդը երկու ռուբլի չունի վերադարձնելու համար: Պահը յարմար գտայ ու ըսի.
– Դուք իջէք, ես կը վճարեմ, ես բեմից ձեզ ճանաչում եմ:
Իմ պատուախնդիր ու նրբազգաց ընթերցող, նոյնիսկ երեսս չնայեցաւ եւ վարորդին խիստ պատուիրեց.
– Յանկարծ չվերցնէք… սպասէ՛ք… մի րոպէից վերադառնում եմ:
Շատ չանցած` վերադարձաւ, վճարեց ու դարձեալ առանց իմ կողմս նայելու` քայլերը ուղղեց դէպի թատրոն: Ես յիշեցի Պետրոսին խօսքերը եւ յոյսս կտրեցի, սակայն չկրցայ մտքէս հանել զինք ու շարունակեցի պարբերաբար իր ներկայացումներուն ներկայ ըլլալ, երբեմն նաեւ` Մարտիկին (Պոյաճեան) հետ, որ համագիւղացիս էր, եւ գիտէր, որ ես կ՛երթայի աւելի դերասանուհին տեսնելու, քան` թատերախաղը դիտելու:
Բաղրամեան Պողոտայ, 1988, Վաղ Աշուն
Իմ հաւատարիմ ընթերցող,
Օրը շաբաթ էր: Որովհետեւ յաջորդ օրը որսի պիտի երթայինք, համեմատաբար աւելի կանուխ սկսած էինք նախապատրաստուիլ ընթրիքի: Վարուժը զիս եւ Մարտիկը (Պոյաճեան) ղրկած էր միրգ, բանջարեղէն, մսեղէն եւ մանաւա՛նդ խմիչք ապահովելու… «տակից»: Իսկ Ժանոյին (Ժան Ֆարրա) վստահուած էր խորովածի պատրաստութեան աշխատանքները: Երբ ես եւ Մարտիկը բեռնաւորուած ներս մտանք, տեսանք, որ Վարուժին քով զոյգ մը անծանօթ աղջիկներ նստած են… Թէեւ նման բան յաճախ կը պատահէր, սակայն երբ անդրադարձայ, որ անոնցմէ մէկը իմ փնտռած դերասանուհին է … քարացայ… եւ միրգի ու բանջարեղէնի տոպրակները ձեռքէս ինկան: Մարտիկը մեր Մուսա Լերան բարբառով բարձրաձայն ըսաւ.
– «Աընքի» (Ինքն է):
– «Աընքի ու ցուց ա աղուէյրի» (Ինքն է եւ ինչպէս ալ աղուոր է):
– «Միգալն ա աղուէյրի» (Միւսն ալ աղուոր է):
– «Թը դրզոտի, աընք ինծի, միգալն ա քի» (Եթէ այդպէս է ինքը ինծի, միւսն ալ քեզի):
– «Քապայլըմ ի» (Համաձայն եմ):
Աղջիկները, որոնք բան մը չէին հասկնար մեր խօսածէն, հետաքրքրուեցան մեզմով, իսկ Վարուժը, որ որոշ չափով վարժ էր Մուսա Լերան բարբառին, ըսաւ.
– Մեր ընկերներն են, լաւ տղաք են, սակայն շատ կարեւորութիւն մի՛ տաք… Ասոնք այնճարցիներ են… մէկը եկած է «պասքեթպոլ» սորվելու, միւսն ալ իբր թէ արուեստաբանութիւն կ՛ուսանի: Ի՞նչ պիտի ըլլայ…գաւառէն եկած «Ականջ կտրողներ են», մէկը «քարաթէիստ» է, միւսը` «քոնֆուիստ», մէջերնին խելքը գլուխը մէկը եթէ կայ, ան ալ այս է (ցոյց տալով Ժանոյին), որ թատերական կ՛ուսանի, միակն է, որ զիրար լաւ կը հասկնանք, միւսներուն խելքերնին մտքերնին ուտել խմել, որսի երթալ եւ կին խաղցնել է: Գիտէ՞ք` ի՛նչ ըրին հիմա… ձեր երկուքը «բաժնուեցան» իրենք իրենց մէջ, առանց ձեր կարծիքը առնելու… ինկած եմ ասոնց մէջ… քաշելիք ունիմ… ի՞նչ ընեմ… բայց լաւ է, լաւ…կարեւորը հաւատարիմ են եւ ընկերասէր:
Աղջիկները` ապշած, նախ իրարու նայեցան, թեթեւ մը ժպտեցան, յետոյ իրենց հերթին խուզարկու հայեացք մը նետեցին մեր վրայ ու քաղաքավարութենէ դրդուած` լռեցին: Զգացի, որ հակառակ Վարուժին տուած «անբարենպաստ» բնութագրումներուն, անոնք անտարբեր չեն մեզի հանդէպ: Իսկ ես որ մինչ այդ ինքզինքս հաւաքած էի եւ վարժ ըլլալով Վարուժի մեր` յատկապէս իմ հանդէպ ունեցած «վերապահութիւններուն», ըսի.
– Վարո՛ւժ ջան, շնորհակալութիւն` մեր հասցէին շռայլած գովասանքներուն համար, բայց այս գեղեցկուհիներուն մասին բան մը չըսիր: Ո՞վ են, ի՞նչ են, ո՞ւր գտար զիրենք…

– Կը տեսնէ՞ք, «ո՞ւր գտար…» կ՛ըսէ… կարծես թէ փողոցը թափած են աղջիկները եւ իրենց կը սպասեն: «Եաւրում» ասիկա Յասմիկն է, միւսը` Կարինէն, տաղանդաւոր դերասանուհիներ են, մէկը Տրամաթիքականէն, միւսը` Սունդուկեանէն: Նախ մտէք, ապրանքը տեղաւորեցէք եւ լաւ սուրճ մը ալ պատրաստեցէք, յետոյ կը նստինք եւ հանգիստ կը խօսինք, ես ալ տակաւին նոր կը ծանօթանամ իրենց:
Մարտիկը շարժեցաւ դէպի խոհանոց, բայց ես թեւէն բռնեցի ու ըսի.
– Ի՛նչ կ՛ընես, երկու չքնաղ աղջիկներ հանգիստ նստած, մենք` տղամարդի՞կս սուրճ պիտի պատրաստենք:
– Ի՞նչ կ՛ըլլայ «պապամ», նոր ներս մտան, հիւր են, ինչ կը պակսի ձեզմէ, սուրճ շինելն ալ անպատուութի՞ւն է: Ի՞նչ կայ որ, ես կը շինեմ,եղածը ի՞նչ է որ…
Յետոյ աղջիկներուն դառնալով` աւելցուց.
– Կը տեսնէք, չէ՞, ասոնք խօսք չեն հասկնար, բան չեղած տեղը խնդիր կը ստեղծեն:
– Վարուժ, դո՛ւն սխալ կը հասկնաս: Այս գեղեցիկուհիներուն պատրաստած սուրճը թէ՛ բուրումնաւէտ եւ թէ՛ աւելի համով կ՛ըլլայ: Այլապէս մենք ալ կրնանք սուրճ եփել… ի՞նչ կայ որ…
– Ա՜խ «եաւրում» ա՜խ, այդ պարագային ինչո՞ւ չես խնդրեր, այլ կը հրահանգես, չ՛ըլլար «եաւրում» չ՛ըլլար, չ՛ըլլա՜ր: Չե՞ս կրնար ըսել` «Ձեր շինած սուրճը համով կ՛ըլլայ, հաճիք դուք եփեցէք սուրճը»: Ինչո՞ւ մարդու պէս չես խօսիր…
Մինչեւ որ ըսեմ, թէ մեր Մուսա Լերան բարբառի բառապաշարին մէջ «հաճիս» բառի հոմանիշը գոյութիւն չունի, եւ բացատրեմ, թէ ինչո՞ւ, Յասմիկը ոտքի ելաւ եւ կարծես թէ խնդիրը փակելու համար ըսաւ.
– Սուրճը ես եմ դնելու, ճիշդ է ասում Մովսէսը, կանանց եփած սուրճը համով է լինում:
Իսկ Վարուժը գլուխը շարժելով` ըսաւ.
– Եղա՞ւ հիմա…

Յասմիկին հետ Կարինէն եւս խոհանոց մտաւ, Ժանոյի ցուցմունքներուն հետեւողութեամբ բուրումնաւէտ սուրճ մը բերին սեղան` ընկերակցութեամբ անուշեղէնի, զոր, յետոյ պարզուեցաւ, որ իրենց հետ բերած էին: Յասմիկը մօտէն զննելու համար ճիշդ դիմացը նստայ ու առաջին հերթին ուշադրութիւնս գրաւեցին անոր լայնաբաց, նշաձեւ, շողարձակ ու խիստ արտայայտիչ աչքերը, որոնք փոխանակ իր նկարագիրը բացայայտելու` մինչեւ քու ներաշխարհի խորքերը թափանցելու ընդունակ կը թուէին ըլլալ: Նախ` խրտչեցայ, բայց յետոյ նշմարեցի, որ, յանդուգն ու ներազդեցիք ըլլալով հանդերձ, երեխայական ջինջ մաքրութիւն ու համակ անկեղծութիւն կը բուրեն անոր աչքերն ու առհասարակ դէմքը: Մինչ այդ ժամանեցին նաեւ «Սունդուկեան»-ի դերասանուհիներէն Մարինէ Արշակեանն ու Գեղարուեստաթատերականի ուսանողուհիներէն Գոհարիկ Պետրոսեանը: Աղջիկներու օգնութեամբ ըրինք յաւուր պատշաճի ընթրիք մը, որուն ընթացքին նախապատրաստեցինք նաեւ յաջորդ օրուան որսորդական մեր ծրագիրը: Յասմիկը խանդավառութեամբ ընդունեց մեզի ընկերակցելու առաջարկը, Կարինէն դժկամութեամբ հաւանութիւն տուաւ, իսկ Մարինէն եւ Գոհարիկը խնդիր չունէին, որովհետեւ ոչ միայն առիթ չէին փախցներ մասնակցելու մեր որսորդական արշաւներուն, այլեւ նոյնի՛սկ կրակել սորված էին:
(Որպէսզի ճիշդ հասկնաք եւ ընբռնէք, թէ ինչի՛ մասին է խօսքը, միջանկեալ պէտք է տեղեկացնեմ, որ երբ որսի երթայինք, սկզբունքով իւրաքանչիւր որսորդի հետ պէտք է որ «ընկերուհի» մը ընկերակցէր` իբրեւ օգնական, եւ, ամենակարեւորը, մեր որսորդական արշաւներու ընթացքին մենք առիթը չէինք փախցներ այցելելու նաեւ նոյն տարածաշրջանի մէջ գտնուող որոշ յուշարձաններ):

Յաջորդ օրը, կանուխ առաւօտեան, երբ աղջիկները իրենց տուներէն կը հաւաքէինք, պարզուեցաւ, որ Կարինէն չի կրնար գալ, եւ Մարտիկը մնաց առանց ընկերակիցի: Արեւը չծագած` պէտք էր որ Սեւանայ լիճի հանդիպակած կողմը` Գեղամայ լեռներու լանջերուն ըլլայինք, որովհետեւ Վարուժին այդ շրջանի ընկերուհին` Զոյան, իր ծննդավայրը` Արցախ մեկնած էր, յարմար գտնուեցաւ, որ Յասմիկը ընկերանար անոր. անոնք առաջին ինքնաշարժին մէջ տեղաւորուեցան: Իսկ Մարինէն եւ ես տեղ գրաւեցինք երկրորդ ինքնաշարժի ետեւի նստարանին: Ճանապարհին մեզմէ իւրաքանչիւրը տարուած իր խոհերով` լուռ էինք: Յանկարծ Մարինէն կարծես թէ միտքս կարդաց, ձեռքս բռնելով` ըսաւ.
– Մովսէ՛ս, հաւանո՞ւմ ես Յասմիկին:
– Ինչո՞ւ ես հարցնում…
– Որովհետեւ ինքն էլ քեզ է հաւանում:
– Ի՛նչ գիտես, ի՞նքն է քեզ ասել:
– Ո՛չ, մենք քո մասին չենք խօսել… բայց ես կին եմ… զգում եմ…
– Լա՛ւ, ասենք, թէ հաւանում եմ, յետո՞յ…
– Յետո՞յ… ես քեզ լաւ առաջարկութիւն ունեմ:
– Ի՞նչ է… խանդո՞ւմ ես:
– Ի՞նչ ես խօսում, այդպիսի բան չկայ:
Ապա պահ մը լռելէ ետք աւելցուց.
– Ուզո՞ւմ ես, որ համոզեմ Վարուժին, որ ես նրան ընկերակցեմ, իսկ Յասմիկը քո հետ գայ:
– «Ուզելը» խօսք չի, Մարինէ ջան, ես ուղղակի ցանկանում եմ նրան, բայց այստեղ մի կարեւոր խնդիր կայ: Նոյնիսկ եթէ Յասմիկը համաձայնի, դժուար թէ Վարուժը զիջի…, յետոյ… եթէ հակառակ նրա կամքին` Յասմիկը ինձ հետ գայ, ես դաւաճանած կը լինեմ ընկերոջս:
– Ընդհակառակը, նա միշտ ուզեցել է, որ ես ընկերակցեմ նրան… Վարուժը շնորհակալ կը լինի նաեւ քեզանից…
Մարինէն չէր սխալած… հազիւ իջանք ինքնաշարժներէն, ան անմիջապէս Յասմիկի թեւը մտաւ, մօտեցան Վարուժին եւ շատ չանցած` Յասմիկը իմ կողմս նայեցաւ, բնազդաբար մեր հայեացքները իրարու հանդիպեցան, ու մենք մօտեցանք իրարու եւ ողջագուրուեցանք: Ամէն ինչ պարզ էր: Ես հասկցայ, որ տղամարդ մը ուրախացնելու համար շատ բան պէտք չէ:

Իբրեւ երէց ընկեր եւ «որսորդապետ»` Վարուժանի հաւանութեամբ բաժնուեցանք, Գեղամայ լեռներու դարաւանդներն ու կիրճերը եւ ճամբայ ինկանք: Յասմիկը ուղղակի ապշեցուցիչ էր… Կարծես թէ դարերէ ի վեր որսընկերներ եղած ըլլայինք, ու ինք քաջածանօթ էր այդ վայրերուն, երբ կաքաւ մը զարնէի, կը փաթթուէր ինծի, կը պոռար, կը կանչէր եւ լուր կու տար միւսներուն: Վայրի եւ սանձարձակ եղնիկի մը նման` ինքնավստահ ու այնքան հեզասահօրէն կը ցատկռտէր ժայռերու վրայէն, կարծես թէ ոտքի տակի լեռներուն տէրն ու տիրակալը ինքն ըլլար, ճիշդ այնպէս, ինչպէս առաջին անգամ երբ տեսայ զինք բեմին վրայ… Ես հասկցայ, որ «Սարի մարալ ճէյրան աղջիկ»-ը նոյն ինքն է : Այդ օրուան հերոսները մե՛նք էինք, ոչ միայն միւսներէն աւելի կաքաւ եւ վայրի աղաւնի խփած, այլեւ ճագար մը եւս որսացած էինք, բան մը, որ քիչ կը պատահէր: Առանց որեւէ տեսակի արտայայտութեան կամ խոստովանութեան` ինքնաբերաբար մեր միջեւ եղած սահմանները ջնջուեցան, եւ ամէն ինչ յստակ էր մեզի համար: Վերադարձին Մարինէն Վարուժանի ինքնաշարժին մէջն էր, իսկ Յասմիկը` իմ: Վարուժը գոհ էր Մարինէով, իսկ ես ուրախ էի եւ հպարտ` Յասմիկով:
Մոնրէալ, Մայիս 2025
(Շար.1)


