Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կորուստները. Մահ` Յօդուածագիր Եւ Վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական Յարութիւն Չէքիճեանի

Օգոստոս 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 22 օգոստոս 2025-ին իր մահկանացուն կնքեց «Ազդակ»-ի եւ ընդհանրապէս հայ մամուլի երկարամեայ աշխատակից, վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական եւ ազգային գործիչ Յարութիւն Չէքիճեանը:

Ծնած է Պէյրութ, 1949-ին, հայ առաքելական ընտանիքի մէջ: Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Հայկազեան համալսարանին մէջ ուսանած է բնագիտութեան ելեկտրոնային ճիւղը` 1971-ին տիրանալով պսակաւոր արուեստից վկայականին (physics major, electronics minor): 1966-էն անդամակցած, ապա` մայիս 1968-ին, նշանակուած է Հայկազեան քոլեճի եւ Լիբանանի Հրթիռներու հետախուզական յանձնախումբին` իբրեւ վերջին նախագահը, մինչեւ մայիս 1969:

Ելեկտրոնային ճիւղի մասնագիտութիւնը շարունակած է Ամերիկայի մէջ, ընդհատումով` 1971-1973 «Ինֆօ Սիսթըմզ»-ի մէջ` Սան Տիեկօ, մասնագիտանալով ելեկտրոնային հաղորդակցութեան ճիւղին մէջ` ծրագրաւորում եւ արտադրութիւն:

Համալսարանական ուսման ընթացքին` 1968-1971, պաշտօնավարած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի կենսատարրաբանութեան (biochemistry) տարրալուծարանին մէջ: 1972-1979 պաշտօնավարած է Յորդանանի թագաւորական Գիտական ընկերակցութեան մէջ` իբրեւ ելեկտրոնային կեդրոնի փոխվարիչ, արտադրութեան բաժինի վարիչ, ապա` մասնայատուկ ծրագիրներու կեդրոնի վարիչ:

1980-էն Լիբանանի մէջ սեփականատէրն է արեւային ուժանիւթի «Սոլարգրաֆթ» (SOLARCRAFT) արտադրողական ձեռնարկութեան: Ամուսնացած է Շողիկ Զաքարեանի հետ եւ բախտաւորուած է երկու զաւակով` Ռազմիկ եւ Արին:

Փոքր տարիքին` 1959-ին, իբրեւ սկաուտ` անդամակցած է ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղին եւ շարունակած է սկաուտական շարքերուն մէջ գործել մինչեւ 1971: Ստանձնած է վարչական պաշտօններ` 1973-1977, եղած է ՀՄԸՄ-ի Յորդանանի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եւ երիտասարդականի պատասխանատու, երբ գործով Ամման կը գտնուէր: Լիբանան վերադարձին եղած է Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, ապա` Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ:

1982-1984, ան մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան` իբրեւ ատենադպիր եւ սկաուտականի ներկայացուցիչ:

1985-1988 եւ 1993-1995, երեք անգամ ան մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան` իբրեւ ատենադպիր եւ սկաուտականի ներկայացուցիչ:

1988-1993, երկու շրջան եղած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ:

1998-2003 եղած է Կեդրոնական վարչութեան անդամ` իբրեւ ատենադպիր եւ սկաուտական բաժինի պատասխանատու:

Իբրեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ, 1999-2003 մաս կազմած է համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի ՀՄԸՄ-ի եռանդամ պատուիրակութեան` յատկապէս զբաղելով կոմիտէի կանոնագրութեան մշակումով:

Երկարամեայ իր վաստակին առ ի գնահատանք` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով, 10 մարտ 2019-ին, պարգեւատրուած է միութեան բարձրագոյն` «Արժանեաց» շքանշանով:

1992-1998  նշանակուած է Լիբանանի Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամ, վերջին երկու տարիներուն վարած է ատենապետի պաշտօնը: Եղած է հրապարակախօս` զանազան առիթներով, յատկապէս` մայիսեան անկախութեան տօնակատարութիւններուն:

Աշակերտական տարիներուն Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի (ԿԲՎ) աշակերտական «Արփի» պարբերականին մէջ գրած է եւ` խմբագրական կազմին մաս կազմած: Ապա, Հայկազեան համալսարանի «Նաւասարդ»` հայերէն եւ Spectra ու Haigazian Herald` անգլերէն պարբերականներու խմբագրական կազմերուն մէջ եղած է եւ գրութիւններով ու` երգիծանկարներով մասնակցած:

Հետեւողական կերպով յօդուած գրելու սկսած է մայիս 2000-ին, ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթ-ամսաթերթին մէջ յօդուածաշարերով:

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ` 26 սեպտեմբեր 2008-էն սկսեալ, ապա` օգոստոս 2020-էն սկսեալ Պոսթընի «Հայրենիք»-ին մէջ սիրողական կերպով, յուշագրական, պատմական, ազգային եւ քաղաքական յօդուածներ գրած է, ցարդ (1 յունիս 2025) 500-է աւելի յօդուած լոյս տեսած է: Շարք մը թերթեր, կայքէջեր եւ Դիմատետրի էջեր արտատպած են Չէքիճեանին յօդուածները:

Ունի քանի մը հրատարակութիւններ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով «Ազդակ»-ին մէջ լոյս տեսած իր 75 յօդուածները գիրքի վերածուեցան` «Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ Սեւրի դաշնագիրը» խորագրով (686 էջ), որ լոյս տեսաւ 21 փետրուար 2024-ին, իբրեւ «Ազդակ»-ի մատենաշար թիւ 1, «Սիրուհի Պուտագեան» ֆոնտին միջոցով: «Հայկական սփիւռքը» գիրքը, Արամ Ա. վեհափառին 2022 եւ 2023-ը «Սփիւռքի տարի»-ներ  հռչակելուն առիթով իր 20 յօդուածներու հաւաքածոն` 217 էջ, համացանցով լոյս տեսաւ 2 մարտ 2025-ին: «ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը մայր հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 1918- 1927», 232 էջ պատմական վաւերագրական աշխատասիրութիւնը, որ միութեան այդ շրջանին ցարդ անյայտ պատմութիւնը կը ներկայացնէ, առցանց լոյս տեսաւ մայիս 2025-ին: Այս աշխատասիրութիւնը Աբրահամ Ահարոնեանի կողմէ Արժանթինի մէջ թարգմանուած է սպաներէնի:

3 օգոստոս 2020-էն ի վեր ունի իր յատուկ կայքէջը, ուր իր բոլոր գրութիւնները զետեղուած են` haroutchekijian.wordpress.com:

«Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ Յարութ Չէքիճեանի հարազատներուն եւ համայն ազգականներուն` հաստատելով, որ անոր առյաւէտ հեռացումով կորսնցուցինք ժրաջան եւ անկեղծ յօդուածագիր մը:

Նախորդը

Անկախութեան Հռչակագիրը Արգե՞լք Է Անկախութեան

Յաջորդը

«Սերի Ա.». Ինթեր Միլան – Թորինօ` 5-0

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?