Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական ներկայ իրավիճակը տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ մրցակցութեան նոր ալիք կը բարձրացնէ: Բոլորն ալ կը ջանան իրենց ապահովութեան սպառնացող գործօնները չէզոքացնել, երբեմն այդ պատրուակով Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտել եւ նոյնիսկ զինուորական ուժով սպառնալ անոր, այնպէս, ինչպէս կ՛ընէ Իսրայէլ` իր սահմանին ապազինեալ գօտի ստեղծելու պատրուակով, միեւնոյն ատեն` սուրիական հողեր թափանցելու իր փորձերով: Թուրքիա սերտ յարաբերութիւններ հաստատելով Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ` կը ձգտի մէկ կողմէ սատարել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, իր ազդեցութիւնը ամրապնդել վարչական, տնտեսական ու ռազմական կառոյցներու միջոցով, միւս կողմէ` իր սահմաններուն քրտական ինքնավար շրջան մը տեսնելու հաւանականութիւնը չէզոքացնել կը ջանայ: Իսրայէլ Թուրքիոյ զինուորական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ սպառնալիք կը համարէ, ու Թուրքիա-Իսրայէլ հակադրութիւնը աստիճանաբար կը ծաւալի:
Միացեալ Նահանգներ չեղեալ կը համարեն Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները` նոր յարաբերութիւններ մշակելու Սուրիոյ հետ եւ ազդեցիկ ուժ դառնալու տարածաշրջանին մէջ:
ԵՄ-ը եւ ՄԱԿ-ը, զուգահեռաբար, Սուրիայէն կը պահանջեն քաղաքական, վարչական եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտներու բարեփոխումներ` պատժամիջոցներու չեղարկման դիմաց:
Սէուտական Արաբիան եւ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները Սուրիոյ հետ ներդրումային պայմանագրեր կնքելու մրցակցութեան մէջ են:
Լիբանան, իր կարգին, կը ջանայ Սուրիա-Լիբանան սահմանը անվտանգ ու զերծ պահել զինեալներու թափանցումներէ, միեւնոյն ատեն` սուրիացի տեղահանուածներու վերադարձը դիւրացնել:
Պաքու եւս իր նոր դերը կը հաստատէ այս նոր խաղադաշտին մէջ, առաւելաբար` Թուրքիոյ օժանդակութեամբ:
Այս բոլորին դիմաց Սուրիա կը ջանայ որդեգրել բազմակողմանի դիւանագիտութիւն` բոլոր մեծ ու տարածաշրջանային դերակատարներուն հետ գործակցելու եզրեր որոնելու ու երկրին միասնականութիւնը պահպանելու հեռանկարով:
Այդուհանդերձ, Սուրիան կը դիմագրաւէ բաժանման սպառնալիքը, յատկապէս` հիւսիսարեւելեան եւ հարաւային շրջաններու մէջ քիւրտերու եւ տուրզիներու հետ համաձայնութեան գործնական արդիւնքներու ուշացման եւ արտաքին միջամտութիւններու ազդեցութեան պատճառով:
Անհրաժեշտ է, որ ներկայ իշխանութիւնները ներքին մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ երկիրը բաժանման սպառնալիքէն հեռացնելու համար սահմանադրութեամբ յստակօրէն ամրագրեն երկրի փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, միեւնոյն ատեն կարենան ապահովել զինեալ ուժերու մէկտեղումը կեդրոնական իշխանութեան գերակայութեամբ, ապա նաեւ բարելաւեն օրէնքները` գործնականօրէն համոզելու ժողովուրդի տարրերը, որ բոլորը պաշտպանուած են օրէնքով:
Անհրաժեշտ է յատկապէս ներքին ապահովութեան համակարգի կազմաւորումը` Սուրիոյ ժողովրդային ուժերը սուրիական բանակին մէջ համարկելով ու ոստիկանութեան շղթան ողջ երկրին մէջ տարածելով: Երկխօսութիւնը կը մնայ հիմնական երաշխիքը` երկրի կայունութիւնը ամրագրելու եւ համերաշխութիւնը հաստատելու:
Այս քայլերու միատեղ իրագործումը թոյլ կու տայ` ամրապնդելու պետութիւնը, խուսափելու տարածքային պառակտումներէ եւ ապահովելու երկրի միասնութիւնը:


