Յօդուածներ

Կարօտի Նամակ  (Սարհատ Գարակէօզեանի Յիշատակին)

Կարօտի Նամակ (Սարհատ Գարակէօզեանի Յիշատակին)

Կ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ Տարիները արագ կը թաւալին, սիրելի՛ Սարհատ: Կարօտի զգացումը կը սեղմէ հոգին իւրաքանչիւրի, որ քեզ մօտէն ճանչցած է: Անժամանակ մահդ, կարծես, երազ մը ըլլար: Անմեղ եւ սիրուն ժպիտդ, կենսուրախ հոգիդ, շէնացնող ու ընկերական մթնոլորտ ստեղծող ներկայութիւնդ թէեւ յիշատակ դարձած են, այդուհանդերձ, մեր մտքին մէջ կը տողանցեն եւ կ՛ուրուագծեն պայծառ դէմքդ, որ դրոշմուած է բոլորիս սրտին մէջ: Մահէդ չորս տարի...

Քեսապի Տային

Նոր Գիրքեր

ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ Վերջին տասնամեակներուն կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր համացանցը, Դիմատետրը, ընդհանրապէս ընկերային ցանցերն ու արհեստագիտական տարբեր նորութիւններ իրենց մեծ ազդեցութիւն ձգած են, ինչ որ նաեւ պատճառ դարձած է, որ պատանիներ եւ չափահասներ հեռու մնան ընթերցանութենէն: Սակայն, հակառակ այս բոլորին, տակաւին կան անհատներ, որոնք կը հաւատան գրելու եւ կարդալու արուեստին: Այս պատանիներէն մէկն է պարմանուհի Մեղրի Պագգալեանը, որուն գիրքը`...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 110-Ամեակ.  Կորուսեալ Հայրենի՛ք, Բայց Յաւերժ Ներշնչարան

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 110-Ամեակ. Կորուսեալ Հայրենի՛ք, Բայց Յաւերժ Ներշնչարան

ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ Յաջորդական երեք սերունդներու պատկանող ուխտաւորները տարածուած էին Մուսա Լերան լանջերուն: Տրամադրութիւնները թէեւ բարձր, բայց յուզմունքը տիրական էր, մանաւանդ` այդ կախարդական լեռնաշխարհի ակունքներէն ծնած երէց սերունդին մօտ: Հատ ու կենտ եկուոր այլազգի բնակիչներու ամչկոտ հայեացքներուն ներքոյ, ուխտաւորներու քայլերը աւելի համարձակ ու ինքնավստահ էին, բայց` զուսպ ու զգուշաւոր... Տասնհինգամեակ մը առաջ էր, երբ Մուսա Լերան հերոսամարտի 95-ամեակի Կեդրոնական մարմինը կազմակերպած...

Անպարտելին

Անպարտելին

Ս. ԶԷՅԹԼԵԱՆ Դէպի փրկութիւն Ովկիանոսի էութիւնը ըմբռնելու համար պարունակած բոլոր ջուրերը տարբաղադրելու պէտք չկայ: Այդ գործին համար կաթիլն ալ կը բաւէ: Մուսա Լեռը հայութեան ոգեկան «ովկիանոսին» այդ «կաթիլն» է ահա: Եթէ պահ մը ենթադրենք, վրայ տուած ըլլայինք ամբողջ «ովկիանոս»-ը, եթէ բարբարոսը մեր հայրերու աճիւններուն հետ մոխիրի վերածած եւ չորս հովերուն տուած ըլլար Հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի վսեմական Մատեանը, Մուսա...

Փա՜ռք Ի Բարձունս

Փա՜ռք Ի Բարձունս

ԹՈՎՄԱՍ ՀԱՊԷՇԵԱՆ «Համբարձի զաչս իմ ի լեռինս ուստի եկեսցէ ինձ օգնութիւն» (Ժամագիրք) 1915-ի գարնան չարաշուք օրերուն, Մուսա Լերան ժողովուրդը աչքերը դարձուց իր լեռներուն ու անոնցմէ յուսաց ե՛ւ օգնութիւն ե՛ւ փրկութիւն: Լեռներ, որոնք իրն էին: Լեռներ, որոնց կը պատկանէր ինքը, որոնցմէ ծնած, սնանած, հասակ առած էր: Լեռներ, որոնք իր հոգին ի վեր գագաթներ ցայտած եւ իր հոգին ի վար անդունդներ կախած...

Մուսա Լեռ` Դիւցազներգութեան Գլուխ Գործոցը

Մուսա Լեռ` Դիւցազներգութեան Գլուխ Գործոցը

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Մուսա Լերան հերոսամարտի 110-ամեակին առիթով անգամ մը եւս մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիները եւ պահ մը մեզ բոլորս կը տեղափոխէ այն լերան բարձունքները, ուր կազմուեցան մեր հոյակապ աւանդութիւններն ու մղուեցան հերոսական մարտնչումները: Կ՛արժէ անդրադառնալ պատմական արժէք ունեցող այս իրադարձութեան եւ անոր իմաստալից պատգամներով սպառազինուած, դէպի ապագայ մեր երթը շարունակել` վերանորոգուած, հաստատակամ եւ աւելի հզօրացած:...

Գերիշխանութիւն.  Յղացքներ Դէպի Զարգացող Հայկական Ազգային Նախագիծ – Բ.

Գերիշխանութիւն. Յղացքներ Դէպի Զարգացող Հայկական Ազգային Նախագիծ – Բ.

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Հեղինակի Նշում: Այս յօդուածը, որ կը կազմէ «Հայկական ազգային նախագիծ»-ի շարքին երկրորդ մասը, կը փորձէ քննել, թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունի «գերիշխանութիւն»-ը Հայաստանի նման փոքր ազգ-պետութեան մը համար, որ իր գրանցուած պատմութեան ընթացքին կէսէն քիչ աւելի քիչ ժամանակ եղած է գերիշխան։ «Հայկական ազգային նախագիծ»-ը այստեղ չի ներկայացուիր իբրեւ հաստատուած վարդապետութիւն, այլ՝ շրջանակ մը, դիտանկիւն մը, որուն միջոցով կարելի է վերաիմաստաւորել ինքնիշխանութիւնը,...

«Մեր Առաքելութեան Յարատեւման Ու Վերելքին Գաղտնիքը Պարզ Է` Կամք, Զոհողութիւն Եւ Ծառայութեան Ոգիին Նկատմամբ Հարազատութիւնը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պերճ Աբգարեան

«Մեր Առաքելութեան Յարատեւման Ու Վերելքին Գաղտնիքը Պարզ Է` Կամք, Զոհողութիւն Եւ Ծառայութեան Ոգիին Նկատմամբ Հարազատութիւնը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պերճ Աբգարեան

Հարցազրոյցը վարեց ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութիւնը 19 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր Հայաստան պիտի գտնուի եւ իրականացնէ տարբեր նախաձեռնութիւններ, որոնց մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու համար «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանին հետ: «ԱԶԴԱԿ».- 19 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր  Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութինը Հայաստան պիտի գտնուի հիմնական երեք տարբեր նախաձեռնութիւններով: Խնդրեմ` խօսինք այդ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Թատերական Երեկոյ` Քեսապի Մէջ Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ թատերական յանձնախումբին, 3 օգոստոսին Քեսապի «Սարդարապատ» սրահին մէջ ներկայացուեցաւ «Սէրը ճամպրուկի մէջ» («Թաքսի-թաքսի») կատակերգութիւնը: Բացման խօսքով թատերական յանձնախումբի անդամ Միրնա Տեկիրմէնճեան-Տեմիրճեան ըսաւ, որ Համազգայինը 97 տարուան իր հարուստ պատմութեան ընթացքին, նպատակ ունենալով պահել, պահպանել եւ փոխանցել հայ լեզուն եւ մշակոյթը, հիմնեց...

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն

Հաւաքական Մեր Ինքնութիւնը Պեղող Արժէքաւոր Հրատարակութիւն Մը (Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Հատորին Լոյս Ընծայման Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Գրասէր հանրութեան տրամադրութեան տակ է Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր տունը» հատորը, լոյս տեսած` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն: 300 էջերէ եւ 43 գլուխներէ բաղկացած գեղատիպ գիրք մը` Արմենակ Եղիայեանի ներածականով («Յառաջաբանի փոխարէն») եւ Կարօ Յովհաննէսեանի սրտի խօսքով (««Մեր տունը» եւ Սեդան»): Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան Լիբանանահայ օգնութեան խաչի, Հայ օգնութեան միութեան, Լիբանանի Ազգային իշխանութեան եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (MECC) պատասխանատու...

Սուրիա` Նոր Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման

Միջին Արեւելքի Հայկական Գաղութներու Գոյատեւումը` Ռազմավարական Նոր Հրամայական

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանի հայկական համայնքները, որոնք Ցեղասպանութենէն ետք դարձած էին վերապրումի կենսունակ կեդրոններ, այսօր կը գտնուին գոյութենական ճակատագրական վտանգի տակ: Պետական կառոյցներու փլուզումը, ժողովրդագրական նահանջը եւ Թուրքիոյ ընդարձակուող ազդեցութիւնը ստեղծած են անկայուն միջավայր մը, ուր հայկական ներկայութիւնը կը դառնայ աւելի խոցելի: Հալէպի վրայ Թուրքիոյ անուղղակի վերահսկողութիւնը փոխած է շրջանի քաղաքական եւ անվտանգութեան հաւասարակշռութիւնը, մինչ Լիբանանի...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Երեւանի Մէջ` Նիկոլ Աղբալեանի 150-Ամեակին Նուիրուած Հատորի Շնորհահանդէս Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին հետ գործակցութեամբ, 12 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Նիկոլ Աղբալեանի երկերու առաջին հատորին շնորհահանդէս: Հատորը նուիրուած է Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակին: Զայն կազմած է գրականագէտ Արմէն Մանուկեան, իսկ խմբագրած է Լուսինէ Աւետիսեան: Շնորհահանդէսը...

Հայ Եկեղեցին Հաշուեյարդարի Ենթարկելու Նպատակասլաց Քաղաքականութիւն

Հայ Եկեղեցին Հաշուեյարդարի Ենթարկելու Նպատակասլաց Քաղաքականութիւն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ Յակոբեան, ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ թեմական պատգամաւորական ժողովի ցրւումէն ետք, 13 հոկտեմբեր 1925-ին նամակ ուղարկեց Սուրբ Էջմիածին` Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, ուր կ՛ըսէր որ իրեն անյայտ պատճառներով ժողովականները մէկ առ մէկ հարցաքննութեան ենթարկուած են: Ան կ՛աւելցնէր նշելով որ տեղական իշխանութիւններուն կատարածին հետեւանքով թեմը զրկուած է եկամուտի հնարաւորութենէն: * * * Խորհրդային իշխանութիւնները հետզհետէ աւելի ...

Լուսիկին Ամառնային Հեքիաթը Կու Գայ Աւելնալու Անոր Կախարդական Այլ Հեքիաթներուն Վրայ

Լուսիկին Ամառնային Հեքիաթը Կու Գայ Աւելնալու Անոր Կախարդական Այլ Հեքիաթներուն Վրայ

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Լիբանանահայութեան մշակութային կեանքին մէջ, յատկապէս մանկապատանեկան աշխարհին մէջ վերջին տարիներուն իր յատկանշական տեղը գրաւած է Լուսիկը` Անժելինա Սարգիսեանը, որ ոչ միայն սիրուած ու փնտռուած է անձնական տարեդարձներուն ու հաւաքոյթներուն, այլ նաեւ հայկական տարբեր միութիւններու կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներու, դպրոցական նախաձեռնութիւններու եւ այլն: Սակայն այս բոլորին կողքին, մանուկներուն եւ պատանիներուն կողմէ մեծապէս սպասուած են Լուսիկին ու անոր խումբին կազմակերպած հանդիսութիւնները`...

Յիշողութենէս Անջնջելի Պատառիկներ

Խորհրդաւոր Պատկերդ Պահեցի Աչքերուս Մէջ

ՆԱԶԵԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ Կարօտի ապրումներով տոգորուած` օդանաւին պատուհաններէն դուրս նայեցայ ու յաղթական տեսքդ  փնտռեցի, բայց քեզ տեսնելու փոխարէն` Արագածը տեսայ իր ձիգ գագաթներով: Մինչեւ օդակայանի մուտքը կոխելս, միջանցքին ամբողջ երկարութեան դիտեցի դուրսը, գէթ` ապակեայ անցքէն քեզ տեսնելու յոյսով, սակայն այս անգամ երկինքը ծածկող ամպերը թոյլ չտուին, որ քեզ տեսնեմ: «Հարց չէ. հիմա մայրաքաղաք ուղղուելու ճամբուն ընթացքին փոխադրակառքին լուսամուտներէն կը տեսնեմ», ըսի...

Սարգիս Զէյթլեան` Ամենաղեկավարի Պատուանդանին

Սարգիս Զէյթլեան` Ամենաղեկավարի Պատուանդանին

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ԽՏԸՇԵԱՆ Սարգիս Զէյթլեանի, ամենաղեկավարի կերպարի ներկայացման ընդմէջէն, Կարօ Յովհաննէսեան կը յաջողի օրուան դէպքերու վերլուծութիւններով հրապարակել անոր յախուռն, յստակ ու քաջ յայտարարութիւնները` քրիստոնէական հաւատքի պահպանման անհրաժեշտութեան թէ միջազգային կոմունիզմի գործած աւերին մասին, իր անվերապահ եւ աներեր կեցուածքը միշտ եղած է անշեղ եւ հատու` մնալով հաւատարիմ Հայ եկեղեցւոյ հաւատամքին եւ դաշնակցական ազգային գաղափարաբանութեան: Իսկ եւ մանաւանդ ազգային խորհրդանիշերուն` Արարատին ու...

Ուսանողութիւնը Եւ Մենք

Արաբական Ծոցի Երկիրները` Խեղճացած

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Տասնեակ տարիներու ընթացքին Արաբական ծոցի երկիրները թրիլիոն տոլարներ ծախսեցին իրենց պաշտպանութեան, անվտանգութեան ու անձեռնմխելիութեան համար երաշխիքներ ապահովելու: Միացեալ Նահանգներու յաջորդական նախագահներու պատուին նուէրներ տուած երկիրները յանկարծ իրենք զիրենք խաբուած զգացին: Իսրայէլի` Տոհայի վրայ յարձակումը ամբողջ աշխարհին, ի մասնաւորի Ծոցի արաբական «հզօր» պետութիւններուն պատգամ է, որ եթէ ուզեն, եւ երբ որ ուզեն կրնան հասնիլ իրենց թիրախին, եւ ոչինչ կրնայ...

Կառավարութիւն-Պետութիւն «Հանելուկ»-ը

Կառավարութիւն-Պետութիւն «Հանելուկ»-ը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Բարեկամ մը, որուն հետ երկար ատենէ ի վեր հաղորդակցութիւն չէի ունեցած, այսօր հեռաձայնեց: Ենթադրեցի, որ պիտի յիշեցնէր, թէ այսօր 9/11 է, այսինքն` ամերիկեան տնտեսական եւ ռազմական կեդրոններու վրայ ծանօթ յարձակումներուն տարեդարձը: Յուսախաբ ըրաւ. մինչեւ իսկ ակնարկութիւն չըրաւ օր մը առաջ Եութայի մէկ համալսարանին մէջ սպաննուած քաղաքական մարդուն, ո՛չ ալ` Ֆրանսան փոթորկող ցոյցերուն եւ նման իրադարձութիւններու, որոնք իրենց հովանոցը...

Երրորդ Համաշխարհայինը Ուրուակա՞ն Է, Թէ՞…

Երրորդ Համաշխարհայինը Ուրուակա՞ն Է, Թէ՞…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Արագացած ժամանակը կրնա՞յ ընել այնպէս, որ երրորդ համաշխարհայինի ուրուականը դառնայ իրականութիւն: Այսօր ան հեռատեսիլէն դիտուած հեքիաթի նմանող սպառնալի՞ք է, վախի ռազմավարութի՞ւն: Առաջինը եւ երկրորդը դեռ չեն մոռցուած: Երրորդէն ետք, ինչպէս ըսած է Այնշթայն, ողջ մնացողները, եթէ ըլլան, պիտի վերադառնան քարերով եւ բիրերով կռուող նախամարդու վիճակին: Չեմ գիտեր, թէ աշխարհի ութ կամ տասը միլիառ բնակիչները  քանի՛ միլիոն «ղեկավարներ» ունին:...

Սարգիս Զէյթլեան`  Ամենաղեկավարի Պատուանդանին

Սարգիս Զէյթլեան` Ամենաղեկավարի Պատուանդանին

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ Կան մարդիկ, որոնք իրենց ներքին հրայրքով, գաղափարական անշեղելի հաւատքով, մտաւորական եւ հոգեւոր անապական խառնուածքով, հայրենիքի հանդէպ անսպառ խանդով եւ ժողովուրդին  անսակարկ ծառայութեան նուիրումով կը դառնան ղեկավար ու կը մնան հասնող սերունդներուն համար անշիջելի եւ անժամանցելի տիպարը` առաջնորդին, ներշնչելով զանոնք քալելու  միեւնոյն ճանապարհէն եւ ուղղուելու միեւնոյն հաւատքով ու գաղափարաբանութեամբ, հրդեհելով զանոնք հայրենիքի անմար կրակով ու սիրով: Ահա այդպիսի դէմքի...

Page 81 of 1110 1 … 80 81 82 … 1,110

Արխիւներ