Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինքնիշխանութիւն Յղացքներ. Դէպի Զարգացող Հայկական Ազգային Նախագիծ – Բ.

Սեպտեմբեր 18, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Հեղինակի Նշում: Այս յօդուածը, որ կը կազմէ «Հայկական ազգային նախագիծ»-ի շարքին երկրորդ մասը, կը փորձէ քննել, թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունի «ինքնիշխանութիւն»-ը Հայաստանի նման փոքր ազգ–պետութեան մը համար, որ իր գրանցուած պատմութեան ընթացքին կէսէն քիչ աւելի քիչ ժամանակ եղած է ինքնիշխան։ «Հայկական ազգային նախագիծ»–ը այստեղ չի ներկայացուիր իբրեւ հաստատուած վարդապետութիւն, այլ՝ շրջանակ մը, դիտանկիւն մը, որուն միջոցով կարելի է վերաիմաստաւորել ինքնիշխանութիւնը, ինքնութիւնը եւ քաղաքական նպատակը։

Ինքնիշխանութիւնը յաճախ կը շփոթուի կամ կ՝ընկալուի իբրեւ վերացական իրաւական հասկացութիւն, մինչդեռ ժողովուրդներու մեծ մասին եւ մանաւանդ Հայաստանի նման պետութիւններու մեծ մասին համար անիկա գոյատեւման եւ ինքնայարգանքի էութիւնն է։

Հայերը իրենց ծագումը կը կապեն Հայկական Բարձրաւանդակին, ուր դարերու ընթացքին ինքնութիւնը եւ հայրենիքը աստիճանաբար խարսխուեցան ու միաձուլուեցան՝ ներշնչուելով նաեւ դրացի երկիրներու տարրերէն, որպէսզի ձեւաւորուի ինքնատիպ ժողովուրդ մը։

Ինքնիշխանութիւնը հայկական պատմութեան մէջ հազուադէպ եղած է կանոն, բայց տարբեր ժամանակաշրջաններուն կրկին հաստատուեցաւ՝ սկսեալ Երուանդեան եւ Արտաշէսեան թագաւորութիւններէն, շարունակուելով Արշակունիներով ու Բագրատունիներով մինչեւ Կիլիկիոյ թագաւորութիւն։ Ամէն անգամ որ հայկական պետականութիւն մը կը ծնէր եւ կը սկսէր ծաղկիլ, աւելի հզօր կայսրութիւններու ճնշումով կը խորտակուէր։ Ի վերջոյ, 1375-ին Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք հայերը շարունակեցին դիմանալ իրենց մշակոյթով, հաւատքով եւ յիշողութեամբ, սակայն ժամանակի ընթացքին դարձան աւելի խոցելի՝ օտար տիրապետութեան, տեղահանութեան եւ ի վերջոյ ցեղասպանութեան պատճառով:

Ժամանակակից պատմութեան մէջ, երբ Հայաստանը 1918-ին վերատիրացաւ իր անկախութեան՝ վեց դարեր շարունակ պետականութիւն չունենալէ ետք եւ միայն երեք տարի անց 1915-ի Ցեղասպանութենէն, հայերը առերեսուեցան ճակատագրական հարցումի մը․ ի՞նչ կը նշանակէ ինքնիշխանութիւնը փոքր ազգի մը համար, որ սեղմուած է մեծ ուժերու եւ թշնամի դրացիներու միջեւ։ Այս նոյն հարցումը կրկին առաջ եկաւ Խորհրդային Միութեան փլուզումով եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումով 1991-ին։ Աւելի ուժգին դարձաւ այդ գաղափարը, երբ արցախահայութիւնը՝ խորհրդային իշխանութեան տակ ինքնավար մարզի կարգավիճակով ապրած, ինքնորոշման եւ Հայաստանի միանալու ձգտեցաւ։ Արցախահայութեան մղած յաղթական ազգային-ազատագրական պայքարը ի վերջոյ հռչակեց Արցախի Հանրապետութիւնը. սակայն ցաւօք, երեսուն տարուան ապարդիւն բանակցութիւններէ ետք, 2023-ին հազարամեայ արցախահայութիւնը բռնի տեղահանութեան և ամբողջական ցեղային զտման ենթարկուեցաւ:

Այս դարաւոր փորձառութիւնը կ՛արտացոլէ, թէ ինչո՛ւ ինքնիշխանութիւնը կը մնայ կեդրոնական նախապայման հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար․ անոր բացակայութեան մեր գոյութիւնը դարձեալ ու դարձեալ վտանգուած է։ Ինքնիշխանութիւնը կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը կարող է ինքնակառավարուիլ եւ իր ապագան ինքնուրոյն կերտել։ Երբ այդ իրաւունքը կը մերժուի կամ կը խաթարուի, կը ծնին ստորացում, յուսախաբութիւն եւ գոյաբանական խորունկ սպառնալիքի զգացումներ։ Ինքնիշխանութիւնը այն հիմնական շրջանակն է, որով հայերը, ինչպէս բոլոր ժողովուրդները, կը փորձեն ապահովել իրենց ապագան, պահպանել իրենց մշակոյթը եւ հետապնդել իրենց ազգային շահերը։ Ահա թէ ինչո՛ւ ան կը մնայ կենսական հիմնաքար «Հայկական ազգային նախագիծ»-ին համար։

Հայկական ինքնիշխանութիւնը կը յենի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան Ա. եւ Բ. յօդուածներուն մէջ ամրագրուած հիմնարար սկզբունքներուն վրայ։ Առաջին յօդուածը կը սահմանէ Հայաստանը իբրեւ ինքնիշխան, ժողովրդավարական եւ ընկերային պետութիւն՝ կառավարուող օրէնքի գերակայութեամբ, այսպիսով հաստատելով անկախ պետականութեան իրաւական եւ քաղաքական հիմքը։ Երկրորդ յօդուածը կը վերահաստատէ, որ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին եւ կը գործադրուի ազատ ընտրութիւններով, հանրաքուէներով եւ ներկայացուցչական հաստատութիւններով։ Միասին, այս յօդուածները կը բացատրեն, որ ինքնիշխանութիւնը միայն տարածքի վերահսկողութիւն չէ, այլեւ նախ եւ առաջ հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքը, որ կը դրսեւորուի ժողովրդավարական կառավարման միջոցով։ Այս պատճառով ալ իսկական ինքնիշխանութիւնը անբաժանելի է քաղաքացիական մասնակցութենէն, սահմանադրական օրինականութենէն եւ օրէնքի գերակայութենէն։

Քաղաքացիական մասնակցութիւնը ինքնիշխանութեան կենսական շունչն է։ Ան վերացական իշխանութիւնը կը վերածէ ժողովուրդի և պետութեան միջև կենդանի պայմանագիրի։ Երբ քաղաքացիները կը քուէարկեն, կը կազմակերպուին, կը բողոքեն եւ կ`արտայայտուին, անոնք կ՛որոշեն երկրին ուղղութիւնը եւ օրինականութիւն կ՛ընծայեն անոր հաստատութիւններուն։ Նման մասնակցութիւնը կը պարտադրէ, որ կառավարութիւնները մնան պատասխանատու եւ զգայուն։ Ինքնիշխանութիւնը չի պաշտպանուիր միայն սահմաններուն վրայ, այլ նաեւ կը պահպանուի քաղաքապետարաններուն մէջ, քուէատուփերուն առջեւ եւ քաղաքացիական պարտաւորութեան առօրեայ դրսեւորումներուն մէջ։

Այնուամենայնիւ, հայութիւնը չի սահմանափակուիր Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններով։ Ցեղասպանութենէն, աքսորէն եւ պետականութեան չգոյութենէն ձեւաւորուած սփիւռքահայերուն համար, ինքնորոշման տենչը խորապէս անձնական է եւ պատմական արմատներ ունի։ Կարելի է պնդել, որ ինքնորոշման իրաւունքը կը պատկանի ոչ միայն քաղաքացիներուն եւ անցագիր ունեցողներուն, այլ նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան։

Սակայն իրաւունքները միայն բաւարար չեն։ Ինքնիշխանութիւնը երկկողմանի պարտաւորութիւն մըն է․ սփիւռքահայերը չեն կրնար  մասնակցութիւն պահանջել, եթէ միաժամանակ պարտականութիւններ չստանձնեն (հարկերու վճարումներ, ծառայութիւն կամ այլ կերպով հաւաքական պատասխանատուութիւններ ). մինչեւ որ սփիւռքի ձայները հաստատապէս չներառուին Հայաստանի ապագան կերտելու գործընթացին մէջ, հայկական ինքնիշխանութիւնը պիտի մնայ կիսուած, բայց անկատար ժառանգութիւն։

Խորքին մէջ ինքնիշխանութիւնը կը նշանակէ ունենալ իշխանութիւն՝ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային որոշումներ առնելու առանց արտաքին ճնշումի։ Արտաքին ազդեցութիւն եւ պարտադրանք միշտ գոյութիւն պիտի ունենան, բայց հարցը այն է, թէ ինչպէ՛ս պէտք է նուազեցնել անոնց ներգործութիւնը եւ ինչպէ՛ս դիմադրել անոնց։ Հայերուն համար, ինքնիշխանութիւնը ճշմարտապէս հասկնալը առաջին քայլն է զայն վերահաստատելու։ Ոչ թէ ճակատումներով, այլ՝ նպատակի յստակութեամբ, գոյաբանական առաջնահերթութիւններու շուրջ միասնականութեամբ եւ հաստատութիւններու ամրութեամբ։

Ինքնիշխանութիւնը դարերէ ի վեր հասկցուած է իբրեւ պետութեան իրաւունք՝ սեփական օրէնքներ հաստատելու, իր տարածքը վերահսկելու, իր շահերը սահմանելու ու հետապնդելու եւ արտաքին յարաբերութիւններ վարելու առանց օտար շահերու ծառայելու։ Ան նոյնական չէ անկախութեան։ Երկիր մը կրնայ անկախ ըլլալ՝ ազատուելով օտար տիրապետութենէն, բայց դեռ զրկուած մնալ լիակատար ինքնիշխանութենէն, եթէ իր որոշումները կը սահմանափակուին արտաքին ուժերու ազդեցութեամբ կամ նոյնիսկ անմիջական միջամտութեամբ։ Իսկ ինքնիշխան պետութիւն մը կրնայ դաշնակիցներու կամ արտաքին առեւտուրի վրայ յենիլ եւ այդուհանդերձ պահպանել իր իշխանութիւնը։ Ինքնիշխանութիւնը նաեւ չի նոյնանար ինքնավարութեան։ Տարածաշրջան մը կրնայ իր գործերուն մեծ մասը ինքնուրոյն վարել, ինչպէս՝ Արցախը խորհրդային իշխանութեան օրով, գոնէ տեսականօրէն։ Բայց այդ ինքնավարութիւնը խիստ սահմանափակուած էր անմիջական  տիրակալներու (Ազրպէյճան) եւ վերջնական տիրակալներու (Խորհրդային Միութիւն) ուժով։ Առանց անկախութեան, որ զօրացած է գործելու ազատութեամբ եւ օրինական քաղաքական միաւորի ճանչումով, ինքնավարութիւնը կը մնայ սահմանափակ։ Ան ինքնիշխանութիւն չէ։

Ինքնիշխանութիւնը, սակայն, բացարձակ չէ․ ան համեմատական է։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կամ Չինաստան շատ աւելի լայն ազատութեամբ կը գործադրեն իրենց ինքնիշխանութիւնը, քան Հայաստանի պէս փոքր երկիր մը, որ պէտք է անընդհատ յարմարի ուժեղ դրացիներու ճնշումներուն եւ փոփոխուող դաշինքներու։ Փոքր պետութիւններուն համար ինքնիշխանութիւնը անսահման անկախութիւն չի նշանակեր, այլ՝ կարողութիւնը պահպանելու ինքնուրոյն գործօնութիւնը, կենսական որոշումներ կայացնելու անվտանգութեան եւ ինքնութեան շուրջ եւ չվերածուելու ուրիշներու խաղերուն մէջ գործիքի։ Փոքր պետութեանց համար ինքնիշխանութեան իսկական չափանիշը այն չէ, թէ անոնք կը յաջողին ամբողջովին խուսափիլ արտաքին ազդեցութենէն, այլ թէ կը կարողանան պահել բաւարար ազատ գործօնութիւն՝ գոյատեւման հիմնական որոշումները ինքնուրոյն տալու համար, նոյնիսկ սահմանափակումներու մէջ։ Այս առումով, հայկական ինքնիշխանութիւնը պէտք է ընկալուի իբրեւ փխրուն, բայց միեւնոյն ժամանակ իմաստալից դաշտ մը, որ պէտք է պաշտպանուի, ընդարձակուի եւ գործադրուի առաւելագոյն զգուշութեամբ։

Անկախ Հայաստան մը առանց ինքնիշխանութեան պիտի դառնայ դատարկ պատեան․ պետութիւն մը, որ ի վիճակի չէ սեփական կենսական որոշումները տալու։ Ինքնիշխանութիւնը յաղթանշան մը չէ, որ ձեռք բերուելէ ետք կը մնայ յաւիտեան։ Փոքր ազգերուն համար ան պէտք է պաշտպանուի, պահպանուի եւ սերունդէ-սերունդ նորովի արժեւորուի։ Զայն գործադրելը պարտականութիւնն է ղեկավարներուն, քաղաքացիներուն (իրենց քուէով եւ մասնակցութեամբ) եւ նոյնիսկ սփիւռքահայերուն, որոնց ձայնը, թէեւ պակաս պաշտօնական, կը մնայ ազգին մաս։ Վտանգը կը կայանայ ինքնիշխանութիւնը սխալ գնահատելու մէջ. կամ զայն գերագնահատելով իբրեւ ուժ կամ պաշտպանութիւն (որ իրականութեան մէջ չունինք) , կամ թերագնահատելով զայն՝ կարծելով, որ փոքր պետութիւնները անկարող են իրական ինքնիշխանութիւն հաստատելու:

Ինքնիշխանութիւնը մէկ, հաստատուն հասկացութիւն չէ։ Ան կրնայ հասկցուիլ չորս իրարու վրայ կուտակուող չափումներով, ինչպէս քաղաքագէտ Սթիվըն Քրասներ կը բացատրէ։ Ներքին ինքնիշխանութիւն, որ կը վերաբերի պետութեան մը իշխանութեան իր սահմաններուն մէջ, ներառեալ կառավարելու եւ օրէնքներ կիրարկելու կարողութիւնը։ Հայաստանի նման ժողովրդավարական երկրի մը համար, ան կախեալ է ոչ միայն պաշտօնական հաստատութիւններէն, այլ նաեւ հակակշիռներու եւ հաւասարակշռութիւններու գործելէն, որոնք օրինականութիւն կը հաղորդեն։ Փոխկախուածութեան  ինքնիշխանութիւնը կը վերաբերի մարդոց, ապրանքներու, դրամագլուխի եւ տեղեկատուութեան միջազգային հոսքերու վրայ վերահսկողութեան։ Հայաստանի պարագային ան յատկապէս փխրուն է՝ պայմանաւորուած Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի փակ սահմաններով, սփիւռքեան դրամական փոխանցումներէ կախուածութեամբ եւ շրջանային առեւտրական ուղիներուն մէջ սահմանափակ ազդեցողութեամբ։ Միջազգային–իրաւական ինքնիշխանութիւնը հիմնուած է այլ պետութիւններու կողմէ ճանաչման եւ համաշխարհային հաստատութիւններուն մէջ մասնակցութեան վրայ։ Հայաստանը ՄԱԿ-ի անդամ է 1992-էն ի վեր, իսկ 2025-ին Պաքիստան՝ վերջին երկիրը, որ մինչ այդ չէր ճանչցած, պաշտօնապէս ճանչցաւ զայն։ Վեստֆալիական ինքնիշխանութիւնը չմիջամտելու սկզբունքն է, որ կը հաստատէ, որ իւրաքանչիւր պետութիւն ունի բացառիկ իշխանութիւն իր տարածքին եւ ներքին գործերուն վրայ։

Ոչ մէկ պետութիւն ինքնիշխանութեան բոլոր չորս չափումները կատարեալ կը գործադրէ։ Փոքր ազգ-պետութիւններուն համար, ինչպէս Հայաստանը, ամէն մէկը փխրուն է, բայց միասին կը սահմանեն այն դաշտը, ուր ինքնիշխանութիւնը կ՛ունենայ կենսունակութիւն։ Բայց հայերու պարագային այս չափումները անբաժանելի են գոյատեւման աւելի խոր հարցերէն։ Քաղաքականութենէն եւ սահմաններէն անդին, ինքնիշխանութիւնը կապուած է նաեւ մշակոյթի, ինքնութեան եւ պատմական շարունակականութեան պահպանման հետ։ Ան միայն իշխանութեան մասին չէ, այլ նաեւ գոյութեան իրաւունքի մասին՝ ըստ սեփական պայմաններուն։ Տեղահանութեամբ եւ ցեղասպանութեամբ կոփուած ժողովուրդի մը համար, լեզուի, հաւատքի եւ յիշողութեան պահպանումը խորհրդանշական չէ․ ան ինքնին ինքնիշխանութիւն է։ Հայաստանի գոյատեւումը աւելի քիչ հիմնուած է տարածքային վերահսկողութեան վրայ, քան իր եզակի մշակոյթին, այբուբենին ու լեզուին, կրօնին եւ զանոնք պահած ու պաշտպանած անդադար պայքարներուն տոկունութեան։

Այլ փոքր պետութիւններ դասեր կը մատուցեն, թէ ինքնիշխանութիւնը ինչպէ՛ս կարելի է պահպանել ճնշումներու տակ։ Զուիցերիան ապաւինեցաւ իր չէզոքութեան եւ ամուր հաստատութիւններուն, իսկ Սինկափուրը իր աշխարհագրական խոցելիութիւնը վերածեց ռազմավարական առաւելութեան՝ առեւտուրի եւ նորարարութեան միջոցով։ Բայց Ֆինլանտան տարբեր օրինակ մըն է։ 1939-ին ենթարկուելով Ստալինի յարձակումին, լքուած Արեւմուտքի ուժերուն կողմէ եւ հարկադրուած զիջելու իր տարածքին մօտաւորապէս 10 առ հարիւրը, ներառեալ Կարելիայի, Սալլայի եւ Պեթսամոյի հատուածները, ինչպէս նաեւ Լատոգա լիճին կէսը. Ֆինլանտան նաեւ պարտաւոր էր ընդունիլ ռազմական սահմանափակումներ եւ չէզոքութիւն։ 1944-ի համաձայնութիւնը թոյլ տուաւ խորհրդային ուժերուն վարձակալել Պորքքալայի մէջ ռազմածովային խարիսխ մը՝ Հելսինքիէն ընդամէնը 30 քիլոմեթր հեռու։ Բայց Ֆինլանտան մերժեց զիջիլ իր անկախութիւնը։ Այն, ինչ որ ուրիշներ կը նկատէին յանձնուողականութիւն (capitulation), ֆինները կը կոչէին գոյատեւում։ Իրապաշտութեամբ, զսպումով եւ խոր ներդրումներով կրթութեան, հաստատութիւններու եւ համընդհանուր պաշտպանութեան մէջ (ներառեալ Եւրոպայի ամէնէն արդիւնաւէտ դիպուկահար հրացանները եւ թեթեւ հրետանին), անոնք իրենց փխրուն ինքնիշխանութիւնը վերածեցին ամուր հիմքի մը, որուն վրայ կերտուեցաւ Եւրոպական ցամաքամասի ամէնէն կայուն ժողովրդավարութիւններէն մէկը։ Ֆինլանտայի համար ինքնիշխանութիւնը անսահման ազատութիւն չէր, այլ կենսական տարածք՝ պաշտպանուելու, դիմանալու, վերակառուցուելու եւ ի վերջոյ ծաղկելու համար։

Բոլոր այս դասերուն հետ, Հայաստանի ուղին դէպի կայուն ինքնիշխանութիւն տակաւին անորոշ է։ Ինչպէ՞ս կրնայ ծովեզերքէ զրկուած եւ թշնամի դրացիներով շրջապատուած երկիր մը կառուցել վստահելի պաշտպանութիւն, երբ երրորդ կողմի ապահովական երաշխիքներուն դատարկութիւնը կը բացայայտուի։ Ինչպէ՞ս տնտեսական կախուածութիւնը՝ ուժանիւթէն, առեւտրական ուղիներէն ու արտաքին ներդրումէն, կը սահմանափակէ այն քաղաքական ինքնավարութիւնը, որուն խոստումը ինքնիշխանութիւնն է։ Կրնա՞յ պետութիւն մը հաւասարակշռել համաշխարհային սփիւռքի ազդեցութիւնը՝ ներքին քաղաքացիներու ժողովրդավարական կամքին հետ։ Հայաստան ինչպէ՞ս կրնայ հաւասարակշռել մրցակցող տարածաշրջանային դաշինքներու միջեւ, առանց զիջելու իր որոշում կայացնելու իրաւասութիւնը։ Կրնա՞յ ինքնիշխանութիւնը դիմանալ ժողովրդագրական անկումին ու մարդկային ներուժի արտագաղթին, որոնք ներսէն կը տկարացնեն ազգը։ Եւ գուցէ ամէնէն վճռական հարցը․ կրնա՞յ Հայաստանը կերտել հաստատութիւններ, որոնք ոչ միայն գործունակ, այլեւ վստահելի են՝ ունակ կլանելու ցնցումներ, դիմադրելու կաշառակերութեան եւ արժանաւոր կերպով ներկայացնելու ամբողջ հասարակութիւնը։

Այս հարցերը դիւրին պատասխան չունին, բայց անոնցմէ կարելի չէ խուսափիլ։ Հայկական ինքնիշխանութիւնը մրցանակ մը չէ, որ ձեռք բերուեցաւ 1991-ին եւ ապահովուեցաւ յաւիտեան․ ան առօրեայ վարժութիւն մըն է դժուար ընտրութիւններու, ռազմավարական համբերութեան եւ քաղաքացիական պատասխանատուութեան հանդէպ հաւաքական նուիրումի։ Ամէն սերունդ պէտք է նորովի իմաստաւորէ ինքնիշխանութիւնը իր ժամանակին մէջ, պաշտպանէ զայն նոր սպառնալիքներէ եւ զայն զօրացած փոխանցէ յաջորդ սերունդին։

Մոխրագոյն երանգներու մէջ ընտրել երբեք դիւրին չէ, բայց ինքնիշխանութիւնը կը պահանջէ հաւասարակշռութիւն եւ իմաստութիւն։ Պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը շատ բան կը սորվեցնեն, բայց սորվիլը պէտք է խուսափի կտրուկ ծայրայեղութիւններէն կամ սեւ-սպիտակ մտածողութենէն, որ կը տիրէ 2020-էն ի վեր։ Սորվիլը անկարելի է առանց մեր պայմանները գնահատելու եւ քաղաքականութիւնը զատելու օրուան թայֆայական շահերէն։ Այս գործը երբեք աւարտ չի գտներ, եւ վտանգը երբեք աւելի մեծ չէ եղած։ Հայերը այսօր ունին սահմաններ, դրօշ եւ սահմանադրութիւն։ Բայց մինչեւ ինքնիշխանութիւնը չպաշտպանուի, խոհեմութեամբ չգործադրուի եւ չկիսուի, մեր անկախութիւնը պիտի մնայ կիսատ ու անաւարտ ծրագիր։

Նախորդը

Ակնարկ. Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն` Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (18 Սեպտեմբեր 2025)

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Հաւաքական Մեր Ինքնութիւնը Պեղող Արժէքաւոր Հրատարակութիւն Մը (Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Հատորին Լոյս Ընծայման Առիթով)

Սեպտեմբեր 17, 2025
Սուրիա` Նոր Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման
Անդրադարձ

Միջին Արեւելքի Հայկական Գաղութներու Գոյատեւումը` Ռազմավարական Նոր Հրամայական

Սեպտեմբեր 17, 2025
Լուսիկին Ամառնային Հեքիաթը Կու Գայ Աւելնալու Անոր Կախարդական Այլ Հեքիաթներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուսիկին Ամառնային Հեքիաթը Կու Գայ Աւելնալու Անոր Կախարդական Այլ Հեքիաթներուն Վրայ

Սեպտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?