Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուսիկին Ամառնային Հեքիաթը Կու Գայ Աւելնալու Անոր Կախարդական Այլ Հեքիաթներուն Վրայ

September 16, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Լիբանանահայութեան մշակութային կեանքին մէջ, յատկապէս մանկապատանեկան աշխարհին մէջ վերջին տարիներուն իր յատկանշական տեղը գրաւած է Լուսիկը` Անժելինա Սարգիսեանը, որ ոչ միայն սիրուած ու փնտռուած է անձնական տարեդարձներուն ու հաւաքոյթներուն, այլ նաեւ հայկական տարբեր միութիւններու կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներու, դպրոցական նախաձեռնութիւններու եւ այլն: Սակայն այս բոլորին կողքին, մանուկներուն եւ պատանիներուն կողմէ մեծապէս սպասուած են Լուսիկին ու անոր խումբին կազմակերպած հանդիսութիւնները` տարբեր տօներու եւ առիթներու նուիրուած (Կաղանդ, Զատիկ, Բարեկենդան եւ այլն), որոնք աւանդութեան բնոյթ ստացած են արդէն: Յատկանշականը այն է, որ իւրաքանչիւր հանդիսութեան Լուսիկ կը փորձէ պատգամ մը փոխանցել, մանուկներուն առօրեային կապուած միտք զարգացնել, միշտ յիշել հայկականութիւնը, Հայաստանն ու Արցախը:

Լուսիկին դէմքի անպակաս ժպիտը, փոքրերուն նկատմամբ ցուցաբերած սէրն ու ուշադրութիւնը, անձնական թէ հանրային ձեռնարկներուն իրմէ ակնկալուածէն շատ աւելին տալու նախանձախնդրութիւնը արդէն իսկ հարթեցին անոր յաջողութեան ուղին, որ սկիզբ առաւ «Վանայ Ձայն»-էն շաբաթական դրութեամբ սփռուող «Լուսիկն ու մեծ հայրիկը» մանկապատանեկան յայտագիրէն: Փոքրիկներուն ուրախութիւն փոխանցող, զանոնք երգելու, պարելու, խաղալու հրաւիրող անոր տարբեր ճոխ յայտագիրները Լուսիկին անունը դրոշմեցին տօնական բոլոր առիթներուն, ուր կայ փոքրերու յատուկ բաժին:

Այս բոլորին զուգահեռ, փոքրերուն կեանքին մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձած են Լուսիկին երգերը, զորս ան կը ներկայացնէ իր հանդիսութիւններուն, եւ որոնց տեսերիզները առցանց լայն տարածուն գտած են:

Լուսիկին այս տարուան նորութիւնը «Փոքրիկ աստղեր» աշխատանոցն էր` երկու ամսուան վրայ երկարող (1 յուլիսէն 31 օգոստոս): Շաբաթը չորս օր երեք տարբեր ժամերու Լուսիկն ու անոր խումբը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ընդունեցին 5-12 տարեկան մանուկներն ու պատանիները, բացայայտեցին անոնց տաղանդները, զարգացուցին անոնց կարողութիւնները եւ հետեւողական փորձերով պատրաստեցին սպասուած «Լուսիկին ամառնային հեքիաթը» խորագիրով հանդիսութեան: Լուսիկին օգնականները ամենայն բծախնդրութեամբ ամէնօրեայ դրութեամբ մանուկները կ`ընդունէին սրահի մուտքի դռնէն` միշտ ժպիտով, անոնց կ՛ընկերակցէին մինչեւ փորձի վայր, ուր Լուսիկը մնայուն ներկայութիւն կ՛ըլլար, կը դիմաւորէր իւրաքանչիւրը` միշտ հետամուտ ըլլալով, որ երեխաները հանգիստ զգան, որպէսզի իրենց առաւելագոյնը կատարեն: Օրական շուրջ 5 ժամ` իրերայաջորդ երեք փորձերու, Լուսիկ նոյն ժպտադէմ ու եռանդուն վիճակին մէջ կ՛ըլլար` միշտ պատրաստ բացատրածը կրկին բացատրելու, անգամ մը եւս երգելու ու երգել տալու, բեմին ու անոր գաղտնիքներուն մասին խօսելու եւ իր փորձառութիւնները կիսելու:

Նման աշխատանոց մը կազմակերպելու գաղափարին տուն տուող պատճառներուն մասին խօսելով` Լուսիկ ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր հանդիսութենէ ետք, երբ մանուկները կը մօտենային իրեն հետ նկարուելու, փափաք կը յայտնէին իրենք եւս ըլլալու բեմին վրայ, անոր հետ պարելու: Սակայն նկատի ունենալով, որ այդ հանդիսութիւնները սովորաբար դպրոցական օրերու կ՛ըլլան, ձմրան շրջանին, ինչպէս նաեւ դիւրին չէ կարճ ժամանակի մէջ մեծաթիւ փոքրիկները բեմ բարձրացնել, Լուսիկ գաղափարը յղացաւ ամրան նման ծրագիր մը մշակել` փոքրիկներուն փափաքը իրականութիւն դարձնելու համար: Ան դիմեց «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, որ իսկոյն ողջունեց առաջարկը, ու միասնաբար գործակցեցան այս ծրագիրը կեանքի կոչելու:

«Թէեւ ես այս մարզին մէջ եմ, թատրոնի ուսուցիչ եմ քանի մը վայրերու մէջ, սակայն ասիկա տարբեր է, որովհետեւ  35 փոքրիկներու մասնակցութեամբ ամբողջական ելոյթ մը պիտի կազմակերպուէր, եւ առիթ պիտի ստեղծուէր, որ այդ փոքրիկները փայլին բեմին վրայ, իւրաքանչիւրը իր արժէքը ստանայ:

«Առաջին տարին էր, որ փոքրերու տաղանդներու բացայայտման նման ծրագիր մը կ՛առաջարկուէր ծնողներուն, զարմանալի էր, որ այդքան արագօրէն մեծաթիւ ընդառաջում եղաւ, ծնողները, շատ քիչ տեղեկութիւններ ունենալով հանդերձ, արձանագրեցին իրենց զաւակները: Շատ ազդուած էի, որովհետեւ չէի ակնկալեր, որ ծնողները այդքան վստահութիւն ունենան ինծի նկատմամբ», «Ազդակ»-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Լուսիկ:

Ան նշեց, որ երբ տարբեր տարիքի մանուկներու մասնակցութեամբ նման ծրագիրի մը գաղափարը ծագեցաւ, միշտ զգուշ եղան, որ մանկապարտէզի հանդէսի չվերածուի, որովհետեւ այս աշխատանքն ու դպրոցի աշխատանքը տարբեր են: «Փափաքեցայ, որ փոքրերը` իբրեւ իսկական դերասաններ, բեմ բարձրանան եւ ոչ թէ` հանդէսի մը մասնակիցներ, ատոր համար ալ խումբերու տարիքային բաժանում չկատարեցինք:  5-12 տարեկան փոքրիկներ բաժնուեցան երեք խումբերու` ժամերու համաձայն: Տարիքի բաժանումին համաձայն չէի, որովհետեւ կը հաւատամ, որ փոքրերը տարիքով իրենցմէ քիչ մը մեծերէն` սորվելիք ունին եւ՛ հակառակը: Նաեւ շատ աւելի գեղեցիկ է, երբ տարբեր տարիքի մանուկներ միասնաբար բեմ բարձրանան, մանաւանդ որ շատ փոքրերը երբ շուարին, այդպիսով առիթ կ՛ունենան մեծերուն հետեւելու, իսկ մեծերն ալ տէր կ՛ըլլան փոքրերուն, ինչ որ պատասխանատուութիւն կը սորվեցնէ անոնց», ըսաւ Լուսիկ:

Լուսիկ խոստովանեցաւ, որ թէեւ առաջին անգամ ըլլալով չէ, որ փոքրերուն հետ կ՛աշխատի, իր խումբին մաս կը կազմեն տարբեր տարիքի երեխաներ, սակայն այս պարագային թիւը մեծ էր, նաեւ պէտք էր իւրաքանչիւրին ուշադրութիւն դարձնել, յատուկ կարեւորութիւն տալ, որովհետեւ իրենք ալ այդ ակնկալութեամբ կու գային փորձերու: «Օրական դրութեամբ այդ 34 մանուկներուն յատուկ գուրգուրանք տալն ու ուշադրութիւն դարձնելը  շատ կարեւոր էր, որովհետեւ այդպիսով կ՛ամրապնդուի անոնց ինքնավստահութիւնը: Ես ամէն օր այդ գծով իսկապէս ճիգ կը թափէի, նաեւ կ՛ուզէի, որ փորձերը ըլլան ուրախ մթնոլորտի մէջ, որովհետեւ ամրան իրենց արձակուրդին մանուկները եկած էին ուրախանալու»:

Նման ծրագիր մը անպայման կ՛ունենայ իր դժուարութիւնները, սակայն Լուսիկն ու անոր օգնականները միասին յաղթահարեցին բոլոր հարցերը: «Հիմնականին մէջ երեք խումբերուն հետ աւելի քան մէկ ժամ անդադար խօսիլը, կրկնելը քիչ մը դժուար եղաւ, որպէսզի բացատրուածը լաւապէս ընկալեն, սակայն օգնականներս եւ նոյնիսկ փոքրերը մեծապէս օգնեցին այս ծրագիրի յաջողութեան:

«Մանուկները մնայուն կերպով մտահոգ էին, որ կրնան բեմին վրայ սխալիլ, մոռնալ եւ այլն: Ես իրենց կը բացատրէի, որ չենք գիտեր` ի՛նչ կրնայ պատահիլ, բայց ստեղծուած կացութիւնը յաղթահարելու միջոցներ պէտք է գտնել: Բնական է, որ սխալներ ըլլան, թեքնիք հարցեր, որոնք արդիւնքին վնաս կրնան հասցնել, բայց իբրեւ առաջին տարի` արդիւնքէն գոհ էի, բնականաբար յաջորդ տարի աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որովհետեւ մեր սխալներէն ու փորձառութենէն պիտի սորվինք: Բայց կ՛ուզեմ շեշտել, որ փոքրերը իսկապէս զարմացուցին, զիս, եւ իսկապէս հպարտ եմ իրենցմով: Կը կարծէի, թէ բեմ պիտի ելլեն ամչնալով` նկատի ունենալով իրենց առաջին անգամն ըլլալը, սակայն կրնամ ըսել, որ բոլոր փոքրիկներն ալ իրապէս շատ բացառիկ էին, զարմացուցին զիս ու օգնականներս, շատ գոհ էի իրենց խաղարկութենէն, թատրոնի մթնոլորտին մէջ մտան շատ դիւրին կերպով, բնականօրէն պարեցին, երգեցին ու իրենց վստահուած բաժինը լաւապէս կատարեցին»:

Լուսիկ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Վանայ Ձայն»-ին, որ վեց շաբթուան ընթացքին ուղիղ սփռումով առիթ տուաւ, որ փոքրիկները հաղորդավարի փորձառութիւնը ապրին, հիւրեր ընդունին, անոնց հետ զրուցեն, կարծիքներ փոխանակեն: Իբրեւ հիւր ունեցան` Սեդօ Պաղտասարեանը, Յարութ Հարպոյեանը, Սուրէն Խտըշեանը, Հուրի Փափազեան-Էմմիեանը, Մարտիկ Օքճեանը, Կարէն Գազանճեանը եւ Ալիս Իփրաճեանը, այդպիսով անոնց փորձառութենէն սորվեցան երգի, թատրոնի, նուագի, լուսանկարչութեան մասին: Ան նաեւ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք ամրան արձակուրդին իրենց զաւակները բերին կանոնաւոր կերպով, վստահեցան իրեն եւ օգնականներուն: Այս բոլորին  լոյսին տակ Լուսիկ վճռական է յառաջիկայ տարի եւս շարունակելու այս ծրագիրը` այս տարուան փորձառութենէն դասեր քաղելով եւ աւելի լաւին ձգտելով:

30 օգոստոսը թէ՛ փոքրերուն, թէ՛ ծնողներուն սպասուած օրն էր, երբ կատարուած փորձերուն, ի գործ դրուած հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքին արդիւնքը պիտի հրամցուէր ոչ միայն ծնողներուն ու բարեկամներուն, այլ` Լուսիկին հանդիսութիւնները սպասող մեծաթիւ փոքրերուն: Բեմին յարդարանքը, լուսաւորումը, ծուխի ու փուչիկի սարքերը, մանուկներուն զգեստները, որոնք իրենց նախընտրութեան համաձայն նոր կարուած են, ընդհանրապէս սրահին մթնոլորտը հեքիաթային, կախարդական ու տպաւորիչ դարձուցին: Լուսիկն ու 34 երեխաները, նաեւ Լուսիկին խումբին մաս կազմող քանի մը կերպարներ ներկաները տարին ծովեզերք, ջուրին յատակը, միասնաբար երգեցին, խաղացին, դիտեցին ու ապրեցան գոհունակութիւնը` կատարուած ճիգերուն արդիւնաւորուելուն ականատես ըլլալու:

Կեցցե՛ս, Լուսիկ, կեցցե՛ն քեզի հետ բեմին վրայ կամ քուլիսներու ետին եղող նուիրեալ օգնականներդ, դուք իրապէս անջնջելի դրոշմ դրիք լիբանանահայ մանկապատանեկան կեանքին մէջ, ոչ միայն երգեցիք, պարեցիք ու թատրոններ բեմադրեցիք, այլ մղեցիք համարձակ թէ ամչկոտ երեխաները եւս ապրելու այդ փորձառութիւնը, սորվելու ձեզի հետ, ապրելու բեմին կախարդանքը:

Լիբանանեան կեանքի վերիվայրումներէն բաժին կ՛իյնայ նաեւ մանուկներուն, երբեմն զանոնք ուրախացնելը կը դառնայ դժուար, սակայն Լուսիկին հետ կայ ապրուած իսկական ուրախութիւն մը, որ, յոյսով ենք, կը յարատեւէ ու նորանոր սրտեր կը թափանցէ:

 

 

Նախորդը

Խորհրդաւոր Պատկերդ Պահեցի Աչքերուս Մէջ

Յաջորդը

Ֆութպոլի Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.