ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ
Վերջին տասնամեակներուն կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր համացանցը, Դիմատետրը, ընդհանրապէս ընկերային ցանցերն ու արհեստագիտական տարբեր նորութիւններ իրենց մեծ ազդեցութիւն ձգած են, ինչ որ նաեւ պատճառ դարձած է, որ պատանիներ եւ չափահասներ հեռու մնան ընթերցանութենէն:
Սակայն, հակառակ այս բոլորին, տակաւին կան անհատներ, որոնք կը հաւատան գրելու եւ կարդալու արուեստին: Այս պատանիներէն մէկն է պարմանուհի Մեղրի Պագգալեանը, որուն գիրքը` «The Price of the Trial» խորագիրով, վերջերս հրատարակուեցաւ Անգլիոյ մէջ:
Գիրքին իրադարձութիւնները տեղի կ՛ունենան Գերմանիոյ Աուսշուիկ (Auschwig) քաղաքին մէջ, Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին` 1941-ին:
Վէպին հերոսներն են Ադամ եւ Ժոզեֆ, որոնք ծնած էին Հրէաստանի մէջ: Անոնք մտերիմ ընկերներ էին իրենց ծնողներուն նման: Ադամ իր ծնողքին մէկ հատիկ զաւակն էր, որուն հայրն ու մայրը իրարմէ բաժնուած էին, որովհետեւ հայրը Գերմանիոյ մէջ ունէր ուրիշ ընտանիք մը: Բայց այս մէկը չէին գիտեր Ադամն ու անոր մայրը:
Ադամ եւ Ժոզեֆ սովորութիւն ունէին յաճախ այցելելու պապուկի մը, որ իր երիտասարդութեան նկարիչ եղած էր եւ շատ ճամբորդութիւններ կատարած էր: Ժոզեֆ շատ մեծ փափաք ունէր այցելելու պապուկին գացած վայրերը: Ադամ լռակեաց էր եւ յաճախ նեղութիւն կը զգար ընկերոջ հարցումներէն, որովհետեւ ինք փափաք ունէր այցելելու ուրիշ տեղեր:
Ադամ կը փափաքէր ունենալ Ժոզեֆին կարմիր ինքնաշարժէն, սակայն հայրը անտարբեր կը գտնուէր եւ տղուն տարբեր խաղալիքներ կը բերէր: Ան յաճախ կ՛երթար Ժոզեֆին քով եւ կը խաղար անոր կարմիր ինքնաշարժով, զոր ինք կը փափաքէր ունենալ: Ադամ կը սկսի նախանձիլ իր ընկերոջը եւ նեղութենէն կը կոտրէ անոր ինքնաշարժը: Սակայն, շատ չանցած, Ադամ կը զղջայ ըրածին:
Ադամին եւ Ժոզեֆին հայրերը միասին կ՛աշխատէին, եւ անոնց կեանքի պայմանները կը ստիպեն, որ անոնք փոխադրուին Գերմանիա: Այնտեղ Ժոզեֆ դպրոց կ՛երթայ, բայց Ադամ` ոչ:
Գերմանիոյ մէջ Ժոզեֆին մայրը կը գիտնայ, որ Ադամին հայրը արդէն իսկ ունէր ուրիշ կին մը եւ ընտանիք, կ՛երթայ ընկերուհիին քով եւ իրականութիւնը կը պատմէ:
Այս շրջանին է, որ կը սկսի Համաշխարհային Բ. պատերազմը, երկու ընկերները կը ձերբակալուին, ու կը սկսի չարչարանքը: Զանոնք կը տեղադրեն վանի մը մէջ, որպէսզի փոխադրեն ուրիշ շրջան մը: Վանին դուռը քիչ մը բաց մնացած կ՛ըլլայ, եւ այս երկու ընկերները կը փախչին դէպի պարտէզները:
Կիսամութին կը տեսնեն գիւղ մը եւ դէպի հոն կ՛երթան վախնալով, որ իրենց բանտարկեալի տարազները զիրենք մատնեն:
Նոր գիւղին մէջ կը հանդիպին նոր ծերուկի մը, եւ ան կ՛ուզէ պաշտպանել զիրենք: Ադամ կը համաձայնի երթալ պապուկին հետ, բայց Ժոզեֆ համարձակութիւնը չ՛ունենար: Ծերունին տղոց կու տայ պզտիկ սենեակ մը: Ադամ այնտեղ կը մնայ, բայց Ժոզեֆ կ՛երթայ պապուկին հետ եւ կը ծանօթանայ անոր թոռնիկին: Ժոզեֆ կը նեղանայ ընկերոջ ըրածէն եւ տուն չի վերադառնար: Այս դէպքէն ետք Ադամ ի՛նք կ՛ըլլայ պապուկին բարեկամը:
Ժոզեֆ կը հեռանայ գիւղէն եւ կ՛երթայ աւելի բարեկեցիկ շրջան մը ապրելու: Ադամ կը փափաքի երթալ եւ գտնել իր մանկութեան ընկերը` Ժոզեֆը: Ադամ կը նախանձէր ընկերոջը, եւ այս մէկը պատճառ կը դառնայ, որ ընկերները բաժնուին:
Այս դէպքէն ետք զինուորները կը գտնեն Ադամն ու Ժոզեֆը եւ կը ձերբակալեն զանոնք: Զինուորները կը պարտադրեն Ադամին, որ սպաննէ իր ընկերը, որպէսզի իր կեանքը խնայէ: Ան կը հնազանդի եւ կը սպաննէ իր մանկութեան ընկերը: Ադամ զինուորներուն հետ կը վերադառնար, երբ իրենց դիմացը կ՛ելլէ Ժոզեֆին սիրած աղջիկը եւ կը սպաննէ Ադամը:
Զինուորներէն փախչելու եւ սպաննուելու դէպքերը ծրագրուած էին բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը կողմէ:
Սիրելի՛ ընթերցող,
Դաւաճանին լռութիւնը աւելի մեծ է, քան` դաւաճանողին ցաւը:
Կը շնորհաւորենք Մեղրին եւ իր ծնողքը ու նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն:


