Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 17, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Երեւանի Մէջ` Նիկոլ Աղբալեանի 150-Ամեակին Նուիրուած Հատորի Շնորհահանդէս

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին հետ գործակցութեամբ, 12 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Նիկոլ Աղբալեանի երկերու առաջին հատորին շնորհահանդէս:

Հատորը նուիրուած է Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակին: Զայն կազմած է գրականագէտ Արմէն Մանուկեան, իսկ խմբագրած է Լուսինէ Աւետիսեան:

Շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Գրականութեան հիմնարկի դահլիճին մէջ` Համազգայինի անդամներու, Գրականութեան հիմնարկի գիտաշխատողներու, դոկտորներու եւ գրողներու ներկայութեամբ:

Նախաձեռնութեան բացումը կատարեց Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Հերիքնազ Որսկանեան: Ան շնորհաւորեց ներկաները գիրքին լոյս ընծայման առիթով` շեշտելով Համազգայինի դերը այս կարեւոր աշխատանքի իրականացման մէջ:

Համազգային Կեդրոնական վարչութեան խօսքը ներկաներուն ուղղեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան:

Նիկոլ Աղբալեան մտաւորականի գործունէութեան եւ նորընծայ հատորին անդրադարձան` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան, լիբանանահայ վաստակաշատ մանկավարժ Տիգրան Ճինպաշեան, գրականագէտներ` Արմէն Մանուկեան, Արշալոյս Գալստեան, Աւիկ Իսահակեան, Լուսինէ Աւետիսեան, Պետրոս Տեմիրճեան, Սուսաննա Յովհաննիսեան եւ Հայկական Հանրագիտարան հրատարակչութեան տնօրէն Յովհաննէս Այվազեան:

Անոնք իրենց խօսքին մէջ կարեւոր նկատեցին գիրքին ծնունդը` զայն նկատելով յարգանքի տուրք հայ մեծանուն մտաւորական, հանրային-քաղաքական գործիչ Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակին: Անոնք դիտել տուին, որ ասիկա նաեւ առիթ է անդրադառնալու` անոր ձգած ժառանգութեան, կրթութեան, գիտութեան, ինչպէս նաեւ` ազգային դաստիարակութեան մէջ ունեցած աւանդին:

«Ճշմարիտ ու գաղափարական հայը կանգնած է նաեւ Համազգայինի աշխարհասփիւռ կառոյցի ստեղծման ակունքներուն մէջ: Կառոյցի մը, որ թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ միշտ եղած է ազգային ինքնութեան պահպանման առանցքին եւ նոյն առաքելութեամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը», գրուած է Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Գեղարուեստական Ղեկավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի` Շուշիի «Վարանդա» Երգչախումբը Ժայթքեցուց Արցախի Անմոռաց Բոցը Հանդիսատեսին Սրտին Ու Մտքին Մէջ

«Ահա երկրորդ տարին է, որ Արցախից հեռու` մենք հաւաքւում ենք ա՛յս պայմաններում: Երգում ենք, որ մեր մէջ վառ ու թրթռուն մնայ մեր Արցախ աշխարհը, որ` առօրեան իր դաժան հեւքով ու կշռոյթով այն չհանի ո՛չ մեր լեզուից, ո՛չ մեր մտահորիզոնից, որպէսզի ամրապնդենք արցախեան մեր կեանքի պայծառ յիշատակները, ու որ` չխամրեն մեր երազանքները: Որ` չզիջենք մեր երազանքները յաջորդ սերնդին, այլ ամէն օր գործենք դրանց իրականացմանն ի խնդիր…», իր խօսքին մէջ հաստատեց Զաքար Քէշիշեան:

Շուշիի ազատագրումէն ետք լիբանանահայ երաժիշտ ու հայրենասէր Զաքար Քէշիշեան գացած է Արցախ ու Շուշիի «Արամ Մանուկեան» վարժարանին մէջ հիմնած է «Վարանդա» մանկակապատանեկան, երիտասարդական պետական երգչախումբը, որուն առաջին համերգը կայացած է նախ Շուշիի, ապա` Երեւանի մէջ, 1993-ին: Ու մինչեւ 2020 թուականի սեպտեմբերին սկսած պատերազմը «Վարանդա» երգչախումբը, որ կը գործէր մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական կազմերով, բազում համերգներով հանդէս եկած է Արցախի, Երեւանի, Հայաստանի տարբեր մարզերու եւ արտերկրի մէջ:

Սակայն եղաւ պատերազմը, եւ Շուշին մնաց թշնամիին տիրապետութեան տակ: «Վարանդա» երգչախումբը այդ պատերազմէն ետք ալ գործեց, բայց արդէն` Ստեփանակերտի մէջ: 2022-ին Արցախի մայրաքաղաքին մէջ երգչախումբը Զ. Քէշիշեանի գլխաւորութեամբ վերջին համերգը տուաւ` «Երգող Արցախ» երգչախմբային ծրագիրով: Արցախի հայաթափումէն ետք 2024 թուականէն «Վարանդա» երգչախումբը արդէն կը գործէ Երեւանի մէջ` շարունակելով «Երգող Արցախ» երաժշտական ծրագիրը:

4 սեպտեմբեր 2025-ին «Վարանդա»-ի պատանի երգիչները, Զ. Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ, ելոյթ ունեցան Արարատի մարզի Մասիս քաղաքին, իսկ 7 սեպտեմբերին` Գիւմրիի մէջ: Սեպտեմբեր 9-ին «Երգող Արցախ»-ը հիւրընկալուեցաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ: Մօտաւորապէս 6 տասնեակ պատանիներով համալրուած երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար Զաքար Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ եւ Նադեժդա Յակոբեանի դաշնակի նուագակցութեամբ, տասնէ աւելի երգերով հմայեց ու ոգեւորեց հանդիսատեսը:

Համերգին հովանաւորներն էին Արեւելեան Ամերիկայի Կիլիկիոյ թեմի առաջնորդարանն ու Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցին:

Երգահանդէսին ներկայ գտնուեցան` Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանը, Արցախի կառավարութեան անդամներ, հայրենի տունէն բռնի տեղահանուած արցախցիներ, ինչպէս նաեւ մշակութային գործիչներ` Երեւանէն եւ այլ վայրերէ:

«Վարանդա»-ի ներկայի երգչախումբի անդամները հիմնականօրէն արցախցի պատանիներ են` ծնունդով Արցախի տարբեր շրջաններէն: Անոնք այժմ կը բնակին Երեւանի եւ Հայաստանի տարբեր մարզեր:

Երեւանեան համերգի ժամանակ հնչեցին արցախեան բարբառով երգեր, որոնց շարքին մաս կը կազմէր արցախեան բանահիւսութենէն վերցուած եւ Տիգրան Մանսուրեանի երաժշտութեամբ «Այեան մածունը մերալ ա» երգը: «Պարոն Զաքար եւ 40 սատանաներ» երգիծական երգը, որ գրած էր Սերգէյ Մարկոսեանը` յատուկ «Վարանդա» երգչախումբին եւ «Երգող Արցախ» նախագիծին համար, սիրով ընդունեց հանդիսատեսը: «Այս միակ երգն է, որ արդէն մեկնաբանուած էր անցեալ տարի, սակայն պատանի երգիչներուն խնդրանքով այս տարի զայն կրկին ներառեցինք երգացանկին մէջ», տեղեկացուց Զ. Քէշիշեան` յիշողութիւնը պատմելով երգի ստեղծման մասին:   Համերգի ընթացքին բեմ կը բարձրանային երգչախումբին օժանդակող անձինք` երգերու խօսքերու եւ երաժշտութեան հեղինակներ եւ ուրիշներ:

Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի նախկին ղեկավար, Արցախի մնայուն աջակից Գուրգէն Մելիքեան, ծաղկեփունջ նուիրելով երգչախումբին, կարեւոր նկատելով` շեշտեց Զ. Քէշիշեանի 30 եւ աւելի տարիներու կատարած եւ շարունակուող աշխատանքը: Երգչախումբին կատարած իւրաքանչիւր երգէ ետք աւելի կ՛ոգեւորուէր դահլիճը. իւրաքանչիւր երգ տունդարձի յոյս կը ներշնչէր ներկաներուն: Բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան ներկայ գտնուեցաւ համերգին, անոր խօսքով գրուած «Արցախ» բանաստեղծութիւնը, իր հեղինակած երաժշտութեամբ, երգի վերածած է երգահան Մարտին Վարդազարեանը: Երգչախումբին կողմէ հնչեց այդ երգը, եւ հեղինակները միասին բեմ բարձրացան ու ողջունեցին Զ. Քէշիշեանի ձեռնարկը: Խ. Մանուկեան, որուն որդին մարտիրոսացած էր յանուն Արցախի, հաւատք ներշնչեց` ըլլալու պատրաստ տունդարձի Արցախ:

Համերգը եզրափակուեցաւ Արցախի օրհներգով, որուն նախորդեցին «Երազ իմ,  երկիր հայրենի…» եւ Պարոյր Սեւակի խօսքերով գրուած «Հայաստան» բանաստեղծութեան` Արմէնուհի Կարապետեանի գործիքաւորումով երգերը: Երգահանդէսը նաեւ առիթ էր, որ երկար ժամանակ զիրար չտեսած, կարօտցած արցախցիները կրկին հանդիպին` անցած լաւ ու բարի յիշողութիւններով: «Ես խորապէս կը հաւատամ, որ բարիի, արդարութեան յաղթանակը միայն հեքիաթներու մէջ չ՛իրականանար, եթէ…», ըսելով եզրափակեց երգահանդէսը Զ. Քէշիշեան:

Աւետիք Իսահակեանի 150-Ամեակին Նուիրուած Յուշ–Երեկոյ.  «Հայ Ծնիլը Դժբախտութիւն Է, Հայ Մնալը` Հերոսութիւն»

«Շատերը այստեղ առաջին անգամն է, որ եկած են: Բայց վստահ եմ, որ անոնք կը վերադառնան: Մեզի համար Ա. Իսահակեանի ծննդեան օրը տօն է: Իսկ այսօր աւելի կարեւորն այն է, թէ Իսահակեանի թողած ժառանգութիւնը աւելի արդիական կը հնչէ, քան` երբեւէ: Մեր փափաքն է զանոնք փոխանցել ժամանակակից մարդուն, որուն տակաւին տեղեակ չէ: Եւ մենք պէտք է այնպէս ընենք, որ անոնք մտերիմներ դառնան», յայտնեց բանաստեղծին թոռը` Աւիկ Իսահակեանը:

Սեպտեմբեր 11-ին Զարոբեան 20-ի այգին կրկին բացաւ իր դարպասները: Տունը, ուր ապրած եւ աշխատած է Աւետիք Իսահակեան,  լեցուած էր մարդոցմով, ձայներով, երաժշտութեամբ: Անոր բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ սիրավէպեր կը հնչէին բաց երկնքի տակ: Երեկոյի հիւրերը եւ թէ անոնք, որոնք առաջին անգամ եկած էին, նաեւ անոնք, որոնք բազմիցս եղած են այստեղ, սկսան շրջայցով. գրասենեակը, ուրկէ թուղթի եւ յաւերժական աշխատանքի հոտ կու գայ, ննջասենեակը, ուր տակաւին կը լսուի բանաստեղծութիւններուն շշուկը: Գիրքերով, նամակներով, աւանդավէպերով լի դարակներ: Այստեղ ամէն ինչ մնացած է «իրական»` առանց թանգարանային դասաւորութիւններու, այնպիսի ջերմութեամբ, որ չէ մարած նոյնիսկ տասնամեակներ անց: Այս երեկոն թանգարանին կողմէ իրականացուող լայնածաւալ յոբելենական ծրագրի մէկ մասն է: Անիկա հիմնուած է Իսահակեանին` կրկին կենդանի, շօշափելի, 21-րդ դարու լեզուով պատմելու գաղափարին վրայ: Ստեղծուած են նոր ցուցահանդէսներ` ժամանակակից մօտեցումներով, ներառական ձեւաչափերով եւ գծանկարային ժապաւէններով, որպէսզի երեխաներն ու պատանիները նոյնպէս լսեն անոր ըսածը: Իսկ ան պարզապէս կ՛ըսէր` պէտք է ապրիլ արժանապատուօրէն, երազել առանց ամաչելու եւ խորը սիրել:

Երեկոյի ընթացքին յիշուեցան նաեւ այլ հիւրեր` մեծ գրողներ, երգահաններ, կաթողիկոսներ, արուեստագէտներ, որոնցմէ են` Խաչատրեանը, Դեմիրճեանը, Ոսկան Ալավերդեանը, Վաղարշակ Հարոյեանը եւ  ուրիշներ: Բանաստեղծին դռները բաց էին բոլորին համար, իսկ հիմա նոյնպէս բաց են:

Բացօթեայ համերգին ներկայ գտնուեցան տասնեակ ունկնդիրներ: Մեկնաբանուեցան երգեր եւ ռոմանսներ Իսահակեանի խօսքերով` Կոմիտաս, Մելիքեան, Աբրահամեան, Տէրտէրեան, Մանսուրեան, Սուիրիտով…

Տուն-թանգարանի տնօրէն Արմինէ Իսահակեան-Գրիգորեան նոյնպէս յատուկ յուզմունքով խօսեցաւ երեկոյի մասին. «Այս այգին անոր տարածքն է: Ան կը սիրէր ամրան այստեղ ըլլալ, աշխատիլ, հիւրեր ընդունիլ: Եւ խորհրդանշական է, որ այսօր, այդքան տարիներ անց, մենք նաեւ բանաստեղծին ընկերները կ՛ընդունինք այստեղ, այս երկինքին տակ»:

Երեւանի Մնջախաղի Պետական Թատրոնը Մրցանակ Շահած Է Սրի Լանքայի Միջազգային Փառատօնին

Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնը վերջերս մասնակցած է Սրի Լանքայի «Քոլոմպօ» միջազգային թատերական փառատօնին:

Փառատօնի մրցոյթին մասնակցած է Նայիրա Եդիգարեանի «Դէպի ներս» բեմադրութիւնը, ուր արուեստագէտը հանդէս եկած է թէ՛ իբրեւ բեմադիր եւ թէ՛ մենակատար: Ժամանակակից մնջախաղի արուեստի արտայայտիչ լեզուով ստեղծուած այս ներկայացումը հանդիսատեսին եւ դատակազմին կողմէ արժանացած է բարձր գնահատանքի` իբրեւ ինքնաբացայայտման, ներքին ճգնաժամերու յաղթահարման եւ ինքնութեան որոնման պատկերաւորում:

Թատերախումբը «Լաւագոյն բեմադրութիւն» անուանակարգին մէջ շահած է առաջին մրցանակը:

Փառատօնի ծիրին մէջ Նայիրա Եդիգարեան Սրի Լանքայի արուեստի կեդրոնին մէջ կազմակերպած է նաեւ վարպետութեան աշխատանոցներ:

Նշենք, որ Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնը հրաւէր ստացած է մասնակցելու Հնդկաստանի մէջ 2026-ին կայանալիք թատերական միջազգային փառատօնին:

Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանին Եւ Բրիտանական Թանգարանին Միջեւ Փոխըմբռնման Յուշագիր Ստորագրուած Է

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը սեպտեմբեր 7-10 աշխատանքային այցով կը գտնուէր Միացեալ Թագաւորութիւն:

Լոնտոն այցի ծիրին մէջ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր մը` Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին եւ Բրիտանական թանգարանին միջեւ: Յուշագիրը ստորագրած են երկու թանգարաններու տնօրէնները` Դաւիթ Պօղոսեան եւ Նիքլաս Քուլինան:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Ալֆրետ Քոչարեանի համաձայն, 2024-ին Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ Բրիտանական թանգարանին հետ միասնաբար կազմակերպուած «Մայր աստուածութիւն. Անահիտէն Մարիամ» ցուցադրութիւնը Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ կենսունակ եւ զարգացող համագործակցութեան մշակութային օրակարգի կարեւոր կէտերէն մէկն էր, որ նաեւ ամուր հիմք հանդիսացած է հետագայ համագործակցութեան զարգացման համար:

Ալֆրետ Քոչարեան վստահութիւն յայտնած է, որ յուշագիրը պիտի խորացնէ միջմշակութային համագործակցութիւնը` նպաստելով գործընկերութեան ընդլայնման, նոր կապերու ձեւաւորման եւ մշակութային փոխանակումներու զարգացման:

 

Նախորդը

Հայ Եկեղեցին Հաշուեյարդարի Ենթարկելու Նպատակասլաց Քաղաքականութիւն

Յաջորդը

Միջին Արեւելքի Հայկական Գաղութներու Գոյատեւումը` Ռազմավարական Նոր Հրամայական

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 10, 2025
Եռաբլուրի Մէջ «Արցախի Կանչ» Յուշակոթողին Բացումը Կատարուեցաւ
Հայրենի Կեանք

Եռաբլուրի Մէջ «Արցախի Կանչ» Յուշակոթողին Բացումը Կատարուեցաւ

Սեպտեմբեր 4, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?