ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Մուսա Լերան հերոսամարտի 110-ամեակին առիթով անգամ մը եւս մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիները եւ պահ մը մեզ բոլորս կը տեղափոխէ այն լերան բարձունքները, ուր կազմուեցան մեր հոյակապ աւանդութիւններն ու մղուեցան հերոսական մարտնչումները:
Կ՛արժէ անդրադառնալ պատմական արժէք ունեցող այս իրադարձութեան եւ անոր իմաստալից պատգամներով սպառազինուած, դէպի ապագայ մեր երթը շարունակել` վերանորոգուած, հաստատակամ եւ աւելի հզօրացած:
Մուսա Լեռը կը գտնուի պատմական Անտիոք քաղաքէն շուրջ 18 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, դէպի արեւմուտք, Կիլիկիոյ միջերկրականեան ափերուն: Հին դարերէն ի վեր անոր ափերուն կանգնած են Մուսա Լերան հայկական գիւղերը` Եողուն Օլուք, Խըտըր Պէկ, Պիթիաս, Հաճի Հապապլի, Վագըֆ եւ Քէպուսիէ: Թէ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ ծնունդ առած են Մուսա Լերան հայկական գիւղերը` դժուար է ըսել: Յստակ է սակայն, որ հիւսիսային Ասորիքը եղած է այն առաջին շրջաններէն մէկը, ուր հաստատուած են որոշ թիւով հայեր` Քրիստոսէ առաջ Գ. դարուն: Շրջանին մէջ հաստատուած հայ գաղթականներուն թիւը յաւելում կրած է Մեծն Տիգրանի թագաւորութեան ժամանակ, Քրիստոսէ առաջ Ա. դարուն: Յաջորդող դարերուն հայկական համայնքը տեւապէս դիմագիծ փոխած է` երբեմն բազմանալով, նուազելով, համաձայն շրջանի դիմագրաւած պայմաններուն:
Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն ետք շրջանի հայ համայնքը կը տկարանայ եւ միայն 17-րդ դարէն ետք հայ կեանքը դարձեալ կ՛աշխուժանայ Մուսա Լերան եւ Քեսապի ու շրջակայ կարգ մը գիւղերուն մէջ: Իսկ Մուսա Լերան հայկական գիւղերը, 20-րդ դարու սկիզբը, աչքի կը զարնեն իրենց կազմակերպուած ազգային, կրթական եւ մշակութային կեանքով: Անոնք օսմանեան բռնակալութեան դէմ կը դառնան դիմադրական շարժման կեդրոններէն մէկը:
Իւրաքանչիւր ազգի պատմութեան մէջ կան հերոսական դրուագներ, որոնք այդ ազգին ոգիի բռնկումը ըլլալով հանդերձ, կը պատկերազարդեն անոր պատմութիւնը ու կը դառնան մշտարթուն ու կենսայորդ պահող ուժը: Ամէն մէկ ազգ իր հերոսական դրուագներէն կ՛առանձնացնէ յատկապէս մէկը կամ երկուքը եւ հպարտ երկիւղածութեամբ մը կը փայփայէ զանոնք, որովհետեւ իր ոգիին բազմաբովանդակ արտացոլացումը ըլլալով հանդերձ, անոնք միշտ ալ կապուած կը մնան իր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահերուն:
Հայոց նորագոյն պատմութեան իրական եւ շօշափելի առասպելը եղաւ Մուսա Լերան հերոսամարտը` մեր նորօրեայ փայլատակումներու դիւցազներգութեան գլուխ գործոցը: Ան հայոց բազում խիզախումներուն` Վանի, Սասունի, Ուրֆայի, Շապին Գարահիսարի եւ աւելի ուշ` Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի կողքին, եկաւ կրկին անգամ հաստատելու այն յաւիտենական ճշմարտութիւնը, որ ազգեր չեն բնաջնջուիր, եթէ անձնասպանութիւն չգործեն:
1915-ի այն սեւ թուականին, երբ աշխարհը խուլ էր դարձած ի տես Թուրքիոյ գազանային ծրագիրին` ոչնչացնելու հայ ժողովուրդը, բնաջնջելու առաջին քրիստոնեայ ազգը` անմարդկային սառնարիւնութեամբ, չյաջողեցաւ ու չհասաւ իր նպատակին, որովհետեւ մենք հաւաքաբար չուզեցինք: Եւ պատմութեան մէջ` այս քանի՛երորդ անգամը ըլլալով: Եթէ վերջին ցանկութիւն մը ունեցանք, այդ ալ ապրելու ցանկութիւնն էր անպայման:
Մուսա Լերան պատմական դէպքերու մանրամասնութիւններուն չէ, որ պիտի անդրադառնամ այս գրառումով, այլ աւելի շատ մտածումներս կ՛ուզեմ կեդրոնացնել, թէ ի՛նչ է այն փրկարար դասը, զոր պիտի առնենք Մուսա Լեռէն, ինչպէ՞ս անոր փիլիսոփայութիւնը պիտի փոխանցենք մեր նորահաս սերունդներուն ու անոնց երակներուն մէջ կենսատու աւիւն դարձնենք զայն, որպէսզի անոնք վճռական պահուն միակ եւ անսխալ որոշումը տալու, ռազմավարականօրէն մշակելու եւ մինչեւ յաղթական աւարտը հասցնելու կամքն ու իմաստութիւնը ունենան:
Պահ մը մտովին ետ երթանք դէպի Ճէպէլ Մուսա, մինչեւ այն չարաշուք օրերը` 1915-ի յուլիսը, երբ տեղահանման մահասարսուռ հրամանը հասաւ նաեւ Սուէտիոյ շրջանի զուտ հայաբնակ 6 գիւղերուն: Ստացուած հրահանգին մէջ որքան որ ալ թրքական խորամանկութիւնը ձգտած էր դիւանագիտօրէն քողարկել աքսորի եւ տարագրութեան իրականութիւնը, սակայն մէկ բան ակնյայտ էր` տեղահանուողներու անողոք ճակատագիրի անորոշութիւնը:
Ուստի, 6 գիւղերու երեւելի եւ ազդեցիկ համագիւղացիներ կը մէկտեղուին Աբրահամ քհնյ. Տէր Գալուստեանի բնակարանը` Եողուն Օլուք` որոշելու հետագային առնուելիք վճռական քայլերը: Որոշելիք շատ բան չկար` կա՛մ պէտք էր ենթարկուէին երիտթուրքերու հրահանգին եւ իրենց ազգակիցներուն կեանքի բանալին յանձնէին թշնամիին կասկածելի ողորմածութեան, եւ կա՛մ ապստամբութեան դրօշը բարձրացնէին` իր նոյնքան վտանգաւոր եւ կործանիչ հետեւանքներով: Առաջինը` ստորացուցիչ, երկրորդը` անհեռանկար, երկուքն ալ` նոյնքան յուսահատեցնող:
Սակայն ձեռնոցը նետուած էր արդէն… կա՛մ պէտք էր հնազանդիլ եւ նկատելու չտալ զայն, եւ կա՛մ կեանքի ու մահուան գնով հայ գեղջուկի արժանապատուութեան դրոշմը խարանել արիւնարբու թշնամիի ճակատին: Երկու տեսակէտերու` թեր եւ դէմ կարծիքներն ալ զօրաւոր էին: Այդ օրերուն իր հայրենի գիւղը վերադարձած էր վեր. Տիգրան Անդրէասեանը` իր ընտանիքով եւ ճանապարհին ականատես եղած` իրենց բնօրրանէն տեղահանուած հայ գաղթականներուն, որոնք բռնած էին աքսորի եւ սպանդի ճանապարհը: Ուստի ան վճռականօրէն դէմ էր գաղթականութեան: Դժուար էր վճիռ կայացնելը, սակայն ի վերջոյ ժողովը միաձայնութեամբ որոշեց 6 գիւղերու բնակիչներն ալ բարձրացնել Մուսա Լեռ: Այո՛, դէպի սրբազան լեռը` անհաւասար մարտի մէջ մտնելու անարգ թուրքին դէմ, այս անգամ վճռակամութեամբ փրկելու արժանապատուութիւնը իրենց եւ գալիք սերունդներուն` կեանքի թէ մահուան գնով:
Սիրելի՛ ընթերցող, եկէ՛ք, մեր ուշադրութիւնը դարձնենք մէկ այլ հանգամանքի վրայ, թէ ինքնապաշտպանութիւնը չորոշուեցաւ լերան լանջի գիւղերուն մէջ իրագործել, կամ 6 գիւղերու գիւղացիները մէկ գիւղի մէջ կեդրոնացնելով զօրացնել պաշտպանական գործողութիւնը, այլ կայացաւ միակ եւ ճիշդ որոշումը` լեռ բարձրանալ, նախ աւելի անառիկ դարձնելու պաշտպանական դիրքերը, ապա` լերան գագաթի մասը, ընդարձակ տափարակներ ունենալով, կարելի պիտի ըլլար ժողովուրդը կեդրոնացնել, իսկ կարեւորագոյնը` լերան մէկ լանջը ծովեզերեայ ըլլալով, կարելի պիտի ըլլար փրկութիւն հայցել:
Ահա 6 գիւղերու ընդհանուր բնակչութեան 5311-էն 4231-ը բարձրացան փրկութեան լեռը, իսկ 1080 մոլորուածներ գաղթեցին ու գացին միանալու այն միլիոններուն, որոնց հոգիները անապատի տոչոր ամայութիւնները ըմբոշխնեցին, եւ որոնց արիւնը Տէր Զօրի կիզիչ աւազները յագեցուց:
Ըստ ականատեսներու պատմագրութեան, լեռ բարձրանալէն անմիջապէս ետք սկսան ինքնապաշտպանական պատրաստութիւնները: Բնակիչները տեղաւորուեցան երեք կեդրոններու մէջ, որոնց տեղական ժողովները միանալով` կազմեցին Կեդրոնական ժողով, որուն ատենապետ ընտրուեցաւ վեր. Տիգրան Անդրէասեանը: Կազմուեցաւ Զինուորական կեդրոնական վարչութիւն, որուն ընդհանուր վարիչ նշանակուեցաւ Մովսէս Տէր Գալուստեանը, որ հակառակ իր 22 տարեկան հասակին` կարծես ծնած էր ինքնապաշտպանական գործ մը յաջողցնելու առաքելութեամբ:
Դիմադրական խրամատները փորուեցան, պահակներ նշանակուեցան դիրքերու վրայ, կազմուեցան 44 մարտական խումբեր, որոնց կէսը` դիրքերու վրայ, միւսները` իբրեւ պահեստի ուժ: Ամէն մէկ խումբ ունէր իր տասնապետը, իսկ 40 ամենաընտիր մարտիկներէն կազմուեցաւ հարուածող խումբը` վտանգուած դիրքերուն արագ օգնութիւն հասցնելու համար: Կային նաեւ երեք տարբեր վայրերու ոստիկանական միաւորներ` միայն ներքին գործերը վարելու եւ այս բոլորը` խստագոյն կարգապահութեամբ:
Կեդրոնական վարչական ժողովը, ամէն օր երկու հաւաք-դատավարութիւն կ՛ունենար ու խիստ պատիժներ կը տնօրինէր բոլոր անոնց, որոնք կը թերանային իրենց պարտականութեանց մէջ:
Այստեղ պէտք է յիշենք, որ լեռը այսպէս մարտական կանոնաւոր վիճակի բերողը եւ ռազմական կարգ ու կանոն հաստատողը արհեստավարժ զօրավար մը չէր, ոչ ալ` զինուորական կրթութիւն ստացած մէկը, այլ գիւղացին, ռանչպարը, որ տակաւին երէկ իր հունձք ու առօրեայ գործին էր, իր վար ու ցանքին, ան իր եզան հետ լծակից, ակօս կը փորէր` այսօրուան խրամատի փոխարէն: Այո՛, դարձեալ պիտի յիշենք, որ պայքարի ամէնէն թէժ պահերուն, քարաժայռերու կատարներէն իր ամուսնոյն ու եղբօրը քաջալերող հայ կինը երէկուան նոյն ամօթխած գեղջկուհին էր, իսկ գնդակներու տարափին տակ վազող սուրհանդակները` «թելեֆոնի տղաքը», երէկուան անհոգ 13 – 14 տարեկան պատանիները: Ամէն ոք, մեծ թէ փոքր, կին թէ տղամարդ, ամբողջանուէր կը ծառայէր մէկ նպատակի` ինքնապաշտպանութեան սուրբ գործին: Ու ամէն մէկ յաղթանակէ ետք աւելի ու աւելի կը տարածուէր համընդհանուր մարտական տրամադրութիւնն ու խանդավառութիւնը, որուն զարնուելով` կը փշրուէին թշնամիին գրոհները:
Ահա այս գիտակցութիւնն էր, որ իւրաքանչիւր կռուող կը դարձնէր տասը ու ամէն մէկ դիրք` անառիկ բերդ:
Մեր կտրիճներու սխրանքը պատկերացնելու համար ահա դրուագ մը` դարձեալ երեւելի համագիւղացի պատմագիրէն, որ մեծաւ մասամբ կը բնութագրէ մեր բոլոր քաջերուն խիզախութիւնը: «Մարտիկներէն մէկը, որ իր արիութեամբ սարսափի մատնած էր թշնամին, երկարատեւ դիմադրութենէ մը ետք կ՛իյնայ իր դիրքին մէջ:
«Զինք սպաննող թուրք զինուորները, հրացանը առնելով, կը տանին իրենց հարիւրապետին, ան ալ, իր կարգին, կը յանձնէ զայն ընդհանուր հրամանատարին եւ կ՛ըսէ. «Այս հրացանին տէրը 40 անց մարդ մը, որ աննման խիզախութեամբ կռուեցաւ մինչեւ իր վերջին շունչը` նոյն դիրքէն ու այս հրացանով, հինգ զինուոր սպաննեց»: Հրամանատարը խիստ բարկացած կը պատասխանէ. «Երանի թէ ես ալ ձեր հինգ հազարի փոխարէն` 500 նման զինուոր ունենայի, ու դուք տեսնէիք, թէ ի՜նչ հրաշքներ կը գործէի կանոնաւոր բանակներու դէմ»:
Անշուշտ թուրք հրամանատարին կաղապարուած ուղեղը թոյլ պիտի չտար հասկնալու տարբերութիւնը` անարդար հրահանգ կատարող զինուորին եւ իր պատիւը պաշտպանող հերոսին միջեւ:
Մուսա Լերան հերոսամարտի 45 օրերուն մենք 18 զոհեր ունեցանք` թշնամիին 1800-էն աւելիին դիմաց:
Այո՛, մեր մէկ նահատակին կեանքը` թշնամիին 100-ին դիմաց…
Երանի թէ մեր պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն կարենայինք այսքան խնայել: Այդ խնայողութիւնը, սակայն, միայն խելայեղ անձնազոհութեան արդիւնք չէր, այլ` խստագոյն գիտակցական կարգապահութեան, ուժերը ճիշդ օգտագործելու եւ անխոցելի որոշումներ տալու կարողութեան, որ, ի վերջոյ, փրկութեան հասցուց խիզախացած մեր ժողովուրդը: Իսկ փրկութիւնը, ինչպէս որ կը սպասուէր, եկաւ ծովէն:
«Կիրակի առաւօտ… Սեպտեմբեր 5, Մուսա Լերան գլխաւոր զօրանոցի մերձակայ բլուրին վրայ կը մատուցուէր սուրբ պատարագ: Պատարագին ներկայ կը գտնուէր ապստամբող Մուսա Տաղի ամբողջ ժողովուրդը: Պատերազմի այդ դաժան վայրկեաններուն, մուսալեռցիները` վերածուած մէկ հոգիի ու մէկ բռունցքի, խիստ ջերմեռանդութեամբ իրենց աղօթքները կ՛առաքէին առ Աստուած եւ խունկի գուլաներուն հետ միասին Մուսա Լեռը կը վերածէին սրբատեղիի: Տեսարանը ոչ միայն յուզիչ էր եւ հոգեպարար, այլեւ հոն կը յայտնաբերուէր հայ ժողովուրդի հազարամեայ անցեալը, թէ ինչպէ՛ս հին օրերուն հայկական աշխարհի տաճարներուն եւ բարձունքներուն վրայ հայ ժողովուրդը յաղթանակ կ՛աղերսէր իր աստուածներէն` ռազմաճակատ մեկնող բանակներուն համար: Պատարագը դեռ չաւարտած` կը լսուին ուրախութեան կանչեր. ծովու կապոյտ հորիզոնին վրայ մարմին կ՛առնէ ազատարար նաւը, որ կարծես գերբնական ուժի մը մղումով դէպի փրկութեան նաւահանգիստ կ՛առաջնորդուէր»:
Տակաւին պաշարման առաջին օրէն իսկ կեդրոնական ժողովականներու հնարամտութեամբ լուծում տրուած էր մուսալեռցիներու ցանկութեանը` արտաքին աշխարհին լուր հասցնելու իրենց գոյութեան եւ վիճակին մասին: Այդ նպատակով մեր աղջիկներու ձեռքով մեծ սաւաններու վրայ ասեղնագործուած էին փրկութեան կոչ մը եւ հսկայ կարմիր խաչ-դրօշ մը, որ յատուկ պահակախումբի մը կողմէ գիշեր-ցերեկ բարձրացուած կը պահուէր ծովուն կողմը, որպէսզի Միջերկրականի վրայ երթեւեկող մարտանաւերուն ուշադրութիւնը գրաւէին: Ինչպէս նաեւ Մուսա Լերան ժողովուրդի անունով անգլերէն լեզուով նամակ մը խմբագրուեցաւ վեր. Անդրէասեանի կողմէ` ուղղուած դաշնակից պետութիւններու ծովակալներուն:
Ձեր ուշադրութեան կ՛ուզեմ յանձնել այդ նամակէն հատուած մը, որ մարդու ամէնէն օրհասական պահերուն անգամ իր մարդկային տիպարն ու արժանապատուութիւնը չկորսնցնելու վաւերագրութիւն մըն է:
Նամակին մէջ անդրադառնալով թուրք կառավարութեան հայաջինջ քաղաքականութեան բացայայտումին` կ՛ըսէ. «Ուստի մենք որոշեցինք կռուելով մեռնիլ, քան` մեր աչքերով տեսնել մեր կիներուն պատիւին անարգուիլը եւ իբրեւ վախկոտներ` անլուր չարչարանքով մահուան դիմել: Գրեթէ չունինք ո՛չ ուտելիք, ո՛չ զէնք եւ ո՛չ ալ ռազմամթերք: Մի քանի ճակատամարտեր ունեցանք երեք հազար զօրքերու եւ անկանոն խուժանի մը դէմ, եւ միշտ ալ Աստուած յաղթանակը մեզի շնորհեց, բայց մեր թանկագին կռուողներէն ոմանք կորսնցուցած ենք եւ խիստ վստահ գիտենք, թէ յաջորդ անգամ շատ աւելի մեծ ուժի մը դիմադրելու պիտի ստիպուինք, ուստի վստահ չենք, թէ պիտի կարենանք յաղթել մեր ունեցած սահմանափակ զէնքերով:
«Դիմում կ՛ընենք ձեզի, յանուն Քրիստոսի եւ քրիստոնէութեան, յանուն քաղաքակրթութեան` ընդդէմ քաղաքակրթութեան ոսոխի, եւ կը խնդրենք, որ մեր կեանքն ու պատիւը փրկէք (խնդրեմ` ուշադրութիւն դարձուցէ՛ք Կեանքն ու պատիւը… բայց ոչ երբե՛ք կեանքը միայն): Մեր ժողովուրդը ծոյլ չէ, ան կրնայ իր ապրուստը ճարել, եթէ գործ տրուի իրեն, եւ կամ եթէ այսքանը կարելի չէ, հաճեցէք փոխադրել մեր կիները, ծերերն ու մանուկները եւ մեզի տուէք զէնք ու ռազմամթերք, որպէսզի մեր լինելութեան պայքարը շարունակենք թրքական ուժերուն դէմ»:
Վերոնշեալ տողերը ընթերցողին առաջին զգացումը, անշուշտ, յարգանքը պիտի ըլլայ, անվերապահ ակնածանքը` այս բուռ մը «խենթերու» նկատմամբ, որոնք կարմիր աւետարանի հերոսներու նման` յանդգնած էին պատերազմ յայտարարել անարդարութեան դէմ եւ լեռ բարձրացած այն խոր հաւատքով, թէ` «Լեռը մօտ է երկնքին, լեռնականն ալ` Աստուծոյ»:
Բացայայտ է, որ յարգանքի եւ ոչ թէ կարեկցանքի ու խղճահարութեան զգացումն էր, որ ստիպեց փրկութեան դրօշները նկատած ֆրանսական մարտանաւի հրամանատարը, վերոյիշեալ նամակը եւ ցնցիչ եղելութիւնը փոխանցել ծովակալին, ան ալ իր կարգին` Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան:
Այո՛, մարդկային խիզախութեան այս նոր, աննախադէպ տեսակին իր արժանի տուրքը տալու եւ ոչ թէ կարեկցանքի զգացումն էր, որ ստիպեց ֆրանսական կառավարութեան` համաշխարհային պատերազմի թոհ ու բոհէն հինգ ռազմանաւեր տրամադրել` այդ արիացեղ ժողովուրդը ապահով վայրեր տեղափոխելու համար:
Այո՛, միայն մարդկային գութը չէր, որ թելադրեց անգլիական կառավարութեան` վրանաքաղաք կառուցելու Եգիպտոսի Փոր Սայիտ քաղաքին մէջ եւ Ամերիկեան կարմիր խաչը` իր խնամակալ թեւերուն տակ առնելու այդ առիւծասիրտ մարդիկը:
Իսկ Եւրոպան, նոյն Եւրոպան, որուն անտարբեր աչքերուն առջեւ 1,5 միլիոն անմեղ հայեր, իրենց Տիրոջը նման, խաչը բարձրացան, որպէս հիացում եւ երախտագիտութիւն Մուսա Լերան հերոսական ժողովուրդին` իր արժանաւոր զաւակներէն մէկուն` Ֆրանց Վերֆելի գրիչով ասք յօրինեց` յաւերժացնելով Մուսա Լերան 40 օրերու անբացատրելի սխրանքը:
Եկէ՛ք, պատուիրանի պէս պահենք եւ մշտապէս յիշենք, որ ամէնէն ծանր եւ յուսահատական կացութենէն իսկ կարելի է ելք գտնել, ու երբ գտնուած է ելքը, պէտք է հոգեւոր, մտային եւ ֆիզիքական ամբողջ ներուժը զսպանակել` զայն իրականացնելու համար, որովհետեւ վճռական մինակի հոգեբանութիւնը կը տասնապատկէ անհատի եւ թէ ազգի մը ուժերը, իսկ ուժեղին հետ համագործակցողներ միշտ ալ կը գտնուին:
Այս է թերեւս Մուսա Լերան մեծագոյն խորհուրդը, կարեւորագոյն դասը, որ պիտի փոխանցենք նորահաս սերունդներուն, որպէսզի միայն Հայոց ցեղասպանութեան հոգեցունց պատկերները չթուլացնեն ու չտկարացնեն անոնց հոգին ու կամքը:
Եւ վերջապէս, սիրելի՛ ընթերցող, պատմութեան պէտք չէ մօտենանք իբրեւ արխիւի, ուրկէ ատենը մէյ մը պէտք եղած տեղեկութիւնը կարենալ քաղելու համար: Պատմութիւնը ամէնէն աւելին պէտք է ըլլայ զինանոց մը, ուրկէ հմուտ զինուորը միշտ ալ տուեալ պահուն միակ եւ ճիշդ զէնքը կ՛ընտրէ` որպէս փորձուած, վստահելի եւ առաւել եւս` յաղթական:
Այս առումով, Մուսա Լեռը Հայոց պատմութեան զինանոցի անփոխարինելի զէնքերէն մէկն է:
Մուսա Լերան հերոսամարտը այսօր 110 տարիներու հեռաւորութիւն մը արդէն արձանագրած է: Մենք կը յիշենք Մուսա Լեռը ոչ միայն անցեալը պանծացնելու, այլ նաեւ` դէպի ապագայ սեւեռելու եւ արժանավայել կեանք ապահովելու մեր սերունդներուն: Արդարեւ, հայ ժողովուրդը արժանի է յաւերժական ազատութեան եւ անկախութեան` իր սեփական հողին, մայր հայրենիքի մէջ: Մուսալեռցիին միասնակամութիւնը` ապստամբ լերան վրայ, պէտք է վարակիչ դառնայ բոլորիս համար: Այո՛, մանաւանդ այս օրերուն, եկէք, ցոյց տանք մեր միասնական ոգին, ցոյց տանք մեր յարատեւելու վճռակամութիւնը, եւ այն ատեն միայն մեր բռունցքը պիտի դառնայ անխախտ, ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը ի վերջոյ պիտի յանգի իր արդար լուծումին:
Փա՛ռք, հազա՜ր փառք Մուսա Լերան հերոսամարտին եւ հայ ազատագրական ճանապարհին մարտնչած ու հերոսական մահով նահատակուած բիւրաւոր հայորդիներուն, Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան բագինին նուիրաբերուած հազարաւոր ազատամարտիկներուն, որոնք իրենց կեանքի միակ նպատակը դարձուցած էին ծառայել հայրենիքին եւ արեան ու մահուան գնով հասնիլ հայ ժողովուրդի վեհ նպատակներուն` ազատ, անկախ, ամբողջականօրէն հայ ու ամբողջականօրէն միացեալ Հայաստանին:
Ահա այս է Մուսա Լերան սրբադասուած 18 նահատակներու յիշատակը յարգելու լաւագոյն եղանակը եւ համազգային մեր ուխտին ծառայելու ամէնէն իմաստուն ուղին: Այո՛, թող շարունակէ կանգուն մնալ առժամապէս տեղափոխուած Մուսա Լեռը` Այնճարի ու Հայաստանի հայաւաններուն մէջ, թող որ հնչէ Մուսա Լերան բարբառը մեր նոր սերունդի շրթներուն վրայ, եւ թող որ թմբուկն ու զուռնան հնչեն անդադար ու բարձրացնեն այնքան բոմբիւն, որ Խըտըր Պէկը, Հաճի Հապապլին, Պիթիասը, Վագըֆը, Քեպուսիէն եւ Եողուն Օլուքը անոնց որոտընդոստ դղրդիւնէն արթուն սպասեն իրենց իսկական տէրերու վերադարձին:
Թորոնթօ, 2025


