ԹՈՎՄԱՍ ՀԱՊԷՇԵԱՆ
«Համբարձի զաչս իմ ի լեռինս ուստի եկեսցէ
ինձ օգնութիւն» (Ժամագիրք)
1915-ի գարնան չարաշուք օրերուն, Մուսա Լերան ժողովուրդը աչքերը դարձուց իր լեռներուն ու անոնցմէ յուսաց ե՛ւ օգնութիւն ե՛ւ փրկութիւն: Լեռներ, որոնք իրն էին: Լեռներ, որոնց կը պատկանէր ինքը, որոնցմէ ծնած, սնանած, հասակ առած էր: Լեռներ, որոնք իր հոգին ի վեր գագաթներ ցայտած եւ իր հոգին ի վար անդունդներ կախած էին: Սեփական տան վարի յարկէն վերի յարկը ելլելու պէս մագլցեցաւ անոնց կողերուն, բարձրացաւ կատարները, տնկեց հոն իր կարմիր խաչը` արիւնոտ խաչը դրօշակ ընելով իր դարաւոր հաւատքին լուսեղէն Աստուածը արիւնոտ պատկերով: Թիկունքը տուած ամրանիստ ժայռերուն, գազազած առիւծի պէս պատրաստուեցաւ անկարելի գոյամարտին: Քառասունհինգ օրեր, աշխարհէն կտրուած իր լեռներուն մէջ, փարած զէնքին, հայեացքը սեւեռած երկնքին` ըրաւ այն, ինչ որ մարդկային կարողութենէն վեր է, ինչ որ հեքիաթներուն մէջ միայն կարելի է գտնել: Այդ օրերուն Աստուած իջաւ ի Մուսա Լեռ, հաւաքուեցան հոն Հայոց պատմութեան ուժական բոլոր նետաձիգ հոգիները, նստան ժողովուրդի հոգիին մէջ, կրակ տուին անոր արիւնին, ուժ ու թափ տուին բազուկին, ողողեցին ծառերն ու ժայռերը, մշուշուեցան ու լեցուցին մթնոլորտը, մինչեւ որ հոգիները աներկիւղ սաւառնեցան մահուան անդունդին վրայ, մինչեւ որ գեղեցիկ առաօտ մը արեւը ծագեցաւ ջախջախուած սադայէլի պժգալի դիակին առջեւ արձանացած յաղթական, արնագեղ պատկերի մը վրայ, որուն մեծահոգի, չի, ասպետական ասպետական Ֆրանսան իր ծովածին ու ծովագնաց կապոյտ երիվարը կը հրամցնէր:
Փա՜ռք ի բարձունս Աստուծոյ,
Փա՜ռք, որ յերկինս եւ յերկիր, հերոսներուն մերազնեայ
Փա՜ռք եւ պատիւ` ասպետական, աստուածընտիր Ֆրանսայի:
Մուսա Լերան համայնապատկեր, նոր նկար
Անգլերէն լեզուով օգնութիւն խնդրող պաստառը 1915, Փոր Սայիտ
***
1918: Զինադադար: Ֆրանց Վերֆել` միջազգային այս մեծ գրագէտը, համաշխարհային թոհուբոհին համայնապատկերին առջեւ կանգնած` խորազնին աչքերով կը փնտռէ արարք մը, ժեսթ մը, երեւոյթ մը, որ լեցնէ, բաւարարէ գերազանցօրէն մարդկային իր հոգին, գերազանցօրէն մարդկային բոլոր հոգիները: Պժգանքով կը գոցէ իր աչքերը մեծ պատերազմներուն, մեծ քանդումներուն ու «մեծ» ազգերու «մեծագործութիւններ»-ուն վրայ: Ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ հեռաւոր լերան մը անտառներու խորերէն բարձրացող ռազմերգի մը աղօտ ռիթմին: Աչքերը լայն կը բանայ, լաւ կը դիտէ, լաւ կը տեսնէ. սարսուռ մը կ՛անցնի էութենէն. գրիչը կ՛առնէ, կը ծռի թուղթին վրայ, իր հոգիին լուսարձակով, իր սրտին արիւնով կը գծէ պատկերը հերոսական Մուսա Տաղի: Կ՛ըլլայ փող ու թմբուկ Մուսա Լերան սրտաթունդ, ազնուական ռազմերգը հնչեցնող աշխարհի բոլոր ծագերուն բոլոր մարդոց համար:
***
Ամէն տարի, սեպտեմբեր 15-ի մօտիկ շաբաթ առաւօտ Ճէպէլ Մուսայի ժողովուրդը դուռը կը գոցէր, տունը կը յանձնէր հաւատարիմ պահակին ու հաւաքաբար կը բարձրանար իր սիրելի լերան գագաթը. կը բարձրանար թեթեւ սրտով, թեթեւ ոտքով, երգով, խնդութիւնով: Այդ օրը, ամբողջ գիշերը եւ յաջորդ օրուան մինչեւ կէսօր, Նաւասարդեան խնդութիւններ ու պատարագ տեղի կ՛ունենային այն վայրերուն վրայ, ուր խաղցուած էր մեր հայրերուն մեծ տրամը: Ամէն կողմ` խարոյկներ, գետնին վրայ յարդարուած սեղաններ, կեր ու խում, յուշեր, յիշատակներ: Լայն սարահարթին վրայ` մեծ շրջագծով շուրջպար: Լուսահոգի Կիրակոսը թմբուկը կը հնչեցնէր իր ամբողջ ուժականութեամբ, կը խաղցնէր զայն արուեստագէտի իր ամբողջ ճարտարութեամբ: Հեգնաժպիտ Տէվէճը իր ամբողջ ուժով կը փչէր զուռնան, կը ծռէր, կը շտկուէր, կ՛ոլորէր ձիգ հնչիւնները ուռած այտերով, լորձնափրփուր շրթունքներով ու պայթելու մօտ աչքերով:
Առաջին տարագիրներ, Այնճար, 1939
Պարերն ու երգերը կը տաքնային, տակաւ կը կրակուէին, թեւ կ՛առնէին: Բոլոր զէնքերը կը պայթէին, կը լեցուէին, վերստին կը պայթէին պատերազմին պատրանքը տալով, նոր հերոսութեան վկայութիւն ու խոստում ըլլալով:
Կիրակի առաւօտ: Ողջ էին դեռ տէր Աբրահամ ու տէր Յարութիւն հայրերը: Մին յաղթանդամ, ծանրաքայլ, ծանրախոհ ու պատկառազդու: Միւսը նիհարակազմ, միամիտ, բարի, աստուածալոյս հոգիով: Հին, կրկնապէս սրբացած քահանայ հայրերը, մամուռ կապած քարերով հին, խարխլած խորանը, որոնց առջեւ Մուսա Լերան ամբողջ ժողովուրդը կ՛աղօթէր վերացած: Ժամ- պատարագ, լռութիւն, խորհուրդ, Աստուծոյ ներկայութիւն, աստուածակնիք ուխտադրութիւն… Ու ապա ժողովուրդը նորոգուած, թարմացած, առաւել հայացած կը վերադառնայ տուն:
***
Այժմ ընդմիշտ բաժնուած մեր պաշտելի սարերէն, հիւրընկալ ու սիրելի Լիբանանի հողին վրայ բոյն դրած վերստին կը տօնենք մեր հայրերուն հերոսական խոյանքներուն ու ազատագրութեան տարեդարձը: Ամէն տարի կը յիշենք անցեալը, եւ ազնիւ հպարտութեամբ կը լեցուի մեր հոգին. կարծես` Մուսա Լեռէն փչող զեփիւռի մը խաղաղական ու կազդուրիչ շունչը կ՛անցնի մեր վրայէն. կարծես` Տամլաճըգէն լեցուած սափոր մը սառնորակ ջուրով կը ցօղուի մեր հայեցի էութիւնը բոլոր քոսերէն ու կեղտերէն մաքրելով:
Մուսա Լերան նահատակներու պատմական յուշարձանը (1932): Այժմ` խոնարհած
Սիրելի՛ երիտասարդ բարեկամներ,
Դուք, որ բախտը չունեցաք ձեր աչքերով ճանչնալու Մուսա Լեռը, դուք, որ բախտը չունեցաք շրթունք բանալու անոր խորհուրդի ցայտաղբիւրներուն վրայ, դուք, որ դեռ բախտաւոր էք ձեր շուրջը շատ հազուագիւտ, ծռած ու կքած ծերուկներ տեսնելու` որպէս յուշարար անցեալի փառապանծ օրերու ու աքթերու, դուք, որ այժմ լպրծուն գետիններու վրայ կը գտնուիք միշտ ենթակայ սայթաքումի եւ անկումի, պիտի կրնա՞ք եսապաշտութեան ու հաճոյապաշտութեան այս վտանգաւոր, պզտիկցնող ու սպաննիչ ժամանակներուն ազնուատոհմ հայրերու մետաքսէ գօտին ամուր կապել ձեր մէջքին, իրանը բարձր պահել ու շարունակել Մեծ Հայրերու արժանի զաւակներ ըլլալու վայել ընթացքը, թէ՞ այլասերման ու փճացման յորձանուտը ձեզ ալ պիտի տանի, եւ այս հպարտութիւնը անժառանգ ու անտէր պիտի մնայ: Ամուր ու տոկուն մնացէք, վաղանցուկ հաճոյքները հիասթափութեան ցաւը կը թողուն իրենց հետքերուն վրայ: Կապուեցէք յաւիտենական արժէքներու, տքնեցէք ու տառապեցէք անոնց համար, մեծ երջանկութիւնները այս ճամբով միայն կը նուաճուին: Ձեր մտքին ու հոգիին սլաքները իրենց ուղղութիւնը թող առնեն միայն ու միայն մեր ցեղային առաքինութիւններէն:
20 օգոստոս 1960, Այնճար


