Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ Յակոբեան, ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ թեմական պատգամաւորական ժողովի ցրւումէն ետք, 13 հոկտեմբեր 1925-ին նամակ ուղարկեց Սուրբ Էջմիածին` Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, ուր կ՛ըսէր որ իրեն անյայտ պատճառներով ժողովականները մէկ առ մէկ հարցաքննութեան ենթարկուած են: Ան կ՛աւելցնէր նշելով որ տեղական իշխանութիւններուն կատարածին հետեւանքով թեմը զրկուած է եկամուտի հնարաւորութենէն:
* * *
Խորհրդային իշխանութիւնները հետզհետէ աւելի կատաղի կերպով սկսան միջամտել եկեղեցւոյ գործերուն: 1926-ին արգիլուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան օրուայ` ապրիլ 24-ի նշումը:
Հայ եկեղեցւոյ դէմ պայքարին մէջ խորհրդային իշխանութիւնները օգտագործեցին «Ազատ եկեղեցական եղբայրութիւն» աղանդաւորական շարժումը:
«Ազատ եկեղեցական եղբայրութիւն» շարժումը սկսած էր Խորհրդային Ռուսիոյ մէջ` 1921-1922 տարիներուն եւ 1923-ին արձագանգ գտած էր Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Շարժումը կը հովանաւորուէր բոլշեւիկեան իշխանութեան կողմէ:
Խորհրդային իշխանութիւնները նպատակադրած էին պառակտել Հայ եկեղեցին եւ իրենց ցանցին մէջ առած էին քանի մը եպիսկոպոսներ, վարդապետներ եւ քահանաներ:
Բոլշեւիկներ Հայաստանի «Ազատ եկեղեցական եղբայրութեան» տրամադրեցին Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Հիմնուեցաւ «Ազատ եկեղեցի» ամսագիրը:
Հայաստանի «Ազատ եկեղեցական եղբայրութիւն»-ը ինքզինք կը նկատէր ոչ քաղաքական եւ «բոլորանուէր զօրավիգ խորհրդային համայնական վարչաձեւին»:
Հայաստանի «Ազատ եկեղեցական եղբայրութեան» աղանդին կազմակերպիչն ու ոգեշնչողը Մեսրոպ աւագ քահանայ Մելեանն էր, որ միաժամանակ «Ազատ եկեղեցի» ամսաթերթին խմբագիրն էր:
«Ազատ եկեղեցական եղբայրութեան» կանոնադրութեան հիմնական առանցքը Հայ եկեղեցւոյ քայքայումն էր: Անոնք կ՛ընդունէին, որ խորհրդային իշխանութիւնը եկեղեցին կ՛ընդունի «որպէս փոքրագոյն չարիք ժամանակաւորապէս տանելի, մինչեւ որ ժողովրդային մասսային իր ծրագրով ու ձեռքի տակ կրթուող սերնդին կը վարժեցնի վերջնականապէս հեռանալ, օտարանալ կրօնից եւ եկեղեցուց, որովհետեւ խորհրդային իշխանութիւնը կրօնը եւ եկեղեցին համարում է վնասակար հիմնարկներ, ժողովրդի միտքը եւ հոգին մթագնող գաղափարներ»:
Գէորգ Ե. Ամենայն հայոց կաթողիկոս ներողամտութեամբ քանի մը անգամ զգաստութեան եւ ապաշխարութեան հրաւիրեց Մեսրոպ աւագ քահանայ Մելեանը, բայց ան անյարգալիր կերպով մերժեց: Գէորգ Ե. կաթողիկոս 14 յուլիս 1926-ին կարգալոյծ ըրաւ Մելեանը: Իր կարգալոյծ հռչակուիլը Մելեան նկատեց ապացոյց այն իրողութեան, որ «կաթողիկոսութիւնն իր Մայր Աթոռով ներկայումս ծայր աստիճանի քայքայուած եւ ամայացած վիճակ է ապրում»: Իբրեւ լուծում Մելեան առաջարկեց կաթողիկոսի տեղապահի կամ նոր կաթողիկոսի ընտրութիւն կատարել, որովհետեւ «եկեղեցու տէր ու տնօրէնը ինքը կենդանի ժողովուրդն է»:
* * *
Հայ եկեղեցւոյ դէմ պայքարը ամէնէն աւելի դաժան կերպով դրսեւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Ազրպէյճանական իշխանութիւնները սանձարձակօրէն կը շարունակէին նորանոր եկեղեցիներ խլել, եւ ստեղծուած սարսափելի պայմաններուն տակ կ՛աւելնար պարտադրաբար հրաժարական ներկայացուցած քահանաներուն թիւը:
Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ Յակոբեան ազրպէյճանական իշխանութիւններու խիստ հսկողութեան տակ կը գտնուէր եւ պարտաւոր էր իր բոլոր կատարածներուն եւ հետագայ ընելիքներուն մասին մանրամասն զեկուցել եւ անոնց հաւանութիւնը ստանալ:
Ազրպէյճանական իշխանութիւնները ամէն միջոցի կը դիմէին թեմակալ առաջնորդը զանազան խոչընդոտներու առջեւ կանգնեցնելու եւ նուաստացնելու համար:
Սուրբ Էջմիածին, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին ուղարկած իր մէկ գրութեան մէջ Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ կ՛ըսէր. «Տեղական մարմինների` ինձ հասցրած (երբ թեմ եմ դուրս գալիս, կամ նորանից յետոյ) վիրաւորանքները եւ նեղութիւնները անասելի են»:
Համայնավարական սկզբունքներու իրականացման լոզունգով ազրպէյճանական իշխանութիւնները Արցախի տարածքին արգիլեցին եկեղեցական ծիսակատարութիւնները, յատկապէս` մկրտութիւնը եւ հրապարակային կերպով «հասարակական կարմիր կնունք»ներ կազմակերպեցին:
* * *
Գէորգ Ե. Ամենայն հայոց կաթողիկոս, յարգելով Արցախի թեմական խորհուրդին խնդրանքը` թեմակալ առաջնորդը եպիսկոպոս ձեռնադրելու, 1928-ին Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ Յակոբեանը եպիսկոպոս ձեռնադրեց:
Եպիսկոպոսական աստիճանը հնարաւորութիւն տուաւ թեմակալ առաջնորդին Արցախի եկեղեցիներուն համար նոր քահանաներ ձեռնադրելու:
Նոյն ժամանակ իրենց կարգը ձգած տասնեակ մը քահանաներ մեղայական ներկայացուցին եւ կրկին հոգեւոր ծառայութեան ընդունուեցան:
* * *
«Խորհրդային Ղարաբաղ» թերթին հետ, 1929-էն սկսեալ յատուկ յաւելուած սկսաւ հրատարակուիլ «Անաստուած» խորագիրով:
«Անաստուած»-ի առաջին համարին մէջ, «Պէտք է ուժեղացնել հակակրօնական աշխատանքները» խորագիրով յօդուածը յատուկ կոչ մըն էր` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի բոլոր բնակավայրերուն. «Մեր բոլոր աշխատակիցներին, գիւղթղթակիցներին եւ անաստուածների խմբակներին խնդրում ենք ուղարկել մեզ տպագրութեան համար նիւթեր եւ յօդուածներ հակակրօնական աշխատանքների մասին, հակակրօնական մանր պատմուածքներ, բանաստեղծութիւններ, ժողովրդի կողմից պատմուող աւանդութիւններ (սրբատեղիներին եւ կղերականներին վարկաբեկող), առածներ, առակներ եւ այլն»:
Ազրպէյճանի համայնավար կուսակցութեան Ղարաբաղի մարզային կոմիտէի եւ կենտգործկոմի օրգան համարուող մամուլը նպատակասլաց կերպով ուղղուած էր Հայ եկեղեցւոյ դէմ տարուող քաղաքականութեան քարոզչութեան եւ ակնյայտ կերպով կը խրախուսուէր այդ ուղղութեամբ իրականացուող իւրաքանչիւր ձեռնարկ:
«Անաստուած» կը գրէր. «Տարէցտարի մեր աշխատաւորութեան լայն մասսաներն աւելի ու աւելի են ուժեղացնում իրենց պայքարը հին, փտած, գիտակցութիւնը մթագնող կրօնի դէմ»:
«Անաստուած» 2 փետրուար 1929-ի թիւով կը գրէր. «Այս պայքարն աւելի վճռական կերպով է հանդէս գալիս եկեղեցիներն ակումբների ու այլ հասարակական պէտքերին բաւարարող շէնքերի վերածելու գործում: Այսպէս, օրինակ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի սահմաններում ա) Դիզակի ռայոնը վերացրել է 20 եկեղեցի, որից վեցը փոխարինել է ակումբների, 12ը` խրճիթ-ընթերցարանների, մէկը` դպրոցի եւ մէկն` ալ պէտքերի, բ) Մարտունու ռայոնը վերացրել է 23 եկեղեցի, սրանցից չորսը փոխարկել է ակումբների, 18-ը` խրճիթ-ընթերցարանների, մէկը` դպրոցի, գ) Ստեփանակերտի ռայոնը վերացրել է 17 եկեղեցի (սրանց թւումն են Ստեփանակերտի երկու եկեղեցիները), սրանցից հինգը փոխարկուած է ակումբների, 11-ը` խրճիթ-ընթերցարանների, մէկը` դպրոցի, դ) Ջրաբերդի ռայոնը վերացրել է 18 եկեղեցի, որոնցից մէկը փոխարկուած է ակումբի, 16-ը` խրճիթ-ընթերցարանների, իսկ մէկը` այլ պէտքերի եւ ե) Շուշուայ ռայոնը վերացրել է մէկ եկեղեցի, ինչն եւ փոխարկել է ակումբի»:
Յօդուածը կ՛եզրափակուէր հետեւեալ նախադասութեամբ. «Լիայոյս ենք, որ Ադրբեջանի խորհրդայնացման տասերորդ տարեդարձին նա (աշխատաւորութիւնը) եւ ոչ մի հատ եկեղեցի չի թողնի ինքնավար Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններում»:
Ազրպէյճանի նախարարաց խորհուրդի 21 փետրուար 1929-ի որոշումին հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին մէջ 108 եկեղեցիներ փակուեցան եւ «կուլտուր-լուսաւորական» հիմնարկութիւններու վերածուեցան:
Լեռնային Ղարաբաղի մարզգործկոմի 4 հոկտեմբեր 1929-ի որոշումին համաձայն փակուեցաւ Ամարասի վանքը, իսկ հոն պահուող մասունքները Պաքու ուղարկուեցան «ուսումնասիրելու» նպատակով:
* * *
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայ հոգեւորականութեան եւ եկեղեցիին նկատմամբ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու ձեռնարկած սանձարձակ հալածանքներուն ու կամայական բռնութիւններուն դիմադրելը դարձած էր գրեթէ անհնար: Արցախէն բազմաթիւ բողոք-նամակներ ուղարկուեցան Երեւան:
Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէն, քննարկելով Հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ ազրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ իրականացուող քաղաքականութիւնը, յատուկ նամակով դիմեց Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի մարզային կոմիտէին, ուր մասնաւորաբար կը նշուէր.
«Եկեղեցիների փակումը վարչական կարգով հանդիսանում է քաղաքական կոպիտ սխալ: Պէտք է շեշտել, որ հիմնականում սխալ է այն տեսակէտը, թէ նոյնիսկ որոշ դաստիարակչական աշխատանքից յետոյ ներկայումս հնարաւոր է եկեղեցիների մասսայական փակումը գիւղական շրջաններում: Կենտրոնական կոմիտէն հրաւիրում է վճռականօրէն վերացնել հակակրօնական պայքարի տակ կատարուող այս քեալագէօզական քայլերը»:
Այսուհանդերձ, Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէին նամակ ալ ի զօրու չէր նոյնիսկ մեղմացնելու Ազրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութիւնը` Հայ եկեղեցին միանգամընդմիշտ հաշուեյարդարի ենթարկելու նպատակադրուած քաղաքականութիւնը:
Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ անոնց կամակատար հայ համայնավարներուն համար հայ հոգեւորականութիւնը «կորստաբեր» տարր էին, որոնք իրենց դասակարգային տիրապետութեան տակ առած եւ ստրկացուցած էին ժողովուրդը: Համայնավարական շինարարական յեղաշրջող յեղափոխական դարաշրջանը պէտք է տրորէր ու փոշիացնէր հին ցարական կարգերու մնացորդ Հայ եկեղեցին: Կը փաստարկուէր, որ «Ցարը եւ իր պոլոժենիան վերացած են, բայց ցարական կղերական ոգին անաղարտ մնացած է Էջմիածնի գերագոյն կոչուած եպիսկոպոս անդամներուն մէջ»: Կ՛ըսուէր նաեւ որ Էջմիածնի միաբանութիւնը մնացած է իր դասակարգային իշխանապետութեան դիրքին վրայ:
* * *
Խորհրդային Միութեան ամբողջ տարածքին 1929-ին լայն թափ ստացաւ գիւղատնտեսութեան համատարած համայնացման (կոլխոզ, կոլտնտեսութիւն) շարժումը: Գիւղացիական սեփական տնտեսութիւնները պարտադիր կերպով միաւորուելով համայնական տնտեսութիւններու վերածուեցան:
Կոլտնտեսական շարժումը նպաստաւոր պատրուակ ծառայեց ազրպէյճանական իշխանութիւններուն համար: Եկեղեցիներու գրաւումը եւ զանոնք իբրեւ թէ կոլտնտեսութիւններու կարիքներուն ծառայեցնելը, պահեստներ ու շտեմարաններ դարձնելը համատարած բնոյթ ստացան: