Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդաւոր Պատկերդ Պահեցի Աչքերուս Մէջ

September 16, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԶԵԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

Կարօտի ապրումներով տոգորուած` օդանաւին պատուհաններէն դուրս նայեցայ ու յաղթական տեսքդ  փնտռեցի, բայց քեզ տեսնելու փոխարէն` Արագածը տեսայ իր ձիգ գագաթներով:

Մինչեւ օդակայանի մուտքը կոխելս, միջանցքին ամբողջ երկարութեան դիտեցի դուրսը, գէթ` ապակեայ անցքէն քեզ տեսնելու յոյսով, սակայն այս անգամ երկինքը ծածկող ամպերը թոյլ չտուին, որ քեզ տեսնեմ:

«Հարց չէ. հիմա մայրաքաղաք ուղղուելու ճամբուն ընթացքին փոխադրակառքին լուսամուտներէն կը տեսնեմ», ըսի միտքէս ու յոյսով բարձրացայ փոխադրակառք, ուրկէ աջ ձախ նայեցայ, բայց ի զուր, նորէն չտեսայ: Հոգիս խռովեցաւ, իսկ միտքս տեսակ-տեսակ մտածումներով ալեկոծեցաւ: Կրնա՞յ ըլլալ, որ չերեւիս: Թէեւ ոչ մէկ անգամ դաւաճանած ես ինծի: Թէկուզ ուրուականդ կամ ձիւնածածկ գագաթդ ամպերով պատած ըլլաս, բայց գէթ մէկ անգամ տեսնեմ: Լա՛ւ, ոչինչ. հակառակ ամպերու քողին ետեւ թաքնուած ըլլալուդ` կը զգամ ներկայութիւնդ եւ հակառակ անոր որ չեմ տեսներ, բայց կ՛ուզեմ խօսիլ քեզի հետ:

Գիտեմ` ժամադրուած չենք: Քեզ տեսնելու համար կարիք չկայ նախօրօք լուր տալու,  որովհետեւ գիտեմ, որ դուն քու տեղդ հաստատօրէն բազմած ես եւ միշտ ու մեզ կը սպասես: Առանց տարակուսանքի գիտես, որ զաւակներդ տարին անգամ մը այցի պիտի գան հայրենիք եւ քեզ տեսնեն:

Ու մանաւանդ` ես: Իր ամենասիրած մէկ խաղալիքը կորսնցուցած երեխայի մը պէս, ամէն ամառ  հայրենիք այցելութեանս կը փնտռեմ քեզ: Գիտես` չէ՞, որ տարուան 365 օրերուն պատկերդ կը թաւալի աչքերուս առջեւէն: Գիտես` չէ՞,  որ իւրաքանչիւր ամառ քեզմէ յիշատակի նկար մը կը տանիմ ինծի հետ,  որպէսզի մինչ յաջորդ հանդիպում չկարօտնամ քեզ: Գիտես` չէ՞, որ ինծի համար հզօրութեան խորհրդանիշ ես: Ամէն անգամ ակնածանքով կը դիտեմ քեզ եւ կը հիանամ վեհութեանդ վրայ: Դուն,  որուն պատկերը դարեր շարունակ մեր հայերէնի եւ Հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ տեսանք: Դուն,  որուն պատկերը մեր բնակարաններուն,  վարժարաններուն,  կառոյցներուն որմերը կը գեղեցկացնեն: Դուն,  որուն մասին հայ գրականութեան մէջ անհամար բանաստեղծութիւններ հիւսուած են, եւ իւրաքանչիւր հայ աշակերտ իր դպրոցական տարիներուն մեծ ուրախութեամբ զանոնք սորված է ու հպարտութեամբ արտասանած: Դուն, որ սոսկ լեռնային հսկայական զանգուած մը չես ինծի համար, այլ` արարատեան դաշտէն հին ու նոր Հայաստանիս վրայ հսկող սուրբ լեռ մը: Դուն, որուն դիւթիչ տեսքը վայելելու,  քեզմով կրկին հպարտանալու համար մղոններ ու ծովեր կտրած` այցի եկած եմ քեզի, ինչո՞ւ ամպերը պատնէշ բռնած ես ու թաքնուած` անոնց ետեւ:

Կարօտի անսահման ապրումները հոգիիս մէջ պահած` հասայ Երեւանի հրապարակ, ուր արեւը  կը շողար, եւ կեանքը կ’եռար:

Օրերը անցան: Մայրաքաղաքին մէջ թէ այլուր անցուցած հաճելի պահերս դարձան գեղեցիկ յիշատակներ, սակայն անոնց մէջ կը պակսէր յիշատակելի այլ պահ մը, որուն փնտռտուքին մէջ էի շարունակ: Չէի կրնար հայրենիքէն մեկնիլ` առանց այդ պահուն առթող զգացողութեան: Ու անսպասելի օր մը ինծի համար դարձաւ յիշատակելի:

Իւրայատուկ առիթի մը հանրաշարժով կ՛ուղղուէինք դէպի Գեղարդի վանք: Հանրաշարժը մերթ կը բարձրանար բարձունքները եւ մերթ կ’իջնէր ձորերը: Այդ բարձունքներէն մէկուն դիմաց պարզուեցաւ Երանոսի լեռներով շրջապատուած Ազատի հրաշալի ջրամբարը ու ինծի համար կարեւորագոյնը` իմ հրաշք Արարատս:

Վերջապէս երազանքս իրականացաւ: Տեսայ: Արարատեան դաշտի հսկան տեսայ ու առանց ակնթարթ մը կորսնցնելու` նայուածքներս ուղղեցի անոր վեհութեան: Անտանելի կարօտս յագեցնելու համար աչքերս չհեռացուցի անկէ, տեսողութեանս ամբողջ ուժովը կեդրոնացայ անոր գագաթին, լանջերուն եւ ծալքերուն վրայ: Ամպի ծուէն մը հանգչած էր սէգ գագաթին վրայ, եւ արեւին ճառագայթները կ՛ուրուագծէին անոր կախարդական պատկերը: Դիտեցի այնքան, որ տեսանելի էր աչքերուս: Դիտեցի ու խորհրդաւոր պատկերը պահեցի աչքերուս մէջ, որպէսզի կարօտի պահերուն, երբ կոպերս փակեմ  հոն գտնեմ զինք: Հրճուանքս սահման չունէր:

Այդ օր ուրախութիւնս կրկնապատկուեցաւ: Ի վերջոյ տեսայ Արարատը եւ Գեղարդի վանքին մէջ ներկայ գտնուեցայ վաղամեռիկ ու անմոռանալի ընկերոջ մը զաւկին սուրբ պսակի արարողութեան:

 

 

Նախորդը

Սարգիս Զէյթլեան` Ամենաղեկավարի Պատուանդանին

Յաջորդը

Լուսիկին Ամառնային Հեքիաթը Կու Գայ Աւելնալու Անոր Կախարդական Այլ Հեքիաթներուն Վրայ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.