Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւն-Պետութիւն «Հանելուկ»-ը

Սեպտեմբեր 16, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Բարեկամ մը, որուն հետ երկար ատենէ ի վեր հաղորդակցութիւն չէի ունեցած, այսօր հեռաձայնեց: Ենթադրեցի, որ պիտի յիշեցնէր, թէ այսօր 9/11 է, այսինքն` ամերիկեան տնտեսական եւ ռազմական կեդրոններու վրայ ծանօթ յարձակումներուն տարեդարձը:

Յուսախաբ ըրաւ. մինչեւ իսկ ակնարկութիւն չըրաւ օր մը առաջ Եութայի մէկ համալսարանին մէջ սպաննուած քաղաքական մարդուն, ո՛չ ալ` Ֆրանսան փոթորկող ցոյցերուն եւ նման իրադարձութիւններու, որոնք իրենց հովանոցը տարածած են մինչեւ Նեփալ ու Քորէա:

Հալս-քէֆս հարցնելէ ետք ըսաւ, որ կ’ուզէ խօսիլ միտքը չարչրկող նիւթի մը մասին:

Խէ՞ր է…- հարցուցի. ի՞նչ մեղքս պահեմ. միտքէս հազար ու մէկ անախորժ բաներ անցան:

– Խէ՛ր է, խէ՛ր է,- փարատեց գրգռուած մտահոգութիւնս:- Վերջերս Հայաստանի իրադարձութիւններուն լուրերն ու մեկնաբանութիւնները մտիկ կ՛ընեմ, միտքիս մէջ այս հարցը վեր-վար կ՛ընեմ եւ յստակ պատասխան մը չեմ գտներ:

– Այդ ի՜նչ բարդ հարց է եղեր որ…,- փորձեցի կատակել եւ մթնոլորտը թեթեւցնել:

– Հարցը հետեւեալն է. կառավարութեան քննադատութիւններ կ՛ուղղուին, գիտեմ, որ մեծ մասը տեղին է, սակայն կան մեկնաբանութիւններ, թէ կառավարութիւնը քննադատել` կը նշանակէ նաեւ պետութիւնը, հայրենիքը քննադատել: Հանելուկը աւելի կը ծանրանայ, երբ կը տեսնեմ, որ այս տեսակէտը միայն իշխանութեան վրայ եղողներուն եւ անոնց անմիջական գործակիցներուն կողմէ չի տարածուիր, սփիւռքեան կարգ մը թերթեր եւ քաղաքական մարդիկ ալ նման դիրք ունին: Իսկապէս որ շուարած եմ. կը մտածեմ, որ այսպէս մտածողներուն ըսածին մէջ ճիշդ բան մը ըլլալու է…

– Այդպէս ըսողները Այբէն մինչեւ Օ Ֆէ սխալ են, պարզապէս իշխանութեան սխալները, վնասակար քաղաքականութիւնը պաշտպանելու ձեւ գտած են, իսկ սխալները, հայրենիքին ու ազգին հասած վնասները այնքա՛ն յստակ են, որ միայն կոյր եւ խուլ, կամ ալ… կաշառուած դաւաճան պէտք է ըլլալ, որպէսզի չտեսնես կամ չլսել ձեւացնես:

– Բայց…

– Բայց-մայց չկայ,- ընդմիջեցի.- եկո՛ւր, քեզի ամէնէն պարզ ձեւով փաստ բերեմ:

Ու փնտռեցի առցանց բացատրական մը եւ կարդացի հետեւեալները.

  • The state is an entire system that holds authority over a geographic area and its population. It includes the laws, institutions, borders, and the idea of sovereignty. It՛s permanent and continues even if the government changes. The government is the current group running the state.
  • The state continues to exist even when the people in power change.
  • A government can change through elections, coups, or other means.

Թարգմանութիւն:

  • Պետութիւնը ամբողջական դրութիւն մը, համակարգ մըն է, որուն հեղինակութիւնը (իշխանութիւնը) կը տարածուի աշխարհագրական որոշ տարածքի մը եւ անոր բնակիչներուն վրայ: Անիկա կ՛ընդգրկէ` օրէնքները, հիմնարկները, սահմանները, եւ գերիշխանութեան գաղափարը: Անիկա (պետութիւնը) մնայուն է (այսինքն` անփոփոխելի), մինչեւ իսկ եթէ կառավարութիւնը փոփոխութեան ենթարկուի: Կառավարութիւնը այն խմբակն է, որ ներկայիս կը վարէ պետութեան գործերը:
  • Պետութիւնը կը շարունակէ գոյատեւել, մինչեւ իսկ երբ իշխանութեան վրայ եղողները փոխուին:
  • Կառավարութիւն մը կրնայ փոխուիլ ընտրութիւններու, յեղաշրջումի կամ այլ միջոցներով:

– Ասոնք,- ըսի,- քաղաքական ու քաղաքացիական կրթութեան առաջին դասարանի նիւթեր են: Եթէ պատկերաւոր բացատրութիւն փնտռենք, կրնանք ըսել` անփոփոխ պարունակող եւ փոփոխական պարունակեալ: Ասանկ բաներ դպրոցի կամ համալսարանի մէջ կը սորվինք, յետոյ… կը մոռնանք, մենք մեզ ենթակայ կը դարձնենք իշխանաւորներու քարոզչութեան, իսկ այդ քարոզչութիւնը, ինչպէս քիչ առաջ ըսի, կ՛աշխատի ամէն բան խեղաթիւրել եւ կը բանի այն «տրամաբանութեամբ», որ պէտք է ծածկել, անտեսանելի դարձնել իշխող խումբին, այսինքն` կառավարութեան ձախաւերութիւնները: Կը փորձեն հաւասարութիւն դնել ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ եւ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ հասկացողութիւններուն միջեւ, որպէսզի ըսեն, որ կառավարութիւն քննադատողը դէմ է պետութեան, հայրենիքին…

– Ըսածներդ խելքի պառկելիք են, բայց…- ընդհատեց խօսքս. ձայնին մէջ կասկածի նշոյլները չէին փարատած:

– Բայց… ի՞նչ,- հարցուցի:

– Այս բաները միայն Հայաստանի՞ մէջ կ՛ըլլան,- փութացուց յաջորդ հարցումը:

– Եթէ աչքերդ եւ ուշադրութիւնդ տարածես աշխարհի այս կամ այն կողմերը, նաեւ պտոյտի ելլես մօտիկ եւ հեռաւոր անցեալի պատմութիւններուն մէջ, բազմաթիւ օրինակներ կրնաս տեսնել ու յիշել:

– Կրնա՞ս քանի մը օրինակ տալ,- հարցուց` համոզուելու պատրաստ եմ-ի ձայնով մը:

– Դժուար բան կ՛առաջարկես, սակայն եկո՛ւր, բաւականանանք քանի մը օրինակով: Պէտք չունինք երթալու մինչեւ հին Յունաստանի, Հռոմի, Բիւզանդական եւ այլ կայսրութիւններու դարաշրջանները, բաւականանանք այսօրով եւ մօտիկ անցեալով:

  • Հիմա, այս օրերուն, Ֆրանսայի մէջ քաղաքական մեծ փոթորիկ կայ. ժողովուրդը վերը յիշուածներէն` «այլ միջոցով»-ին հետեւելով, ցոյցերով, նոյն ատեն` խորհրդարանին մէջ վստահութեան քուէի չեղարկումով, կառավարութիւնը տապալեց, սակայն Ֆրանսայի պետութիւնը հոն է: Նոր վարչապետի մը նշանակումէն ետք ալ բողոքի ալիքը չէ հանդարտած, մինչեւ իսկ նախագահին հրաժարականը կը պահանջեն, սակայն պետութիւնը հոն է եւ մնայուն է: Կը յիշե՞ս, նո՛յն Ֆրանսայի մէջ, աւելի քան 50 տարի առաջ, պաշտամունքի առարկայ, պատերազմի հերոս Շարլ տը Կոլին պարտադրեցին հրաժարիլ, սակայն Ֆրանսայի պետութիւնը մնաց ու կայ: Ֆրանսա մինչեւ իսկ ապրեցաւ իրերայաջորդ քանի մը հանրապետութիւն… Ֆրանսայի մասին բաւականանանք այսքանով:
  • Տը Կոլէն առաջ կային Գերմանիոյ Հիթլերն ու Իտալիոյ Մուսոլինին: Գիտե՞ս, թէ անոնք ինչպիսի՜ ժողովրդականութիւն կը վայելէին, որքա՛ն հզօր էին: Լիարժէք բռնատէրեր էին: Եւրոպան քանդեցին, սակայն մինչեւ վերջ ալ ահագին համակիր ունէին, դեռ չխօսինք Եւրոպայի մէջ հոս-հոն գլուխ բարձրացնող նոր-նացիականներուն մասին: Յետոյ ի՞նչ եղաւ: Երկուքն ալ ջախջախուեցան, ճիշդ է, որ այդ երկիրները աշխարհագրական եւ ռազմա-տնտեսական մեծ վերիվայրումներէ անցան, բայց իբրեւ պետութիւն` մնացին եւ կը գոյատեւեն այսօր. Գերմանիա մինչեւ իսկ դարմանեց իր բաժանուած վիճակը եւ ահա, աւելի քան 35 տարիէ ի վեր, նախկին երկու գօտիներուն միջեւ մեծ չափով վերականգնած է հաւասարութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը: Ատենաուըրներէն, Շոլցերէն ու մերքէլներէն ետք ալ պետութիւնը հոն է:
  • Եւրոպական այլ երկիրներու մասին ալ կրնանք ըսել նոյնը: Բրիտանիոյ մէջ աշխատաւորական եւ պահպանողական իշխանութիւններ իրարու յաջորդած են, պետութիւնը փոփոխութիւն չէ կրած: Նոյնը` Իտալիոյ, Յունաստանի, Սպանիոյ եւ խորհրդային ազդեցութենէ դուրս եկած երկիրներու պարագային: Տարբեր են Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ մէջ իշխանափոխութեան «բեմադրութիւնները»…
  • Ռումանիոյ պարագան ալ հետաքրքրական է: Չաուշեսքուի օրով Ռումանիան առանձնակի երկիր էր, իբրեւ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ` իւրայատուկ տեղ ունէր «արեւելեան պլոք»-ին մէջ: Չաուշեսքու իշխանութեան սկզբնական տարիներուն յարգուած եւ սիրուած մարդ էր ո՛չ միայն իր երկրի բնակիչներէն, այլ նաեւ` համաշխարհային դիտանկիւնէ: Յետոյ, տասնամեակներ ետք, ան վերածուեցաւ բռնատէրի մը, օր մըն ալ, Խորհրդային Միութեան քայքայումի օրերուն, արեւելեան Եւրոպան իր «հովանիին» տակ առած բարեփոխութիւններու ալիքը («Արաբական գարուն»-ին մէկ տարբերակը) հասաւ Ռումանիա (չմտնեմ այլ երկիրներու օրինակներուն մէջ), Չաուշեսքուն եւ իշխանակից տիկինը դատուեցան եւ պատին տակ դրուելով` գնդակահարուեցան: Ֆրանսացիները դարեր առաջ կառափնատ կը գործածէին… Ռումանիոյ պետութեան ի՞նչ եղաւ. ըստ ամենայնի, շատ բան չեղաւ, անկէ ասդին ալ քանիցս կառավարութիւն փոխուած է, սակայն պետութիւնը մնաց իշխանափոխութիւններէն ետք: Այսօր մէկը չի մտածեր, որ Չաուշեսքուի տապալումը վատ բան եղաւ, սասանեց կամ կործանեց Ռումանիա կոչուող պետութիւնը:
  • Կ՛ուզե՞ս օրինակները շարունակեմ: Լա՛ւ, միայն յիշատակեմ քանի մը անուն. Եգիպտոսի մէջ քանիցս իշխանափոխութիւն եղաւ, թագաւորէն մինչեւ Ապտել Նասըր, Սատաթ եւ «Արաբական գարուն», անոր հարաւը գտնուող Սուտանին մէջ` նմանապէս (Հարաւային Սուտանի ձեւաւորումը բոլորովին այլ բան էր), ասիական, ափրիկեան, հարաւ-ամերիկեան երկիրներու մէջ ալ կան բազմաթիւ օրինակներ` Պրազիլի, Արժանթինի մէջ եւ այլուր, տարբեր գաղափարաբանութեան հետեւորդ իշխանախումբեր իրարու դէմ պայքարեցան, մէկը միւսը հեռացուց իշխանութենէ, յետոյ վերադարձաւ ղեկին… Բայց մէկը հարց դրա՞ծ է, որ այդ փոփոխութիւնները ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ջնջած են կամ անոնցմէ տարածքներ ուրիշներու յանձնուած են… կամովին: Նման շարժումներու, քաղաքական փոթորիկներու զուգահեռ, եղած են տնտեսական եւ այլ վերիվայրումներ, բայց պետութիւնները ընդհանուր առմամբ մնացած են անփոփոխ:

– Է՞… մեր Հայաստանի պարագան ալ նման չէ՞ անոնց: Հոն ալ իշխանափոխութիւն եղած է, սակայն պետութիւնը մնացած է անփոփոխ,- ըսաւ` ա՛յս ալ լուսաբանէ-ի ոճով:

– Ճի՛շդ ես,- ըսի.- Հայաստանի մէջ ալ իշխանափոխութիւնները մեծ ու փոքր ալիքներ ստեղծած են, սակայն պետութիւնը մնացած է կայուն: Վերանկախացումէն ետք Հայաստան-պետութիւնը դրական զարգացումներ ապրեցաւ` Արցախի իրողական կցումով, եւ անիկա ամբողջական Հայաստանի վերականգնումի մեր պայքարի ճամբուն առնուած քայլ էր… Նախորդ իշխանութիւններուն օրով ալ երբեմն շշուկներ տարածուած են, թէ իշխանութեան դէմ խօսողը պետութիւնը հարուածի տակ կը դնէ, սակայն այդ բոլորը առաւելաբար սեղմ-քարոզչական էին: Հիմա, մասնաւորաբար ներկայ իշխանութիւններուն օրով, ասիկա կը գտնէ բոլորովին տարբեր եւ շատ վտանգաւոր արտայայտութիւն: Բաց աչքերով կը տեսնենք, որ այս մարդոց իւրաքանչիւր քայլը, պատերազմներէ մինչեւ, այսպէս կոչուած, խաղաղութեան փորձեր, մեր հայրենիքը կը տանի կորուստէ կորուստ: Արցախը ձեռքէ հանեցին, հոն հայկական պետութի՛ւնը ծանր հարուած կրեց, սակայն ատիկա փորձեցին ներկայացնել նոյն տխմար քարոզչութեան ծիրին մէջ` իբրեւ դրական քայլ: Հայաստանէն հողեր յանձնեցին Ազրպէյճանին, պետութեան նոր հարուածներ տուին, սակայն պետութեան կրճատումը (կը յիշե՞ս, վերը սահմաններու ակնարկութիւն կար) կը ներկայացնեն իբրեւ բարիք, նուաճում: Սիւնիքի հարաւային գօտին պաշտօնապէս կը յանձնեն ամերիկացիներուն, Ազրպէյճան եւ Թուրքիա այդ քայլին մէջ կը տեսնեն իրենց դարաւոր երազին իրականացումը, կը պնդեն, որ իրենց տեսակէտները յաղթանակած են նա՛եւ քաղաքական գետնի վրայ. խնդալիքը այն է, որ Հայաստանի պետութիւնը կամաց-կամաց կը սահի-կ՛երթայ, բայց… կառավարութիւնը կը մնայ: Ահա հո՛ս է հիմնական տարբերութիւնը: Ազերիները կը յոխորտան, որ եթէ Արցախը գրաւեցին զինու ուժով, հիմա պէտք չեն զգար ուժի դիմելու, որովհետեւ Հայաստան-պետութիւնը չեղարկելու իրենց ծրագիրը դանդաղօրէն կ՛իրագործուի փաշինեանական կառավարութեան ձեռքով:

– Այսինքն… ի՞նչ…

– Այսինքն` այն, որ պէտք չէ հաւատալ ու տարուիլ հայրենիք ու պետութիւն քանդողներուն քարոզչութեամբ, այլ նաեւ միացեալ ճակատ կազմել` պայքարելու համար: Մեր միտքին մէջ պէտք է յստակօրէն զատորոշենք, թէ ի՞նչ է կառավարութիւնը, ի՞նչ է պետութիւնը, թէ` կառավարութիւնը ժամանակաւոր խումբ մըն է, պետութիւնը մնայուն արժէք ու իրաւունք է, մնայուն պէ՛տք է ըլլայ:- Ու իբրեւ վերջին օրինակ մը` եզրակացուցի.- Կը յիշե՞ս, երբ Հայաստանի մէջ կար համայնավար իշխանութիւն, ու երբ այդ օրուան իշխանութիւնները քննադատութեան առարկայ կ’ըլլային մասնաւորաբար Դաշնակցութեան կողմէ, այդ օրերուն ալ հրապարակ նետած էին «համայնավար իշխանութիւնը քննադատողը հայրենիքին դէմ է» քարոզը, ստեղծած էին հայրենասէրներու եւ «հակահայաստանճի»-ներու դասակարգումներ: «Հակահայաստանճի»-ները` համայնավարներուն վնասարար ընթացքը քննադատողներն էին: Այն ատեն ալ ազգային գիծ պաշտպանողները կը յորջորջուէին իբրեւ «ռեւանշիստ», ինչպէս կ՛ընեն ՔՊ-ականներն ու զանոնք հովանաւորող ազերիները… Յետոյ եկան ժամանակներ, երբ ամէն մարդ դարձաւ համայնավարներուն դէմ, անկախութեան վերահաստատման հետ` հայրենիքի ու ազգի շահերը, Դա՛տը պաշտպանելը դարձան առաջնային: Այսօր այս իշխանութիւնները ստեղծած են վիճակ, ուր մարդիկ երանի կու տան… կարմիրներու օրերուն, ինչպէս որ, եւ նո՛յնքան տարօրինակօրէն, երանի կու տան 9 նոյեմբերի յայտարարութեան ահաւոր պայմաններուն: Գոնէ կարմիրներու իշխանութեան օրերուն կային այլապէս դրական բաներ, հիմա՞…

– Կառավարութիւն-պետութիւն հանելուկը լուծուեցաւ,- ըսաւ բարեկամս: Ձայնին մէջ հանդարտութեան հնչիւն մը կար:

11 սեպտեմբեր 2025

Նախորդը

Երրորդ Համաշխարհայինը Ուրուակա՞ն Է, Թէ՞…

Յաջորդը

Արաբական Ծոցի Երկիրները` Խեղճացած

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?