Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Առաքելութեան Յարատեւման Ու Վերելքին Գաղտնիքը Պարզ Է` Կամք, Զոհողութիւն Եւ Ծառայութեան Ոգիին Նկատմամբ Հարազատութիւնը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պերճ Աբգարեան

Սեպտեմբեր 18, 2025
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութիւնը 19 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր Հայաստան պիտի գտնուի եւ իրականացնէ տարբեր նախաձեռնութիւններ, որոնց մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու համար «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- 19 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր  Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութինը Հայաստան պիտի գտնուի հիմնական երեք տարբեր նախաձեռնութիւններով: Խնդրեմ` խօսինք այդ մասին:

ՊԵՐՃ ԱԲԳԱՐԵԱՆ.- Նախ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, որ այս առիթը ստեղծեցին, որպէսզի այս հարցազրոյցին ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնենք մեր 15-րդ բժշկական առաքելութեան ծրագիրը:

Այս տարուան 15-րդ բժշկական առաքելութիւնը հիմնուած է երեք կարեւոր կէտերու վրայ: Առաջինը` բժշկական համաշխարհային մակարդակի վրայ սեմինար: Երկրորդը` հինգ վիրահատներ, որոնք կու գան Սիաթըլի հիւանդանոցէն, որպէսզի ձրի վիրահատութիւններ կատարեն եւ անշուշտ դասաւանդեն ու կապեր հաստատեն հայրենի բժշկական ուժերու հետ: Երրորդը` physiotherapy-ի խումբը, որուն մէջ կայ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցի բժիշկ Շարպել Ռըզք, որ կազդուրման (rehabilitation) բաժանմունքին պետն է:

Այս բոլորը կը կատարուին մեր բժշկական առաքելութեան հովանաւորութեան տակ` համագործակցութեամբ Լիբանանի Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցին, Երեւանի պետական բժշկական համալսարանին հետ եւ հայրենի ուժերու հետ:

«Ա.».- Այս տարի տարեկան երրորդ միջազգային բժշկական սեմինարը պիտի կայանայ, խնդրեմ` ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձէք նախորդ երկուքին, անոնք ի՞նչ արդիւնքներ ունեցան: Ի՞նչն է, որ այս սեմինարը պիտի յատկանշէ նախորդ երկուքէն. միջազգային մասնակցութիւն պիտի ըլլա՞յ եւ տեղական մակարդակի վրայ Հայաստանի մէջ ի՞նչ անդրադարձ պիտի ունենայ:

Պ. Ա.- Այս տարի տեղի պիտի ունենայ Երրորդ բժշկական միջազգային սեմինարը, որ կը տարբերի նախորդող երկու սեմինարներէն` նկատի ունենալով 2023-ին Արցախի բռնի տեղահանութեան ընթացքին եղած պայթումին իբրեւ հետեւանք այրուածքներով վիրաւորներուն ցաւալի պատկերը, ծանր անդրադարձը, ինչպէս նաեւ` աշխարհաքաղաքական պայմանները. անհրաժեշտ է, որ Հայաստանը բժշկական մակարդակի վրայ պատրաստուի աղէտներու նկատմամբ: Emergency  preparedness response, որ կ՛ըսեն, ինծի համար շատ կարեւոր է, նոյնիսկ այս ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը նշած էր քանի մը անգամ, թէ մեր բժշկական, առողջապահական կազմը ինչպէ՛ս աղէտներու հանդէպ թիրախային ձեւով պատրաստուած եւ կազմակերպուած է, նոյնը ընենք հոս, եւ որպէսզի կարենայ իր ներդրումը բերել այս ուղղութեամբ, մտածեցինք բժշկական առաքելութեան սեմինարին առաջին օրը տրամադրել Emergency prepareness, Emergency response եւ այս նիւթին համար Միջին Արեւելքէն հրաւիրել մասնագէտ բժիշկ մը, որ նաեւ  2023-ին իմ խնդրանքովս եկաւ եւ մեր վիրաւոր քոյրերուն ու եղբայրներուն հոգ տարաւ: Այս տարի եւս պիտի միանայ մեզի, նաեւ` Սան Ֆրանսիսքոյէն Emergency medicine բժիշկ մը: Անոնք պիտի աշխատին այն ուղղութեամբ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր հայրենի ուժերն ու կարողականութիւնները աւելի արդիական, աւելի կազմակերպ եւ աւելի արդիւնաւէտ ձեւով պատրաստել:

Երկրորդ օրը պիտի տրամադրուի քաղցկեղի տարբեր բաժանումներու, ըլլայ` արեան, կուրծքի, ոսկորի տարբեր-տարբեր ախտաճանաչումներու եւ արդիական լուծումներ գտնելու մասին:

Այն մասնագէտները, որոնք կու գան քաղցկեղի նիւթերուն մասին խօսելու, բոլորն ալ իրենց մասնագիտութեան բաժանմունքներու պետեր են, իրենց մասնագիտութեան մէջ լաւագոյններն են, մենք այդ իմաստով մեծապէս հետամուտ եղած ենք: Ուրախ եմ ըսելու, որ նոյնիսկ University Caroline ervin-էն, նաեւ Cleveland clinic-էն, որ աշխարհահռչակ մակարդակի վրայ բժշկական հաստատութիւն է, բժիշկներ պիտի միանան մեզի:

Արդէն, ինչպէս գիտէք, արհեստական բանականութիւնը հսկայական դեր կը կատարէ մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ եւ բժշկական աշխարհի մէջ արդէն բաւական յառաջացած դիրք կը գրաւէ: Ուստի, երրորդ օրը երկու փրոֆեսէօրներ պիտի գան «Clear ENT Clinic»-էն, երկուքն ալ ծնած են Սուրիա, որոնցմէ մէկը արաբ է` տոքթոր Նիզար Զէյն, միւսը հայ` տոքթոր Սեւակ Տեմիրճեան: Անոնք պիտի կեդրոնանան այն նիւթին վրայ, թէ արհեստական  բանականութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար դառնալ` աւելի արդիւնաւէտ ձեւով մօտենալու բժշկական հարցերու լուծման: Իսկ կէսօրէ ետք պիտի կեդրոնանանք հիւանդապահներուն կարեւոր աշխատանքին վրայ: Մեր նպատակն է բոլոր հիւանդանոցներէն եւ կազմակերպութիւններէն հաւաքել հիւանդապահուհիները եւ իրենց տեղեկութիւն տալ, թէ մասնագիտական մօտեցումով հիւանդապահ ըլլալ ի՛նչ կը նշանակէ, եւ ինչո՛ւ այդպէս պէտք է ըլլայ: Կը միտին հասցնել այն պատգամը, որ հիւանդապահութիւնը մասնագիտական մօտեցումով պէտք է ըլլայ, եւ ոչ թէ պարզապէս հասարակ պաշտօն մը` բժշկական խումբին մէջ:

Ուրեմն այս բաժինին մէջ նախ հայրենի ներկայացուցիչ մը պիտի բացատրէ, թէ իրենք ինչպէ՛ս կը պատրաստեն հիւանդապահուհիներ Հայաստանի մէջ, ետքը Ամերիկայէն Family nurse practitioner մը, որ մայիսին Պէյրութի բժշկական առաքելութեան միացած էր մեզի, պիտի դասախօսէ, թէ Ամերիկայի մէջ ինչպէ՛ս կը պատրաստեն հիւանդապահուհիներ, եւ ինչո՛ւ կարեւոր է մասնագիտական ուսումնական պատրաստութիւնը, ապա` գործնականը, որպէսզի անոնք կարենան լաւագոյն խնամքը տալ հիւանդին: Արդարեւ, բժշկական խումբին մէջ հիւանդապահուհիները հսկայական դեր ունին` հիւանդները խնամելու, անոնց ուշադրութիւն դարձնելու, վիճակին հետեւելու եւ բժիշկին այս բոլորին մասին զեկուցում ներկայացնելու եւ հետապնդում կատարելու առումով: Այս իրականութենէն մեկնած ալ անհրաժեշտ կը նկատենք յատուկ ուշադրութիւն դարձնել հիւանդապահուհիներուն եւ անոնց պատրաստութեան:

Մենք ներկայիս Ամերիկայի մէջ ունինք Advance practice nurse-ը, այսինքն` nurse practioner եւ բժիշկներու օգնականներ, որոնք դժբախտաբար Հայաստան չկան: Ուրեմն այս տարի առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացնենք այս նիւթը, թէ ինչո՛ւ Advance practisoner nurse-երը կարեւոր են եւ մանաւանդ` մերձաւոր շրջանները, այսինքն` մեր շրջանները, ուր որ բժիշկներու պակասը կայ, նաեւ այս ձեւով հայրենի ուժերուն յոյս կու տանք ապագայի մասին եւ կը փոխանցենք այն գաղափարը, թէ ոեւէ երիտասարդուհի, որ փափաք ունի բժշկական աշխարհի մէջ մտնել, յոյս ունենայ, որ ինքը կրնայ ըլլալ nurse practioner մը կամ բժիշկի օգնական մը եւ իր հայրենի գիւղի հարազատներուն, բարեկամներուն, բնակիչներուն անմիջական խնամք մատուցէ: Այսպիսով ալ նման հիւանդապահուհիներ անմիջական բժշկական սկզբնական օգնութիւն կը մատուցեն իրենց գիւղերու բնակիչներուն, որպէսզի անոնք ստիպուած չըլլան հեռաւոր վայրեր երթալ, վտանգել իրենց կեանքը, ժամանակ կորսնցնել: Այս պատճառով մենք բաւական փորձառութեամբ ու բծախնդրութեամբ կը մօտենանք նիւթին, հետամուտ ենք, որ կարենանք մեր այս մօտեցումը գործնական աշխատանքով փոխանցել Հայաստանի մէջ, որպէսզի անոնք ալ գիտակցին, որ առողջապահական բնագաւառին մէջ գործող խումբի մէկ կարեւոր անդամներէն է հիւանդապահը, որ եթէ ճիշդ ձեւով պատրաստուի, կրնայ հսկայական դրական ներդրում ունենալ ժողովուրդը առողջ պահելու համար: Ուրեմն այս առաջին քայլն է, տակաւին մեզի համար յստակ չէ, թէ հայրենի ուժերը ինչպէ՛ս պիտի ընդունին այս գաղափարը: Մենք որեւէ ակնկալութիւն չունինք, որովհետեւ կրնայ դժուարութիւն ստեղծուիլ, եւ իրենք այնպէս մը ըմբռնեն, թէ կարիք չկայ այս մակարդակի հիւանդապահներու պատրաստութեան, այս բոլորին պատրաստ ենք եւ երկար շունչի վրայ երկխօսութիւն պիտի ունենանք, մեր տեսակէտը բացատրենք, որպէսզի մեր միտքը աւելի ընկալելի դառնայ:

Յոյսով ենք, որ ապագային կրնանք ստեղծել այդ անձնակազմը նոյնիսկ Հայաստանի մէջ, որովհետեւ Վրաստանի եւ տարբեր երկիրներու մէջ կան արդէն, ոչ թէ միայն` Ամերիկայի: Ուրեմն այս ալ կարեւոր կէտ մըն է:

Չորրորդ օրը աւելի փոքր մակարդակի վրայ այս չորս նիւթերուն մասին կլոր սեղանի շուրջ հաւաքուելով` տարբեր-տարբեր մասնագէտներ իրենց նիւթերուն մասին պիտի զրուցեն, որուն կ՛ըսեն break out section:

Յոյսով ենք, եւ ես համոզուած եմ, որ այս սեմինարը շատ արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, ինչպէս անցեալ երկու տարիներուն բաւական դրական անդրադարձ ձգեց, մենք լսեցինք գնահատանքի խօսքեր, թէ այսպիսի նիւթերու մասին սեմինարներ կազմակերպելը կարեւոր է:

Անհրաժեշտ է նշել, որ այս ամբողջ աշխատանքը կը կազմակերպուի Հայաստանի Հանրապետութեան Ֆրեզնոյի պատուոյ հիւպատոսութեան գրասենեակին կողմէ` համագործակցութեամբ տոքթոր Արմէն Մուրատեանի, որ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի նախագահն է:

«Ա.».- Նման տարողութեամբ սեմինար մը  կազմակերպելու կարեւորութիւնն ու նոյն ատեն դժուարութիւնները ի՞նչ են:

Պ. Ա.- Այսպիսի սեմինարներ կազմակերպելը, մանաւանդ քառօրեայ, եւ ես տասը հազար մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուելով Հայաստանէն, նաեւ տարբեր-տարբեր երկիրներէ մասնագէտներ հաւաքելը հսկայական աշխատանք է, բայց միեւնոյն ժամանակ` հսկայական հոգեկան գոհունակութիւն:

Հակառակ անոր որ բազմազբաղ եմ, բայց այս ամէնէն կարեւոր ու մեծ նպատակներէս մէկն է` իբրեւ պատուոյ հիւպատոս, ներդրում ունենալ մեր հայրենիքին համար եւ տեղական ուժերը խրախուսել` ըսելով, որ մենք պատրաստ ենք ձեզի տրամադրել ամէնէն արդիական տեղեկութիւնները եւ ոչ թէ միայն սեմինար կազմակերպել, որ ինքնին ամբողջութիւն մը չէ, սեմինարը միջոցներէն մէկն է: Սեմինարին միջոցով հայրենի ուժերը կապ կը հաստատեն մեր հիւր բժիշկներուն հետ եւ տարուան ընթացքին իրենք միշտ կապի մէջ կը մնան, այսինքն բժշկական առաքելութիւնը երկու շաբթուան համար չէ միայն, որովհետեւ ոմանք այդպէս կը կարծեն, ընդհակառա՛կն, ամբողջ տարուան ընթացքին կայ համագործակցութիւն, երկխօսութիւն այլազան միջոցներով: Ուրեմն այս երկար շունչի վրայ մտածուած աշխատանք է: Անշուշտ որեւէ աշխատանք առանց ճիգի արդիւնք չի տար, այսինքն պարզ ու յստակ է: Ես կը նկատեմ, որ երբ աշխատանք տարուի, ըլլա՛յ հիւանդներու, ըլլա՛յ բժիշկներու երեսներուն վրայ ժպիտ եւ գոհունակութիւն կ՛ուրուագծուի: Ասիկա արդէն ինծի համար գոհացուցիչ է, թէ մեր աշխատանքը արդիւնք տուած է, գնահատանք կամ շնորհակալութիւն ստանալու կարիքը չկայ: Կարեւորը մեր նպատակն է, այդ ծառայութեան ոգին յարատեւ տրամադրել անշահախնդիր կերպով: Շատ կարեւոր է այս մէկը: Այստեղ ժողովրդական օրինակ մը տամ, ինչպէս կ՛ըսեն,  մէկու մը ձուկ մի տար, այլ իրեն սորվեցուր ձկնորսութիւն ընել, որպէսզի կարենայ ի՛նքը ձուկը որսալ: Նոյն չափանիշով, տեղեկութիւն տալով մեր հայրենի բժիշկներուն, անոնք կը կարողանան աւելի արդիական տեղեկութիւններ ունենալ եւ ապագային, եթէ իրենք հարցերու առջեւ գտնուին, կրնան իրենք իրենց կապերը հաստատել եւ լուծումներ գտնել:

«Ա.».- Անդրադառնանք գետնի վրայ բժշկական առաքելութեան այս սեպտեմբեր-հոկտեմբերին կատարելիք միւս 2 նախաձեռնութիւններուն, որոնք իրենց կարեւոր ներդրումը ունին ժողովուրդին առողջական կեանքին եւ կենցաղի բարելաւման վրայ:

Պ. Ա.- Այս բժշկական առաքելութեան երկրորդ սիւնը հինգ վիրահատներ են, որոնք վիրահատ-մանկաբուժներ են: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր մասնագիտութիւն ունի` աւելի եուրոլոկ reken strapior plastic surgery եւ colon ractol…

Հինգէն երեքը 2016-էն, 2017-էն ի վեր յարատեւ, ամէն տարի կը միանան մեզի` ղեկավարութեամբ տոքթոր Փոլ Մրկըրեանի, որ աշխարհահռչակ եուրոլոկ է, նաեւ իսկապէս ազնիւ, համեստ եւ հոգատար անձ մըն է: Մենք Լոս Անճելըսի օդակայանին մէջ անակնկալօրէն ծանօթացանք իրարու եւ անկէ ետք ան յարատեւ մաս կը կազմէ մեր բժշկական առաքելութեան:

Այս հինգ վիրահատները պիտի աշխատին  «Առաքիր» եւ «Ուիք մօր» հիւանդանոցներուն մէջ: Չմոռնամ նշելու, որ սեմինարին մասնակցող բոլոր բժիշկները իրենց դասախօսութիւնները ներկայացնելէն ետք առիթ պիտի ունենան նաեւ այցելելու իրենց մասնագիտական բաժինի հիւանդանոցները` ուղղակի կապ հաստատելու հայրենի բժիշկներուն հետ, անգլերէն կ՛ըսեն` case review` հիւանդի մը խրթին վիճակը ուսումնասիրելու եւ գաղափարներ փոխանակելու` միասին աւելի լաւ լուծումներ գտնելու համար: Այս հինգ բժիշկները պիտի աշխատին այդ երկու հիւանդանոցներուն մէջ 24 սեպտեմբերէն մինչեւ 4 հոկտեմբեր:

Իսկ ամէնէն վերջին սիւնը` Արցախի 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք մենք ջանացինք անպայման վերակենդանացնել այս pain management reabitilation-ը, այսինքն` կեանքի վերադարձնելու, իրենց ցաւերը փարատելու աշխատանքը, physiotherapist-ներու միջոցով: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով մայիսին, երբ մենք համագործակցեցանք Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին հետ երրորդ տարին ըլլալով, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցի բժիշկ Շարպել Ռըզք ինքն ալ փափաք յայտնեց, որ միանայ խումբին եւ ուրեմն տարբեր երկիրներէ ու շրջաններէ` Արիզոնայէն, Քալիֆորնիայէն ու Լիբանանէն եւ Աթլանթա Ճորճիայէն physiotherapist-ներ պիտի միանան եւ մէկ շաբթուան համար Գիւմրիի եւ Արմաւիրի մէջ պիտի աշխատին տարբեր կեդրոններու մէջ եւ տարբեր-տարբեր ցաւեր ունեցող հիւանդներու հետ, նոյնիսկ անոնց մէջ կան մեր վիրաւոր զինուորներէն, որոնք տակաւին կարիքը ունին յատուկ խնամքի, եւ այս խումբը պիտի աշխատի անոնց հետ:

«Ա.».- Սովորաբար նման առաքելութիւններ ժամանակի ընթացքին կը տկարանան ու երբեմն նոյնիսկ կը դադրին, ձերը հակառակն է, կը զօրանայ ու կ՛ընդարձակուի: Ի՞նչ է գաղտնիքը:

Պ. Ա.- Տասը տարուան ընթացքին տասնհինգերորդ բժշկական առաքելութիւնն է, որ պիտի իրագործենք: Հաղորդեմ, որ 2022-էն սկսեալ մէկ տարուան ընթացքին սկսած ենք երկու բժշկական առաքելութիւն իրագործել` 2016-ին Յորդանան եւ 2022-2025 Լիբանան ու Սուրիա գացինք:

Գաղտնիքը պարզ է` կամք, զոհողութիւն եւ ծառայութեան ոգիին հարազատ մնալը: Ծառայութեան ոգին մէջս, մեր կազմի բոլոր անդամներուն սրտերուն մէջ հսկայական դեր ունի:

Այդ ծառայութեան ոգին է, որ զիս կը խրախուսէ եւ կը մղէ առանց վարանելու գործելու: Այս անշահախնդիր աշխատանքը սուրբ է ինծի համար` առանց որեւէ ակնկալութեան, առանց գնահատանքի կամ շքանշանի: Եթէ ծառայութեան ոգին չըլլայ, աշխատանքը չ՛իրականանար: Աւելի կարեւորը այն է, որ տարիներու ընթացքին թափանցիկ աշխատելով` յաջողեցայ ներգրաւել, պահել ու պահպանել հայրենի ժողովուրդի տարբեր խաւերու կամ մակարդակներու մարդոց վստահութիւնը, որովհետեւ եթէ այդ վստահութիւնը չըլլայ, որեւէ աշխատանք չի յառաջանար: Ես կրնամ ծրագրել, կրնամ մտածել, կրնամ ծառայութեան ոգիին հարազատ մնալ, բայց եթէ նիւթական օժանդակութիւն չըլլայ, կը մնամ երազային աշխարհին մէջ եւ չեմ կրնար որեւէ երազ իրագործել:

Ի վերջոյ խորին շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել բոլոր այն բժիշկներուն, որոնք իրենց ծառայութեամբ ներդրում կը բերեն բժշկական առաքելութեան, նաեւ Ֆրեզնոյի համայնքին անխտիր` ըլլան անոնք ամերիկացիներ թէ ամերիկահայեր, բոլորն ալ նեցուկ կանգնած են եւ կը շարունակեն կանգնիլ գրասենեակիս եւ բժշկական առաքելութեան հետ: Այս մէկը շատ մեծ գանձ է, որ նիւթականով չես կրնար գնել:

Անշուշտ հազար փառք Աստուծոյ, որ մեզի կարողութիւնը տուած է եւ կու տայ, որպէսզի գործենք առողջապահական մարզին մէջ` ըլլա՛յ կազմակերպչական գետնի վրայ, ըլլա՛յ աշխատանքները համադրելու ճիգին մէջ: Այդ կարողութիւնը եթէ չ՛ըլլայ, բժշկական առաքելութիւնը չ՛ըլլար: Հազար շնորհակալութիւն` «Ազդակ»-ի խմբագրութեան եւ անձնակազմին, որոնք այս գեղեցիկ առիթը ընծայեցին, որպէսզի կարենանք մեր ժողովուրդին թափանցիկօրէն բացատրել, թէ բժշկական առաքելութիւնը ի՛նչ կ՛ընէ եւ ինչո՛ւ կ՛ընէ: Մենք կը գործենք յանուն մեր ազգի բարգաւաճման, ոչ մէկ շահախնդրական նպատակ կայ, բացարձակապէս բոլոր աշխատանքները թափանցիկ են, եւ ասոր երաշխիքը այն է` երբ վերադարձանք յուլիս 1-ին Լիբանանէն, յուլիս 28-ին մենք ունեցանք tanhole, ժողովուրդը հրաւիրեցինք սրահի մը մէջ եւ նկարներով ու տեսերիզներով ցոյց տուինք, թէ մեր բժիշկները Լիբանանի մէջ երկու շաբթուան ընթացքին ի՛նչ ըրին, եւ իրենց նուիրած գումարները ո՛ւր ծախսուեցան, որպէսզի իրենք ալ ի սրտէ հանգիստ ըլլան, որ մենք մեր նպատակի իրագործման համար ազնիւ ձեւով կ՛աշխատինք:

 

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

«Մուսա Լերան 18 Նահատակները» Եւ «Լեռ Փառապանծ» Միացեալ Գիրքի Գինեձօն

RelatedPosts

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ
Հարցազրոյց

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ

Յուլիս 29, 2025
«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?