Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարգիս Զէյթլեան` Ամենաղեկավարի Պատուանդանին

Սեպտեմբեր 15, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

Կան մարդիկ, որոնք իրենց ներքին հրայրքով, գաղափարական անշեղելի հաւատքով, մտաւորական եւ հոգեւոր անապական խառնուածքով, հայրենիքի հանդէպ անսպառ խանդով եւ ժողովուրդին  անսակարկ ծառայութեան նուիրումով կը դառնան ղեկավար ու կը մնան հասնող սերունդներուն համար անշիջելի եւ անժամանցելի տիպարը` առաջնորդին, ներշնչելով զանոնք քալելու  միեւնոյն ճանապարհէն եւ ուղղուելու միեւնոյն հաւատքով ու գաղափարաբանութեամբ, հրդեհելով զանոնք հայրենիքի անմար կրակով ու սիրով:

Ահա այդպիսի դէմքի մը մասին է, որ Կարօ Յովհաննէսեան, անցնող քանի մը տարիներուն ինքզինք նուիրած է երկար եւ մանրամասն, բծախնդիր ու խղճամիտ մտաւորականի պարկեշտութեամբ, պրպտելու, կարդալու, հաւաքելու, մէկտեղելու, ուսումնասիրելու համար Սարգիս Զէյթլեանի կեանքն ու գործը: Հաւաքած է անոր գրած բոլոր գրութիւներն ու նամակները, յօդուածները, խմբագրականները, բանախօսութիւնները, Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկագիրներ, ընդարձակ մատենագիտական տեղեկութիւններու ցանկ մը, ուր արտայայտուած են անոր միտքերն ու գաղափարները եւ քար առ քար քանդակած անոր յուշարձանը:

Կարօ Յովհաննէսեան` առանց յոգնելու, անձանձրոյթ ու համբերութեամբ, աշխատած ու լոյսին բերած է, այլապէս թերթերու էջերուն մէջ ցրուած եւ անկասկած մոռացութեան ճակատագրուած Սարգիս Զէյթլեանի գաղափարական խոհերն ու միտքերը,  որոնք կը հասնին ստուար էջերու, եւ որոնք կրնային արխիւներու թանձր փոշիներուն տակ ժամանակ մը ետք կորսուիլ, իրենց հետ տանելով  հաւատաւոր եւ նուիրեալ դաշնակցականին կերպարը եւս: Այս   ստուար հատորով, 800 էջ, Կարօ Յովհաննէսեան նախ իր պարտքն է, որ կը հատուցէ իր հոգեւոր մեծ եղբօր, ուսուցիչին, տնօրէնին, խմբագիրին ու կուսակցական հաւատաւոր ընկերոջ եւ կը կանգնեցնէ անոր յուշարձանը` անմահութեան  պատուանդանին զետեղելով զայն: Եւ ապա Սարգիս Զէյթլեանի կեանքին ու գաղափարական ընբռնումներուն, հաւատամքին եւ սկզբունքներուն ընդմէջէն ընթերցողին կը ներկայացնէ հայ կեանքի վերջին աւելի քան յիսնամեակի մը պատմութիւնը, իր ներքին` կրօնական, քաղաքական եւ ազգային տագնապներով, հասարակական յոյզերով,  պառակտուածութեամբ, անսպառ ու ատելավառ  գրականութեամբ, հերձուածութեան անհաւատալի տարողութեամբ: Պատմութիւն, որ լեցուն է  մարտահրաւէրներով, կորուստներով եւ ցաւերով:

Կարօ Յովհաննէսեան Սարգիս Զէյթլեանի ընդմէջէն կը ներկայացնէ սփիւռքահութեան երկպառակութեան տխուր դէպքերն ու անոնց անհեթեթ պատճառները. վերլուծութիւններ, որոնք կու գան` հաստատելու ղեկավարներու քաղաքական տհասութիւնն ու անգիտութիւնը, քաղաքական մտածողութեան պակասը, դէպքերն ու պատմութիւնը չիմանալու, չըմբռնելու, չհասկնալու եւ չկարենալ մեկնաբանելու  ցաւալի իրողութիւնը: Այս բոլորը կը պատմէ` Սարգիս Զէյթլեանի բառերով, ամենայն մանրամասնութեամբ, դէպքերու, եւ   տեղեկատուական աղբիւրներու վաւերականութիւնը յիշատակելով,  թուականներու եւ աղբիւրներու նշումներով, պատմութեան յանձնելով ոչ պարսաւանքի, մեղադրանքներու, յերյիւրածոյ, սուտ ու շինծու առասպելներու վրայ հիմնուած զրոյցներ ու վիպակներ, այլ` հիմնաւորուած դէպքերու վերլուծութիւններով եւ մէջբերումներով:

Թեմաներ, որոնց կ՛անդրանադառնայ Կարօ Յովհաննէսեան, ունեցան հայ ժողովուրդի եւ   Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու համար աղէտալի հետեւանքներ` ջլատելով ամբողջ ներուժը սփիւռքին եւ տասնամեակներով օտարուելով իրարմէ: Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններ եւ յատկապէս Դաշնակցութեան դէմ եւ անոր հանդէպ  Հայաստանի պետական այրերուն ցուցաբերած դիրքորոշումը, նպատակադրուած` հակադրութիւնը վերջին յիսանամեակին, հայ մարդը հայրենիքէն օտարելու  էնթերնասիոնալիզմի գաղափարաբանութեամբ  ժողովուրդը հերձելու ծրագրուած  քաղաքականութիւնը, թելադրուած` նոյնինքն խորհրդային կարգերու ղեկավարութեան կողմէ:  Այս բոլորը կը միտէին, ուղղակի կամ անուղակի, հայութիւնը ազգային բովանդակութիւնէ պարպելու քաղաքականութեան հեռակայ նպատակներուն: Պայքարը հայու հոգիէն արմատախիլ ընել, «Հայ դատ» եւ հայկական հողերու գաղափարը. անճիտել զանգուածներու մտքէն, հոգիէն, գրականութիւնէն` ազգայինն ու ազգայնականը:

Հայկական հողերու ռազմական   քաղաքականութիւնը, ցարական եւ ապա խորհրդային կարգերու  հաստատումէն ետք,  եղաւ շարունակող աղէտը` հայ ժողովուրդը ցրուելու խորհրդային սփիւռքի մէջ առաւելաբար ու նաեւ արտերկրի մէջ, Հայաստանը պարպելու քաղաքականութեան: Աւեր մըն է, որ գործեց հայ կեանքէն ներս էնթերնասիոնալիզմի  վարդապետութիւնը, որ մինչեւ օրս կը ջլատէ մեր ուժերը:

Մենք չունեցանք ընդարձակ, համապարփակ եւ մանրամասն վերլուծութիւնը հայ կեանքի,  յատկապէս` սփիւռքի վերջին յիսնամեակին  ազգային, հասարակական, կուսակացական եւ մշակութային պատմութիւնը, որ պիտի վերլուծէր անկուսակցական եւ չթելադրուած այս կամ այն հատուածին կողմէ, առարկայականօրէն տխուր դէպքերուն տուն տուող պատճառներուն մասին: Բայց Կարօ Յովհաննէսեան, խղճամիտ եւ պարկեշտ, ինչպէս նաեւ` արդարակորով եւ ուղղամիտ, յաջողած է Սարգիս Զէյթլեանի գաղափարաբանութեան ընդմէջէն, տալ պատկերն ու բնութագրումը եղելութիւններուն, որովհետեւ ամբողջ պայքարը կը միտէր Դաշնակցութիւնը նսեմացնելու եւ չէզոքացնելու, որովհետեւ ան` Դաշնակցութիւնը, կը հետապնդէր հայկական հողերուն վերատիրանալու նպատակները, բանաձեւուած` «Հայ դատ» եզրոյթով: Հասնող սերունդները կը դաստիարակէր ազգայնականութեամբ ու հայ մշակոյթի պատմութեամբ, կը պահէր Արարատն ու Քրիստոսը հայ մարդուն մէջ, անկախութեան եւ ազգային պետականութեան ջատագովն էր: Ահա թէ ինչի՛ դէմ էր խորհրդայնացած Հայաստանը եւ ինչի՞ կը միտէր Հայաստան-սփիւռք  տասնամեակներու պայքարը, որովհետեւ Էթերնասիոնալիզմը` «Պոլշեւիզմը քաջ գիտէր, որ անկախութիւնը հիմնաքարն է Հայ դատին, խարիսխը հայ ժողովուրդի լուսաւոր ապագային եւ կենարար աւիշը միացեալ Հայաստանի եւ ամբողջ հայութեան» [1]: Պոլշեւիզմը կը գիտակցէր Դաշնակցութեան վարքագիծին եւ քաղաքական ուժին, կազմակերպչական դերակատարութեանը հայ կեանքէն ներս, կը ձգտէր ազդել քաղաքական իրադարձութիւններու վրայ:

Ինչպէս Անթիլիաս-Էջմիածին դիտաւորեալ երկփեղկումը ուրիշ նպատակ չէր հետապնդեր` եթէ ոչ` արդէն իսկ բռնադատուած Էջմիածինով, կրօնէն ու եկեղեցիէն, հաւատքէն ու  քրիստոնէութիւնէն պարպուած հայ ժողովուրդի  միտքն ու հոգին շարունակել պարպել` հասնելով  Անթիլիասի դերակատարութեան չէզոքացման, սփիւռքի գաղութներուն մէջ: Երբ սփիւռքի մէջ Անթիլիասի եւ Հայ եկեղեցւոյ ընդմէջէն կը շարունակուէր հայ մարդը հայ պահել` Քրիստոսի հաւատքով, սիրոյ ու յոյսի դաւանանքով, արմատաւորելով  հայը իր քրիստոնէական հաւատքին ու հաւատամքին մէջ: Պահել հայը, իր մշակոյթին, պատմութեան եւ աւանդութիւններուն մէջ, սփիւռքի կառոյցներուն գերագոյն  նպատակն էր: Հայոց լեզուի եւ կրօնի ճամբով, ազատ ու անկախ Հայաստանի երազով եւ կորուսեալ հայրենիքին վերատիրանլու սերունդներու դաստիարակութեան ճիգերը, իրենց արդիւնքը կու տային հասնող սերունդներուն մէջ: Ահա թէ ինչի՛ համար էր պայքարը:

«Պոլշեւիզմի համար Հայաստանեաց եկեղեցին միջոց էր տարածելու էնթերնասիոնալիզմը` օգտագործելով անոր հմայքը արտախորհրդային երկիրներու մէջ ապրող հայութեան վրայ,  եւ ատոր համար կ՛ուզէ, որ Հայաստանեայց եկեղեցին ունենայ մէկ կաթողիկոսութիւն` եկեղեցին դարձնելու համար կեդրոնացեալ կազմակերպութիւն մը, որուն կեդրոնը Մոսկուան է  եւ հոնկէ ղեկավարէ համայնավար սկզբունքներով: Ահաւասիկ հակակրօն եւ ապազգային Պոլշեւիզմի հետապնդած նպատակները» [2]:

Կարօ Յովհաննէսեան, Սարգիս Զէյթլեանի վերլուծութիւններով կը մատնանշէ, թէ ինչպէ՛ս   Հայաստան Էնթերնասիոնալիզմի կշռոյթով կ՛ուղղուէր դէպի օտարում: Փա՞ստը. հայոց ոսկեղենիկի աղաւաղումն ու ռուսաբանութեամբ հայ գրակութեան ապականումն էր: Փա՞ստը. աբեղեանական-մեսրոպեան  ուղղագրութեամբ հայութիւնը իրարու անհաղորդ դարձնելն էր:   Փա՞ստը. աւելի քան երեք միլիոն հայութիւն տարածուած էր խորհրդային սփիւռքի մէջ, երբ Հայաստանի մէջ  բնակչութեան թիւը հազիւ երկու  միլիոնի կը հասնէր: Փա՞ստը. Հայաստանի եկեղեցիներուն իննսուն տոկոս քանդումն ու պարպումն էր, շատերն անոնցմէ արդէն քանդուեր եւ տեղը շուկաներ կամ շարժապատկերի  սրահներ շինուեր էին, աղօթքն ու Քրիստոսը արգիլուած էին, ինչի՞ պայքար կը մղուէր էջմիածնական-անթիլիասական հակամարտութեամբ, երբ երկուքն ալ յստակօրէն կը ճանչնային զիրար, որ հոգեւոր ոչ մէկ տարբերութիւն գոյութիւն ունէր երկուքին միջեւ, իսկ վարչական գործունէութիւնը երկուքին առանձնայատկութիւններն էին` երկուքին համատեղ համաձայնութեամբ: Երբ  երկուքն ալ դարերէ ի վեր, 1440 թ. ի վեր, գոյութիւն ունէին, եւ հայ ժողովուրդը գիտակից էր, որ Հայ եկեղեցւոյ երկփեղկումը չէ՛ր պատճառը այդ երկուութեան, այլ քաղաքական շրջափակումները արգելք էին Հայ եկեղեցիին` հասնելու իր հաւատացեալներուն հոգեւոր կարիքներուն հայրենիքի հեռաւոր ու անհասանելի վայրերուն մէջ: Էնթերնասիոնալիզմը, միջազգային համայնավարութիւնը, բաժնելով հայը` հայաստանահայու եւ սփիւռքահայու, անկախ Հայաստանի գաղափարաբանութիւնը փոխարինելով  Էնթերնասիոնալիզմով, եկեղեցին գլխատելով, պիտի սերմանէր համայնավարութեան սերմերը` կտրելու համար հայը իր կրօնէն, լեզուէն, մշակոյթէն, կտրելու համար իր հայրենիքէն ու հողէն, որովհետեւ սփիւռքը իր կեանքը եւ իր գոյութիւնը կ՛իմաստաւորէր` հայրենիքով, հայրենիքին համար, եւ այս բոլորը՛ շնորհիւ Հայ եկեղեցւոյ եւ Ա. Հանրապետութիւնը կերտած հերոսներու եւ մտաւորականներու` Շանթի, Աղբալեանի, Վրացեանի հիմնադրած Ճեմարանով եւ անոր բջիջներով` ազգային վարժարաններու մէջ:

Չէր գրուած հայ կեանքի  վերջին յիսնամեակի պատմութիւնը, հնչակ-դաշնակ հակամարտութիւններու արմատական պատճառներու վերլուծական մեկնաբանութիւնը:  Կարօ Յովհաննէսեանին կը պարտինք այս երախտաշատ գործը, որ Սարգիս Զէյթլեան ամենաղեկավարին, քաղաքական հայ կեանքի գաղափարական վերլուծութիւններու ընդմէջէն լոյսին բերած է ներազգային կեանքը փոթորկող հարցերն ու անոնց տուն տուող պատճառները`  համատեղելով Սարգիս Զէյթլեանի ճառերը, յօդուածները, մէկ առ մէկ կարդալով, պրպտելով օրուան իրադարձութիւններն ու անոնց մասին լոյս տեսած յօդուածները, տեղեկութիւնները,  մանրամասները` ժողովներու տեղեկագրերը, եւ անոնց ընդմէջէն կը պարզէ օրուան շունչն ու մտայնութիւնը: Անցեալի կենդանի փորձառութիւնները, անձնական փաստաթուղթերը, ինչպիսիք են` նամակներ, օրագրեր, բանախօսութիւններ, արձանագրութիւններ, որոնք մանրամասնօրէն կը  նկարագրեն առօրեայ կեանքը, եւ մօտեցումները, կ՛օգտագործէ` ստեղծելու պատմողական հիմնաւորուած խորը հասկացողութիւն այն մասին, թէ ինչպէ՛ս անհատներն ու խումբերը կը մեկնաբանեն իրենց անմիջական աշխարհը եւ ինչպէ՛ս են իրենց կեանքը  ձեւաւորած` իրենց ընկերային եւ պատմական համակառոյցին մէջ:

Այս բոլորը լոյս կը սփռեն օրուան հայ կեանքը հերձող ատելավառ քարոզչութիւններուն, իրարմէ կտրուելու անհեթեթ պատճառներուն վրայ:  Ամբողջ տասնամեակներ յումպէտս վատնուած ու ջլատուած են ճիգերը, որոնք  պարպած են հայ մարդը հոգեւոր եւ մտաւոր ներուժէ, փոխանակ զանոնք պատրաստելու եւ պատրաստուելու  մշակութապէս եւ քաղաքական իմաստութեամբ:

Տխուր ու ցաւալի էջերը բանալով` ի հարկէ կրկին կ՛արիւնի վէրքը: Սակայն պէտք է, որ արիւնի, որպէսզի պարպուի թարախը, որպէսզի վէրքը առողջանայ: Մինչեւ չարիւնի ու չպարպուի պալարը, վէրքը կարելի չէ առողջացնել: Ահա թէ ինչի՛ կը ծառայեն այս բոլորը:

29 օգոստոս   2025

(Շար. 1)

 

Նախորդը

«Արամ Ա. Կաթողիկոս» Հայագիտական Հիմնարկ

Յաջորդը

Ֆրանց Պեքընպաուըրի Յիշատակի Կոթողը` Միւնիխի Մէջ

RelatedPosts

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը
Անդրադարձ

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը

Նոյեմբեր 1, 2025
Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»
Անդրադարձ

Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»

Նոյեմբեր 1, 2025
Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի.  Արցախո՛վ
Անդրադարձ

Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի. Արցախո՛վ

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?