Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Իտալիա Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակին Նուիրուած Համերգ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրման 325-ամեակի ծիրին մէջ 7 սեպտեմբերին Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի Մխիթարեան մայրավանքին մէջ կայացաւ «Միասին» համահայկական հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնած «Հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը եւրոպական տաճարներուն մէջ» խորագրով նոր մշակութային ծրագիրը` ներկայութեամբ Պոլսոյ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ եւ Մխիթարեան միաբանութեան վանահայր Լեւոն արք. Զէքիեանի, միաբանութեան հոգեւոր հայրերուն, Իտալիոյ տարբեր քաղաքներէն հայ եւ...




















