Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երրորդ Համաշխարհայինը Ուրուակա՞ն Է, Թէ՞…

Սեպտեմբեր 16, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Արագացած ժամանակը կրնա՞յ ընել այնպէս, որ երրորդ համաշխարհայինի ուրուականը դառնայ իրականութիւն: Այսօր ան հեռատեսիլէն դիտուած հեքիաթի նմանող սպառնալի՞ք է, վախի ռազմավարութի՞ւն: Առաջինը եւ երկրորդը դեռ չեն մոռցուած: Երրորդէն ետք, ինչպէս ըսած է Այնշթայն, ողջ մնացողները, եթէ ըլլան, պիտի վերադառնան քարերով եւ բիրերով կռուող նախամարդու վիճակին:

Չեմ գիտեր, թէ աշխարհի ութ կամ տասը միլիառ բնակիչները  քանի՛ միլիոն «ղեկավարներ» ունին: Մեր փոքրիկ ածուի ղեկավարներն ալ բազմաթիւ են, անոնց թիւը չեմ գիտեր, ինչպէ՞ս գիտնալ աշխարհի ղեկավարներու թիւը եւ հասկնալ անոնց ըրածը, ընելիքը եւ չըրածը, մանաւանդ հիմա, երբ զօրահաւաքով, զօրասիւներով, հետեւակով եւ հեծելագունդերով պատերազմ պիտի չմղեն: Յաղթական եւ պարտուած զօրավարներ իրարու դիմաց նստելով՝ խաղաղութիւն պիտի չկնքեն, քանի որ ողջ մնացածներ  պէտք է ըլլան խաղաղութեան դաշնագիր կնքելու համար: Յառաջդիմութիւնը եւ գերարդիական ժամանակը այլ ձեւով պիտի վճռեն: Թերեւս վճռողներ եւ վճիռը գործադրողներ ալ պիտի չըլլան, եւ պիտի ըլլայ ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՍԿԻԶԲ: Որո՞նց հետ եւ որո՞նց համար: Ինչպէ՞ս եւ ո՞վ  կրնայ նախատեսել:  Դաշնագիր կնքող եւ իրաւասուներ պիտի ըլլա՞ն: Այդ  իրաւունքը այսօր իրենք իրենց վերապահած են անոնք, որոնք իրենց սեղանին վրայ կամ պայուսակին մէջ ունին հիւլէական զէնքի ԿԱՐՄԻՐ ԿՈՃԱԿը: Անոնք տասնեակ մը անգամ չեն: Եթէ մէկը կամ միւսը սեղմէ կոճակը, ուրիշներ ալ պիտի հետեւին, ու մարդկութիւն, քաղաքակրթութիւն եւ ԿԵԱՆՔ կրնան անհետանալ տիեզերքի անհունութեան մէջ: Հիմա կը խօսին, խօսողները բազում են: Ինչպէս կ՛ըսուի պարզ հայերէնով, ամէն գլուխէ ձայն մը կ՛ելլէ, իւրաքանչիւրը կը դաւանի ըլլալ գլխագիր իրաւունքի եւ տիեզերական ճշմարտութեան զրահուած պաշտպանը:  Այս արդէն երեւակայական գիտութիւն է, գիտնալու եւ նախատեսելու համար, թէ Մեծերու եւ Հզօրներու Կարմիր Կոճակներու խաղէն ետք ի՞նչ պիտի պատահի… Science fiction: Քաղաքական հանդէս կայ, կայ խօսքի առատութիւն, միշտ` յանուն իրաւունքներու: Բեմ են լրատուամիջոցները, կարծիքներու շտեմարան համացանցը, ուր կ՛ըսուի ամէն բան եւ ըսուածին հակառակը: Խօսքի ազատութեան եւ բանգիտութեան խառնիճաղանճ: Ի հարկէ նաեւ, ինչպէս միշտ, գոհունակութեամբ,  մեր «փոքրիկ ածու»-ին մէջ:

Որքա՜ն միամիտ եղած ըլլալու էր ֆրանսացի մեծ իմաստասէր Ռընէ Տեքարթ, որ ըսած էր, թէ` «Ողջախոհութիւնը հաւասարապէս բաժնուած է աշխարհի մէջ», bon sens, common sens: Իր օրերուն «կարմիր կոճակներ» չկային:

Եթէ մեծեր եւ նուազ մեծեր, համաշխարհային եւ թաղային հեղինակութիւններ, հիմա նաեւ` համացանցի ինքնակոչիկ արքայիկներ, Տեքարթի «հաւասարապէս բաժնուած ողջախոհութիւն»-էն իրենց բաժինը ստացած ըլլային, անոնք տարբեր կ՛ըլլային, աշխարհն ալ տարբեր կ՛ըլլար:

Աշխարհատարած լրատուամիջոցները կը խօսին նոր ժամանակներու կայսրութիւններու ծնունդի կամ վերածնունդի մասին, անոնց անունները եւ հասցէներն ալ կը հոլովուին, ինչպէս` ամերիկեան, չինական, թրքական, իսլամական, արաբական: Կարծէք` մեր ծերացած մոլորակը տանտիկինի կրակի վրայ եղող «փրեսթօ»-ն է, «cocote-minute»-ը, «pressure cooker»-ը… Ոչ մէկ տանտիկին կամ մեծանուն խոհարար անոր կափարիչը չի բանար, երբ ան կրակի վրայ է: Եթէ բանայ, աղէտ կը պատահի:

Կ՛ենթադրեմ, որ «Աշխարհի Մեծեր»-ը «pressure cooker»-ի դիմաց կանգնած տանտիկինի չափ խելք ունին անոր կափարիչը չբանալու կամ «կարմիր կոճակ» չսեղմելու համար…

Հիմա աշխարհ «prsessure cooker» է, որուն շուրջ հաւաքուած են բազում «խելօք» առաջնորդներ, որոնք կարծէք մոռցած են առաջին եւ երկրորդ «համաշխարհայիններ»-ու կիզող դասը, միլիոնաւոր մահերը եւ աւերները: Կը մտածեմ, որ թերեւս սպառնացող «հիւլէական պատերազմ»-ը զիրար վախցնելու միտող «կարմիր կոճակ»-ներու տէր մեծերու մանկական խաղ է: Ո՞վ չի գիտեր, որ եթէ մէկ կոճակ սեղմուի, պիտի սեղմուին միւս կոճակներն ալ: Յետոյ ի՞նչ կ՛ըլլայ: Սեղմողները «հարաքիրի» ընելու պատրա՞ստ են: Այսօր «կարմիր կոճակներ»-ու խաղաղութեան ժամանակն է:

Այս վտանգները գիտէ pressure cooker եռացող կաթսային առջեւ կանգնած համեստ տանտիկինը եւ կը վերաբերի ողջախոհութեամբ: «Կարմիր կոճակ» ունեցողները հայոց Արտաւազդ թագաւորին չափ իրատեսութիւն չունի՞ն` խորհելու, որ հիւլէական խարուկահանդէսէն ետք, եթէ ողջ մնացողներ ըլլան եւ իրենք ալ մնան, պիտի ըսեն, թէ  ո՞ր աւերակներուն ինչպէ՞ս եւ որպէս ի՞նչ պիտի թագաւորեն:

Հիւլէական պատերազմը անկարելի է, քանի որ ան մասնակի երեւոյթ մը պիտի չըլլայ, սկսող եւ աւարտող ուժի ցուցադրութեան հանդէս եւ զուարճութիւն: Հետեւաբար «Հիւլէական սարսափ»-ի դրութիւնը պիտի առաջնորդէ նոր տեսակի հաւասարակշռութեան, պիտի ըլլայ վերադարձ նորատեսակ դասական մրցակցութեան` դասական զէնքերով: Արդէն ընթացքի մէջ են դասական զինանոցի ստեղծումով եւ աճով, դասական հաւասարակշռութիւններ ստեղծելու գիտակցութիւնը եւ անոր հետեւող սպառազինումը, որոնք պիտի յանգեցնեն  հիւլէական զէնքերը թանգարան դնելու, քանի որ ո՛չ մէկ երկիր, եւ ո՛չ մէկ ղեկավար պիտի ուզէ միլիառաւոր մարդոց դահիճը ըլլալ` սեղմելով «կարմիր կոճակ»-ը… եւ «հարաքիրի» ընել:

Լաւատեսութեամբ կրնանք ըսել, որ հիւլէական սպառնալիքը ուժի ցուցադրութիւն է, նախատեսելին առաւել կամ նուազ ուժգնութեամբ դասական-արհեստագիտական պատերազմն է, յոգնակի, բայց եւ միշտ` մահասփիւռ:

Ինչո՞ւ մարդիկ, ազգեր եւ ղեկավարներ կանգնած են աւերածին մարտահրաւէրներու դիմաց, երբ պատմութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ միշտ բանակցած են եւ  աւերակներու վրայ ստեղծած են խաղաղութիւն: Թէեւ իմաստութիւն եւ բարոյական միշտ մնացած են տեսութիւն, սակայն մարդիկ շարունակած են առաջնորդուիլ առակագիրին բանաձեւած դառն իմաստութեամբ, որ` «Զօրաւորին օրէնքը միշտ լաւագոյնն է» (Ժան տը Լաֆոնթեն) (La loi du plus fort est toujours la meilleure):

Մարդկութիւնը մեր ապրած հարիւրամեակին ունեցած է երկու համաշխարհայիններ, որոնց աւարտին իրաւախոհութեամբ մտածած է խաղաղութեան հաստատման եւ պահպանման մասին, ստեղծած է կառոյցներ, կայացուցած է որոշումներ, Խաղաղութեան վեհաժողովէն մինչեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն, բայց ինքզինք չէ բուժած «աւազակի ախտէն», շարունակած է` աւար պահել, աւար սեփականացնել, աւարը օրինականացնել եւ պատրաստուիլ նոր համաշխարհայինի: Եթէ կազմուէր  զոյգ համաշխարհայիններու ընթացքին տրուած խոստումներու եւ աւարտին կայացուած արդարութեան վճիռներու ցանկը, կը կազմակերպուէր հրաժարումներու, սուտի եւ կեղծիքի տօնահանդէս:

Փորձութեան չեմ դիմադրեր եւ կը մտածեմ, ինչպէս միշտ, մեր «փոքր ածու»-ին մասին: Եթէ Լորտ Սեսիլի խոստումը յարգուէր, եթէ Խաղաղութեան վեհաժողովի որոշումով գործած Ամերիկայի նախագահի վճիռով գծուած Հայաստան մը կեանքի կոչուէր, արդարութիւն հաստատուած կ՛ըլլար: Օրինակ մըն էր: Օրինակը կարելի է բազմապատկել:

Հայ ժողովուրդը եղաւ պատմութեան փարիան, ինչպէս եղան ուրիշներ ալ: Կիսկատար արդարութիւնը նոր պատերազմի աճեցման պարարտ հող է:

Թերեւս պէտք է եզրակացնել, որ մարդու  ստեղծած մշակոյթը եւ քաղաքակրթութիւնները զինք միշտ բանտարկած են,  եւ ինքզինք պահած է նախնական բնազդներու մէջ, զորս երբեմն կոչած են` պետութիւն, կայսրութիւն, դաշնակից, քաղաքակրթութիւն, բարոյականութիւն, զանազան անուններով օրէնքներ: Բայց Գլխաւոր օրէնքը մնացած է Լաֆոնթենի բանաձեւած օրէնքը, ըստ որուն, կրկնենք, որ` «Զօրաւորին օրէնքը լաւագոյնն է»: Ի հարկէ` մեծ ու պզտիկ զօրաւորին, թաղային հեղինակութենէն մինչեւ նախագահներ, թագաւորներ եւ կայսրեր, այս կամ այն իշխանութիւն ունեցող «ՊԵՏ»-եր:

Համեստ քաղաքացիին վիճակուած է հանդիսատեսի դեր: Իր կեանքը եւ մահը կը տնօրինուին այլոց կողմէ, ինք աննշան հիւլէ է: Թէեւ, շահագործելով իր միամտութիւնը, կ՛ըսեն, որ «մեծ մանիթու»-ները, տեսակ մը աստուածները, ժողովրդավարութեան ընձեռած իրաւունքով  ինք ընտրած է: Ի՞նչ եզրակացնել: Մի՞թէ քաղաքակրթութիւններ, մշակոյթներ, իմաստասէրներ, գիրքեր եւ մատենադարաններ նախնական բնազդներու հանդէ՞ս են, եւ մարդը, հին կամ նոր պաճուճանքով, մնացած է բնութեան կարգին մէջ, ուր մեծ ձուկը կ՛ուտէ պզտիկ ձուկը:

Նոր ժամանակներու հրաշքը կրնա՞յ պատահիլ, եւ իմաստուններով եւ կրօններով սնանած մարդկութիւնը վճռէ, որ` «զօրաւորին իրաւունքը լաւագոյնը չէ», եւ հաստատէ կեանքի եւ իրաւունքի կարգը, եւ «մաքրուելով»` կը հետեւի Էմմանուէլ Քանթի պատգամին` ընելով եւ մտածելով այնպէս, որ` «Մեր արարքը դառնայ տիեզերական օրէնք»:

Եթէ «կարմիր կոճակ» ունին ներկայի մեծերը եւ հզօրները, ինչո՞ւ պիտի չունենան նաեւ Աւստրալիոյ ապորիժենները եւ Հարաւային Ամերիկայի նամպիքուարաները… եթէ կանոնը «սարսափի խաղաղութիւնն է»: Բառերը չարչարելով քաղաքագէտներ կ՛ըսեն` հաւասարակշռութիւն:

Մտածե՛լ Քանթի հետ` այսօ՛ր: Վաղը ուշ կ՛ըլլայ, այդ մասին խօսողներ ալ մնացած չեն ըլլար: Երբեմն հեքիաթի պէս կը պատմեն, որ այս կամ այն երկիրը իր միշտ սաւառնող օդանաւերուն կամ ծովերուն տակ թաքնուած ընդծովեաներուն մէջ բազմաթիւ լարուած հիւլէական ռումբեր ունի, որոնք անմիջապէս իրենց կանխորոշուած թիրախները հարուածելու պատրաստ են:

Հիմա «կարմիր կոճակ»-ներու եւ «prsessure cooker»-ի  խաղաղութեան օրերն են: Ո՞վ կրնայ լաւատեսութեամբ ըսել, որ այս խաղաղութիւնը կրնայ տեւել:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (15 Սեպտեմբեր 2025)

Յաջորդը

Կառավարութիւն-Պետութիւն «Հանելուկ»-ը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?