Ինքնուս Ստեղծագործող Մը Եւս` Պետրոս Թաշճեան
Մ. Ծ. Խնդիրը այն է, որ երբ ի վերուստ օժտուած մանուկներ աննպաստ եւ կամ սխալ միջավայրի մէջ մեծնան, իրենց տաղանդը ո՛չ կը դրսեւորուի եւ ո՛չ ալ կ'աճի: Այդպէս եղած է Այնճարի հիմնադրութեան (1939-ին) առաջին տարիներուն ծնած երեխաներու ճակատագիրը: Սակայն, որովհետեւ մուսալեռցին, խիստ մարտունակ ըլլալով հանդերձ, ունէր նաեւ ստեղծագործ միտք եւ կը հաւատար ազգային մշակոյթի առաքելութեան, անմիջապէս եկեղեցւոյ կողքին կը հիմնադրուի...




















