Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աղքատ» Մարդուն Խրատը

December 23, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Տարիքի յառաջացման բերումով մարդ յաճախ խրատատուութիւն կատարելու փորձութեան կը մատնուի: Մենք հանդիպած ենք այնպիսի անձերու, որոնք բնա՛ւ խրատ տալ չեն սիրեր: Անշուշտ այդ չի՛ նշանակեր, որ անոնք խրատ տալ չեն գիտեր. գիտեն, սակայն չեն ուզեր, որովհետեւ հասարակ մտածողութենէն հեռու են` խղճալի համարելով խրատատուներուն յանդգնութիւնը:

Ո՞վ է աղքատ մարդը: Այս հարցումին պատասխանողը ամէն բանէ առաջ նիւթական կամ դրամական կացութեան կ՛ակնարկէ: Այս ամէնէն տարածուն մտածելաձեւն է, որուն կը հանդիպինք կեանքի ընթացքին: Ո՞վ գիտէ, թէ որքա՛ն զօրաւոր կ՛ըլլայ նիւթապէս աղքատի մը հոգեկանը… Այդ ներքին ուժը անգտանելի զօրութիւն մըն է, որ երբեմն ծնունդ կ՛առնէ կորուստներու, դժուարութիւններու եւ համբերութեան ճամբով: Այս անգտանելի եւ անսպասելի ուժին չեն կրնար հասնիլ վերոյիշեալ իրավիճակներէն հեռու մարդիկ, այսինքն` անոնք, որոնք մասնաւոր կորուստ եւ դժուարութիւններ չեն ունեցած, ու ոչ ալ` համբերութեամբ լեցուն բաժակ մը իրենց ձեռքին:

«Աղքատ» մարդը, որ զրկուած է վերոյիշեալներէն, բնական մղումով կրնայ սպասել, աշխատիլ, տարիներով պայքարիլ դժուարութիւններու դէմ` առանց անմիջական պատասխաններ ստանալու իր թափած ճիգին դիմաց: Սպասումով համակուած սիրտը այս «աղքատ» մարդուն, ցաւագին կացութեան մէջ ապրելու ներքին ճնշուածութեամբ անբացատրելի ուժ մը կը կոփէ իր հոգիին մէջ` դիմացկուն նկարագիր դարբնելով իր մէջ:

Նիւթապէս կամ շրջապատով «աղքատ» մարդուն մէջ ինքնաբերաբար յառաջ կու գայ, կամ յանկարծ կը ծնի հաւատք` գերագոյն Ուժին հանդէպ: Գերմարդկային զօրութեան ինքնածին երեւոյթը «աղքատ»-ի հոգեկան աշխարհին մէջ գոյութենական հզօր ուժ կը դառնայ եւ կեանքի դժբախտութեան տանելի հանգամանք մը կը պարգեւէ անոր: Այս պարագային, քիչ ունեցողը կը սորվի գնահատել սահմանափակ կարելիութիւնները, որոնք հետզհետէ գոհացուցիչ կ՛ըլլան:

Անյուսութեան մէջ իսկ չյուսահատիլը հզօր ուժ մըն է` տրուած յուսահատող մարդուն: Կեանքի հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ եղողին համար զայն գտնելը անկարելի է: Յուսահատութեան պարագաներ կարեւոր հանգամանք կը ներկայացնեն` զօրացնելով անյուսութեան մատնուած անձը: Այս կացութիւնը կը նմանի ծովուն բացերը ինկած եւ խեղդուելու վտանգին մէջ յայտնուած մարդուն: Ան իր ուժը ամբողջութեամբ կը բանեցնէ փրկուելու համար անդնդախոր ովկիանոսէն` ջրահեղձ չդառնալու վերջնական փորձ մը կատարելով: Նիւթական դժուարութենէն ալ դուրս գալու աղքատին ճիգը անհամեմատելի է կեանքի ընթացքին այլազան ճիգերու կամ փորձերու: Յատկապէս ուրիշներէն դրամ մուրալու վարժութիւն կամ սովորութիւն չունեցողը իր իւրայատուկ փորձերը կը կատարէ սեփական ուժով արդիւնքի հասնելու համար:

Աղքատութիւն բառը «աղքատ»-ին միայն նիւթական դրութեան մասին ակնարկող արտայայտութիւն մը չէ: Բառին բարոյական իմաստը շատ աւելի խորունկ է: Իսկական աղքատը ան է, որ տալ չի գիտեր: Հանդիպած ենք այնպիսի աղքատներու, որոնք իրենց շատ սահմանափակ քսակէն նուիրատուութիւն կատարած են մարդասիրական նպատակներու համար իրենց այցելած կամաւորներուն, որոնք գումար կը հաւաքէին` յատկապէս երկրաշարժէն տուժած մարդոց օգնելու դրամահաւաք կատարելով: Միւս կողմէ` կան նաեւ նիւթապէս բաւարարուած, բայց հոգեպէս աղքատ մարդիկ, որոնք նուիրատուութիւն ընելու փորձ բնա՛ւ չունին… Անոնք երբ իրենց ձեռքը գրպանին կողմը տանին` դող մը կը բռնէ բազուկը, եւ հազիւ կրնան ետ դուրս բերել զայն իրենց գրպանէն եւ զսպել դողը…

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի իր «Մատեան ողբերգութեան» աղօթամատեանին մէջ հոգեկան աղքատութեան կ՛ակնարկէ եւ ո՛չ թէ նիւթական` մէջբերելով Յիսուսի ինն երանիներէն հետեւեալ տողը. «Երանելի են հոգիով աղքատները, որովհետեւ անոնց է երկնքի արքայութիւնը»: Այստեղ «հոգիով աղքատ»` չի՛ նշանակեր տկար ու անզօր մարդ, այլ` խոնարհ, սրտով մաքուր, որ իր փոխյարաբերական սահմանները լաւ կը ճանչնայ եւ ամէն կացութեան մէջ Աստուծոյ կ՛ապաւինի: Նարեկացի աղքատութիւնը կը հաւասարեցնէ խոնարհութեան եւ զայն կը նկատէ դէպի բարձրացում տանող ուղի:

Իսկական աղքատութիւնը ո՛չ թէ գրպանին մէջ է, այլ` մարդու սրտին ու միտքին մէջ: Աղքատը այն անձը չէ, որ չունի, այլ` ան, որ չի՛ կրնար տալ: Ուրեմն աղքատութիւն բառը նիւթականի պակասութիւն չի՛ նշանակեր, այլ ունեցուածքէն բաժին հանելու դժուարութիւն ունենալու իմաստը ունի: Սոյն կացութիւնը առնչութիւն ունի ենթակային ներաշխարհին` խոնարհութեան եւ բարոյական արժէքներուն հետ:

Իսկական հարստութիւնը մարդոց գրպանին մէջ չի՛ տեղադրուիր: Գրպանը կրնայ ծակուիլ, եւ եղածը կրնայ կորսուիլ: Բուն հարստութիւնը մարդու սրտին մէջ է, ուրկէ ամէնէն վարպետ եւ վտանգաւոր գողերն ալ չեն կրնար բան մը գողնալ:

Անարդարութեամբ շարժող ներկայ աշխարհը աղքատութեան մէջ տուայտող մարդուն, կամ այդ պայմաններուն մէջ իր կեանքը մաշեցնողին խօսքը բնաւ չի՛ լսեր, նոյնիսկ անոր գոյութեան չ՛անդրադառնար… Հարստութեան մէջ լողացողին խօսքը նոյնիսկ սրբութեան համազօր կը նկատուի ընկերութեան կեանքին մէջ` առանց քննելու զանոնք արտաբերողին մտային կարողութիւնը:

«Աղքատ» մարդը իսկական խրատատուն է համայն մարդկութեան: Հոգիով հարուստ մարդն է այս «աղքատ»-ը, որ ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ իսկ, երբ ո՛չ ոք կը հետաքրքրուի իրմով, կը յաջողի պահպանել իր արժէքը եւ նոյնիսկ ուրիշները կը ներշնչէ` անոնց իրավիճակը բարելաւելով:

«Աղքատ» մարդուն պարզագոյն խրատն է` հարուստ եղիր ո՛չ թէ միայն գրպանով, այլ մանաւանդ` սրտո՛վ: Սէրը եւ հաւատքը մեծագոյն բարիքներն են, որոնք իրենց արժէքը չեն կորսնցներ, երբե՛ք: Մինչդեռ նիւթական հարստութիւնը` ոսկին ու արծաթը, դրամական սակացոյցը յաճախ վերիվայրումներ կ՛արձանագրեն` սնանկացնելով անոնք, որոնք անոնցմով հարուստ կը համարուէին… սակայն հոգեպէս հարուստ կը մնայ այն աղքատը, որուն ծառայասիրութիւնը օրինակելի կը մնայ մարդկային ընկերութեան բոլոր խաւերուն:

Փառքը եւ պատիւը միայն ինքնաբաւ միջավայրի համապատասխան դրութիւններ չեն: Հիւղակի մը մէջ բնակողը եւս փառք եւ պատիւ կը վայելէ իր սիրոյ, հաւատքի եւ այլոց օժանդակելու պատրաստակամութեան համար: Հոգեպէս հարուստ մարդը, նոյնիսկ երբ կեանքի դժուար պայմաններու մէջ գտնուի, իր բարութեամբ կը գերազանցէ ամէնէն դժուար կացութիւնը:

Գիտակից «աղքատ»-ը կը յաջողի արթնցնել ագահ մարդը, երբ անոր ցոյց տայ սեփական կեանքի օրինակները եւ անոր աչքերը սեւեռէ զգայացունց դէպքերու վրայ: Սուր քննադատութիւնը աւելի քանդիչ է, քան` կառուցողական:

Կեանքի երջանկութիւն եւ հոգեկան խաղաղութիւն տուողը միայն նիւթականը չի կրնար ըլլալ: Անհաշիւ օրինակներով լեցուն է աշխարհը, երբ նիւթական ծովու մը մէջ լողացողներ տխրութեամբ խեղդուելու մտահոգիչ ցաւէն կը տառապին…

«Աղքատ» մարդը մնայուն խրատատուն է այն ագահին, որ հետզհետէ կը սորվի գէթ նուազագոյն ընծայաբերումով օժանդակել ուրիշներուն: Անծանօթ ճամբայէն դէպի մայր գիծ անցնող մարդուն կեանքի ուղեցոյցը կը դառնայ այն «աղքատ»-ը, որ իր անձնական կեանքը դպրոցի կը վերածէ ուրիշներուն համար, որոնց նոյնիսկ համալսարանական վկայականները չեն յաջողած զիրենք տեղ հասցնել:

Փորձէ՛ լսել «աղքատ» մարդուն խրատը եւ փոխէ՛ ապրելակերպդ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (22 Դեկտեմբեր 2025)

Յաջորդը

Նշմար. Ի՜նչ Զարմանալի Զուգահեռներ…

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.