ՅԱԿՈԲ ԳԻԶԻՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ
Նոր տարուան սեմին, երբ աշխարհը կը պատրաստուի տօնական ուրախութեան, Արցախն ու Հայաստանը կը դիմագրաւեն հսկայական մարտահրաւէրներ: 2023-ին տեղի ունեցած իննամսեայ շրջափակումէն եւ սեպտեմբերեան ռազմական յարձակումէն ետք, Արցախի գրեթէ 120.000 հայ բնակչութիւնը բռնի տեղահանուեցաւ իր հողէն` ապաստան գտնելով Հայաստանի մէջ: Այս անմիջական ողբերգութեան բերումով, բնականաբար, Հայաստան նոր դժուարութիւններ ունեցաւ. արդարեւ, ան կը պայքարի գաղթականներու ընդունման, ընկերային-տնտեսական համարկման եւ սահմանային անվտանգութեան խնդիրներուն համար: Իբրեւ սփիւռքահայ, մասնաւորաբար` լիբանանահայութիւն, մենք եւս ունինք կենսական դերակատարութիւն:
Մեր անմիջական պարտականութիւնն է մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերել տեղահանուած արցախցիներուն` կեդրոնանալով յատկապէս ձմեռնային կարիքներու եւ ուսանողներու բարձրագոյն կրթութեան ապահովման վրայ, ինչպէս նաեւ` նպաստել Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու տնտեսական զարգացման ծրագիրներուն: Միաժամանակ մենք պէտք է օգտագործենք մեր ներկայութիւնը արտասահմանի մէջ` շարունակելով միջազգային ճնշում գործադրել Ազրպէյճանի վրայ, պահանջելով անարդար կերպով Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիներու անյապաղ վերադարձը եւ բռնագրաւուած Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը:
Լիբանանահայութիւնը` իբրեւ քաղաքականապէս զարգացած համայնք, պէտք է աջակցի նաեւ Հայաստանին` տարածաշրջանային նոր անվտանգութեան համակարգերու ստեղծման ջանքերուն: Այսպիսով, մենք կը նպաստենք ազգային այս ցաւի պայմաններուն մէջ Հայաստանի ամրապնդման եւ նոր մարտահրաւէրներուն դիմաց տոկունութեան օրինակ կը հանդիսանանք:


