ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Մօտէն կամ հեռուէն տոքթոր Արմենակ Եղիայեանը ճանչցող իւրաքանչիւր հայորդի կրնայ ըսել, որ վերոնշեալ երկու բառերը «զայրոյթ» եւ «փափուկ» սապէս հակոտնեայ կը թուին ըլլալ, պարզապէս որովհետեւ համահունչ չեն, աւելի՛ն. իրար ժխտող եզրեր են:
Այդուհանդերձ, երբ խօսքը կը վերաբերի բոլորին բարեկամ ու հարազատի մը, որ իր մասնագիտական ասպարէզին (ատամնաբուժութիւն) բերումով շատերու` անոնք ըլլան հայ թէ տեղացի, աղքատ թէ ունեւոր, ուսեալ թէ արհեստաւոր, իր բժշկական ծառայութիւնը մատուցած է խղճմտօրէն ու բարեհաճութեամբ, ապա հետաքրքրական պատկեր մը կ՛ուրուագծուի մեր դիմաց, այս անգամ` վերջին մոհիկանի մը, որ խելքէ վեր սիրահար է եղած մայրենի լեզուին ու անոր ստեղծիչին` Մեսրոպ Մաշտոցին:
Ան ոչ մէկ ատեն զլացած է բժշկագիտական իր օժանդակութիւնը բաշխել, տալ ու հրամցնել, այնքան ատեն որ տուեալ անհատը եկած է իր դարմանատունը ու իրմէ կը խնդրէ բժշկական խնամք եւ ցուցմունք:
Մենք ականատեսն ենք եղած տոքթորին այս մարդկային վերաբերումին, երբ պատեհ առիթներու այցելութիւն մը տուած ենք դարմանատուն, զրոյց մը ունենալու եւ մայրենի լեզուին մասին որոշակի հարցումներ ուղղելու անոր:
Արդ,
Ինչպէս միշտ, դարմանատան զանգի հնչիւնին զուգընթաց կը լսուէր տոքթորի այս կամ այն երկու բառը. «Այո», «Հրամէ՛», որոնք ազդանիշ կ՛ըլլային մեր մուտքին եւ բարեւելու կարօտին:
Ու շատ անգամ կը պատահէր, որ ան գրասեղանին ետին` ընկղմած ըլլալով ընթերցանութեան կամ սրբագրական աշխատանքի մը մէջ, պահիկ մը կ՛ամփոփուէր, ապա ժպիտը դէմքին մեզ կը դիմաւորէր:
Արդար է ընդգծել, որ երբ մուտք կը գործէիր դարմանատուն, երկու երեւոյթ քեզ կ՛առինքնէին, մէկը` տոքթորին գրասեղանին վրայ դիզուած գիրքերը, միւսը` քովընտի սենեակին մէջ պատկառելի գրադարանի մը ներկայութիւնը, որուն յաճախ հայեացք մը կը նետէիր, հոն գեղեցկօրէն դասաւորուած էին զանազան նիւթերով գիրքեր, որոնք տոքթորի, այսպէս ըսած, աջ բազուկներ էին, որոնց ապաւինած ան կը կատարէր իր լեզուագիտական աշխատանքը, լոյսին բերելով փաստացի տուեալներ, օրէնքներ ու մանաւանդ` դարերու խորերէն մեզի հասած իմաստութիւնը:
***
Տարիներու թաւալքին հետ մեր մտերմութիւնը տակաւ կը զարգանար, իսկ տարբեր նիւթեր արծարծելու պատեհութիւնը առաւել կը խորանար: Ու հասաւ այն օրը, երբ երկիւղածութեամբ իրեն առաջարկեցինք իմ զոյգ գիրքերուս խմբագրութիւնը ստանձնել:
Այո՛, երկիւղածութեամբ, որովհետեւ գիտէինք, որ իր ասպարէզին առընթեր ան ծանրաբեռնուած էր լեզուագիտական թէ ուսումնասիրական աշխատանքով, զոր կը կատարէր անսահման կորովով, գուրգուրանքով եւ մեծ խանդավառութեամբ:
Յատկանշականը այն էր, որ երբ ստանձնէր խմբագրական աշխատանք, ան իր ամբողջական ներուժն ու լեզուագիտական հմտութիւնը ի սպաս կը դնէր արագօրէն եւ բծախնդրութեամբ ի կատար ածելու աշխատանքը:
Ի զարմանս գիրքի հեղինակին, ան քանի մը շաբաթէն իր լրումին հասցուցած կ՛ըլլար սրբագրութիւնը` ուղղագրական, լեզուական, շարահիւսական թէ ոճային, եւ շատ անգամ թափանցելով գրողին լեզուամտածողութեան մէջ, լուսանցքին վրայ արձանագրած կ՛ըլլար այս կամ այն նկատողութիւնը, բարելաւելու համար հատորի գեղագիտական նրբութիւնն ու արժէքը:
Զայրացող լեզուագէտի պատկերը:
Տոքթորին ունեցած անհուն սէրն ու կապուածութիւնը Մեծն Մաշտոցին, տեսակ մը անբացատրելի երեւոյթ մը կը զգենուր, յայտնապէս թափանցելով այս Մեծ հայուն ստեղծագործ ու անպարագծելի մտքին մէջ: Արդարեւ, ան յափշտակուած էր մայրենի լեզուին գեղեցկութեամբ, գիտականութեամբ եւ անփոխարինելի ուժով:
Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի համար գոյութիւն ունէին երկու գերագոյն արժէքներ` մայրենի լեզուն ու հայրենիքը, որոնց հանդէպ իր տածած սէրը, յարգանքն ու երախտագիտութիւնը զինք մղած էին շատ անգամ ծայրայեղ կեցուածք որդեգրելու, զայրոյթով եւ յանդիմանական ոճով մը զգուշացման հրաւիրելու բոլորը, անոնք ըլլան խմբագիր, հրապարակագիր, լրագրող, մտաւորական, քաղաքական թէ ազգային գործիչ, որոնք գիտակցաբար կամ ոչ կը պղծէին, կ՛աղաւաղէին, կ՛արժեզրկէին եւ իր իսկութենէն կը պարպէին մայրենին, որուն հանդէպ ուժեղ ու անքակտելի կապ ունէր տոքթորը:
Եթէ երբեք անոր զայրոյթը շատ անգամ համեմուած կ՛ըլլար սուր բառերով ու արտայայտութեամբ, միւս կողմէ, սակայն, ան կը փորձէր բացատրութիւն տալ կամ բացայայտել իր ներքին տագնապը` ի տես մայրենի լեզուին օրըստօրէ նահանջին եւ ուծացման: Զրոյցի ընթացքին, իրեն ուղղուած մեր հարցին, որ տոքթոր ինչո՞ւ այս աստիճանի պահանջկոտութիւն, բծախնդրութիւն եւ նախանձախնդրութիւն` մայրենի լեզուին հանդէպ, եւ, միւս կողմէ` այնքան անզիջող կեցուածք, վիրաւորական ծանր խօսք ու մօտեցում` արձանագրուած սխալներու, լեզուական օրէնքներու խախտումին թէ սայթաքումներու նկատմամբ, տոքթորի պատասխանը նոյնքան ուժգին եւ հնչեղ կ՛ըլլար. «Կորսնցնելով մայրենին, մեր ազգային ինքնութենէն եւ դարաւոր մշակոյթէն ի՜նչ պիտի մնայ, երբ արդէն ունինք կորուսեալ Արեւմտահայաստան»:
Ի դէպ, տեղին է արձանագրել որ տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի համար լեզուի եւ հայրենիքի կորուստը համազօր էին ինքնաբնաջնջումի, ի սպառ ոչնչացման:
Այլապէս, շատ անգամ մենք` այցելուներս կ՛ապրէինք տոքթորին բարեհոգի եւ ներողամիտ մօտեցումները այս կամ այն արձանագրուած լեզուական սխալին, տեղի ու անտեղի բառամթերքի գործածութեան եւ այլն:
Տոքթորը յաճախ բարեմտօրէն կը նշէր, որ ամէն մարդ լեզուագէտ չէ, գրաբարի իմացութիւն չունի կամ ալ` լեզուական օրէնքներու մասին բաւարար գիտելիք:
Սակայն, ան մատնանշելէ ետք տուեալ անձին թէ խմբագրութեան, կ՛ըսէր, որ հարցը անպայման լեզուագիտական խոր իմացութիւնը չէ, այլ` ինքզինք սրբագրելու ճիգն ու պատրաստակամութիւնը, որովհետեւ ինք արդէն սրբագրած, մշակած ու ել-նամակով փոխանցած կ՛ըլլար առ որ անկ է:
Այլ պատկեր:
Վերջին տարիներու հայրենի պետական կեանքին առնչուող իր քաղաքական ըմբռնումներուն, որոնք սապէս անսովոր կը թուէին մեզի, ունէր իր սեփական բացատրութիւնը եւ առանց վարանումի կը յայտնէր զայն իր շրջապատին:
Ան կը հաւատար, որ ամէն գնով պէտք է տէր կանգնիլ հայ պետականութեան:
Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան լեզուագէտի իր կոչումին առընթեր, լաւապէս կը ճանչնար իր ժողովուրդին դարաւոր պատմութիւնը: Ան մեզի յաճախ կը յիշեցնէր, թէ հայութիւնը եթէ երբեք կորսնցուցած է թագաւորութիւններ, հայրենիք ու ազգային հարստութիւն, ապա, ատոնք ունին նաեւ ներքին պատճառներ, որոնց մասին գրած է մեր պատմահայրը` Մովսէս Խորենացին:
Զրուցակիցը շուտով կը նկատէր տոքթորի ընդվզումն ու պոռթկումը, երբ խօսք կ՛ըլլար հայրենի իշխանութեան մասին: Չէր հանդուրժեր որեւէ քննադատութիւն, պարզապէս համոզուած էր, որ իշխանութիւններ գնայուն են, պէտք է ամէն գնով եւ առանց երկմտանքի պահպանել Հայաստանն ու պետական համակարգը:
Մեծ էր տոքթորի մտատանջութիւնը, ներքին տագնապն ու վախը, երբ հարցը կը վերաբերէր Հայաստանի Հանրապետութեան:
Կը յիշեցնէր, որ պատմութիւնը կրնայ իր դառն վճիռը կրկին արձակել, եւ մենք կրնանք ազգովին աշխարհաքաղաքական նորովի կացութեան դէմ յանդիման գտնուիլ:
Իրօք, ան խոր համոզումով կ՛անդրադառնար իր կեցուածքներուն եւ երբեւէ իր միտքը չէր պարտադրեր խօսակիցին: Ընդհակառակն, հեզահամբոյր մօտեցումով եւ բարի ժպիտով մտիկ կ՛ընէր, այսպէս ըսած, ընդդիմախօսը եւ առանց վիրաւորանքի վերջ կու տար զրոյցին:
Անոր վաստակին մեծութիւնը:
Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի գրական, գեղարուեստական ու լեզուական վաստակին հիմքը ԳԻՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ է, այլ խօսքով` իր գիտնականի կոչումը, որով յատկանշուեցաւ ան եւ զատորոշուեցաւ ուրիշներէ:
Անոր հայերէնագիտութիւնը պատսպարուած էր օտար լեզուներու իր խոր իմացութեամբ: Ան լաւապէս թափանցած էր ֆրանսերէնի, անգլերէնի, թրքերէնի թէ այլ առնչակից լեզուներու լեզուական օրէնքներուն մէջ եւ կրցած էր բաղդատել հայոց լեզուի նրբութիւններուն հետ:
Տոքթորի լեզուագիտական նուաճումներուն հենքին են եղած` հայ ժողովուրդի հանճարներէն` Աճառեանի, Մալխասեանի, Մխիթարեան հայրերու թէ ժամանակակից լեզուաբաններու ուսմունքն ու վաստակը:
Ան, իր կարգին, խանդաղատանքով եւ ջերմօրէն կը յիշէր Բենիամին Թաշեանի, Շաւարշ Նարդունիի, Յարութիւն Քիւրքճեանի եւ այլոց լեզուագիտական վաստակը, ու յաճախ մատնացոյց կ՛ընէր այդ սերունդի նուիրական աշխատանքը:
Արդար է ըսել, որ տոքթ. Արմենակ Եղիայեան, իր կարգին, սէգ ճակատով եւ անսահման նուիրումով քալեց վերեւ յիշուած մեծութիւններու ճանապարհէն, կրցաւ իր լեզուագէտի դրոշմը արձանագրել եւ ժամանակակից սերունդին փոխանցել հայ լեզուի գեղեցկութիւնն ու գիտականութիւնը:
Իրօք, անկոտրում կամքի տէր, խիզախ ու յանդուգն նկարագրի տէր տոքթորը, եթէ երբեք կարծր ու «դաժան» էր իր լեզուագիտական ուսմունքին մէջ, այլապէս ալ ան կը յատկանշուէր իր փափուկ սրտով եւ բարեացակամի առանձնայատկութեամբ:
Անոր գլուխ գործոց «Ուղեցոյց»-ը իր վաստակին մէկ ճառագայթումն էր, իսկ «Մեսրոպեան տառերու ակունքները»` իր գիտական մտքին ողջ արգասիքը:
Ի դէպ, առիթով մը ան մեզի ցոյց տուաւ օտար հայագէտներու շնորհաւորանքն ու խոր գնահատանքը վերոնշեալ հատորին վերաբերեալ, ուր անոնք մեծապէս կը շեշտէին, թէ «Մեսրոպեան տառերու ակունքները» հատորը եզակի է իր բնոյթով եւ յագեցած է գիտականութեամբ:
Վստահաբար, տոքթորի ամենայատկանշական հարազատի պատկերներէն մէկն ալ իր անսահման հետաքրքրասիրութիւնն էր` հայ մամուլի հանդէպ, որոնց տիւ եւ գիշեր կը հետեւէր, կ՛ընթերցէր, կը սրբագրէր եւ լեզուական ուղղութիւն կու տար:
Այսօր, ափսո՛ս, հայ մամուլը կորսնցուց իր վերջին պաշտպան-մոհիկանը, որ հայ լեզուն մաքրազտելու աշխատանքին մէջ կը փորձէր օժանդակել:
Ափսոսանք մըն ալ` հարիւրաւոր ել-նամակի իր բարեկամներուն, որոնք օրն ի բուն կը սպասէին տոքթորին հաճելի «Կիրակնօրեայ» թելադրանքներուն, գուրգուրոտ լեզուական հայեացքներուն, հեզահամբոյր թէ սուր ընդգծումներուն եւ անշուշտ` բարի մաղթանքներուն, որոնք համեմուած կ՛ըլլային գրաբարեան շունչով մը:
Այսօրուան հրամայականը:
Ակնկալելի է երկու հիմնական աշխատանք, նախ` տոքթորին անտիպ գործերու հրատարակութիւնը եւ երկրորդ` մեծարանքի հանդիսութիւն, որով լոյսին պիտի գան այս մեծ հայուն, լեզուագէտին, գրողին, մեսրոպապաշտ գիտնականին կեանքն ու անփոխարինելի վաստակը:
Վերջին պատկեր:
Ճանչնալով տոքթորը, վստահաբար, ան անդենականին մէջ խաղաղ տեղ մը, իր սիրելի լեզուագէտ բարեկամներով շրջապատուած կը շարունակէ իր զրոյցը, վէճը, հայ լեզուի մաքրութիւնն ու հարազատութիւնը պահելու իր արտասովոր մարմաջով տարուած:
Հանգիստ հոգւոյդ:
Բարի ճանապարհ, սիրելի՛ տոքթոր:


