Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

2025-ը հասած է իր աւարտին: Մէկ տարուան ընթացքին Հայաստան դիմագրաւեց զանազան մարտահրաւէրներ եւ ստացաւ զանազան հարուածներ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին թշնամիներու կողմէ, որոնք փորձեցին տարբեր միջոցներով քանդել Հայաստանը, խլել հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքը եւ վիրաւորել հայուն արժանապատուութիւնը…

Պատմութիւնը պիտի վկայէ, որ 2025-ին Հայաստան ապրեցաւ սեւ, դաժան, դժբախտ եւ տժգոյն օրեր, որուն գլխաւոր դերակատարն էր Նիկոլ Փաշինեանը եւ անոր գլխաւորած թրքամէտ կառավարութիւնը:

Այս տարի արձանագրուեցան բազմաթիւ իրողութիւններ, որոնց շարունակուիլը չենք փափաքիր  2026-ին: Նոր տարուան սեմին իւրաքանչիւր հայ յաճախ կ՛ունկնդրէ եւ կ՛երգէ «Երնէկ թէ այս Նոր տարին», որովհետեւ ան լոկ բանաստեղծութենէ կամ երգէ մը աւելի` հայու խոր յուզմունքի պոռթկումի արտայայտութիւնն է: Սակայն, դժբախտաբար, Հայաստանի մէջ վերջին տարուան ընթացքին կատարուած իրադարձութիւններէն մեկնելով, կարելի է նոյն բանաստեղծութեան վրայ աւելցնել նոր հատուածներ եւ խորագիրներ, այսպէս`

Ա.- Երնէկ թէ այս Նոր տարին վերջ տայ հողերու յանձնումին: Անցնող տարի տեղի ունեցան զանազան զիջումներ եւ սահմանազատումներ: Հայաստանի կառավարութիւնը զանազան յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ` նշելով, որ Արցախը այլեւս մաս չի կազմեր Հայաստանին: Այս յայտարարութիւններուն գլխաւոր առանցքը կազմեց Նիկոլ Փաշինեանի «պատմական» Հայաստանի եւ «իրական» Հայաստանի բաղդատական գիծերու սահմանումը:

Այսօր մենք կը թեւակոխենք Նոր տարի մը` ո՛չ ըսելով բոլոր նման յայտարարութիւններու, որովհետեւ կը հաւատանք, որ Հայաստանը մէկ ամբողջութիւն է, եւ Արցախը, Հայաստանը, նոյնիսկ Արեւմտեան Հայաստանը կը պատկանին ամբողջ հայութեան: Անոնց միջեւ բաժանարար գիծեր չկան: Այո՛, Արմաւիրը եւ Մարալիկը մաս կը կազմեն Հայաստանի ամբողջական տարածքին, սակայն անոնք մեր երկրի սահմանները չեն: Ամբողջական Հայաստանը կը սկսի Արեւմտեան Հայաստանէն` Վանէն, Մուշէն, Անիէն` անցնելով ներկայ Հայաստանի տարածքներ, ներառեալ` Սիւնիք եւ Ջերմուկ, հասնելով մինչեւ Շուշի, Հադրութ եւ Ասկերան: Ա՛յս է մեր հայրենիքը, այլընտրանք չկայ:

Բ.- Երնէկ թէ այս Նոր տարիին վերջ տրուի ուրացումին: Անցնող տարի զանազան յայտարարութիւններու, յօդուածներու, մամլոյ ասուլիսներու եւ աշխատանքներու ընդմէջէն հայանուն թրքամէտ գործիչներ ոտնակոխեցին հայու արդար իրաւունքը: Անոնք ուրացան Արցախը եւ Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը: Աւելի՛ն. Նիկոլ Փաշինեան ամօթալի համարձակութիւնը ունեցաւ հարցականի տակ առնելու Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Ինչպէ՞ս կարելի է երկրի մը վարչապետը 110-ամեայ կատարուած իրողութեան մը մասին այսպիսի յայտարարութիւն մը կատարէ: Ինչպիսի՞ համարձակութեամբ կարելի է նման բան յայտարարել, երբ 110 տարուան ընթացքին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է 34 երկիրներու կողմէ: Ո՞ր իմաստունը կարենայ այսպիսի հարց մը տալ, երբ իր աչքերով կը տեսնէ Ծիծեռնակաբերդը, Հայոց ցեղասպանութեան մասին վկայող ու փաստագրող գիրքերն ու ուսումնասիրութիւնները:

Գ.- Երնէկ թէ այս Նոր տարին վերջ տայ սփիւռքի պառակտումին եւ տարանջատումին: Վերոնշեալ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը հարցականի տակ դնելը քաղաքական հարուած մըն էր` ուղղուած սփիւռքին: Ա՛յն սփիւռքին, որ առանց հայրենիք տեսնելու` հայրենիքի կարօտով մեծցած է օտար ափերու վրայ: Աւելի՛ն. Նիկոլ Փաշինեան զանազան յայտարարութիւններով նկատել տուաւ, որ սփիւռքը որեւէ առնչութիւն չունի Հայաստանի հետ: Ան անջատեց սփիւռքահայը Հայաստանի քաղաքացիէն` առիթ չտալով, որ սփիւռքն ալ միջամուխ ըլլայ եւ իր տեսակէտը յայտնէ իր հայրենիքին մասին: Այսօր հայապահպանումի խնդիրը առկայ է նաեւ Հայաստանի մէջ…

Մենք մուտք կը գործենք 2026-ը` ի մտի ունենալով, որ թէկուզ Փաշինեան նոր սպառնալիքներով, կամ նոյնիսկ զանազան ուժերով փորձէ բաժնել սփիւռքը Հայաստանէն, մենք պիտի շարունակենք ա՛լ աւելի ամրանալ, կառչած մնալ Հայաստանին եւ աւելի բուռն կերպով պայքարիլ Հայաստանի շահերուն համար, որովհետեւ համոզուած ենք, որ սփիւռքն ալ ըսելիք եւ ընելիք ունի Հայաստանէն ներս եւ դուրս:

Դ.- Երնէկ թէ այս Նոր տարին վերջ տայ կործանարար համաձայնութիւններու եւ որոշումներու: Անցնող տարի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ տեղի ունեցան զանազան համաձայնութիւններ, որոնք, կամայ թէ ակամայ, տկարացուցին եւ վնասեցին Հայաստանի գերիշխանութեան: Միակողմանի զիջումները պատճառ դարձան ա՛լ աւելի նսեմացնելու Հայաստանը, զանազան երկիրներու աչքին նենգափոխելու Հայաստանի իսկական դիմագիծը եւ սերմանելու պարտուողական հոգեբանութիւն իւրաքանչիւր հայու մէջ: Հայաստանի իշխանութիւնը զանազան նախաձեռնութիւններով ջանաց բանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանները` ժողովուրդին ներկայացնելով «բարի դրացնութեան» եզրը եւ հրապուրիչ խօսքերով համոզել Հայաստանի քաղաքացիները: Այս բոլորին գլխաւոր եւ սարսափելի առանցքը կազմեց Փաշինեան-Էրտողան տեսակցութիւնը եւ, աւելի՛ն, Միացեալ Նահանգներու մէջ Թրամփ-Փաշինեան-Ալիեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրութիւնը: Այս բոլորը ծրագրուած եւ համակարգուած քաղաքական գործընթաց մըն են, որուն նպատակն է` տկարացնել Հայաստանը, մոռացութեան տալ անցեալի անջնջելի հետքերը եւ վտանգել հայ ժողովուրդի ազատութիւնը:

Ցաւալի է այսօրուան վիճակը: Ինչպէ՞ս կարելի է այսպիսի համաձայնութիւններ կայացնել, երբ տակաւին սգաւոր է Արցախի հայութիւնը, երբ տակաւին արցախցիները ունին կամքը, յոյսը եւ փափաքը` վերադառնալու իրենց տուները, երբ Արցախի բռնագրաւեալ հողերուն վրայ տակաւին չէ չորցած 5.000-է աւելի հայ զինուորներուն թանկագին արիւնը…

Փաշինեան նաեւ կարգ մը որոշումներով եւ յայտարարութիւններով մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ հայկական բանակի տկարացման ջանքերուն մէջ: Ան նուազեցուց 2026 թուականին հայկական բանակի տարեկան պիւտճէն, մինչ Ազրպէյճան բանակին կատարուած յատկացումները մեծապէս աւելցուցած է իր տարեկան պիւտճէին մէջ: Հայաստան կը պատրաստուի «բարի դրացնութիւն» կիրարկել, իսկ Ազրպէյճան նոր եւ արհեստագիտական զէնքերով կը զինէ եւ զօրացնէ իր բանակը, Թուրքիոյ եւ կարգ մը երկիրներու հետ կը կատարէ միացեալ  զինավարժութիւններ, նաեւ` «Արեւմտեան Ազրպէյճանի» վերադարձի յայտարարութիւններ: Այս ընթացքով արդեօք Հայաստան խաղաղութեան մէջ պիտի ապրի՞:

Ե.- Երնէկ թէ այս Նոր Տարիին ազատ արձակուին Պաքուի մէջ բանտարկուած ռազմաքաղաքական ղեկավարները: Հայաստանի իշխանութիւնները որեւէ հիմնական դերակատարութիւն չունեցան` Հայաստան վերադարձնելու Պաքուի մէջ անարդարօրէն բանտարկուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, որոնք այսօր չարաչար կը խոշտանգուին ազրպէյճանական բանտին մէջ… Այլ ընդհակառակը: Հայաստանի կառավարութիւնը կը ջանայ մոռացութեան տալ այդ իրողութիւնը: Այն ղեկավարները, որոնք կերտեցին ազատ ու անկախ Արցախը, այսօր Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ կը դիմագրաւեն զանազան մարտահրաւէներ, անոնց հանդէպ կը կատարուին կեղծ դատավարութիւններ եւ կը սահմանուին ծանր պատիժներ ու որոշումներ: Ազրպէյճանի դատախազութիւնը մտադիր է հայ քաղաքական ղեկավարները դատապարտել ցմահ բանտարկութեան: Այս բոլորին վերաբերեալ Հայաստանի կառավարութիւնը, որ միջազգային ատեաններու մէջ բաւական կատարելիք աշխատանքներ եւ իրաւասութիւններ ունի` ազատ արձակելու համար Պաքուի մէջ բանտարկեալները, կը շարունակէ մնալ լուռ, որովհետեւ անոնք աւելի կարեւոր կը նկատեն թշնամիի հետ միակողմանի զիջումներով եւ անոնց առջեւ ծնրադրած «խաղաղութիւն» աղերսելը` փոխանակ պահանջելու, որ ազատ արձակուին Պաքուի մէջ պահուող մեր բանտարկեալները, որոնց շնորհիւ էր, որ Հայաստան եւ Արցախը ապրեցան ուրախ եւ խաղաղ օրեր:

Զ.- Երնէկ թէ այս Նոր տարիին վերջ տրուին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դէմ հալածանքներուն: 2025-ին Ն. Փաշինեան կիրարկեց եկեղեցահալած քաղաքականութիւն եւ օգտագործեց իր բոլոր միջոցները` հարուածելու եւ տկարացնելու Հայ եկեղեցին: Ան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը օգտագործելով` ձերբակալեց հոգեւորականներ, արդարութեան ջատագովներ եւ ազգին ծառայողներ, որոնցմէ կարելի է յիշել «Սրբազան պայքար» շարժումի եւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանը, Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանը եւ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանը: Աւելի՛ն. Նիկոլ Փաշինեան զանազան միջոցներով փորձեց վարկաբեկել Ս. Էջմիածինը` հարուածելով կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող հոգեւորականները եւ կեղծ յայտարարութիւններ կատարելով Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին մասին: Ան ջանաց ներթափանցել եկեղեցական կանոնագիրք` այլափոխելով կարգ մը սովորութիւններ, որոնցմէ նորագոյն օրինակն էր 7 դեկտեմբերին կայացած Սպիտակի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութիւնը: Ան ջանաց իրեն հնազանդեցնել եկեղեցական դաշտը եւ փորձեց Եկեղեցին դարձնել կուսակցական գործիք: Ան ունի միայն մէկ նպատակ` տկարացնել, գլխատել եւ վերահսկելի դարձնել ազգային-հոգեւոր հիմնարկը, այն պահուն, երբ կը ձեւաւորուին նոր եւ սպառնալիքներով լեցուն աշխարհաքաղաքական գործընթացներ:

Այսօր մենք բաց ճակատով կը վերյիշեցնենք, որ Հայ եկեղեցին ազգային կառոյց է եւ ոչ թէ` քաղաքական գործիք: Հայ առաքելական երկու կաթողիկոսութիւնները`  թէ՛ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը, թէ՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մեր հայրենիքին հոգեւոր եւ ազգային յենասիւներն են: Հայոց պատմութիւնը կը վկայէ, որ հայկական թագաւորութիւններու, իշխանութիւններու եւ պատասխանատու անձերու բացակայութեան, միշտ ներկայ եղած է եւ հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է Հայ եկեղեցին` առաջնորդելով հայ ժողովուրդը: Հետեւաբար պէտք է զգուշութեամբ մօտենալ այն կառոյցներուն, որոնք դարերէ ի վեր միասնակամ պահած են հայ ժողովուրդը եւ պահպանած են անոր իրաւունքները:

Է.- Երնէկ թէ այս Նոր տարիին պահպանուին ազգային արժէքները: Տարուան բոլոր իրադարձութիւններուն զուգահեռ, Նիկոլ Փաշինեան հարուածեց ազգային արժէքները: Առաջին հերթին ան փոխարինեց Հայոց պատմութիւնը «Հայաստանի պատմութեամբ»` մէկդի նետելով հայ ժողովուրդի անցեալի փառքերը եւ հերոսները: Ան զանազան յայտարարութիւններով նշեց, որ Արարատը այլեւս չի պատկանիր Հայաստանին եւ զայն փոխարինեց Արագած լեռով: Ան ջանաց Հայաստանի զինանշանին վրայէն վերցնել Արարատ լերան, առիւծին եւ արծիւին պատկերները: Աւելի՛ն. ան Հայաստանի մուտքի կնիքին վրայէն ջնջեց Արարատը, որպէսզի չզայրացնէ իր գործընկերը` Թուրքիան, եւ «խաղաղութիւն» հաստատուի երկու երկիրներուն միջեւ:

2026-ի սեմին մենք կը յիշեցնենք համայն աշխարհին, որ Արարատը կը պատկանի միայն Հայաստանին: Այն Արարատը, որուն շուքին ներքեւ մեծցած, սնանած եւ դաստիարակուած են տասնեակ սերունդներ, ան չի՛ կրնար օտարինը ըլլալ:

Տակաւին, այս բոլորէն շատ աւելի բաներ կատարեցին Փաշինեանը եւ իր գլխաւորած ազգադաւ կառավարութիւնը: Սփիւռքն ալ, իր կարգին, դիմագրաւեց զանազան դժուարութիւններ` ըլլան անոնք հայապահպանումի խնդիրներ, արեւմտահայերէնի գոյութեան վտանգ եւ այլն…

Սակայն պէ՞տք է յանձնուիլ: Վստահաբար ո՛չ: Դարեր շարունակ հայը դիմագրաւած է զանազան մարտահրաւէրներ եւ փորձութիւններ, սակայն ան երբե՛ք չէ յանձնուած, որովհետեւ անոր մէջ միշտ վառ եղած են` յոյսը, դիմադրողականութիւնը եւ յաղթանակի տեսլականը:

Այս բոլոր դժուարութիւններուն հակառակ` մենք վճռակամութեամբ եւ յաղթանակի վեհ հայեացքով դուրս պիտի գանք պարտուածի եւ յանձնուողի հոգեբանութենէն եւ մուտք գործենք 2026 թուական, որովհետեւ կը հաւատանք, որ պիտի՛ յաղթենք չարին, պիտի՛ վերադարձնենք մեր արդար իրաւունքները եւ պիտի՛ վերադառնանք մեր բռնագրաւեալ բոլոր հողերուն:

Սպասելու ժամանակը չէ՛: Մեր գոյութենական եւ լինելութեան պայքարը համընդհանուր է: Հաւաքական ջանքերով փոխարինենք բոլոր «Երնէկ»-ները` կամքի, ուժի եւ հաւատքի, եւ աննահանջ պայքար մղենք ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ` ունենալու համար արժանապատիւ պետութիւն, խաղաղ սահմաններ եւ ամբողջական իրաւունքներ:

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախի Ցաւը Նոր Տարուան Սեմին Եւ Սփիւռքի Կենսական Դերակատարութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Արցախի Ցաւը Նոր Տարուան Սեմին Եւ Սփիւռքի Կենսական Դերակատարութիւնը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Արցախի Ցաւը Նոր Տարուան Սեմին Եւ Սփիւռքի Կենսական Դերակատարութիւնը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.